Feb 1, 2011

ԼՈՒՐՋ ՄՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆ` ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԾԵՐԱԿՈՅՏ ՅԱՌԱՋԱՑՆԵԼՈՒ ԵՒ ԱՆՈՐ ՄԷՋ ՍՓԻՒՌՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ ԵՒՍ ԸՆԴԳՐԿԵԼՈՒ


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան մտադիր է սահմանադրութեան փոփոխութեամբ խորհրդարանը դարձնել երկպալատանի՝ կարելիութիւն տալով սփիւռքի ներկայացուցիչներուն ընդգրկելու խորհրդարանի վերին պալատի՝ ծերակոյտի կազմին մէջ։

Քալիֆորնիոյ հայ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան յայտարարած է, որ Հայաստանի նախագահը, քննարկելով խնդիրը, առաջարկած է Հայաստանի պետական կառավարման համակարգին մէջ կատարել որոշակի փոփոխութիւններ, որոնք սփիւռքահայերուն կարելիութիւն պիտի տան մասնակցելու պետական կառավարման։ «Պատահական չէ, որ այսօր մենք կ'ուզենք փոխել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութիւնը եւ կը ցանկանք մեր խորհրդարանը դարձնել երկպալատանի՝ ներքին պալատ եւ վերին պալատ։ Վերին պալատը ծերակոյտն է, որուն մէջ պէտք է ընդգրկուին նաեւ սփիւռքահայեր», ըսած է նախարարը։

Ի պատասխան նախարար Հրանուշ Յակոբեանի վերոյիշեալ յայտարարութիւնը պարզաբանելու «Երկիր»ի խնդրանքին՝ Հայաստանի նախագահի մամլոյ բանբեր Արմէն Արզումանեան նշեց, որ տակաւին մայիս 2010-ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նիստին ընթացքին քննարկում տեղի ունեցած էր Հայաստան-սփիւռք կապերու ընդլայնման ուղիներուն մասին եւ առաջարկուած էր խորհուրդի անդամներուն տարի մը ետք այդ առնչութեամբ գաղափարներ ներկայացնել։

7 comments:

  1. http://www.lragir.am/armsrc/country43565.html

    ՍԵՆԱՏՆ ԱՌԱՋԱՐԿԵԼ Է ՀՅԴ-Ն

    ReplyDelete
  2. ՔԱՆԻ ՄԸ ՆԿԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ՎԵՐՈՅԻՇԵԱԼ ՆԻՒԹԻՆ ՇՈՒՐՋ

    Մեկնաբանութիւնս կրցածիս չափ կարճ պիտի ըլլայ: Կը նշեմ հետեւեալ կէտերը.

    ա.Նախ եւ առաջ արծարծուած միտքը գեղեցիկ է՝ սփիւռքահայութիւնը մասնակից դարձնել հայրենիքի քաղաքական կեանքին:Բայց ասիկա ընելու համար պէտք է նախ գործնականանայ երկքաղաքացիութեան օրէնքը եւ հայ իւրաքանչիւր անհատ իրաւունք ունենայ Հայաստանի քաղաքացի դառնալու,ինչ որ իրաւունքներէն բացի կ'ենթադրէ նաեւ պարտականութիւններ հայրենիքին նկատմամբ:Ասիկա Դաշնակցութեան հիմնական ընելիքներէն մէկն է ներկայիս՝ իւրաքանչիւր հայու իրաւունքը ապահովել Հայաստանի քաղաքացի դառնալու:Իսկ հիմա արդեօք սփիւռքահայութեան գոնէ 1 առ հարիւրը Հայաստանի քաղաքացի՞ է:

