Sep 14, 2009

ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԱԼԻՔԸ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԷ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԼՐԱՏՈՒԱԴԱՇՏԸ

Լիբանանեան մամուլի կարգ մը ներկայացուցիչներ եւս ներքաշուած են թուրքեւազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան ծուղակին։ Զարմանալի չէ, որովհետեւ համաշխարհային մամուլի հռչակ նուաճած լրատուամիջոցներ, երբ կամայ-ակամայ ազրպէյճանական յերիւրանքներուն տեղ կու տան, ապալրատուութիւնները համացանցային շրջանառութեամբ կը հասնին ամէն տեղ ամէն տեսակ տեղեկատուամիջոցի։
Առաջին ցնցիչ ապատեղակատուութիւնը կը վերաբերէր ազատագրուած տարածքներէն հայկական զօրքերու հեռանալուն։ Թուրքիայէն եւ Ազրպէյճանէն մեկնարկած լուրը կը հաստատէր, որ հայկական կողմը համաձայնութիւն տուած է արդէն ազատագրուած եօթը տարածքներէն հայկական ուժերը հեռացնելու պահանջին։ Չհանդիպեցանք հակառակը պնդող, սուտը հերքող տեղեկութեան։ Պարզ է, որ առաջին վայրկեանէն իսկ յայտնի էր լրատուուութեան կեղծ ըլլալը, այսուհանդերձ հակափաստարկի յապաղումը նպաստեց լուրի տարածման։ Մանաւանդ՝ որ լուրը անմիջականօրէն կը յաջորդէր 31 օգոստոսին նախաստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւններու հրապարակումներուն։Երկրորդը. միւենոյն տարողութիւնը ստացած եւ գրեթէ միեւնոյն տարածումը ապահոված այլ ապատեղակատուութիւն մը կու գար բազմելու լիբանանեան լրատուադաշտին մէջ։ Ազրպէյճանական համապատասխան ծառայութիւնները հայ-վրացական սահմանին միջ-վրացական հրացանաձգութիւններու զոհ գացած հինգ վրացի զինուորներու դիակներու լուսանկարներուն ընկերակցուցած էին լրատուութիւն մը, ըստ որուն Աղտամի ուղղութեամբ հայկական զօրքերը յարձակում գործած էին դէպի ազրպէյճանական տարածք եւ ստացած էին հակահարուած։ Հայկական այս «յայրձակում»ը խլած էր 5 զինուորներու կեանքը։
Միջազգայինէն շրջանային եւ շրջանայինէն տեղական (լիբանանեան) մամուլի ներկայացուցիչ չէր մնացած, որ չարձագանգէ լուրին։ Մէկ օր ետք հրապարակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը բաւարար չէր հերքելու ապատեղակատուական գործողութիւնը։Եթէ առաջինի պարագային կը յառաջացուէր այն խաբկանքը, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները չստորագրուած արդէն իսկ կայ տեղաշարժ, միաժամանակ ընդգծելով հայկական կողմին պարտուողականութիւնը, ապա երկրորդի պարագային կը փորձուէր ցուցադրուիլ ազրպէյճանական բանակին գերմարտունակութիւնը եւ հայկական կողմին յարձակողապաշտութիւնը։Երկուքի պարագային ալ սակայն ընտրուած ժամանակն ու ապատեղակատուութիւններու յաջորդականութեան տրամաբանութիւնը հետաքրքրական է։ Այսպիսով,Հայաստան-Թուրքիա նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն, ուր իբրեւ թէ կը բացակայի Ղարաբաղի հիմնահարցը, ցոյց կը տրուի որ թրքական եւ ազրպէյճանական քաղաքականութիւններուն համար որեւէ նման բացառում չկայ։ Ղարաբաղը փոխկապակցուած է այս գործընթացներուն եւ հայ-թուրք յարաբերութիւններու որեւէ յառաջընթաց չ՛երեւար առանց ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման ուղղութեամբ առնուած լուրջ քայլի։ Թուրքերը կը տարածեն լուր, որ հայկական զօրքերը պիտի քաշուին ազատագրուած տարածքներէն։ Ազրպէյճանցիներն ալ ռազմական գերակայութեան ապատեղակատուական փաստարկներ կը փորձեն արձանագրել։Մինչ այմ ապատեղեկատուական այս հարուածներուն համապատասխան հարուած չէ տուած հայկական կողմը։ Վիրթուալ ձեւով իբրեւ թէ կը յարձակին հայկական զօրքերը, վիրթուալ ձեւով կը հեռանան ազատագրուած տարածքներէն։ Թէկուզ վիրթուալ՝ պէտք է յայտարարուի որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը նուազագոյն ըսելաձեւով իրականութեան չհմապատասխանող լուրեր կը տարածեն։
Բայց այսքանը ամբողջական չէ տակաւին։ Կիրակի օրուան լիբանանեան «Նահար»ը առաջին էջին վրայ կը փայլեցնէր Մըրուան Իսքանտարի մէկ «գլուխ-գործոց»ը։ Խօսելով քիչ մը ամէն ինչի մասին յօդուածագիրը սեւով ճերմակի վրայ կը գրէր, որ 1992ին հայերը Ղարաբաղի մէջ իրականցուցած են իրական ջարդ մը իսլամ ազրպէյճանցիներուն դէմ։
Մըրուան Իսքանտարի կովկասագիտութեան մակարդակը լուրջ հարցականի տակ առնելէ առաջ պէտք է մտածել, որ ի՞նչ զարգացումներու հետեւանք է այն, որ «Նահար»ի պէս առաջատար մը թոյլ կու տայ իր առաջին էջին վրայ նման հաստատում հրապարակելը։ Այս մէկը միայն Մըրուան Իսքանտարին հարցը չէ։ Ղարաբաղի հարցին կրօնական գունաւորում տալը, հայ-իսլամ հակադրութիւններ հրահրելու փորձ կատարելը եւ հայերը Ղարաբաղի մէջ ջարդարար յայտարարելը Մարուանին հարցէն աւելի «Նահար»ին հարցն է։
Իսկ եթէ իբրեւ հայկական կողմի թէ ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական շրջանակներու կողմէ տիրող լռութիւնն ու անտարբերութիւնը պիտի շարունակուի ամէն բանէ առաջ նաեւ՝ մե՛ր հարցը։

