Sep 28, 2009

ԿԸ ՀԱՍՆԻ՛ՆՔ ԱՐԴԻՒՆՔԻ

Քովի սիւնակներով կը հրատարակենք «Նահար» թերթի նշանաւոր յօդուածագիրներէն իբրեւ տնտեսագէտ հանրածանօթ անուն Մըրուան Իսքանտարի նամակէն հատուածներ, ուղղուած «Ազդակ»ի խմբագրութեան։ Նամակին բովանդակութիւնը բարացուցական է եւ չի կարօտիր յաւելեալ մեկնաբանութեան։

Այստեղ նախ յիշեցման կարգով նշենք Մըրուան Իսքանտարի 13 սեպտեմբերի յօդուածին յառաջացուցած հակազդեցութեան ալիքին հանգրուանները։ «Ազդակ»ի խմբագրութիւնը կը փութար յօդուածին խնդրայարոյց բաժինը յաջորդ օրը լուսարձակի տակ առնել եւ ընդգծել բողոք արձանագրելու անհրաժեշտութիւնը։ «Ազդակ»ի խմբագրականին արաբերէն թարգմանութիւնը կը տեղադրուէր անմիջապէս «Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջին վրայ եւ կը յղուէր «Նահար»ի խմբագրութիւն։ Կը հետեւէին Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի, հայկական երեսփոխանական պլոքի, լիբանանահայ երեք օրաթերթերու եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանութեան ընդվզումը փոխանցող գրութիւնները։Մինչ, «Ազդակ-ֆէյսպուք»ի երիտասարդներէ բաղկացած խումբն ու «Ազդակ-պլոկ»ի մասնակիցները այս առումով կը ցուցաբերէին արտակարգ գերաշխուժութիւն։Ժողովրդայնացնելու համար բողոքի շարժումը «Ազդակ» կը նախաձեռնէր բողոքի ելեկտրոնային արշաւի մը։ Բողոքի արշաւին կը միանային Միացեալ նահանգներու եւ Ուրուկուէյի մեր պաշտօնակիցները։ Բողոքի արաբատառ բնագիրին տակ այս ձեւով կը ստորագրէին հազարաւոր հայեր, որոնք կը մերժէին իսլամ ազրպէյճանցիներու ջարդարար նկատուիլ։

Մըրուան Իսքանտար կամայ-ակամայ պէտք չէ ներքաշուեր թուրքեւազրպէյճանական ապատեղակատուութեան։ Ապատեղակատուութեան դէմ մեր սանձազերծած հակազդեցութիւնը յօդուածագիրին եւ թերթին ճամբով նախզգուշացում մըն էր լիբանանեան լրատուադաշտին, որ մէկէ աւելի օրինակներ տուած էր արդէն նման ապալրատուական քաղաքականութիւններու թակարդը իյնալու։ Լիբանանեան զանգուածային լրատուամիջոցները պէտք է ցուցաբերեն գերզգօնութիւն թրքական պետական եւ ոչ պետական շրջանակներէ շրջանառութեան մէջ դրուած որեւէ լրատուութեան տեղ տալու եւ զայն մեկնաբանելու իրենց լրատուական աշխատանքներուն մէջ։ Լիբանանեան լրագրողական շրջանակներուն համար նման վերապահութիւն, վերստուգում եւ հաւաստիութեան ճշդում՝ թուրքեւազրպէյճձանական լրատուութիւններու լուսաբանման աշխատանքներուն մէջ պէտք է վերածուի օրինաչափ գործի կշռոյթի։

Իմանալով, որ «Նահար»ի աշխատակիցը կը նախապատրաստուի գրութեամբ մը հանդէս գալու մեր մամուլի էջերուն, «Ազդակ» դադրեցուց բողոքի ելեկտրոնային արշաւը։ Անրդադարձումը արդէն կը հաստատէր, որ բողոքի շարժումը յանգած էր արդիւնքի։ Թիրախը այս բոլոր աշխատանքներուն թուրքեւազրպէյճանական ապատեղակատուութեան բաժանմունքն է։ Եղածը զգուշացումի կոչ է լիբանանցի լրագրողներուն, քաղաքական մեկնաբաններուն, թերթի պատասխանատուներուն՝ չներքաշուելու միջպետական համակարգուած այս քարոզչաքաղաքականութեան։