    բ.Նախքան մտածելը ծերակոյտի ստեղծման եւ սփիւռքահայութեան ներկայացուցիչները անոր մէջ ներառելու հարցին մասին,մտածենք,թէ իրմէ ի՛նչ կը ներկայացնէ այսօր սփիւռքահայութեան ներկայացուցչութիւն կոչուածը:Իմ կարծիքովս,յարգանքովս հանդերձ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին,սփիւռքը այսօր պէտք է եւ անհրաժեշտ է որ օժտուի ընտրովի ներկայացուցչութիւններով եւ խորհուրդներով:Եւ ասիկա երբեք չի հակասեր ՀՅԴ-ի ըսածներուն,այլ ընդհակառակը՝ ասիկա նոյնինքն ՀՅԴ ծրագիրին մէջ գրուած տրամաբանութիւն է՝ սփիւռքի կազմակերպման գաղափարը՝ յանուն Հայաստանի հզօրացման:Եւ կը տեսնէք, որ այդ ընտրովի խորհուրդներուն կազմաւորումով հետագային անհամեմատ աւելի պիտի դիւրանայ սփիւռքահայ ներկայացուցչութեան ապահովումը համահայկական ծերակոյտին մէջ:Սփիւռքը երկար ժամանակ չի կրնար մնալ սկզբնական ժամանակաշրջանի կազմակերպական սիսթեմի գերին.ասիկա անկազմակերպուածութեան կազմակերպուածութիւնն է:Յետոյ մի մոռնաք նաեւ այսպէս կոչուած նոր սփիւռքը, որ հին սփիւռքէն աւելի հակամէտ է ձուլուելու,եթէ տակաւին յապաղինք ընդհանրապէս սփիւռքի նոր կառոյցներով կազմակերպման հարցին մէջ:Ուրեմն Դաշնակցութիւնը նախքան այսպէս կոչուած համահայկական ծերակոյտի գաղափարին վրայ աշխատիլը պէտք է այս հարցին վրայ աշխատի,որովհետեւ ասիկա կը բխի նոյնինքն իր ծրագրային պահանջներէն:


    Վերջին խօսք մըն ալ:Եթէ վերոյիշեալ երկու կէտերը չգործնականանան,աւելորդ է համահայկական ծերակոյտի մասին խօսիլը: Պէտք է այն ատեն ժամանակաւորապէս սառեցնել հարցին մասին խօսիլը,մինչեւ որ այս երկու կէտերը գործնականանան...
    ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

    ReplyDelete
  3. եթե Լրագրի հոդվածը ճիշտ է , ուրեմն դաշնակցությունը վերջնականապես իմ աչքից ընկավ: էս առաջարկությունը պոպուլիստական, չմտածված,ժողովրդի ուշադրությունը շեղող քայլ է:եթե դաշնակցությունն այս խաղերի մեջ է, ողբամ զձեզ: դուք գիտեք Հայաստանում ինչ հակա սփյուռքյան տրամադրություններ կան: ես չեմ արդարացնում, ուղղակի քսան տարի իշխանություններն այդ են արել, սեպ խրել երկու հատվածների մեջ, որովհետեվ իրանց կարծիքով սփյուռքը դա դաշնակցությունն է: ուրեմն հերթական անգամ կուլ եք գնում իշխանություններին: ամոթալի է:շատ շատ: գուցե տարիներ անցնեն անհրաժեշտ լինի, բայց հիմա երբեք: Հայ

