Showing posts with label ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ. Show all posts
Showing posts with label ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ. Show all posts

Sep 4, 2009

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ԱՄԵՆԱԱՌԱՋՆԱԿԱՐԳ ԵՒ ԱՄԵՆԱՀՐԱՏԱՊ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

Հայ-թուրք յարաբերութիւններու թղթածրարին վերաբերող դիպաշարը արագ է։ Արտակարգօրէն արագ։ Միայն հետեւիլը՝ հայկական դաշտին մէջ այս օրերուն կատարուող յայտարարութիւններուն, արձագանգներուն, հիմնաւորումներուն եւ քննադատութիւններուն, միաժամանակ՝ թրքական իշխանութիւններու խուսանաւումներուն, ընդդիմութեան յարձակումներուն, ու տակաւին՝ աշխարհաքաղաքական ուժերու զօրակցութիւններուն, այս բոլորի մասին համաշխարհային մամուլէն մինչեւ թրքական եւ հայկական լրատուադաշտերու խայտաբղէտ կացութեան՝ ամբողջ աշխատակազմի մը լարուած աշխատանք կ'ենթադրէ։ Աշխատակազմ, որ միայն այս թղթածրարով պիտի զբաղի։ Հրապարակուած արձանագրութիւններուն կամ նախաստորագրութիւններուն իրաւաքաղաքական վերլուծումները վերապահենք այլ առիթի։ Լոյսին բերենք եւ արձանագրենք քանի մը անյետաձգելի ընդգծումներ։
Պարզ է, որ հակառակ նշուած ժամկէտներուն, թուացեալ պարտաւորեցնող կէտերուն, ներկայ փուլ մտնող գործընթացը երկարատեւ բանակցութիւններու, իր կարգին եւ իր տեսակին մէջ բանակցութիւններու վերասառեցումներու եւ ապասառեցումներու անվերջանալի նոր շղթայի մը սանձազերծումն է։ Այս վարքագիծը սակայն, ըստ էութեան թրքական կողմին ճշդած խաղի կանոններուն համաձայն է։ Հակառակ ժամկէտներուն Թուրքիան տակաւին առիթ ունի նախաստորագրութիւն-ստորագրութիւն-խորհրդարանի վաւերացում ընթացակարգին մէջ խաղալու, ձգձգելու, առկախելու, սառեցնելու եւ ի պահանջեալ հարկին ապասառեցնելու։

Եւ եթէ մէկ կողմէ կը մտածենք, որ այս գործընթացը որեւէ ձեւով գործնական արդիւնքներու չի յանգիր, ուրեմն վտանգաւոր հիմնադրոյթներու իրականացման վտանգ գոյութիւն չունի, ապա պէտք է մտածենք նաեւ, որ միեւնոյն այս բեմագրութիւնը լրիւ կը տեղաւորուի թրքական պետական վարքագիծի սահմաններուն մէջ եւ իբրեւ այդպիսին լիովին կը ծառայէ թրքական պետութեան կիրարկած քաղաքականութեան։ Առ երեւոյթ գետնի վրայ իրականացուող այս քաղաքականութիւնը խորքին մէջ ձեւափոխուած ծխածածկոյթ յառաջացնելու միեւնոյն ուղեգիծին տարբեր դրսեւորումն է պարզապէս։ Միջազգային ընտանիքին ցոյց տալն է, որ Թուրքիան կառքը տեղէն շարժելու կամք կը դրսեւորէ։Ճիշդ է, որ արձանագրութիւններուն մէջ չկայ ցեղասպանութեան ճանաչումի բառացի պահանջ. չկայ ղարաբաղեան հակամարտութեան նշում եւ չկայ Կարսի պայմանագիրի վերահաստատում։ Սակայն գոլորշիի տակ թաքնուած կայ՝ պատմական հարթութեամբ զբաղող ենթայանձնախումբ՝ ցեղասպանութեան փաստը խնդրոյ առարկայ դարձնող որոշում. կայ տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքները յարգելու երկկողմ եւ բազմակողմ պարտաւորութիւններու ստանձնումի աքթին ետին լուռ ձեւով Կարսի պայմանագիրի վերընդունում (երկկողմ պարտաւորութիւն) եւ նաեւ իրաւական մեկնաբանութեան սպասող Արցախի հարցի նկատմամբ դիրքորոշման յստակացում (բազմակողմ պարտաւորութիւն՝ կապուած տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի յարգումին)։ 31 օգոստոսին արձանագրուած նախաստորագրութիւնները գործնականացման փուլի մասին կը խօսին վեց շաբթուան ժամկէտով։ Արդէն նկատուած է, որ վեց շաբաթը կ'աւարտի 13 հոկտեմբերին, որ Կարսի դաշնագրի ստորագրութեան օրն է…։

Մեկնաբանութիւնները արձանագրուած գործընթացին վերաբերեալ տրամագծօրէն հակոտնեայ են։ Իշխանական շրջանակը հայկական կողմին համար յառաջընթաց կը նկատէ արձանագրուածը, ընդդիմադիր շրջանակէն կը հնչէ «հայկական դիւանագիտութեան պարտութիւն»ը որակումները։ Մօտաւորապէս միեւնոյն բնութագրումը կարելի է տալ թրքական կողմին համար։ Մինչ, Ազրպէյճան հաւաստիքներ ստանալով հանդերձ չի կրնար պահել իր անհանգստութիւնը։

