Այս հրատապ օրակարգով եթէ փորձուինք հարցախոյզ մը կատարել Սփիւռքի գրական-մտաւորական շրջանակներուն մէջ, վստահաբար հարցապնդուողներուն ջախջախիչ մեծամասնութիւնը սրտցաւօրէն պիտի հաստատէ, որ իսկապէ՛ս հայոց լեզուն կը թուի կորսնցուցած ըլլալ իր ապահովութեան երկաթեայ վահանները, իր զրահանդերձը (բառը Թէքէեանինն է), իր անվտանգ ու առողջ գոյատեւման հիմնական քանի մը երաշխիքները։
Վերեւի միեւնոյն հարցումը եթէ փորձենք ուղղել մեր «մշակութային» միութիւններու պատասխանատուներուն, ապա անոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը զարմացկոտ հայեացքով մը պիտի նայի մեր աչքերուն, անճրկի ու շուարումի մատնուի՝ պատասխան մը գտնելու իր անզօր ճիգերուն մէջ, ի վերջոյ յայտնելով թերեւս, որ՝ «մշակութային միութիւնները պատնէշի վրայ են օրն ի բուն . հանգի՛ստ քնացէք...»։
Բայց պիտի կարենա՞նք այդ «հանգիստ քուն»ը վայելել, երբ գրեթէ ամէն ամիս, ամէն շաբաթ, նոյնիսկ ամէ՛ն օր մեր սիրտը կ՚արիւնի հայոց լեզուին անշքացումին ու խողխողումին ի տես, մերթ հրատարակուած գիրքերու էջերէն, մերթ թերթերու սիւնակներէն, մերթ հայատառ ծանուցումներու պաստառներէն, եւ ամէնէն շատ ալ՝ մեր շուրջը, մեր չորս դին լսուող առօրեայ խօսակցութիւններէն, մեծերուն թէ փոքրերուն բերնին մէջ հաւասարապէս։
Վերեւի միեւնոյն հարցումը եթէ փորձենք ուղղել մեր «մշակութային» միութիւններու պատասխանատուներուն, ապա անոնց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը զարմացկոտ հայեացքով մը պիտի նայի մեր աչքերուն, անճրկի ու շուարումի մատնուի՝ պատասխան մը գտնելու իր անզօր ճիգերուն մէջ, ի վերջոյ յայտնելով թերեւս, որ՝ «մշակութային միութիւնները պատնէշի վրայ են օրն ի բուն . հանգի՛ստ քնացէք...»։
Բայց պիտի կարենա՞նք այդ «հանգիստ քուն»ը վայելել, երբ գրեթէ ամէն ամիս, ամէն շաբաթ, նոյնիսկ ամէ՛ն օր մեր սիրտը կ՚արիւնի հայոց լեզուին անշքացումին ու խողխողումին ի տես, մերթ հրատարակուած գիրքերու էջերէն, մերթ թերթերու սիւնակներէն, մերթ հայատառ ծանուցումներու պաստառներէն, եւ ամէնէն շատ ալ՝ մեր շուրջը, մեր չորս դին լսուող առօրեայ խօսակցութիւններէն, մեծերուն թէ փոքրերուն բերնին մէջ հաւասարապէս։
* * *
Հալէպի մեր մշակութային ու մարզական միութիւնները բարի եւ աւանդական սովորութիւն մը ունին. քարտաբաշխում։