51 comments:

  1. մաղթենք aztagarabic-ը կարենայ դէմ դնել այս ապատեղեկատուութեան, նկատի ունենալով որ Հայաստանի պետական մամուլը որեւէ մէկ լուրջ գործ չի տանիր, սփիւռքի ազգային առողջ շրջանակները իրենց սահմանափակ միջոցներով պիտի դէմ դնեն միջազգային հաստատուած մամլոյ... չեմ ալ զարմանար որ «Նահար»ը «սխալմամբ» տուած է լուրը, Լիբանանի պետութիւն (կարդա՛ մարտ 14)-ՀՅԴ յարաբերութեանց ծիրէն ներս... 5 զոհերու մասին լուրը «Ժազիրա»ն ալ տուած էր. այս օրերուն պէտք է աւելիով լարենք մեր ականջներն ու մեքենաները, ըլլայ Ազդակ, ըլլայ միջին արեւելքի հայ դատի գրասենեակ, կամ կազմակերպութիւններ...

    ReplyDelete
  2. teyev aratchin desagede teyev che esdorakrevads payts leriv ge pajnem.
    Garo Derderian

    ReplyDelete
  3. aztagarabic-e arten tarkmanads e yev ir gayketchin vera zedeghads e arten aztagi khempakragane.bedk e daradsel lipanantian shertchanagneroun.
    Hratch

    ReplyDelete
  4. garachargem vor shad poghokner kervin Nahar tertin
    Maral

    ReplyDelete
  5. ելեկտրոնային արշաւ կը սկսի. լաւ է, բան մը կը շարժի տեղէն։Ձայն հանենք, աղմկենք, որ մարդիկ բան մը գրելէն եւ բան մը տպելէն առաջ հաշիւ ընեն։ Կ՛ընե՞ն արդեօք, չեմ գիտեր.բայց պէտք է ձայն բարձրացնել համաձայն եմ։
    Նարինէ

    ReplyDelete
  6. Նման արշաւներ ինչո՞ւ հայաստանի իշխանութեան դէմ ալ չեն ըլլար։ Բողոքելու ահագին նիւթ կայ չէ՞ այս օրերուն։
    Մամբրէ

    ReplyDelete
  7. walaw ya Mampre aztagen gesbases vor Hayasdani ishkhanoutyunneroun tem arshav ene? come on.....
    Anto

    ReplyDelete
  8. shebeb gamats-gamats hele tourkeroun yev azerineroun tem enenk hedo ge medadsenk hayeroun tem enelou masin....
    Nigol

    ReplyDelete
  9. Ապատեղակատուութեան հարցը շատ լուրջ է։ Դիմացնիս պետութիւններ են.։ Առանց ստորադասելու Ազդակին ըրածը, թերթ մը առանձին չի կրնար դէմ դնել պետական ծրագիրներուն։ Յայտնի է որ ասանկ նիւթեր պիտի շատնան։ Արդէն շատոնցէ որ լիբանանեան թերթերու մէջ կը վխտան թրքականքարոզչութեան ծառայող յօդուածներ, գրութիւններ։ Միւս թերթերէն ալ ձայներ պէտք է ելլեն.ճիգերը պէտք է խմբուին։ Կուսակցութիւնները միասին ընելիք ունին։Դիմացնիս պետութիւններ են։ Խաղ չէ ասիկա։Մարուան իսկէնտէրը առանձին չէ, շատ մարուաններ կան։ Աշխատանք պէտք է։
    Ժազրէ կայանէն երկու օր լուր անցուցին, որ ղարաբաղի մէջ ազերիները հինգ հատ հայ զինուոր սպանած են։Մէկը հակառակը ըսա՞ւ։
    Պիտի շատնան այս երեւոյթները։ Պէտք է պատրաստ ըլլանք եւ աշխատինք միասին, բոլորս։Հայութեան դէմ եղած սուտերուն դէմ պայքարելու համար տարբերութիւններ չկան։ Բոլորս նոյնը կ՛ուզենք։
    Գէորգ

    ReplyDelete
  10. Ելեկտրոնային արշաւ թուրքեւազրպէյճանական
    ապատեղեկատուութեան դէմ

    Ստորեւ ներկայացուած բովանդակութեամբ բողոքագիր նամակին արաբերէն եւ անգլերէն տարբերակները պիտի տեղադրուին «Ազդակ»ի հիմնական եւ արաբատառ կայքէջերուն վրայ։

    Հետեւեցէ՛ք ելեկտրոնային արշաւի մեկնարկի ազդանշանին

    Նահար թերթի խմբագրութեան

    Յարգելի խմբագրութիւն
    Զարմանքով եւ ընդվզումով կարդացինք ձեր կիրակի 13 սեպտեմբերի թիւին առաջին էջով լոյս տեսած Մարուան Իսքանտարի յօդուածը, ուր հայերը կը ներկայացուէին իբրեւ ջարդարար ժողովուրդ։
    Կը դատապարտենք դէպքերուն իրողութիւնը նենգափոխողող Մարուան Իսքանտարի կեցուածքը եւ ձեր խմբագրութեան կ՛առաջարկենք տեղ չտալ նման անպատասխանատու, չհիմնաւորուած եւ հայ ժողովուրդի խաղաղասէր դիմագիծը հարուածել փորձող յօդուածներու։