Արձանագրութիւններուն մէջ երեւցող շատ մը փակագիծեր տակաւին չեն բացուած։ Այդ բոլորին մասին առիթ կþըլլայ տակաւին գրելու։ Կարեւոր է սակայն, որ թրքական վարքագիծի հերթական դրսեւորումները չյաջողին ցնցել եւ պառակտել հայկական դաշտը։ Պարզ է, որ մտած ենք նոր փուլ։ Դժբախտաբար թրքական կողմի ճշդած խաղի կանոններով ընթացող նոր փուլ։ Ծայրայեղ զգօնութեան ցուցաբերումը աւելի քան հրամայական անհրաժեշտութիւն է։

Հրապարակային քննարկումները, ամէնէն թէժ բանավէճերը, ժողովրդավար հասկացողութիւններու հիմամբ հանրահաւաքները հանրային կարծիքի ձեւաւորման համար օրինաչափ միջոցառումներ են։ Կառուցողականութիւնն ու սխալը սրբագրելու միտումը պէտք է մնան շարժառիթն ու նպատակը հայրենիքն ու Սփիւռքը կլանելու կոչուած նոր փուլի բոլոր միջոցառումներուն։ Այս առումով բացասական էր հայրենի մամուլի գործիչներէն մէկուն մեկնարկած հանրային քննարկումի առաջին հարցումը՝ «Բայց պէտք է վերջապէս յստակեցնել՝ արդեօք Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ պահանջատիրութիւնը այսօր մեր պետութեան ամենաառաջնակարգ եւ ամենահրատապ խնդիրնե՞րն են»։
Թէ՛ ցեղասպանութեան ճանաչումը, թէ՛ Ղարաբաղի հիմնահարցը, թէ՛ պատմական իրաւունքներուն տէր կանգնիլը եւ թէ՛ պետականութեան ամրակայումը ոչ կարգախօսային, այլ՝ մեր համազգային անվտանգութեան հայեցակարգի հիմնադրոյթներէն բխող խնդիրներ են։ Բոլորիս համար՝ «ամենաառաջնակարգ եւ ամենահրատապ խնդիրներն են»։

Aug 3, 2009

ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ. ՆՈՐ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՆԵՐ, ՆՈՐ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՆԵՐ


Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի աշխատանքային այցելութեան մանրամասնութիւններուն անդրադարձած է մեր մամուլը։ Յագեցած ժամանակացոյց, որ պետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ տեսակցութիւններու արարողակարգային շարքին առընթեր կ՛ընդգրկէր թրքական պետութեան նուիրատուութեամբ հիւսիսի մէջ առողջապահական կեդրոնի մը բացումը։ Թուրքիան, ըստ երեւոյթին, բաւական մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Լիբանանի կրթական, առողջապահական եւ բարեսիրական մարզերուն։ Տաւութօղլուէն առաջ Ալի Պապաճանը եւ անկէ առաջ Ապտիւլլա Կիւլը եւս մասնակցած էին դէպի Լիբանան դիւանագիտական տողանցքին եւ, ինչպէս հարաւային Լիբանանի մէջ, այնպէս ալ՝ հիւսիսային Լիբանանի, անոնք նման նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած էին։

Թրքական դիւանագիտութեան աշխուժացման երեւոյթը արդէն որոշ ճամբայ կտրած է։ Անիկա կը տեղաւորուի միջին արեւելեան երկիրներու մէջ թրքական պետութեան կիրարկած ընդհանուր, նորովի աշխուժացած քաղաքականութեան ծիրին մէջ։ Չմոռնանք, որ Թուրքիան առաջին ինքնաառաջադրուողն էր հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ առաքելութեան մաս կազմելու։

Արաբական աշխարհին համակրանքը շահելու համար Թուրքիոյ վարիչներուն բեմականացուցած արարները յայտնապէս ենթահող շահած են։ Կազայի պատերազմէն անմիջապէս ետք Զուիցերիոյ ժողովասրահներուն մէջ վարչապետ Էրտողանի բեմադրութեան հետեւած են արաբական մամուլին մէջ բազմաթիւ վերլուծումներ՝ թրքական կեցուածքը դրուատող։ Ակներեւօրէն առատ են լիբանանեան մամուլին մէջ երեւցող թրքական նոր դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ առնող մեկնաբանական յօդուածները։
Թրքական դիւանագիտութեան վերաբերեալ հետզհետէ աւելի յստակ ուրուագծուող ուղղուածութեան մը նախադրեալները պարզ են։ Ականատես պիտի ըլլանք նման եռուզեռի մը տարբեր դրսեւորումներուն։

Ընդգծելի կէտ մը այս բոլորին զուգահեռ պէտք է գրաւէ հայկական մամուլին եւ լիբանանահայ կազմակերպութիւններուն ուշադրութիւնը։ Հիւսիսային Լիբանանի մէջ պետական մակարդակով եւ հետեւողական ձեւով աշխատանք կ՛իրականացուի ձեւաւորելու համար ծագումով թուրք-թիւրքմեն, քաղաքացիութեամբ լիբանանցի համայնք մը։ Թուրք ոեւէ բարձրաստիճան պաշտօնատար չի մոռնար Լիբանան իր աշխատանքային այցելութեան ժամանակացոյցին վրայ տեղադրել տուեալ շրջան մեկնումը, հանդիպումը տեղւոյն բնակիչներուն եւ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ։ Մինչ, Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան պաշտօնեաները ժողովրդային համապատասխան տօնակատարութիւններուն կ՛ապահովեն հովանի եւ համապատասխան տարողութիւն։