Երեւոյթներն ու նախադրեալները այս դաշտին մէջ արձանագրուող՝ մտածել կու տան, որ հայկական տեղեկատուական կողմը պէտք է հետզհետէ ձեւաւորէ հակա-ապատեղեկատուական բաժանմունք, վայրկեանը վայրկեանին հետեւելու համար թուրքեւազրպէյճանական յերիւրանքային լրատուարշաւին։ Լիբանանեան թէ առ հասարակ միջազգային մամուլին մէջ հակահայաստանեան կամ առ հասարակ հակահայ որեւէ լրատուակեղծիք պէտք է արժանանայ համապատասխան արձագանգի։ Որեւէ բացթողում հայկական կողմէ առաւելներ պիտի շնորհէ թուրքեւազրպէյճանական միացեալ կողմին ճշդած կաննոներով կառավարուող խաղին։

Անգամ մը եւս կը վերաշեշտուի հայաստանեան եւ սփիւռքահայ լրատուամիջոցներու համակարգաւորուած աշխատելաոճի որդեգրման անյետաձգելիութիւնը։ Այլապէս, հայկական կողմը եւս ունի աշխարհատարած լրատուադաշտ, համապատասխան մարդուժ, եւ նման հակահայ քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումին հակազդելու պատրաստուածութիւն։Այդ փաստեցին Լիբանանահայ թերթերը, գրասենեակները, հաստատութիւնները, քաղաքական գործիչները եւ բողոքագիրին տակ ստորագրող իւրաքանչիւր պահանջատէր հայը։
Կը հասնինք արդիւնքի.մանաւանդ երբ միասին աշխատինք։

36 comments:

  1. Ապրի'ք... յուսամ սա տխրահռչակ փրոթոքոլներն ալ յաջողինք կեցնել...

    ReplyDelete
  2. ge getsenenk nouynisg yete esdorakrevin,baymanav vor miyasin ashkhadink
    Rosdom

    ReplyDelete
  3. Rosdom,
    genenk-menenk al, oushatroutyoun ere kich me. Bardoutyounnern al bedk e hashivi arnes, negadi arnes nevazakouyne, vorbszi menayoun haghtagani hivantoutyamp chi darabis, i venas kzi yev hokepanoutyanet!
    Talatinian

    ReplyDelete
  4. intch esenk? harkeli Talatinian.tchenk? gernar enel?harmarvink?esenk vor arten bardevads enk?as al ourish hokepanagan vijag e.
    Rosdom

    ReplyDelete
  5. votch, garachargem vor yerpor haghtenk, haghtetzink esenk, sagayn yerpor bardevink, bardevetzank esenk: Orinag Charles Aznavour-in aden: ge perenk-ge perenk esink, desank te inch yev our perink! Hasgenali e esadzes, harkeli Rosdom?
    Talatinian

    ReplyDelete
  6. aznavoure chegav vorovhedev votch te miyasin ashkhadetsank ayl irar tem ashkhadetsank.meg goghme heravirets myus goghme ashkhadetsav vor marte tcheka.vere yes gesem vor ge haghtenk yete miyasin ashkhadink.Hasgenali e esadses harkeli talatinian.
    Rosdom

    ReplyDelete
  7. Azanvour-e chegav, vorovhedev ink gerta hon our vor ink gouze, yev voch te toun gam yes ir aganchen pernelov gernank danil hon our vor toun gam yes gouzenk. Hasgenali e ays megn al? Gab chouni meg gam myus goghmin ganchel ouzeloun yev chouzeloun hed.
    Talatinian

    ReplyDelete
  8. martige mamlo asoulisov patsadretsin te intch? badahads e vor aznavoure tche yegads.gentatrem vor arants aznavourin ok-in havak gazmagerbavds cher ellar
    Rosdom

    ReplyDelete
  9. yentatroutyounet sekhal e!
    T.

    ReplyDelete
  10. inchi himan vera?
    Rosdom

    ReplyDelete
  11. Մաղթեմ հասնինք արդիւնքի ու փրոթոքոլներն ալ կեցնենք... տեսնենք ինչ «շոու» պիտի տան Սերժն ու իր կրկէսը...

    Ք.