    Յարգանքներով՝
    (ստորագրութիւն)

    ReplyDelete
  11. ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ՆԱՄԱԿԱՐՇԱՒԸ ՍԿՍԱԾ Է (ԱՐԱԲԵՐԷՆ ՏԱՐԲԵՐԱԿ)

    Միանալով Ազդակի արաբերէն կայքէջին http://aztagarabic.com/?page_id=200
    դուք պիտի տեսնէք արաբերէնով գրուած բողոքագիր ուղղուած Նահար թերթի խմբագրութեան ճամբով յօդուածագիր Մարուան Իսքանտարին,
    որ «Նահար»ի 13 սեպտեմբերի թիւին առաջին էջին վրայ հայերը ամբաստանած էր իբրեւ իսլամ ազրպէյճանցիներու ջարդարարներ։

    Միացէ՛ք ելեկտրոնային արշաւին եւ բողոքագիրը յղեցէ՛ք տեղադրուած ելեկտրոնային հասցէին։
    Դուք սատարած կ՛ըլլաք հակահայ գրութիւնները կասեցնելու կոչուած աշխատանքին:

    ReplyDelete
  12. ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԵՐԵՔ ԳԼԽԱՒՈՐ ԹԵՐԹԵՐՈՒ ՆԱՄԱԿԸ «ՆԱՀԱՐ»Ի ՅՕԴՈՒԱԾԱԳԻՐ ՄԱՐՈՒԱՆ ԻՍՔԱՆՏԱՐԻՆ

    «Նահար» օրաթերթի յօդուածագիր Մարուան Իսքանտարի՝ կիրակի, 13 սեպտեմբեր 2009-ին գրած յօդուածին առիթով, լիբանանահայ երեք օրաթերթերուն խմբագրութիւնները, «Նահար»ի յօդուածագիրին յղեցին հետեւեալ նամակը, զոր կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ։

    Յարգելի՛ պարոն Մարուան Իսքանտար,

    Լիբանանահայ ընթերցողներու անունով ընդունեցէք մեր ջերմագոյն ողջոյնները։ Նկատած ենք, որ Ձեր ստորագրութիւնը կրող յօդուածները կը բնորոշուին առարկայականութեան ու բծախնդրութեան յատկանիշներով։

    Սակայն, ցաւալի է տեսնել, որ բաւական նուրբ եւ լուրջ հարցի մը շուրջ պահ մը դուրս եկած էք Ձեզ բնորոշող յատկանիշներէն, ու հաւանաբար Ձեզի մատուցուած ոչ ամբողջական տեղեկութիւններու վրայ յենելով, ստորագրած էք պատմական անճշդութիւններով վխտացող յօդուած մը։

    Յարգելի՛ պարոն Մարուան Իսքանտար, «Նահար» օրաթերթի, կիրակի, 13 սեպտեմբերի համարին մէջ, Ձեր ստորագրութիւնը կրող յօդուածը պատմական ճշմարտութեան դէմ յստակ մեղանչում մըն էր։ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը յառաջացաւ այն օրէն, երբ Ստալին բռնի կերպով զայն կցեց Ազրպէյճանին։ Լեռնային Ղարաբաղի հարցը ժողովուրդի մը ինքնորոշման իրաւունքի հարցն է, եւ երբեւիցէ չի կրեր ու չէ կրած համայնքային կամ կրօնական բնոյթ։ Բայց դուք ոչ միայն սխալ մեկնաբանութիւններ կը կատարէք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան մասին, այլեւ՝ կրօնական, համայնքային զգայնութիւններ կը հրահրէք Ձեր օգտագործած բառերով։

    Յարգելի՛ պարոն Մարուան Իսքանտար, անզգուշութիւն եւ աճապարանք մը կը նկատենք Ձեր ստորագրած յօդուածին մէջ։ Պատրաստ ենք լիարժէք եւ պատմական ստոյգ տուեալներով Ձեզի եւ կամ Ձեր յարգարժան օրաթերթի էջերով ներկայացնել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան էութիւնը, բայց մինչ այդ իբրեւ ճշմարտութեան խորհրդանիշ օրաթերթի մը յարգելի յօդուածագիրը, պիտի փափաքէինք, որ վերատեսութեան ենթարկէք ձեր 13 սեպտեմբերի յօդուածը՝ առնուազն հաստատելով, թէ իրազեկ չէք Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան եւ շեշտելով, թէ անիկա երբեւիցէ չէ կրած համայնքային բնոյթ։

    Յարգանքներով՝

    Լիբանանահայ երեք գլխաւոր օրաթերթերու՝

    «ԱՐԱՐԱՏ»ի, «ԱԶԴԱԿ»ի եւ «ԶԱՐԹՕՆՔ»ի
    խմբագրութիւններ

    ReplyDelete
  13. knahadeli e ays namagae. Bidi arachargei vor nakhkan aysbisi namagi me hrabaragoume gareli ellar antzamp hantibil baron Iskenderianin yev hede zeroutzel, voch te "veren kalov", ayl havasare havasar zeroutzelov. Verevi namagin vokin shad lav e, ays vokiov al bedk e martoun antzamp nergayanal. Voch te herve herou pan me chi sharjir, esd is. Garachargem vor 2-3 hokinotz khempag me nergayana martoun.
    Hachoghoutyoun! Im goghmes al masnavor parevner iren!
    Hovhannes

    ReplyDelete
  14. Hamatsayn em badviragoputiamp nergayanaloun.Hamatsayn chem "veren kalou' kennatadoutian.Marte arten pavagan vereren yegads e ,hayere chartarar ge nergayatsene.te badviragoutyun bedk e yerta te al poghokner bedk e deghan.tegouz herouneren darper deghere,yergirnere.
    miyayn keghetsig zerouytsnere gernan shad aztetsoutyun chounenal.
    Rosdom

    ReplyDelete
  15. yes ge gardzem vor, yete poghokelov, aysinken baron Iskenderianin toure godrelov ners mednel ouzek, marte jishd hagarage bidi ene, sireli Rosdom. Marte, ayo, chape antzoutzadz e, sagayn zink bedk e shahil yev voch te gorsentzenel. Yete kavazannerov yertas yev abaginere peshres martoun...gernas ir hagaztetzoutyoune yentatrel...
    Ays e esadzes barzabes.
    Hovhannes

    ReplyDelete
  16. Baron Hovhannes, inchbes glla pan mn al knahader ek... Gerevi ARARAD-in yev ZARTONK-in sdorakroutyounneroun artiv e as sirapanoutyoune.