Պարզ է. կայ աշխատանք այստեղ թրքական ծագումով ազգաբնակչութիւնը կազմակերպ համայնքի վերածելու։ Այս համայնքին ենթադրեալ դերակատարութիւնը կ՛ըլլայ սատարելը թրքական պետութեան շրջանային քաղաքականութեան կայացման եւ այդ նպատակին համար պարարտ ենթահող տրամադրելը։

Նախադրեալները կը համոզեն, որ թրքական պետութեան նախաձեռնած մարդասիրական բնոյթի ծրագիրները հետզհետէ թափ պիտի ստանան։ Վերադառնանք Տաւութօղլուի այցելութեան։ Հերթական անգամ դաշնակցական երիտասարդութիւնը ժամադրուած էր Լիբանան այցելող թուրք դիւանագէտին հետ։ Մեր երիտասարդութեան ցուցական արարքը, ժխտողականութեան դատապարտումը նոր սերունդի պահանջատիրութեան փաստի վերաամրագրումն է։

Թրքական գերաշխուժութեան ներկայ տարողութիւնն ու կշռոյթը, երիտասարդական ցոյցերուն առընթեր, գործընթացներուն մօտէն հետեւելու հրամայականին առջեւ կը դնէ գաղութը՝ իր բոլոր շերտերով։

May 5, 2009

ԱԴԵՆԱՈՒԵՐ ԵՒ ՎԻԼԻ ԲՐԱՆԴՏ Է ՊԷՏՔ, ՊՐՆ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ


Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնների շուրջ ՀՀ իշխանութիւնների հետ տարաձայ նութեան պատճառով քաղաքական կոալիցիայից Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դուրս գալը մղել է ՀՀ արտաքին գործերի նախարար պրն Էդուարդ Նալբանդեանին հրապարակային եւ խորհրդարանական լուսաբանութիւններ տալու: Ապրիլի 27-ին պրն Նալբանդեանը հարցազրոյց է տուել «Արմենպրես» լրատուական գործակալութեանը` հիմնականում անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններին:
Չնայած` այդ հարցազրոյցում արտգործնախարարի ասած կամ չասած մտքերից ու պատասխաններից շատերը նոր հարցականների տեղիք են տալիս, բայց կայ առնուազն մէկ կէտ, որի առնչութեամբ չի կարելի պրն Նալբանդեանին հրապարակաւ չսրբագրել:
Իր պատասխաններից մէկում պրն Նալբանդեանը ասում է, «Գիտէք, ես յոյսով եմ, որ երբ մենք բարելաւենք, կարգաւորենք մեր յարաբերութիւնները, ապա ոչ միայն մեր երկրի` Հայաստանի ղեկավարները կը գան Ծիծեռնակաբերդ` ծաղիկներ դնելու, այլեւ Հայաստանի ղեկավարներին կը միանան Թուրքիայի ղեկավարները: Ինչու՞ մենք չենք կարող անել այն, ինչ որ արեցին Շառլ դը Գոլը եւ Ադենաուերը: Ես վստահ եմ, որ կը գայ այդպիսի օր, եւ այդ քայլը կ'անեն նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիայի ղեկավարները»:
Ժողովրդի լեզուով ասած` «էդ բանը չպիտի ասէիք» պարոն Նալբանդեան: Շառլ դը Գոլն ու Ադենաուերը դարերով իրար դէմ պատերազմած պետութիւնների ղեկավարներ էին, ովքեր 1963-ին ստորագրեցին բարեկամութեան պայմանագիր` նախանշելով նաեւ միացեալ Եւրոպայի մեկնարկը: Ձեր խօսքում, երբ ուզում էք նրանց օրինակով տեսնել Հայաստանի ու Թուրքիայի ղեկավարներին, հայերիս այդ ղեկավարներից ո՞ր մէկի կերպարով էիք պատկերացնում: Տայիք միայն Ադենաուերի անունը` հասկանալի ու ողջունելի կը լինէր:
Վերջապէս, Կոնրադ Ադենաէուրը Գերմանիայի այն կանցլերն էր, որ 1951թ. սեպտեմբերին Բունդեսթագում ունեցած իր ելոյթում ընդունեց Գերմանիայի պարտաւորութիւնը` հատուցում կատարելու Իսրայէլին` որպէս հրեայ ժողովրդի ներկայացուցիչ պետութեանը, նացիստական Գերմանիայի կողմից գործադրուած հրեայ ժողովրդի Հոլոքոստի համար: Այս դէպքում Ձեր համեմատութիւնը իսկապէս ողջունելի կը լինէր: Հնարաւոր է, որ ցանկացել էք ասել` «Ադենաուեր եւ Վիլի Բրանդտ». դա եւս ողջունելի կը լինէր:
Վերջապէս, Վիլի Բրանդտն էր, որ 1970թ. դեկտեմբերի 7-ին Վարշաւայում ծնկի եկաւ 1943թ. Վարշաւայի Գետտոյի ապստամբութեան հրեայ զոհերի յուշարձանի առաջ` որպէս զղջման եւ ներողութիւն խնդրելու արտայայտութիւն:
Այո՛, պրն Նալբանդեան, մենք` հայերս, Շառլ դը Գոլ ունենալու խնդիր չունենք:
Մենք Թուրքիայի կողմից հայոց դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան ժառանգներն ենք, եւ պատրաստ ենք այդ Ցեղասպանութիւնը գործած Թուրքիայի իրաւաժառանգորդ ներկայիս Թուրքիայի հետ յարաբերութիւններ հաստատել առա՛նց նախապայմանների: Բայց Ձեր պատկերացումը, թէ պէտք է անենք այն, ինչ արեց Շառլ դը Գոլը, ոչ միայն անհասկանալի է, այլեւ, անկեղծ ասած, նոյնիսկ մտահոգիչ:
Եթէ մեր արտգործնախարարը չի պատկերացնում ցեղասպան պետութեան ժառանգորդի եւ ցեղասպանութեան թիրախ դարձած ժողովրդի ժառանգորդի պարտաւորութիւնների ու անելիքի տարբերութիւնները, նա կարո՞ղ է մեր պետութեան շահերը ներկայացնել ու պաշտպանել միջազգային ատեաններում եւ այլ պետութիւնների, յատկապէս Թուրքիայի հետ բանակցելիս:
Պրն Նալբանդեան, չարժէ ինչ-ինչ հաշուարկներով, ուրիշներին հաճոյանալու համար, մենք` որպէս պետութիւն, մեզ վրայ վերցնենք Ֆրանսիային նմանուելու կամ որպէս քաղաքական գործչի` դը Գոլին կապկելու որեւէ պարտաւորութիւն: Դա, մեր անհատական կամ հաւաքական թերարժէքութեան բարդոյթից բացի, ուրիշ ոչնչի մասին չի վկայի: Ընդհակառակը, դա միայն կը հարուածի մեր պետութեան շահերին:
Ընդամէնը, պրն Նալբանդեան, մեզ պէտք են թուրք Ադենաուեր եւ էլի թուրք Վիլի Բրանդտ, որպէսզի Թուրքիան զղջում յայտնի եւ հայութիւնից ներողութիւն խնդրի` Հայոց ցեղասպանութեան համար, ամբողջական հատուցում կատարի միջազգային իրաւունքում հայ ժողովրդի ներկայացուցիչ Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ միայն այդ ժամանակ ստանայ բարոյական իրաւունք` իր ղեկավարների միջոցով ծնկաչոք յարգելու մեր նահատակների յիշատակը Ծիծեռնակաբերդում:
Առանց ներողութեան, առանց զղջման, առանց պատասխանատուութեան ստանձնման եւ առանց հատուցման` Թուրքիայի կողմից որեւէ բարձրաստիճան պաշտօնեայի յայտնուելը Ծիծեռնակաբերդում պարզապէս կը պղծի մեր նահատակների յիշատակը: Նորից չսխալուէք, պրն Նալբանդեան:

ԴԱՒԻԹ ՏԷՐ-ԴԱՒԹԵԱՆ
«Երկիր»

5 մայիսի 2009

Apr 29, 2009

ՀՅԴ ԿԸ ԴԱԴՐԵՑՆԷ ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ

«ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐԸ ՀՅԴ-Ի ՀԱՄԱՐ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲՈՑ ԵՆ»

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ


Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յայտարարում է քաղաքական համաձայնական կառավարութեան իր մասնակցութիւնը դադարեցնելու մասին:
Նկատի ունենալով խնդրի քաղաքական նշանակութիւնը, հանրային հնչեղութիւնը եւ հետեւանքները` անհրաժեշտ ենք համարում պարզաբանել այս քայլի պատճառները:
Նախ` ՀՅԴ-ն համաձայնական կառավարութեան մաս կազմեց նախագահական ընտրութիւններից յետոյ երկրում ստեղծուած ճգնաժամը, հայկական երկու պետութիւնների անկախութեանն ու անվտանգութեանն ուղղուած ռազմաքաղաքական սպառնալիքները միասնական ուժերով յաղթահարելու եւ համակարգուած բարեփոխումներ իրականացնելու նպատակադրումով:
Այս ընթացքում որոշակի յաջողութիւններ արձանագրուեցին, սակայն անյաղթահարելի սկզբունքային տարաձայնութիւն առաջացաւ արտաքին քաղաքականութեան ուղեգծի շուրջ:
Մենք մշտապէս համոզուած ենք եղել, որ պետութեան ազգային անվտանգութեան ռազմավարական ուղղութիւններից մէկը Հայոց ցեղասպանութեան համընդհանուր, մասնաւորապէս` Թուրքիայի կողմից ճանաչումն ու դատապարտումն է: Սա դիտարկուել է ոչ միայն պատմական արդարութեան վերականգնման, այլեւ շրջանում փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի բարելաւման եւ ապագայում նման ոճիրների կանխարգելման համաթեքսթում: Այս առումով, ինչպէս արդէն յայտարարել ենք, մեզ համար անընդունելի ու դատապարտելի էր ապրիլի 24-ի անմիջական նախօրէին եւ Թուրքիայի ղեկավարների հակահայկական, նախապայմաններ թելադրող կեցուածքների համաթեքսթում Հայաստանի ու Թուրքիայի արտաքին գործերի նախարարութիւնների համատեղ յայտարարութեան ընդունումը: Ունենք նաեւ սկզբունքային տարաձայնութիւններ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններում արծարծուող որոշ դրոյթների վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութիւնների դիրքորոշման հարցում: Այդ դրոյթների վերաբերեալ ամբողջական տեսակէտները կ՚արտայայտենք դրանց հրապարակային քննարկումների ժամանակ:
Յետայսու ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական դաշտում գործելու է նոր` ընդդիմադիր ուժի կարգավիճակով: Մեր հիմնական առաջնահերթութիւնները լինելու են.
1.- Դառնալ իշխանութեան լիարժէք այլընտրանք` բոլոր հիմնահարցերի վերաբերեալ առաջարկելով սեփական ծրագրերն ու լուծումները:
2.- Որպէս ընդդիմութիւն ստանձնել իշխանութիւններին արդիւնաւէտօրէն հակակշռելու եւ զսպելու դերակատարութիւն:
3.- Իրականացնել անհրաժեշտ գործառոյթներ` քաղաքական դաշտի առողջացման եւ բիւրեղացման, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն քաղաքակիրթ յարաբերութիւնների ձեւաւորման, ընկերային արդարութեան հաստատման եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման նպատակով:
4.- Ծաւալել նախընտրական խոստումներից բխող ամբողջական գործունէութիւն՝ դրսեւորելով ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարաքաղաքական ինքնատիպութիւնը:
5.- Հայ-թուրքական յարաբերութիւնների, Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացներում առաջնորդուել բացառապէս ազգային-պետական շահերի եւ նպատակների գերակայութեամբ:
Մենք գնահատելի ենք համարում համաձայնական կառավարութեան գործընկերների հետ համատեղ գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն ենք մաղթում նրանց աշխատանքներին` ի շահ մեր պետութեան եւ ժողովրդի:


ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ


27 ապրիլ, 2009

Apr 10, 2009

ՆՊԱՏԱԿՆ ՈՒ ՄԻՋՈՑԸ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ընտրական խոստումէն ի վեր հայ հասարակութեան մէջ յառաջացան արդարացի ակնկալութիւններ, ինչպէս նաեւ անցեալի փորձառութիւններէն մղուած նախատեսութիւններ, իսկ Թուրքիա այցելութեան ընթացքին Օպամայի արտասանած խօսքերէն ետք, այդ տարատեսակ նախատեսութիւնները առաւել եւս աշխուժացան։
Բայց եւ այնպէս, հարկ է ուշադիր ըլլալ եւ չարտօնել, որ անմիջական ակնկալութեանց յորձանուտին անձնատուր ըլլալով՝ նպատակն ու միջոցը իրարմէ զատորոշելու ողջախոհութիւնը կորսուի։
Հայ ժողովուրդը արդարութեան վերականգնումը կը պահանջէ։ Անոր նպատակը իր կրած կորուստներուն փոխհատուցումն ու կալուածներու եւ հողերու վերադարձը ապահովելն է, եւ ոչ թէ այս կամ այն երկրին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը։
Անշուշտ որեւէ նպատակ իրականանալու համար միջոցներու կը կարօտի, եւ 1965-էն ի վեր շուրջ քսան երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ապահովումը այդ նպատակի իրականացման միջոցներէն մէկն է։
Մեր նպատակը Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելը չէ, մանաւանդ որ Միացեալ Նահանգներ նախապէս երեք առիթներով արդէն իսկ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ներկայացուցիչներու տունը 1975-ին եւ 1984-ին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւեր որդեգրած է, իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռոնըլտ Ռիկըն 1981-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող նախագահական ուղերձ մը հրապարակեց։ Հակառակ այս բոլորին, հայկական պահանջատիրութիւնը շարունակեց իր ընթացքը։
Միւս կողմէ՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առնչութեամբ նախընտրական խոստումներ տուած Պիլ Քլինթըն եւ Ճորճ Պուշ խոստմնադրուժ եղան, սակայն հայկական պահանջատիրութիւնը չընկրկեցաւ եւ դարձեալ շարունակեց իր երթը։
Ինչպէս արդէն նշեցինք, Միացեալ Նահանգներու կողքին բազմաթիւ այլ պետութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ եւս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն հայկական պահանջատիրութիւնը հայ ժողովուրդի աննկուն կամքին շնորհիւ կը յարատեւէ։
Ինչպէս անցեալին թէ՛ հիասթափութեանց եւ թէ՛ ուրախութեանց պահերը չկրցան մեր ընթացքը կասեցնել, որեւէ պատճառ չկայ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով Օպամայի վարչակազմին կեցուածքը արգելակէ հայկական պահանջատիրութեան ընդհանուր հոլովոյթին գնացքը։