Տարուան ընթացքին երկու անգամ, Ս.Ծննդեան եւ Զատկի առիթներով, միութիւնները կը պատրաստեն ու տպագրել կու տան շնորհաւորական սիրուն քարտեր ու զանոնք կը ցրուեն հայ ընտանիքներուն անխտիր։ Այս քարտերը միշտ ալ կը կրեն հայաշունչ կնիք մը՝ հայկականութեան հետ առնչուող նկարազարդումով կամ գրութիւններով։ Հալէպի զատիկներուն անբաժան մասն ու խորհրդանիշն են այս քարտերը, որոնց բաշխումը եւս կ՚իրագործուի այնքա՜ն օգտաշատ եւ թելադրական կերպով։ Միութիւններու կողմէ պաշտօնի կոչուած պարման-պարմանուհիներ, բոլորն ալ ճառագայթող ու փայլուն աչքերով դեռահաս տղաք ու աղջիկներ, զոյգ տօներու առաւօտեան ժամերէն սկսեալ խումբ առ խումբ կը դեգերին Հալէպի հայահոծ թաղամասերը, կը հնչեցնեն հայկական բնակարաններու զանգերը եւ քարտ մը երկարելով՝ կը յղեն իրենց շնորհաւորանքը՝ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» կամ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»։ Կը յիշեցնեն, թէ այդ օր հայուն Զատիկն է։
Միշտ ալ անօրինակ խանդավառութեամբ դիտած եմ քարտաբաշխումի այս երեւոյթը, որ հաւանաբար «Երազային Հալէպ»ի աննման առանձնայատկութիւններէն մէկն է։ Դիտած եմ քարտաբաշխումը կատարող դպրոցական մեր տղոց հպարտառիթ տողանցքը թաղէ թաղ, շէնքէ շէնք, տունէ տուն, հոն՝ ուր «եան» վերջածանցով մականունի մը կը հանդիպին։ Դիտած եմ զիրենք՝ քարտին փոխարէն իրենց ստացած նիւթական համեստ նուէրին մանկունակ բերկրանքին մէջ, նիւթական նուէրի այդ կաթիլները առաւելագոյն չափով կոկիկ ու շօշափելի գումարի մը վերածելու իրենց մրցակցութեանը մէջ արբշիռ...։
Տարուան ընթացքին երկու անգամ, Ս.Ծննդեան եւ Զատկի առիթներով, միութիւնները կը պատրաստեն ու տպագրել կու տան շնորհաւորական սիրուն քարտեր ու զանոնք կը ցրուեն հայ ընտանիքներուն անխտիր։ Այս քարտերը միշտ ալ կը կրեն հայաշունչ կնիք մը՝ հայկականութեան հետ առնչուող նկարազարդումով կամ գրութիւններով։ Հալէպի զատիկներուն անբաժան մասն ու խորհրդանիշն են այս քարտերը, որոնց բաշխումը եւս կ՚իրագործուի այնքա՜ն օգտաշատ եւ թելադրական կերպով։ Միութիւններու կողմէ պաշտօնի կոչուած պարման-պարմանուհիներ, բոլորն ալ ճառագայթող ու փայլուն աչքերով դեռահաս տղաք ու աղջիկներ, զոյգ տօներու առաւօտեան ժամերէն սկսեալ խումբ առ խումբ կը դեգերին Հալէպի հայահոծ թաղամասերը, կը հնչեցնեն հայկական բնակարաններու զանգերը եւ քարտ մը երկարելով՝ կը յղեն իրենց շնորհաւորանքը՝ «Քրիստոս ծնաւ եւ յայտնեցաւ» կամ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց»։ Կը յիշեցնեն, թէ այդ օր հայուն Զատիկն է։
Միշտ ալ անօրինակ խանդավառութեամբ դիտած եմ քարտաբաշխումի այս երեւոյթը, որ հաւանաբար «Երազային Հալէպ»ի աննման առանձնայատկութիւններէն մէկն է։ Դիտած եմ քարտաբաշխումը կատարող դպրոցական մեր տղոց հպարտառիթ տողանցքը թաղէ թաղ, շէնքէ շէնք, տունէ տուն, հոն՝ ուր «եան» վերջածանցով մականունի մը կը հանդիպին։ Դիտած եմ զիրենք՝ քարտին փոխարէն իրենց ստացած նիւթական համեստ նուէրին մանկունակ բերկրանքին մէջ, նիւթական նուէրի այդ կաթիլները առաւելագոյն չափով կոկիկ ու շօշափելի գումարի մը վերածելու իրենց մրցակցութեանը մէջ արբշիռ...։