    Kalov tser arachargin. Gardzikovs hayadiats yev hayeroun chartarar ngadogh "islam"i m hed zeroutsele abartun e. Patsadrem. Asge kani m amis arach, Houlis 31-in, Hay Heghapokhagan Tashnagtsoutyan Zavarian Ousanoghagan yev Lipanani Yeridasartagan Miyoutyounnere Movenpick bantogin archev tsouyts m erin. Terevs chek hisher. Mer mus gousagtsoutyounneroun yeridasartnere patsaga eyin anshoushd. Gentatrem ARARAD-e yev ZARTONK-nal chantratartsan tsouytsin (Haririyin aytseloutyounnere aveli garevor en). Ayt ore, Tourkio ardakin kordzots nakharare, lipananian lradvagan michotsneroun khmpakirneroun yev badaskhanadouneroun hed hantiboum bidi ounenar. Gardzikovs Marwan Iskandarin kradze artsakankn e ayt hantiboumin.. esenk, Lipanani mech Tourkio tsernargadz ayt lradvagan arshavin.
    Marwan-e aybes asats "kordzoughvadz" mn e. Marte kordzi vra e. Hamozvadz ella ir kradzneroun gam voch, bidi kre. Manavant yerp hayadiats mn e, badjar m aveli krelou... Aysbisi martots hed dramapanoutyoune, badmoutyoune, zerouytse animasd e. Hedevapar, arayjm zayrouyt ardahaydelou lavakouyn tseve poghokakir hgheln e.

    Ourish ngadoghoutyoun mn al. Marte voch miyayn "chape antsoutsadz e", marte ir chapere chi kider... Artiok grnak patsadrel inchou "bedk e shahil" aysbisi anbargeshd, lirp, hayadiats, tourkerou goghmnagits ants m? Grnak esel inch bidi gorsentsnenk ipr lipananahayoutyoun, yete "gorsentsnenk" zink? Bardvoghagan mdadzelagerb ounik, baron. Grnam nayev esel... Tashnagtsagan chek.

    - Սանահին -

    ReplyDelete
  17. Սանահինն ալ կ'երեւի չափը անցուցած ըլլալ...

    Ք.

    ReplyDelete
  18. Sireli Sanahine,
    chem kider tzer darike, sagayn indzi ge tevi, vor arpounkayin dariki mech ek. Gam al oushatzadz arpunk me gabrik...
    Desek, yes gousagtzagan chem. (Medzakouyn hantzankes ays mege.) Gousagtzagan hivantoutyounner al chounim, esd voroum: yete meg gousagtzoutyoune koves, ge neshanage myusin bidi harvadzes.
    Tejkohank haydnel, poghokel, boral-ganchel, ayo, bedk en, hamatzayn em. Garachargem, sagayn, vor modetzman ourish tzever ellan...nayev. Avelin, aytdeghen esgesil yev hedo hasnil poghokin. Voch te hagarage. Asiga im aracharges e. Chem kider baron Iskenderianin barakan inch e, inch khmori mart men e, sagayn gerna badahil, vor shnorhkov mart me ella yev lav al hotvadzner kradz e adenin, inchbes haydararoutyounn al tzouytz gou da.
    Kidem vor shad imasd chouni kradzes tzezi hamar, vor ayl magartagi vera ge kednevik. Amen barakayi, ge krem nayev ayl ntertzoghnerou hamar!
    Hachoghoutyoun!
    Hovhannes

    ReplyDelete
  19. Sireli Hovhannes,
    Indzi al g tevi, vor tsezi g djanchnam. Khorkin mech, indzi g tevi, vor tsezi 2 or arach desa baron [...] .

    Kalov nutin. G khossik modetsman tseverou masin. Gsek grna badahil vor "shnorhkov mart m ella". Yete ipr hay mdadzek, yerp ays marte tsezi chartarar gse, ir hotvadzin djampov hayeroun yev islamneroun michev mich-hamaynkayin hagamardoutyan arit gsdeghdze, asor "shnorhkov"-e our mnats? "Shnorhkov" hotvadzakire, MISHD "shnorhkov" yev bargeshd gella, voch te yerp garke hayeroun ka anbargeshdoutyoune "g prne".
    Nouyn tser dramapanoutyamp, "shnorhkov" tourker al bedk e ellan, voronts hed gareli e zeroutsel. Tseghasbanoutyoune kordzadz ou mer hoghere kravadz tourkeroun tornere, nouynisg tseghasbanoutyan djanachoum bahanchogh tourkere, anonk al "kesh mart" ellalou chen. Haba inchou g merjenk anonts "modenal"? Barzabes vorovhedev tourke tourk g mna... hayadiatsn al` hayadiats. Zrouytsi tour chiga.

    Chichnelou hamar tser magartagin, darikis masin tser ngadoghoutyoune bidi andesem, vorovhedev anvayel e tser magartagin (yev tirkin) vra yeghogh antsi m.