Apr 8, 2009

EXCHANGE

Երկուշաբթի օր Անգարայի մէջ նախագահներ Օպամայի եւ Կիւլի միացեալ մամլոյ ասուլիսին առաջին հարցումը կը վերաբերէր Միացեալ նահանգներու նախագահին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը ընդգծող նախընտրական խոստումին։ Նախագահ Օպամա կը բանաձեւէր՝ «իմ տեսակէտներս (Հայոց ցեղասպանութեան մասին. «Ա.») չեն փոխուած, սակայն քաջալերուած եմ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկախ հարցեր լուծելու համար ընթացող բանակցութիւններու շարքէն։ … Կ՚ուզեմ կարելի եղածին չափ քաջալերական ըլլալ այդ բանակցութիւններուն հարցով, որոնք յառաջ կ՚ընթանան եւ կրնան արդիւնաւորուիլ շատ արագ՝ մօտ օրէն։ Ուստի չեմ ուզեր իմ տեսակէտներուս վրայ կեդրոնանալ, այլ՝ թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն։ Եթէ անոնք կրնան յառաջ ընթանալ եւ դժուար ու ողբերգական պատմութեան մը շուրջ աշխատանք տանիլ, ապա կը կարծեմ, որ ամբողջ աշխարհը պէտք է այդ մէկը քաջալերէ»։
Բանաձեւումը խառն պատգամներ կը փոխանցէ։ Կարելի է թէ՛ դրական եւ թէ՛ բացասական մեկնաբանութիւններ զարգացնել այս ամփոփ բանաձեւումին բովանդակութիւնը տարբաղադրելով։ Ամէն բանէ առաջ չմոռնանք, որ յայտարարութիւնը կը կատարուի նախագահ Օպամայի Թուրքիա տուած այցելութեան ընթացքին։ Իրադարձութիւններուոն հետեւողները կրնան հետեւցնել թէ ցեղասպանութեան միանշանակ ճանաչումը հակազդեցութեան ի՛նչ ալիք կրնար բարձրացնել արդէն իսկ այս հարցով Թուրքիոյ մէջ ծայր առած համապետական խուճապային իրավիճակին մէջ։
տակաւին՝ թէ ի՛նչպիսի քաղաքական գայթակղութեամբ կրնար աւարտիլ Միացեալ նահանգներու նախագահին Թուրքիա այցելութիւնը եւ առ հասարակ ինչ իրավիճակ պիտի պարզէր թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները։ Յարաբերութիւններ, որոնք այսօրուան դրութեամբ եւ նկատի ունենալով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ նախագահ Օպամայի արտասանած ճառին բովանդակութիւնը նոր բեկումներ ապահովելու բոլոր նախադրեալները կը նախանշեն։ Միաժամանակ սակայն, իր պաշտօնավարութեան առաջին շրջանին խոստումնադրուժ նախագահի հռչակ շահելու քաղաքական ճնշումը բնական կարգով կացութիւններ պարտադրելու կը մղէ նոր աշխարհակարգ խոստացող եւ քաղաքական կարեւոր բեւեռ ներկայացնող պետութեան մը ներկայացուցիչին համար։ Մանաւանդ որ ա՛յս նախագահը իր ընտրութեան յաջողութեան գրաւականը խարսխած էր փոփոխութիւն կարգախօսին վրայ։ CHANGE։
Այս սիւնակներէն քանի մը առիթով արծարծած էինք այն տեսակէտը, որ հարցը պատմական ճշմարտացիութիւն մը ամրագրելէն աւելի պետական շահերու ներշնչումի լոյսին տակ առնուելիք քայլերու կը վերաբերի։ Եւ թէ՝ վերը նշուած երկու հանգամանքներու նկատառումով այս հանգրուանին աւելի կը իրատեսական կը թուի «միջին» բանաձեւումը։ Անգարայի մէջ արտասանուածը կը մնայ միջինի սահմաններուն մէջ։ Պարզենք։
Նախ, յայտարարելը, որ կը մնամ անձնական տեսակէտներուս վրայ կ՛ենթադրէ թէ կը շարունակէ համոզուած մնալ ցեղասպանութեան ճանաչումի անհրաժեշտութեան։ Նախընտրական եւ յետընտրական ժամանակաշրջանին ծերակուտական Օպամայի եւ նախագահ Օպամայի համոզումները Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առումով կը մնան նոյնը։ Այս մէկը նախագահ Օպամա բացայայտ կը դարձնէ թրքական պետական շրջանակներուն. նաեւ՝ համայն աշխարհին։ Այս բաժինը դժգոհ չի ձգեր հայկական կողմը։ Հիմա նայինք թէ խառն պատգամին ո՞ր բաժինն է, որ դժգոհ չի ձգեր այս անգամ թրքական կողմը։ «Եթէ անոնք կրնան յառաջ ընթանալ եւ դժուար ու ողբերգական պատմութեան մը շուրջ աշխատանք տանիլ, ապա կը կարծեմ, որ ամբողջ աշխարհը պէտք է այդ մէկը քաջալերէ»։ Դժուար ու ողբեգրական պատմութեան մը շուրջ աշխատանք տանիլը ի՞նչ կը նշանակէ։ Դիւանագիտական բառակապակցութիւններու օգտագործումով պարզապէս շեշտել պատմագէտներու միացեալ յանձնաժողովի մը կազմութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ինչ որ Թուրք պետութեան հետեւողական պահանջն է։ Ի վերջոյ պատմութեան վերաբերող աշխատանքը պատմագէտներու գործ է եւ միասինը՝ այս պարագային միացեալ յանձնաժողովի ակնարկութիւն է։ Յաւելեալ կէտ մը, որ կրնայ հանգիստ ընկալուիլ թրքական կողմէն։
Նախագահ Օպամա կ՛ըսէ, որ այժմ առաջնային խնդիրը հայ-թուրք յարաբերութիւններու բնականոնացումն է,
աւելի մանրամասն քննարկում կատարելը կարելի է անշուշտ։ Տարբաղադրման եզրակացութիւնը յստակ է։ Միեւնոյն յայտարարութեան մէջ երկու կողմերը գոհ ձգող եւ երկու կողմերը դժգոհ ձգող բովանդակութիւն, որ կրնայ նախանշել ուաշինկթընեան յայտարարութեան էութիւնը, որուն մէջ չէ բացառուած նաեւ ցեղասպանութիւն բառեզրի օգտագործումը։ Նախագահը կրնար ըսել օրինակ, Ցեղասպանութեան հարցով իմ տեսակէտներս կը մնան նոյնը, սակայն այժմ պէտք է կեդրոնանան հայ-թուրք յարաբերութիւններու բնականոնացման առաջնահերթութեան վրայ. հայերը եւ թուրքերը միասնաբար պատմութեան ողբերգական էջերուն պէտք է տան գնահատական, եւայլն։ Փոփոխութիւն կա՞յ այս բոլորին մէջ։ Անշուշտ. սակայն, ի տարբերութիւն նախընտրական ճառերու բովանդակութեան, այստեղ միջպետական շահերու ըմբռնման փոխանակում կայ աւելի քան հիմնական փոփոխութիւն։
Աւելի EXCHANGE քան CHANGE։