* * *
Վերջին քանի մը տարիներուն, սակայն, զատկական քարտերն ու քարտաբաշխումը անդրադարձումներու մղեցին զիս։ Հետզհետէ աւելի յաճախակիօրէն սկսայ նշմարել, թէ քարտ տպող ու բաշխող միութիւններէն ոմանք այլեւս անհրաժեշտ ուշադրութիւնը չէին ընծայեր իրենց անունով հրապարակուող ու բազմահարիւր տուներ մուտք գործող այդ բացիկներուն պարունակութեան։ Անոնց վրայ տպուած քանի մը տողնոց գրութիւնները մի՛շտ ալ գլուխ կը ցցէին տպագրական անընդունելի վրէպներով կամ ուղղագրական կոպիտ սխալներով։
Անձնապէս միշտ ալ կ՚ընդվզէի քարտաբաշխումի գեղեցիկ երեւոյթը լղրճող այս անփութութեան դիմաց եւ միաժամանակ շատ կը զարմանայի, թէ գրեթէ ո՛չ ոք կը նկատէր այդ սխալագրութիւնները, մինչ սակաւաթիւ նկատողներն ալ (գիրի ու մամուլի աշխարհին մօտիկ կանգնած մարդիկ) չէին ուզեր կարեւորութիւն ընծայել, չէին համարձակեր դիտողութիւն արձանագրել միութենական պատասխանատուներու հասցէին։ Է՜հ, կ՚արժէ՞ր ձայն ու աղմուկ բարձրացնել, «գէշ մարդ» դառնալ այսօրինակ «մանրուք» հարցերու համար...։
Այս տարուան Զատկին (12 ապրիլ) կրկնուեցաւ քարտաբաշխումի աւանդական արշաւը։ Հալէպահայ 5-6 միութիւններ գունագեղ բացիկներ տպագրեցին եւ իրենց պատանի կամաւորները ճամբայ հանեցին դէպի հայ տուները։ Ցաւ ի սիրտ, կրկնուեցաւ նաեւ միւս «աւանդութիւն»ը։ Բաշխուած քարտերէն մին լեցուն էր ուղղագրական սխալներով, այն տարբերութեամբ սակայն, որ ընդվզեցուցիչ երեւոյթը այս անգամ դուրս յորդած էր «մանրուք»ներու սահմանէն եւ կը սպառնար դառնալ լեզուական աղէտի մը նախընթացը։
Մեր ակնարկած քարտը հրապարակ իջած էր Հալէպի Գերմանիկ-Վասպուրական մշակութային միութեան անունով։ Իր 75-ամեակի սեմին գտնուող պատկառահասակ միութիւն մը, որ կը համախմբէ առաւելաբար Մարաշէն գաղթած հայերու այսօրուան յետնորդները ։ Երկծալ քարտը նուիրուած էր Կոմիտանի ծննդեան 140-ամեակին։ Ա. երեսին վրայ տպուած էր երգահանին մէկ լուսանկարը, իսկ Գ. եւ Դ. երեսները յատկացուած էին Կոմիտասի մասին զանազաններու վկայութեանց։
Հարցն այն էր ահաւասիկ, որ բոլոր այդ գրութիւնները շարուած ու տպուած էին Հայաստանի մէջ օգտագործուող ԱԲԵՂԵԱՆԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵԱՄԲ։
Հարիւրաւոր ընթերցողներ կարդալով այդ տասնեակ մը տողերը՝ դէմ յանդիման եկան «մեծագույն»ի, «պետք»ի, «որպեսզի»ի, «հռչակավոր»ի, «եվ»ի, «արվեստագետ»ի, «ավազան»ի, «գավազան»ի, «աղբյուր»ի կամ «կարոտ»ի նման անհեթեթութիւններու...։