    Hachoghoutyoun,
    Սանահին

    ReplyDelete
  20. tour godrelov ners mednenk yete gesses harkeli Hovhannes marte hagarage bidi ene.Intch bidi ene?hayere chartarar hamarelen aveli intch? bidi ene gam here.shad-shad bidi bahanche vor janachoum dervi hayerou goghme aerineroun tem kordsatrevads tseghasbanoutian.....
    tourn al bedk e gedrel badouhann al....ays vartsgannere bedk e kidnan vor poghokoghnerou meds tiv ga.hedo gareli e pari pari zerouytsner ounenanl.
    Rosdom
    khentrem arpounk,kezi ge janchnam,asang panere vaz antsek te hovhannes te sanahine

    ReplyDelete
  21. Sireli Rosdom,
    ouremen hachoghoutyoun ge maghtem: tour al godre, badouhan al. Hamatzayn chem, paytz eselik chounim!

    Sireli Sanahine,
    toun al godre-peshre gam hrajarir zroutzele, kezi al hamatzayn chem. Paytz asonk im tzeveres chen hartz me loudzelou, hartzi me tem baykarelou. Aveli jishd ge kednem martavari badaskhan-hotvadzner hradaragel, araperen gam hayeren pajinneroun mech, our vor gouzek. Nouynisg trkeren pajin hradaragel, inchou che?
    Hachoghoutyoun!
    Hovhannes

    ReplyDelete
  22. keroutyunnere ge heradargvin gor arten hayeren,ankleren yev hima al araperen pajinneroun metch.
    Rosdom

    ReplyDelete
  23. 'Garachargem vor 2-3 hokinotz khempag me nergayana martoun.
    Hachoghoutyoun! Im goghmes al masnavor parevner iren!'
    Hovhannes yete martige yertan yev essen vor Hovhannese parev ouni,vor? Hovhannese essene intch? togh essen.
    Nigol

    ReplyDelete
  24. Nigol,
    2-3 hokinots khmpag m togh nergayana martoun, payts voch zeroutselou. Vomank khosk chen hasgnar... (gadag e)

    Angeghdzoren hotvadzakirin nergayanalou nbadag gam agengalvadz artunk chem desner. Terevs mege grna patsadrel ինտզի, te inch e nbadage yev gam inch artunk gagengalenk ayt hantiboumen.

    Baron Hovhanness, khorkin mech djisht e Nigol-in esadze. Marte yete hartsne vor Hovhanness-e parev ouni, inch togh esen?
    (Teyev, Nigol, yes g gardzem, vor Hovhannes-e khempagin mech glla, yete yertan "Iskenderian"-in kov)

    Սանահին

    ReplyDelete
  25. * neroghoutyoun, indzi-n hayadar knats.
    Gartal` "indzi" gam "ինծի"

    ReplyDelete
  26. Sireli Nigol, sireli Sanahine,
    megnakidoutyan mech ardahaydoutyoun me gareli e shad me magrtagnerov hasgenal: daratzi, aylapanagan gam pokhaperagan yevaylen. Touk yergouket al im ayt parevelou ararkes daratzi gam paratzi hasgetzadz ek. Garachargem vor aylapanagan imasdin timek, hasgenalou hamar, te aytdegh arachargevadze parevi pokhantzoum me che, ayl barzabes esel gouzem, te yes hamatzayn em vor martig nergayanan Iskenderianin. Voch aveli voch bagas.
    Teshnamoutyan ayskan sroumen yedk hima ayt hantiboume shad havanapar imasd chounena. Inchbes vere agnargadz em, nakh hantiboumov bedk e esgesil, hedo hasnil pokhokin. Marte hayere chartarar gocadz e, eradze kide, vartzgan e, chem kider inch. Gareli che aytbisi martoun al kaghakavar modenal ou esel, paregam, ays aysbes e, herammetzek, gartatzek, desek, tadetzek. Yete ays tzeve chi hasgena, hedo gareli e tour-badouhan godrel (gentatrem pokhaperapar) yev poghokel.
    Esd yerevouytin, sagayn, aysbes medadzogh mege che menatzadz. Tzavali yerevouyt!
    Hovhannes

    ReplyDelete
  27. vere gareli che-in yedev hartzman neshan me mortza (?).
    Hovhannes

    ReplyDelete
  28. Baron Hovhannes,
    Nakh gouzeyi kidnal yete Marwan-e "vartsgal kordzoughvadz" m g hamarek gam voch.
    Yergrort, esenk te tser esadzin bes poghokakir-en arach martoun hed zrouyts m bid ounenank. 2-3 hokinots khmpage vorontsme paghgatsadz bid ella? Inch bidi esvi martoun? '... yegour dghas, kich m badmoutyoun garta, hayere islam mertsnelou nbadag chounin, hayere tad ounin, yevayln yevayln...' Iskandar-in al verchin hokn e.
    Touk desak martoun hotvadze? voch isg hayeroun gam Artsakhin masin e. Vernakire` "Winston Churchill-e yev Joubran Basile" . 891 parere paghgatsadz hotvadz mn e, voroun mech 36 parov, aysinkn ays nakhatasoutyamp, "وجدير بالذكر في هذا المجال ان اتفاق تركيا وجمهورية ارمينيا يؤدي الى تسوية أوضاع منطقة ناغورني – كاراباخ التي شهدت حربا شعواء بين أرمينيا واذربيجان عام 1992 ارتكب خلالها الارمن مجازر حقيقية في حق الشعب الاذري المسلم" , gareli yeghadzin chap karozchoutyoun eradz e.
    1) Hayasdani yev Tourkio michev hamatsaynakri m sdorakroutyan barakayin bidi loudzvi Artsakhi hartse (trkagan karozchoutyoun)
    2) Hayere azeriner chartadz en (azeriagan karozchoutyoun)
    3) Hayere (krisdonianere) islam-ner g charten (panturanagan karozchoutyoun)
    Hsdag e, vor marte Artsakhi badmoutyoune gam nerga iravidjage knnelou midk chouni. "Gaydz" mn e dvadze` mtnolord sdeghdzelou, nor hagamardoutyounnerou tour panalou, lipananahayoutyan oushatroutyoune ourish himnakhntirnere sheghelou.
    Vorkan vor kidem, marte dendesakidagan hotvadzner g kre, djanchtsevadz e ir ayt hotvadznerov. Ter inch khossil ays martoun hed? Kaghakavar ellalou garik chga. "yergate sherep"-in masin lsadz ek gentarem. "Yergate sherep"-e patsartsag djeshmardoutyoun e...
    Hachoghoutyoun,
    Սանահին