Apr 7, 2009

«ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՏԵՍԱԿԷՏՍ ՉԵՄ ՓՈԽԱԾ, ՍԱԿԱՅՆ...»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի Թուրքիա այցելութիւնը եւ այդտեղ անոր արտասանած խօսքը երկար ատենէ ի վեր անհամբեր կը սպասուէր՝ նկատի ունենալով, որ անոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մասին կարեւոր ցուցանիշ մը կրնան ըլլալ։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու օգնականի պաշտօնին համար Օպամայի առաջադրած թեկնածուին կողմէ «ցեղասպանութիւն» բառի օգտագործումէն խուսափելէն, Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան զօրակցելէ եւ ՕԹԱՆ-ի նոր ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան ընթացքին Թուրքիոյ մտավախութեանց երաշխաւորի պաշտօնը ստանձնելէ ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահը Թուրքիոյ նախագահին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, թէ կը շարունակէ 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն նկատել, սակայն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ մերձեցման գործընթաց մը գոյութիւն ունի եւ ինք կ՚ուզէ այդ գործընթացը քաջալերել եւ ոչ թէ զայն խանգարել։
Նկատի ունենալով, որ Թուրքիա բազմիցս սպառնացած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնայ խանգարել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը, Օպամայի խօսքերը մտածել կու տան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը որոշած է իր նախընտրական խոստումը ձեւափոխել կամ առնուազն անոր գործադրութիւնը յետաձգել։ Վերջերս միջազգային օրաթերթ մը յառաջ քշած էր այն վարկածը, թէ Օպամա ընդամէնը պիտի յետաձգէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ փոխարէնը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացման գործընթացին մէջ արագ եւ նկատառելի ձեռքբերում մը պահանջելով։
Ուշագրաւ է այն երեւոյթը, որ Օպամա մամլոյ ասուլիսին ընթացքին երկու անգամ ակնարկեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն ծիրին մէջ արդիւնքի մը վերաբերեալ մօտալուտ յայտարարութեան մը։ Վերջին օրերուն միջազգային մամուլը եւս անանուն դիւանագէտներ վկայակոչելով յաճախակի կերպով կ՚անդրադառնար այդ ծիրին մէջ յայտարարութեան մը մօտալուտ ըլլալուն։
Այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնելու ըլլանք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին կիրակի օր Պոլիս մեկնելէ հրաժարիլն ու ապա, ըստ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի, երէկ երեկոյեան Պոլիս ժամանելը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի նախագահին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող հանդիպումը անդրդուելի կերպով պոյքոթի ենթարկելը, կրնանք եզրակացնել, որ յառաջիկայ քանի մը շաբաթները կրնան յղի ըլլալ նոր իրադարձութիւններով։

Apr 1, 2009

ԱՏԱՆԱՅԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Դար մը հեռաւորութիւն՝ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուած Ատանայի ջարդերէն։ Հայաստանեան եւ սփիւռքեան հանգամանաւոր կեդրոններու կողմէ կը նախապատրաստուի հանրային-հասարակական, ինչպէս նաեւ ակադեմական-մտաւորական շրջանակներու ուշադրութեան կիզակէտին վերածել Ատանայի ջարդերու 100-ամեակը։

Գիտաժողովներ, զեկուցումներ, պատմագիտական ուսումնասիրութիւններ, յուշագրական գրականութիւն, նոր ու անտիպ լուսանկարներ եւ տակաւին հայրենակցական աշխատանքներու հարթութեան վրայ աւանդութիւններու, սովորութիւններու վերաներկայացման առիթներ։ Գիտական մօտեցումները այս բոլորին մէջ ի հարկէ շնորհակալ գործ կատարած կ՚ըլլան թրքական ծրագիրները բացայայտելու, դէպքերուն կանխամտածուած ըլլալը փաստելու, առարկայական փաստացի տուեալները վերաամրագրելու։

Ատանայի ջարդերու 100-ամեակի նշումին նախասահմանուած տարողութիւնը կը նախանշէ, որ անգամ մը եւս կը վերաշեշտուի՝ պատմագիտական համատեղ յանձնաժողովով տխուր դէպքերուն գնահատական տալու թրքական նախաձեռնութիւն-առաջարկին հիմնովին քաղաքականացուած հանգամանքը։