Ի՞նչ ըսել։
Շրջանի մը մէջ, երբ սփիւռքահայ թէ հայաստանեան ճակատներու վրայ գիտակից մտաւորականութիւն մը դժուարին պայքար կը մղէ Անկախ Հայաստանի մէջ վերահաստատելու համար մեսրոպեան դասական ճշգրիտ ուղղագրութիւնը, ասդին՝ Սփիւռքի ամէնէն աւանդապաշտ գաղութին մէջ մշակութային միութիւն մը իր շնորհաւորական բացիկները կը տպէ Հայաստանէն ներածուած խորթ ու անճոռնի ուղղագրութեամբ...։ Եւ ատիկա՝ դպրոցական մեր պատանիներուն ձեռամբ ու ճամբով։
Դիւրաւ կրնանք ենթադրել, թէ պատահածը դիտաւորեալ ու գիտակից արարք մը չէ, այլ պարզապէս՝ անփութութեան եւ լեզուի նկատմամբ կատարեալ անտարբերութեան հետեւանք։
Գիտենք, որ նմանօրինակ վտանգաւոր երեւոյթներ արագընթաց հող սկսած են շահիլ Սփիւռքի ոստաններուն մէջ, սկսեալ Միացեալ Նահանգներէն, ուր արդէն իսկ շարք մը թերթեր ու պարբերականներ կը հրատարակուին ամբողջովին աբեղեանական խեղագրութեամբ։ Նոյնը ի զօրու է Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Չեխիոյ եւ Յունաստանի մէջ ալ, ուր հոծ թիւով հաստատուող Հայաստանի քաղաքացիներ իրենց հետ ներմուծեր են նաեւ ուղղագրական երկուութիւնը։ Քոլոմպոսի երկրին մէջ թերթեր ունինք, որոնց էջերուն վրայ հաւասարապէս փռուած կը գտնէք թէ՛ աբեղեանականով, թէ՛ մեսրոպեան դասականով շարադրուած յօդուածներ կամ ծանուցումներ։ Երբեմն կրնաք հանդիպիլ նաեւ գրութիւններու, ուր «գիրկընդխառնուած» են երկու հակադիր ուղղագրութիւնները եւ ծնունդ տուած՝ երրորդ տեսակի ուղղագրական համակարգի մը, նախորդներէն շատ աւելի «դիւրին» ու «գործնական»...։ Իսկական քաոս...։ Այս արտասովոր ու չնաշխարհիկ կացութեան մէջ՝ կա՞յ մէկը որ կը համարձակի պնդել, թէ՝ «Հայ մամուլը դպրոցի դեր կը կատարէ տուներուն մէջ»։
Ո՞ւր պիտի հասցնէ մեզ այս ողբալի ընթացքը։ Եթէ Սփիւռքի մէջ արմատաւորուած մեր մշակութային միութիւններն անգամ՝ իրենց ձեռքով պիտի խեղդեն մեր լեզուն ու կոխկռտեն ուղղագրական համակարգ ու կանոն, կը նշանակէ, որ սին քարոզներ են «հայապահպանում»ի, «հայակերտում»ի, «հայ դպրոց»ի անունով բացուած վերտառութիւնները։
Հայերէնը վիրաւոր է եւ արիւն կը կորսնցնէ շարունակ։
Ցնծացէ՛ք ու հանգի՛ստ քնացէք։
Անձնապէս միշտ ալ կ՚ընդվզէի քարտաբաշխումի գեղեցիկ երեւոյթը լղրճող այս անփութութեան դիմաց եւ միաժամանակ շատ կը զարմանայի, թէ գրեթէ ո՛չ ոք կը նկատէր այդ սխալագրութիւնները, մինչ սակաւաթիւ նկատողներն ալ (գիրի ու մամուլի աշխարհին մօտիկ կանգնած մարդիկ) չէին ուզեր կարեւորութիւն ընծայել, չէին համարձակեր դիտողութիւն արձանագրել միութենական պատասխանատուներու հասցէին։ Է՜հ, կ՚արժէ՞ր ձայն ու աղմուկ բարձրացնել, «գէշ մարդ» դառնալ այսօրինակ «մանրուք» հարցերու համար...։