    ReplyDelete
  29. Ouremen yergate sherepe, yete an tzer kovn e, ye vesdah em vor tzer kovn e, arek yev martoun kelkhoun zargek, lavakouyn ankaghakavaroutyounn e, ge gardzem. Ourish eselik chounim. Arten esadz ei mey me, vor kradzneres miayn tzezi hamar chein...
    Hovhannes

    ReplyDelete
  30. sireli Hovhannes
    poghokele, badaskhanele ankaghakavar tsever chen.Naharin mech debads e Hayasdani tesbanadan badaskhane.martige bedk chen dessads badviragoutyun ghergelou.oughagi badaskhanads en.tertn al debads e.
    tser aracharge ourish shepot gatsoutyunnerou aden hasgenali,ays barakayin dsanr ampasdanoutian dag e ampoghch hayoutyune.hamenayntebes ge harkem gardsiktet payt tartsial gesem vor hamatsyan chem
    Rosdom

    ReplyDelete
  31. Sireli Rosdom,
    yes al gardziket ge harkem, paytz hamatzayn chem arantz martoun hed nakh zeroutzelou poghok nergayatznelou tzevin.
    Harkanok,
    Hovhannes

    ReplyDelete
  32. Իմ անձնական կարծիքովս,հարցը այնպէս չէ դրուած,որ մարդուն հետ թուղթէ շերե՞փ գործածենք,թէ՞ երկաթէ:Այս տնտեսագէտը,անկէ առաջ նաեւ վարչապետի խորհրդականներ եւ միւֆթիներ,իրենց նմանօրինակ յայտարարութիւններով ոտնատակ ըրած են լիբանանեան սահմանադրութեան մէջ ամրագրուած ազգային համակեցութեան սկզբունքը եւ իրենց ըրածը համայնքներու միջեւ ատելութիւն հրահրելու ձեւ մըն է:Յարգարժա'ն Յովհաննէս,դուք նախ Լիբանա՞ն կ'ապրիք,գիտէ՞ք ինչպիսին է այս երկրին ներքին,համայնքային դրուածքը,կառուցուածքը:Եթէ Լիբանան կ'ապրիք,ձեզի պարզապէս յիշեցնեմ,որ մօտ մէկ ամիս առաջ շիի կրօնական հեղինակութիւն մը համայնքային-քաղաքական բնոյթի յարձակում մը գործած էր մարոնիներու պատրիարքին վրայ:Մտաբերեցէք պահ մը հակազդեցութիւնը...մենք տակաւին ամէնէն ամէնէն ամէնէն քաղաքակիրթ միջոցը օգտագործած ենք.նամակարշաւ,երեք թերթերու խմբագրութեանց միացեալ նամակ «Նահար»ի խմբագրութեան եւ այլն:Այս երկրին մէջ բոլորն ալ իրենց մագիլներով կը պաշտպանեն իրենց համայնքային իրաւունքները,իսկ մենք ալ «քաղաքակրթութիւն» կը խաղանք,«նախքան բան մը ընելը մարդուն հետ հանդիպինք եւ զրուցենք» կ'ըսենք,չենք պատասխաներ միւֆթի Խալիլ Մէյսի կամ միւֆթի Ժուզոյի յայտարարութիւններուն եւ կը քալենք կարծես թէ ոչինչ կայ:
    ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

    ReplyDelete
  33. Ayt tzer polor esadznre jisht en, baron Hagopian. Yes chem eser: bedk che poghokel, jisht che poghokel. Yes tzev me garachargem. Nakh hantibil yev nyut, entertzoumi kraganoutyoun nergayatzenel, hedo, yerp artyunk chi da, poghoki namagner krel. Ays e esadzes yev ays esadzes chem hrajarir.
    Jishd e, vor Lipanani mech grvazan mtnolord me ge dire, sagayn aveli jishd bidi ella im arachargadz hagaztetzoutyampes voch te gerive sharounagel, ayl darper desagi modetzoum arachargel, getzvadzkovet isg. Te chi hachoghir, ourish hartz.
    1000 ankam garje portzel pan me, yerp vesdah es anor pari ellaloun.
    Hovhannes

    ReplyDelete
  34. Յարգելի Յովհաննէս,ես ալ կողմնակից եմ զրոյցին,հանդիպելուն,հարցերը բաց մտքով արծարծելուն,բայց ասոր համար դուն համապատասխան մշակոյթը կ'ուզես քու ապրած միջավայրիդ մէջ(խօսքը ոչ հայկական միջավայրին կը վերաբերի):Եւրոպա չենք ապրիր,հակառակ անոր որ Լիբանանը ճանչցուած է իբրեւ ամէնէն ազատ եւ ժողովրդավար երկիրը՝ բաղդատած միջին արեւելեան շրջակայ երկիրներուն:Ինչպէս նշած էի արդէն,Իսքանտարի յօդուածը իր տեսակին մէջ առաջինը չէր հայատեաց եւ համայնքային կիրքեր հրահրող իր բովանդակութեամբ:Կը զգաս,որ կայ անհանդուրժողականութիւն,եւ ասիկա՝ ոչ միայն հայ տարրին նկատմամբ:Բոլորը բոլորին նկատմամբ անհանդուրժող են,մանաւանդ նկատի առած երկրին երկփեղկուած քաղաքական կեանքը:Դուք 1000 անգամ փորձեցէք,միեւնոյնն է,արդիւնքի չէք կրնար հասնիլ,մանաւանդ եթէ գիտնաք,որ այս տնտեսագէտը եւ ուրիշ գրիչներ ալ ինչ ինչ խողովակներէ «լաւ վճարուողներէն» են...
    ԺԱՔ