Ատանան, իր պատմութեամբ, դէպքերու ահաւորութեամբ, զոհերու թիւով յստակ ընդգծումներ կը կատարէ հայասպանութեան պետական քաղաքականութեան։ Եւ ոչ միայն Ատանան անշուշտ։

Ատանան պէտք է ներկայացուի ընդհանուր պարունակին մէջ, հայասպանութեան տարիներու վրայ երկարող քաղաքականութեան ծիրին մէջ։ Ատանան պարզապէս մէկ հանգրուանն է թրքական տարբեր իշխանութիւններու իրականացուցած ծրագիրին՝ հայաթափութեան, տեղահանման, բռնագաղթին, ջարդին, հայասպանութեան։ Մէկ բառով՝ Ցեղասպանութեան։

Երեւոյթին, իրողութեան տարանջատումը՝ թշնամիին համար կրնայ ծառայեցուիլ շահարկման թեմայի։ Փաստօրէն հայկական կողմը եւս Ատանայի մասին գրած, խօսած, ներկայացում կատարած միջոցին կ՚օգտագործէ ջարդ, կոտորած, ողբերգութիւն բառեզրերը։ Ճիշդ է միանգամայն, որ բառեզրերու օգտագործումը խիստ քաղաքականացուած մօտեցումներով կը կատարուի։ Եթէ Ատանայի ջարդերը այս օրերուն պատահէին, միջազգային ընտանիքը, միայն Ատանային համար կրնար գնահատական տալ՝ «Ցեղասպանութիւն» բառեզրի օգտագործումով, մանաւանդ, եթէ օրուան իրականացնող կողմին նկատմամբ քաղաքական ճնշում բանեցնելու միջազգային կամ գերպետական միտում նկատուէր։

Տարին առիթ է լուսարձակի տակ բերելու Ատանայի կոտորածները։ Մենք պարտաւոր ենք պատմագիտական, յուշագրական, մշակութային, հոգեւոր եւ ազգագրական լուսարձակներուն առընթեր, նկատի ունենալ քաղաքական խաղի կանոնները։ Եւ մնալ ընդհանուր շրջածիրին մէջ՝ Ատանան ներկայացնելով ցեղասպանական ընդհանուր քաղաքականութեան մէկ ահաւոր հանգրուանը։

Շարունակենք քաղաքական մօտեցումներու տրամաբանութիւնը։ Ատանայի կոտորածներուն 100-ամեակը առիթ է դիմազերծելու պաշտօնական Անգարայի այսօրուան յայտարարութիւններուն հեղինակները։ Եւ այս առումով գիտական թղթածրարները, օտարազգի պաշտօնական անձնաւորութիւններու վկայութիւնները, արխիւնե՛րը մանաւանդ, ստուար նիւթեր են քաղաքական այդ բացայայտումները կատարելու համար։ Պատմագէտներու համատեղ յանձնաժողովի գաղափարը ճիշդ է, որ հիմնականին մէջ կը նպատակադրէ ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի առկախումը։ Այսուհանդերձ կը նախանշէ նաեւ, որ արխիւներու մակարդակով պաշտօնական Անգարան լուրջ պատրաստութիւն տեսած է։ Ատանայի 100-ամեակին առիթով նոր յայտնութիւններու աշխատանքը կրնայ փաստարկ-հակափաստարկ պայքարին մէջ մեծ առաւելութիւններ ապահովել եւ նպաստել ընդգծելու համար համատեղ պատմագիտական յանձնաժողովին անտեղի եւ անիմաստ ըլլալը։

Հայ-թուրք յարաբերութիւնները, ըստ քաղաքական յայտարարութիւններուն եւ մամլոյ վերլուծումներուն, նոր հանգրուան մը թեւակոխելու սեմին են։ Ատանայի 100-ամեակի ճիշդ արծարծումը, լուսարձակներու բազմացումը եւ մանաւանդ ներկայացուելիք հարցերուն ցեղասպանական ընդհանուր քաղաքականութեան մէջ տեղաւորումը առաւելներ կ՚ապահովեն հայկական կողմին համար։ Քաղաքական կէտեր ապահովելու համար գիտական պատրաստուածութիւնը անշրջանցելի գործօն է։ Հարցի արծարծումը թէ՛ հայաստանեան եւ թէ՛ սփիւռքեան կողմերէն է, ինչ որ կը խախտէ նաեւ թրքական խաղի կանոնը՝ այս հարցերուն մէջ հայաստանեան չափաւորականութեան եւ սփիւռքեան ծայրայեղականութեան միջեւ խրամատներ բանալու։

1 ապրիլ 1909-ը հայկական պատմագրութեան մէջ ծանօթ է իբրեւ Կիլիկիոյ ջարդերու սկիզբ։ 1 ապրիլ 1920-ը՝ իբրեւ թրքական յարձակումներու դիմաց այնթապահայոց ինքնապաշտպանողական մարտերու սկիզբ։ Համիտեան ջարդերէն, անցնելով երիտասարդ թուրքերու հայաջինջ քաղաքականութիւն եւ հասնելով մինչեւ քեմալական օրերու հայասպանութիւն իրականացնող ծրագիրներ պէտք է կարմիր թելի պէս տեսնել ու ցոյց տալ առանցքը՝ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը։

Ատանայի 100-ամեակը համահայկական տարողութեամբ պիտի ստեղծէ առիթ այս հարցերը արծարծելու։ Ցեղասպանական քաղաքականութեան ընդհանուր պարունակին մէջ։