    ReplyDelete
  12. Յարգելի' պլոկըրներ,
    Ես մէկ բանի ուրախ եմ,որ մենք մեր մասնակցութեամբ,հակառակ շատ յաճախ կարծիքներու տարբերութեան, այս պլոկը որոշ չափով մասնակից դարձուցինք այլընտրանքային լրատուութեան փորձին:Կարեւորը աւելի լայն մասնակցութիւն ապահովելն է սակայն:Թերեւս բանուորական յեղափոխութեան նշանաւոր կարգախօսին հետեւողութեամբ մենք ալ պէտք է ըսենք՝ «Հայ պլոկըրներ ամբողջ աշխարհի՝ միացէք»:
    Միացէք յանուն հայ ընկերութեան մէջ դրական փոփոխութեան:Պէտք է մանաւանդ օգտուիլ համաշխարհային փորձէն,ուր պլոկի մշակոյթին շնորհիւ վերջին քանի մը տարիներուն լուրջ փոփոխութիւններ արձանագրուեցան:Ասիկա քաղաքական այլընտրանքային պայքարի լուրջ միջոցներէն է:Օգտագործենք զայն առաւելագոյնս:Թերեւս ալ,եթէ անշուշտ պլոկի պատասխանատուները յարմար գտնեն,հայկական այլ պլոկներու հետ ընդարձակ ցանց մը ստեղծուի փորձի եւ գաղափարներու փոխանակման առումով:Այս միջոցը դարձնենք բեմ՝հայ ընկերութեան հարցերը լուսարձակի տակ առնելու եւ անոնց լուծման ձեւեր առաջարկելու իմաստով:
    ԺԱՔ

    ReplyDelete
  13. Baron Talatinian,
    hsdag e te "noreg" ek blog-in vra. Aztage "HRABARAGAYIN KNNARGOUMNER" hotvadzin dag hedeviale g kre. "Մեր ջերմ փափաքն է, որ բանավէճերը մնան առաջադրուած նիւթի ընդհանուր պարունակին մէջ։ Կը գիտակցինք անշուշտ, որ պարագայական շեղումներ արձանագրուին արծարծուած հիմնական նիւթէն, այսուհանդերձ փափաքելի է, որ արագ անցում կատարուի բուն նիւթին։"
    Garachargem ngadi arnek ays ngadoghoutyoune. Aznavoure voch meg tsevov arenchevadz e M. Iskandarin hartsov lipananahayoutyan tserk peradz artunkin.
    Veratarnank nutin. Aztage ankam m yevs pasdets, vor Hay Tadi hedabntman arachadar kordzonneren e. Aztagin shnorhiv zorasharji yentargevetsav ampoghch kaghout m, ir yeridasartnerov, mdavoraganerov, mamoulov, yevayln... Hok che te amen mart chi masnagtsetsav yelegdronayin poghoki arshavin, vorovhedev ampoghch lipananahayoutyoune entvezadz er Iskandarin kradzen ou g khosser anor masin, nouynisg arants kidnalou, te Iskandar-e djisht inch esadz e. Aztagin djampov lipananahayoutyoune antratartsav vor hayoutyan tem gadarvogh ampasdanoutyounnere zoud lipananian chen, ou chavardetsan yerespokhanagan endroutyounneroun avardin. Lipananahayoutyoune antratartsav, vor Hay Tadi hedabntman baykarin mech, djagad m yevs aveltsadz e. Hon al bedk e baykaril, hon al bedk e poghokel, hon al bedk e tsouyts dal vor "kidenk tshnamoun goghe mkherdjvel".
    Shnorhiv Aztagin gareli yeghav nayev Araradn ou Zartonke miyatsnel arshavin. Badmagan er anshoushd Aztagi sdorakroutyan goghkin anonts sdorakroutyoune desnel Marwanin oughvadz poghokakirin dag.
    Chergarem. G shnorhavorem Aztage.

    Aha te inch grna enel miyoutyoune baron Talatinian. Vorkan al meghatren mezi lipanantsi mer "yeghpayrnere" (isg vomank al arkilen), ays oreroun polors bedk e mer ashkhadanknere getronatsnenk Hay Tadin vra, yev chi darvink kaghakagan nerkin hartserov.

    Darose aveli medz haghtanagnerou. Darose protocol-in argakhman....

    - Սանահին -

    ReplyDelete
  14. Baron Sanahin,
    tzer ays vodje indzi ge hishetzne hamashkharhayin badmoutyan mech kani me pernabednerou jarere. Mi gardzek vor anarkank e eradzes. Neroghamid yeghek. Masnakidoutyamp badmaked ellalov yev diktateur-nero badmoutyoune ousoumnasirelov, nouynanman motiv-ner ge kednem tzer ays kroutyan yev J. Stalin-i yev A. Hitler-i shad me kroutyounneroun yev jareroun mech. Garachargem vor kich me ezkoush ellak yev tzer kroutyoune voch miayn haygagan ayl michazkayin magartagi chapanishnerou harmartzenek, vorbeszi toursen ka noroutyoune, inchbes gesenk, arantz mer ounetzadze vochinchi zarnelou.
    Tzezi hachoghoutyoun!
    Talatinian