    ReplyDelete
  4. Յարգելի «հայ», ձեր մեկնաբանութիւնը ուշադրութիւնս գրաւեց քանի մը առումներով եւ կ'ուզեմ իմ վերապահութիւնս արտայայտել քանի մը կէտերու շուրջ: Որ Դաշնակցութիւնը կ'ելլէ եւ այս հարցը կը դնէ պաշտօնապէս եւ այսքան զօրաւոր կերպով,անոր համար պէտք չէ երբեք զարմանալ: Այս հարցը բարձրաձայնելը Դաշնակցութեան գործն է իբրեւ ազգային կուսակցութիւն: Ընդհակառակն՝ պէտք էր զարմանալ, եթէ Դաշնակցութիւնը չխօսէր այս եւ ուրիշ շատ կարեւոր հարցերու մասին, որոնցմէ երկուքը մատնանշած եմ իմ նախորդ գրառումիս մէջ եւ զարմացած, թէ անոնց մասին Դաշնակցութիւնը չի խօսիր եւ չ'ուզեր խօսիլ նոյնիսկ ներկայիս:Բայց իրապէս պէտք է զարմանալ,որ ինչու Հայաստանի իշխանութիւնները նախագահի մակարդակով այսքան շուտ որդեգրեցին այս գաղափարը առանց անհրաժեշտ քննարկումին ենթարկելու զայն:Եւ այս մօտեցումն է (ձեզի պէս օտար բառը պիտի չգործածեմ),որ ամբոխավարական կը նկատեմ ես:Նայեցէք,կուսակցութեան մը ներկայացուցիչը կրնայ ամբոխավարութեամբ զբաղիլ,կուսակցութեան հիմնադրութեան տարեդարձի հանդիսութեան ընթացքին ամբոխավարական առաջարկով հանդէս գալ:Ասիկա քաղաքական կեանքին մէջ մտած մարդու առանձնայատկութիւններէն մէկն է նաեւ: Բայց պետութեան առաջին դէմքը չի կրնար այդ նոյն ամբոխավարութեամբ մօտենալ հարցերուն: Անիկա է ամօթը...
    Կ'անդրադառնամ ձեր գրած մէկ այլ կէտին: Կարծեմ ճիշդ հասկցայ ես ձեր ըսածը,թէ այս օրերուն կանուխ է այս հարցին մասին խօսիլը Դաշնակցութեան կողմէ:Ի զարմանս ձեզի պէտք է ըսեմ,որ ասիկա ոչ թէ կանուխ է,այլ նոյնիսկ 20 տարիով ուշացած:Նոյնը պատահեցաւ նաեւ երկքաղաքացիութեան քննարկումներուն ժամանակ:Նայեցէք,դուք հիմա շատ շատ շատ պիտի զարմանաք եթէ ըսեմ,որ սփիւռքահայութեան ներկայացուցիչները Հայաստանի խորհրդարանին մէջ ներառելու հարցին մասին առաջինը խօսած է ոչ թէ ՀՅԴ-ն,այլ...ՀՀՇ-ն՝ Հայոց համազգային շարժումը:Նոյնը ըրած է աշխարհի բոլոր հայերուն Հայաստանի քաղաքացիութիւն շնորհելու հարցին գծով:Նայեցէք 1989-ին վաւերացուած ՀՀՇ «Ծրագիր կանոնադրութեան» մէջ ինչ կ'ըսուի այս եւ յարակից հարցերուն մասին: «Խորացնել եւ բնականոն հիմքերի վրայ դնել հայրենիք-սփիւռք յարաբերութիւնները՝ որպէս նախապայման դրանք ազատելով կենտրոնական իշխանութիւնների միջնորդութիւնից (այն ժամանակ Հայաստան տակաւին խորհրդային երկիր էր):Հայաստանի վերաշինութեան,մշակութային եւ տնտեսական զարգացման գործում առաւելագոյնս օգտագործել սփիւռքի բարոյական,նիւթական եւ մանաւանդ մտաւոր կարողութիւնները:Միւս կողմից՝ նպաստել սփիւռքահայ գաղութների ազգային ինքնութեան պահպանմանը,հոգեւոր,մշակութային կեանքի աշխուժացմանը եւ կրթական գործի բարելաւմանը:Բարձրացնել հանրապետութեան սահմաններից դուրս բնակուող հայերին Հայաստանի հպատակութիւն շնորհելու հարցը,հասնել այն բանին, որ Հայաստանի խորհրդարանում ներկայացուած լինեն նաեւ սփիւռքահայութեան կողմից ընտրուած դեպուտատներ»:Յստակ է չէ՞:Ուրեմն մի ամբաստանէք Դաշնակցութիւնը «պոպուլիստական» ըլլալու յանցանքով:Ամէնէն մեծ «պոպուլիստները» հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ ՀՀՇ-ի այն ներկայացուցիչներն էին, որոնք հետագային վերոյիշեալ յօդուածէն գործադրեցին միայն «առաւելագոյնս օգտագործել սփիւռքի նիւթական կարելիութիւնները» կէտը՝ «կթան կով»ի հասկացողութեամբ:
    Վերջին վերապահութիւնը ձեր ըսածին նկատմամբ:Այս առաջարկը ոչ թէ հայրենի ժողովուրդին ուշադրութիւնը շեղող քայլ է,այլ նախ եւ առաջ սփիւռքահայութեան ուշադրութիւնը շեղող քայլ է այնպէս, ինչպէս որ դրուած է ներկայիս,եւ ես անձնապէս կ'ուզէի,որ քննարկումը այս ուղղութեամբ ընթանար...Մենք տակաւին չլուծուած դատ ունինք,կիսատ ձգուած ազգային ազատագրական պայքար ունինք,ձուլման հարցը ունինք եւ ունինք սփիւռքին հետ կապուած բազմաթիւ ուրիշ հարցեր:Մարդիկ ընդունին կամ ոչ,սփիւռքահայութիւնը Ցեղասպանութեան ենթարկուածներուն ուղղակի ժառանգորդն է եւ սփիւռքահայութեան վրայ գլխաւորաբար դրուած է Հայ դատի հետապնդման պատասխանատուութիւնը:Ես անձնապէս կ'ակնկալէի աւելի լուրջ մօտեցում սփիւռքի գաղութները կազմակերպելու եւ զանոնք ընտրուած ներկայացուցչութիւններով օժտելու հարցին շուրջ:Գիտեմ որ երբ Հրանդ Մարգարեանը Քանատայի մէջ համահայկական ծերակոյտի գաղափարին մասին խօսեցաւ,իր թիրախը իմ պաշտպանած տեսակէտս էր:Բայց նորէն կ'ըսեմ,գաղութները ընտրովի խորհուրդներով օժտելը ոչ թէ կը խոչընդոտէ հայկական պահանջատիրական արշաւը,այլ աւելի եւս թափ կու տայ անոր:Սակայն ծերակոյտի ստեղծումը նախքան սփիւռքի կազմակերպումը,անիկա է որ մեծապէս կրնայ խոչընդոտել պահանջատիրութիւնը...
    ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