Այս տարուան Զատկին (12 ապրիլ) կրկնուեցաւ քարտաբաշխումի աւանդական արշաւը։ Հալէպահայ 5-6 միութիւններ գունագեղ բացիկներ տպագրեցին եւ իրենց պատանի կամաւորները ճամբայ հանեցին դէպի հայ տուները։ Ցաւ ի սիրտ, կրկնուեցաւ նաեւ միւս «աւանդութիւն»ը։ Բաշխուած քարտերէն մին լեցուն էր ուղղագրական սխալներով, այն տարբերութեամբ սակայն, որ ընդվզեցուցիչ երեւոյթը այս անգամ դուրս յորդած էր «մանրուք»ներու սահմանէն եւ կը սպառնար դառնալ լեզուական աղէտի մը նախընթացը։
Մեր ակնարկած քարտը հրապարակ իջած էր Հալէպի Գերմանիկ-Վասպուրական մշակութային միութեան անունով։ Իր 75-ամեակի սեմին գտնուող պատկառահասակ միութիւն մը, որ կը համախմբէ առաւելաբար Մարաշէն գաղթած հայերու այսօրուան յետնորդները ։ Երկծալ քարտը նուիրուած էր Կոմիտանի ծննդեան 140-ամեակին։ Ա. երեսին վրայ տպուած էր երգահանին մէկ լուսանկարը, իսկ Գ. եւ Դ. երեսները յատկացուած էին Կոմիտասի մասին զանազաններու վկայութեանց։
Հարցն այն էր ահաւասիկ, որ բոլոր այդ գրութիւնները շարուած ու տպուած էին Հայաստանի մէջ օգտագործուող ԱԲԵՂԵԱՆԱԿԱՆ ՈՒՂՂԱԳՐՈՒԹԵԱՄԲ։
Հարիւրաւոր ընթերցողներ կարդալով այդ տասնեակ մը տողերը՝ դէմ յանդիման եկան «մեծագույն»ի, «պետք»ի, «որպեսզի»ի, «հռչակավոր»ի, «եվ»ի, «արվեստագետ»ի, «ավազան»ի, «գավազան»ի, «աղբյուր»ի կամ «կարոտ»ի նման անհեթեթութիւններու...։
Ի՞նչ ըսել։
Շրջանի մը մէջ, երբ սփիւռքահայ թէ հայաստանեան ճակատներու վրայ գիտակից մտաւորականութիւն մը դժուարին պայքար կը մղէ Անկախ Հայաստանի մէջ վերահաստատելու համար մեսրոպեան դասական ճշգրիտ ուղղագրութիւնը, ասդին՝ Սփիւռքի ամէնէն աւանդապաշտ գաղութին մէջ մշակութային միութիւն մը իր շնորհաւորական բացիկները կը տպէ Հայաստանէն ներածուած խորթ ու անճոռնի ուղղագրութեամբ...։ Եւ ատիկա՝ դպրոցական մեր պատանիներուն ձեռամբ ու ճամբով։
Դիւրաւ կրնանք ենթադրել, թէ պատահածը դիտաւորեալ ու գիտակից արարք մը չէ, այլ պարզապէս՝ անփութութեան եւ լեզուի նկատմամբ կատարեալ անտարբերութեան հետեւանք։
Գիտենք, որ նմանօրինակ վտանգաւոր երեւոյթներ արագընթաց հող սկսած են շահիլ Սփիւռքի ոստաններուն մէջ, սկսեալ Միացեալ Նահանգներէն, ուր արդէն իսկ շարք մը թերթեր ու պարբերականներ կը հրատարակուին ամբողջովին աբեղեանական խեղագրութեամբ։ Նոյնը ի զօրու է Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ, Չեխիոյ եւ Յունաստանի մէջ ալ, ուր հոծ թիւով հաստատուող Հայաստանի քաղաքացիներ իրենց հետ ներմուծեր են նաեւ ուղղագրական երկուութիւնը։ Քոլոմպոսի երկրին մէջ թերթեր ունինք, որոնց էջերուն վրայ հաւասարապէս փռուած կը գտնէք թէ՛ աբեղեանականով, թէ՛ մեսրոպեան դասականով շարադրուած յօդուածներ կամ ծանուցումներ։ Երբեմն կրնաք հանդիպիլ նաեւ գրութիւններու, ուր «գիրկընդխառնուած» են երկու հակադիր ուղղագրութիւնները եւ ծնունդ տուած՝ երրորդ տեսակի ուղղագրական համակարգի մը, նախորդներէն շատ աւելի «դիւրին» ու «գործնական»...