    ReplyDelete
  15. Talatinianin hamatzayn em, kich me godjgevil bedk e. "Haghtanag"in mech al khonarhoutyoun yev aznevoutyoun gochvadz pan me koyoutyoun ouni, inch vor mer joghovourti dak-kloukh zavagnere lav chen kider ou chen emperner.
    Hovhannes

    ReplyDelete
  16. Chi khosink Aznavourin barakayin masin, vor barz orinag men er, bardoutyan veraperogh. Orinag dale, blog-in "orenk"en tours yelel ge neshanage? Hedakrkragan modetzoum!
    Talatinian

    ReplyDelete
  17. Neroghoutyun brn. Talatinian, payts 16 "comment"i vera yerp 6-in arantske Aznavoure gu'ella, yev yergoukin metch ays hartsi ardzardzoume, gardzem orinagui sahmane shad antsadz gu'ella, tchek gardzer?
    Yes al ador meghsagits tarnam. Aznavouri hartsin moden hedevadz ellalov, yev ayt kedzov tser modetsoumen tadelov, gue tevi te lavabes dirabedadz ek "arants patsahaydoren sedelou tebkere kheghaturel"ou arvesdin. Asiga amerigyan yev, (anshoushd, intchbes isgagan badmapennere kiden)namanavant khorhertayin herabaragakroutyan hadganishneren e. Aytt penakavarin hed arentchevadz ek mite?
    Harkanok
    J. Haydian

    ReplyDelete
  18. պրն հայտեանին համաձայն եմ. Ազնավուրին նիւթը շատ երկարեցաւ եւ հիմնահարցէն հեռաձանք: կ՛երեւի հոս մարդիկ կան, որոնց համար աւելի կարեւոր է ազդակ կամ դաշնակ քարկոծել, քան համահայկական պահանջատիրութեան համահայկական ճիգերուն մասնակից ըլլալ:
    Մկրտիչ Յովհաննէսեան

    ReplyDelete
  19. Yete mitchotse ounik hayadar kerelou, hadjetsek haydiane hi-ov kerel
    J. Haydian

    ReplyDelete
  20. Վստահ չեմ թէ ուղղագրականօրէն ճիշդ է:
    Մ. Յ.

    ReplyDelete
  21. lav, yalla vaz antzank Aznavouren, kani vor sahmannere entzer em yegher, lour chounei, neroghoutyoun, 6-i yev 16-i khntirneren. Tvapanoutyan mech lav chem, nerogh yeghek!
    Talatinian

    ReplyDelete
  22. Baron Talatinian,
    yete orinag das, orenken tours gelles, orinag chi das, orinag dour gesen, esadzet pasde gesen. Asonk as desag martig en. Miayn bidi koves. Sekhalmamp yete chi kovertzir, sekhal-mkhal me madnaneshetzir, arten kordzet verchatzadz e. tashnag gan aztag kargodzogh gellas, Voghpam ezkes hay joghovourt!
    Hovhannes

    ReplyDelete
  23. Ayo, voghpam kez Hay joghovourt, yerp ounis martig, voronk ayn bahoun our Arevmedahayasdane vadjarki gue tervi, Hayots tseghasbanoutyune hartsagan gue tarna, azadakrevadz daradzknere sagargoutyan ararga gue tarnan, aysbisi bahou me anhamemad aveli garevor hartserov gue zpaghin.
    Sharounagetsek tser jamanagavereb yev djeghdjim kenerov yev vokherov "baykarner"e. Aznavoure ov perav, ov darav, orinag e, orinag tche, pernader e, kargodzoghe...
    Ay mart, HAY mart, "Hanibale tarbase gue kante".
    ARTENTSIR.
    Bezdig keneret yev vokheret mortsir.
    Yete pergoutyun ga, aba miyag huyse as pokrokoutenen herajarelov miyasnagan djikn e.
    J. Haydian

    ReplyDelete
  24. Ազգայնամոլ եմ. բռնատէր եմ. աս եմ, ան եմ:
    Այս բոլորը կ՛արդարացնեն գործակցիլ թրքական բանակը բերել տուողին հետ, ի պահանջել հարկին՝ սատանային հետ, եւ Պրն. Հայտեանին շարած հիմնահարցերը չորրորդական դասել, առաջնահերթութիւն տալով զիս վնասազերծելու նուիրական եւ ազգափըրկիչ առալելութեան:
    Յիրաւի՛շ Ողբա՜մ...
    Մ. Յ.