    ReplyDelete
  35. Baron Hovhannes,
    Ardahaydoutyoun me gareli e shad me magartagnerov hasgenal. Daratzi, pokhaperagan, yevaylen... Touk yergate sherepin kordzadzoutyoune daratsi gam paratsi hasgetsadz ek. Garachargem` pokhaperagan imasdin timek.
    Jackin esadzin gagnargeyi, yerp gseyi yergate sherepe patsartsag djeshmardoutyoun e. Ays yergrin mech polornal irents makilnerov g bashdbanen irents hamaynkin iravounknere, minch touk gouzek kaghakagrtoutyoun khaghal, martoun hed zeroutsel, lezou kdnel. Lipanani nerkin garoutsvadzke chi vertsner "kaghakavaroutyan" khagher, voronk khorkin mech khaghakavaroutene aveli mer himaroutyoune yev dgaroutyoune tsouyts bidi dan.
    Amenayntebs, tsezi hamozelou midoum chounim. Indzi hamar garevor che te Touk inch g mdadzek. Parepakhdapar, spurki mech dagavin ga paghank m, vor g havada yergate sherepin paroyakhosoutyan.

    Hachoghoutyoun,
    Սանահին


    * Yete dzanot chek 1878-in Berlini vehajoghoven veratartsin, Khrimian Hayrigin ardasanadz yergate sherepin djarin. Grnak hos gartal` http://nrbakert-tashuk.livejournal.com/54288.html

    ReplyDelete
  36. Yergate sherepin badmoutyoune, park Asdoudzo, dzanot e, paytz chem hasgenar aysdegh anor kordzadzoutyan tzeve. Hamatzayn chek vor zeroutzelov esgesi hartzi me loudzman yeghanage, ayl boral-ganchelov yev poghokner nergayatzenelov. Shad agheg! Hamatzayn chem ays tzevin, inchbes kani me ankam esi. Yergate sherepin antznele arach Khrimian toughtov nergayatzav Berlin, ir gyanki avardin tartzyal aghersatought me nergayatzoutz, ays ankam Roussio tzarin yev...ov hrashk, ays ankam gertzav ir joghovourtin iravounkneroun diranal...ayt toughtov.
    Hovhannes

    ReplyDelete
  37. Gartatzek Ectmiadzni "Ararad" bashdonakrin 1907 gam 1908 hamarneren megoun mech (yete chem sekhalir) ayt aghersakire.
    Hovhannes

    ReplyDelete
  38. Baron Jack,
    gartatzek R. Kipling-i "If" panasdeghdzoutyoune, zor Moushegh Ishkhan lavabes hayatzoutzadz e.
    Pari vayloum!
    Raffi A.

    ReplyDelete
  39. Ազդակի երէկուան թիւով (23 Սեպտեմբեր, էջ 5) կը կարդանք «ՄԱՐՈՒԱՆՆԵՐԸ ԻՆՉՈ՞Ւ ԿԸ ԳՐԵՆ...» խորագրով Արարատ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիրին՝ Ահարոն Շխրտըմեանին յօդուածը:

    Յօդուածագիրը կը գրէ. «Մարուանները կասեցնելու միակ ճամբան ինքնաքննադատութիւնն է, եւ ազգային իսկական միասնականութիւն ստեղծելու անկեղծ յանձնառութիւնը»: Յօդուածը կը շարունակուի. «Ժամանակը պիտի անցնի, եւ մարուանները պիտի շատնան, բայց մենք անոնց հակադարձելու...»:
    Նոյն խմբագրականը լոյս տեսաւ Արարատի 17 Սպտեմբերի 2-րդ էջով, բայց...
    Վերոնշեալ 2 նախադասութիւններուն միջեւ կայ տող մը, զոր Ազդակը չէ արտատպած: Կը կարդամ.
    «Թոյլատրելի չէ, որ 21-րդ դարուն, օրէ օր մեզմէ հեռացող եւ օտար շրջանակներու եւ բարքերու մէջ ինքզինք «գտնող» մեր երիտասարդութիւնը անհարդուրժողութեան եւ ատելութեան թոյներու սերմանենք: Թոյլատրելի չէ, որ 21-րդ դարուն, մամուլին մէջ մեր համայնքի ներկայացուցիչներուն անունները ջնջենք»:

    Մէկ խօսք ունիմ. ԱՄՕ՜Թ

    Թ.Ս.

    ReplyDelete
  40. Յարգելի Յովհաննէս,չեմ կարծեր, որ ցարը Հայոց Հայրիկին աչքին գոյնին համար զիջում կատարեց:Այդ ժամանակաշրջանի հայոց պատմութիւնը սերտած անձ մը գիտէ արդէն,թէ 1904-1905-1906 թուականներուն կովկասահայութեան (իմա՝ արեւելահայութեան)մէջ համաժողովրդային շարժում բարձրացաւ ընդդէմ հայ եկեղեցական կալուածներու բռնագրաւման:Այս շարժումը զուգահեռ ընթացաւ գրեթէ միեւնոյն ժամանակաշրջանին զուգադիպած հայ-թաթարական կռիւներուն:Անկէ զատ,ցարը ստիպուած էր այդ գլխացաւէն ազատելու,հայ եկեղեցւոյ վերադարձնելու իր կալուածները,որովհետեւ 1905-ին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած էր բանուորական առաջին յեղափոխութիւնը եւ աւելորդ հարցեր չեր ուզեր դիմագրաւել կայսրութեան ծայրամասերուն մէջ:
    ԺԱՔ