    ReplyDelete
  5. Հետաքրքրական առաջարկ մը Աբօ Պողիկեանի կողմէ





    Կանխահաս Առաջարկ`ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ


    ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ` ԱՄՆ

    Սփիւռքի նախարարի յայտարարութիւնը՝ երկպալատ խորհրդարան ստեղծելու Հայաստանի նախագահի մտադրութեան մասին, լայն արձագանգ գտաւ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ Սփիւռքի մէջ:
    Այս մասին քաղաքական գործիչներու թէ փորձագէտներու կողմէ հրապարակուած միտքերը մէկ բան յստակ կը դարձնեն, որ այս գաղափարը հասունցած չէ, որ ան տակաւին հանգամանօրէն քննարկուելու եւ յստակացուելու կարիքը ունի՝ նախքան սահմանադրական փոփոխութեան հասնելու անհրաժեշտ յստակ բանաձեւումի մը յանգիլը:
    Թէ ինչո՞ւ նախարարի Լոս Անճելըս այցելութիւնը պատեհ առիթ նկատուեցաւ այսպիսի յայտարարութիւն մը կատարելու, չենք ուզեր այդ մասին ենթադրութիւններ կատարել: Ոչ ալ յայտարարուածի կանխահաս ու անորոշութիւններով լի ըլլալը բացասաբար գնահատելու կը պատրաստուինք:
    Ի վերջոյ, Սփիւռքը ազգային խնդիրներու լուծման գործին մասնակից դարձնելու մտադրութիւնը անքննելի կը գտնենք ու այդ ուղղութեամբ փնտռտուքները լուծման մը հասցնելու վճռականութիւնը կարեւոր կը նկատենք:
    Այս հանգրուանին, երբ արդէն Հայաստանի կառավարական բարձրագոյն օղակէն գաղափար մը մէջտեղ նետուած է, պէտք է նախ այդ գաղափարի վարկաբեկման առաջքը առնելու միջոցներ առնուին բոլոր իրաւասու կողմերու մասնակցութեամբ:
    Իբրեւ գաղափարի հասունացման ուղի, կ՛առաջարկենք Հայաստանի նախագահի կողմէ, Ազգային Ժողովի, քաղաքական կուսակցութիւններու, սփիւռքի ներկայացուցիչներու եւ մասնագէտներու աշխատանքային խումբի մը յառաջացումը, որուն պարտականութիւն պէտք է տրուի մշակել տարբեր առաջարկներ գաղափարի գործնականացման համար, ապա զանոնք հրապարակային քննութեան ներկայացնել՝ նախքան վերջնական բանաձեւումով զանոնք վերադարձնելը նախագահին:
    Աշխատանքային խումբի ստեղծումն իսկ կարելի է նկատել առաջին ու կարեւոր իրագործում մը գաղափարի կենսագործման մարտահրաւէրը դիմագրաւելու ուղղութեամբ:

    ReplyDelete
  6. Պլոկի վարչութենէն կը խնդրեմ, որ պլոկին վրայ տեղադրէ Յարութ Սասունեանի յօդուածը, որ լոյս տեսաւ երեքշաբթի օր եւ լայն լուսարձակներ կը սփռէ այս նիւթին վրայ: Այդ նիւթը մեզի աւելի կ'օգնէ հարցը անաչառ կերպով դիտարկելու իմաստով:ԺԱՔ

    ReplyDelete
  7. ays meg voroshumn al mageresayin, shdab yev inch inch badjarnerov haraj meghvadz kayl men e, HH ishxanutyan goghme
    1-spurke nakh bedk e inkzink gazmagerbe yev unena ir dzeraguyde gam nergayatsutschagan marmine (yete guzek xorhrtaran)
    2-spurkahaye grna tarnal Hayasdani kaxakatzi, payts harg e iren dal iravunk ednrelu yev ednrvelu xorhrtarani antam vorosh baymannerov
    3-sprukahayere aveli bedk e mas gazmen HHi kordzatir ishxanutyan kan te orenkner kren xorhrtaranin mej irenk unenalov urish passportner, payts naxarar, varchabed gam dnoren tarnalov medz okud grnan perel HH in

    aha ays kaylere shad garevor en, bedk vor i kordz tervin , myus polore panere i zur en, folklorayin en, spurki naxararutyan bes, animasd en yev gukan avelnanu haryuravor khorhurtneru yev marminneru vra voronk joghov ge kumaren yev haydararutyun genen...

    ReplyDelete