    ReplyDelete
  25. Կարդալ՝ «...ազգափրկիչ առաքելութեան: Յիրաւի՛ ...»
    Մ. Յ.

    ReplyDelete
  26. Dzag panavedjer.

    ReplyDelete
  27. yes hedevogh em ourakh em vor miyatsads en haydianne yev megerditchiane.Hovhannesin yev talatinianin al ge maghtem ouj yev gorov sharounagelou panaveje.
    Dikran

    ReplyDelete
  28. Sireli Dikran,
    yes sharounagelik pan me chounim ays "panavejin" vera. Yete toun ounis, hramme!
    Hovhannes

    ReplyDelete
  29. Yes al yergar adene hedevogh em. aratchin ankam gue mitchamedem. esdibvadz gzkam.nakh ardonetsek shenorhavorem nouripegiane, hovagime, talatiniane, hovhannesn ou amen aroghtch yev azad midk.
    Yete asiga pats "blog"e, ouremn ardonvadz e azadoren ardahaydevil.
    Hamesd gardzikoves, gerivi yellele aratch bedk e badrasdevis, zoranas, gernaget abahoves.
    arevmedahayasdan, tseghasbanoutyun yevaylen gesek. intchbes gernank anonts dzarayel yerp mer gernage degar e, menk degar enk, vorovhedev mer doune aghdod e. bedk e mer doune makrenk ad inknakeloukh mendareren voronk vertchin harur darineroun irents gamke mer azki kaghakaganoutyan bardatrelov mer portsanke yeghan, hedo mer ardakin khentirnere amour tirke, abahov gernagov yev makrevadz, azad yev pazmagartzik tsevov gue hedabentenk.
    Ays etchn al hayeren tchellar, menk al hayerenin gartchelou brainwash yeghadz tchellayink, kani me had al azad yev voghtchmid gardzik tchellar, gartale tcher arjer.
    D. M.

    ReplyDelete
  30. Sireli Dikran,
    gernaget inchbes bidi zoratzenes? Inch michotzner gam arachargner ounis? Yergire aghpanotz e arten, kone shourchinneroun hed lezou togh kednen, miayn dendesagan imasdov, paytz Tzeghasbanoutyan hartze togh chardzardzen himarnere.
    Hovahnnes

    ReplyDelete
  31. aghpanotse mer hayrenikin? hamar gesvi.Ov? ir hayrenike aghpanots ge goche.ge pave amen inch meg chourov levalou ays modetsoume.
    Rosdom

    ReplyDelete
  32. Baron Rosdom,
    yerpemen skhal chellar irere irentz anounnerov gochelou kachoutyoune. Inknajanachman ge hastzene.
    Hovhannes

    ReplyDelete
  33. Ir-e tunes!! Ir gochadzet al HAYRENIKt

    ReplyDelete
  34. Յարգելի Տ.Մ.
    հայկական իրականութեան մէջ քանի մը ուժ միայն «հարիւր տարիներու» երթ ունի: Կը բարեհաճի՞ս աս պլոկի «ազատ եւ բազմակարծիք» ըլլալու վիճակէն օգտուելով յստակացնել ո՞ր ուժին կամ ուժերուն մասին է խօսքդ:

    ReplyDelete
  35. a- harkarjan Hovhannesin.
    lesadz em, vor sasountzi babiges gueser te yerp koghe denetseyi e, gove (gam yeze, tchem hisher) yertiken gue dani. yes gadem fashisdnern ou makiavellinere, nayev' yeghpayrasbanutyan artaratsoumner kednoghnere, payts yerp serpoutyunner khentro ararga en, yerp koghe denetsi e, ayt koghe dounen tours bedk e tenel. Arten nakhort nakhakahe ayt vedankin antratarnalov aytbisi ports me erav, arapnerou esadzin bes, moudken tours tervetsan, badouhanen yed medan...
    b- harkarjan Levonin.
    gagnargem ayn oujin, vor tourkin hed aratchin yev aravelakuynes kordzagtsoghe yeghadz e. ayn oujin, vor yerp ittihade mer penantchentchoume gue dzerakrer, ayt ittihade berdjaghidje tartsadz er. hesdag e?
    D.M.

    ReplyDelete
  36. Gue nerek, mortsa.
    Yete bidi esek vor anonk tem en, hayreniki metch yev i espures ashkharhi gaghmgen, gue badaskhanem' vakh intch miyamid ek.
    D.M.

    ReplyDelete