    ReplyDelete
  41. Esel gouzek: ayt aghersakire krer-chkrer nouyn artyunke bidi dar? Chem gardzer vor tzare "esdibvadz" er ayt kelkhatzaven azadelou, inchbes ge krek. Hayasdane yv govgasahayoutyoune ampoghchoutyamp kelkhatzav isg cher iren hamar. Vesdah chem, vor ayt toughti gedore voreve meg neshanagoutyoun chouner.
    Hovhannes

    ReplyDelete
  42. Jamanage shadontz antzadz e, yerp geseink: "Miayn zenkov ga hayotz prgoutyoun!". Anshoushd yete heghapokhagan yekere yerkevin yev kloukhnis dakna, ge kednevink ourish ashkharhi me mech...
    Hovhannes

    ReplyDelete
  43. Ոչ,ըսել չեմ ուզեր, որ որեւէ նշանակութիւն չուներ,այլ ըսել կ'ուզեմ,որ հիմնականը կաթողիկոսին գլխաւորած համաժողովրդային ընդվզումի շարժումն էր:Միւսը եւ անոր իբրեւ հետեւանք եկեղեցական կալուածներուն վերադարձը եկան պարզապէս յաջողութեամբ պսակելու շարժումը:Շատ կտրուկ էր Հայրիկին մօտեցումը այս հարցին գծով:Միլիոն անգամ աւելի կտրուկ,քան Մարուան Իսքանտարի մը դէմ վերջին ընդվզումը:Շատ աւելի կտրուկ էր իր մօտեցումը ազգային-ազատագրական պայքարի հարցով:Դեռ կուսակցութիւնները չէին ստեղծուած,երբ Վանի մէջ իր գործունէութեան պատճառով աքսորուեցաւ Օսմանեան իշխանութիւններուն կողմէ:Իր ստեղծած մթնոլորտին շնորհիւ էր (անշուշտ հոս չեմ ուրանար Մկրտիչ Փորթուգալեանի մեծ աւանդը),որ Վանի մէջ ստեղծուեցաւ հայ առաջին յեղափոխական կուսակցութիւնը՝ Արմենական կազմակերպութիւնը:Ես ըսեմ տեսակէտս այս հարցին շուրջ եւ պատրաստ եմ աւելի ընդարձակ փաստերով հիմնաւորելու.այս մարդը այդքան ալ աղերսագիրներու մարդ չէր:
    ԺԱՔ

    ReplyDelete
  44. Mege myusen gareli che anchadel, esd is. Gazmagerbevil meg goghme, myus goghme al toughtov himnavorel bedk yeghadze. Toughte gareli che arhamarhel. Sherep eselov ink toughti yev toughtov bahanchelou, ourishner bidi esein "mouralou" (nayadz te hartze vor angyunen ge tides...) garevoroutyoune bedk che andesel. Yergouke irarou gabvadz en.
    Khrimian heghapokhagan mtnolord esdeghdzetz Vani mech NAYEV medki lousavoroutyamp, ir "Ardzvi"ov yev hadornerov. Gartatzek Van-kouj-e gam Haykouj-e, ge desnek te vorkan voghp ou aghers ga hon, darabank! Hedo, voghpe, agherse, dgaroutyounner chen, ayl ardahaydoutyan tzever. Chem eser vor anor bedk e timenk, negh jamanag, sagayn anonk ardahaydoutyoun goudan mer ayt adenvan vijagin, zor bedk che ouranal.
    Garachargem vor Khrimianin mech miayn yerese chedesnevi. Ayn, vor mer ozadzn e, heghapokhagane.
    Mer joghovourte mishd che vor heghapokhagan yeghadz e, mishd che vor heghapokhoutyoune lavakouyn loudzoume yeghadz e. I hejouges gousagtzoutyantz koyoutyan yev kordzouneoutyan.
    Hovhannes

    ReplyDelete
  45. serpakrel vere: ...garevoroutyoune chandesetz.
    Hovhannes

    ReplyDelete
  46. Շնորհաւոր՝ ստորագրահաւաքին մասնակիցներ:Տնտեսագէտը ներողութիւն խնդրեց:
    ԺԱՔ

    ReplyDelete
  47. Շնորհաւոր՝ լիբանանահայութիւն:
    Թող Մարուանները իմանան, հայերը միշտ կա՛ն, կը մնա՛ն...

    Սանահին

    ReplyDelete
  48. shenorhavoroutyun.poghoknere artunk devin.
    Alek

    ReplyDelete
  49. Getze Hayasdan yev azadoutyoun, hayrenyatz bashdban sourp/katch ......yun!
    Raffi A.

    ReplyDelete
  50. Gakhman gedi garik chga Raffi.

    Gareliyoutyounnere shad chen.

    Gam "Sourp Tashnagtsoutyoun, gam al "Kach Fidayoutyoun".

    Drvadz ellalov vor Khorhrtayin Miyoutyan orere antsadz en arten, grnas arants gakhman gedi "sourp Tashnagtsoutyoun" esel.

    Amenayntebs, Sahag Sahagian-in yerkadz "arunod trosh"-e (our kach fidayoutyoun gesvi), lavakouynn e.

    Terevs aveli lav gllar "Arunod Trosh"-en ourish dogh m "yerkel"... orinag` "sirenk miyoutyoun, chanenk vadoutyoun".

    Hachoghoutyoun

    - Սանահին -

    ReplyDelete
  51. Sanahin,
    toun dznadz oret "tashnagtzagan" yeghadz es te hachort ore?
    Raffi A.

    ReplyDelete