։ Իսկական քաոս...։ Այս արտասովոր ու չնաշխարհիկ կացութեան մէջ՝ կա՞յ մէկը որ կը համարձակի պնդել, թէ՝ «Հայ մամուլը դպրոցի դեր կը կատարէ տուներուն մէջ»։
Ո՞ւր պիտի հասցնէ մեզ այս ողբալի ընթացքը։ Եթէ Սփիւռքի մէջ արմատաւորուած մեր մշակութային միութիւններն անգամ՝ իրենց ձեռքով պիտի խեղդեն մեր լեզուն ու կոխկռտեն ուղղագրական համակարգ ու կանոն, կը նշանակէ, որ սին քարոզներ են «հայապահպանում»ի, «հայակերտում»ի, «հայ դպրոց»ի անունով բացուած վերտառութիւնները։
Հայերէնը վիրաւոր է եւ արիւն կը կորսնցնէ շարունակ։
Ցնծացէ՛ք ու հանգի՛ստ քնացէք։
ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ, Հալէպ
sharoyianin arzarzads hartse shad ayjmeagan e.iprev entertsogh shaaaaad bidi papakeyi vor ays masin khoseyin anink voronk medahokvads en gam al anonk vor medahok chen
ReplyDeleteSimon kassabian
Շառոյեանին մատնանշումները տեղին են, կարելի է լայնաբերան շնորհաւորել զինք: Մեր միութիւններն ու մտաւորականները խոր քունի մէջ են, յարգելով բացառութիւնները: Անգոյ պատնէշներու մասին խօսիլը անտեղի կը թուի: Մեր մամուլն ալ դպրոցի կամ հիւանդանոցի դեր ալ չի կրնար կատարել: Տրուած օրինակները աւելի են քան բարացուցական: Կ'առաջարկեմ որ այդ քնացած միութիւնները կամ կիսաքուն մտաւորականները ընթերցումներու հանդիպումներ կազմակերպեն, մարդիկ քով քովի գան ոչ թէ զիրար գովելու համար, այլ միասնաբար յօդուած մը կարդան եւ քննարկեն զայն: Թերեւս հրաշք մը պատահի:
ReplyDeleteԿարապետ Նուրիբէկեան, Աթէնք
simonin yev im ankliadar hayren kerel pasd e vor mer lezovin koyoutyune vedankevads e.
ReplyDeleteNouripegiann al kide vor portser gellan iair kovele zad kennargoum enelou.ays forum al tereves ayt portseren megn e.kennatadenk ayo,ayts yete portser gan adonk al hishenk yev portsenk darazel.
Gaydzag
Windows XP-էն սկսեալ Microsoft-ը յարգեց հայերէնը, եւ նկատի առաւ Արեւմտահայերէնը ու Արեւելահայերէնը: Կը մնայ մեզի՝ հայերուն որպէսզի օգտագործենք Unicode հայերէնը եւ քաջալերենք անոր տարածման ու գործածութեան:
ReplyDeleteԸստ իս, մէկ բան ալ եթէ գոյութիւն ունենայ շատ պիտի օգնէ որ երիտասարդները հայերէնով արտայայտուին, այդ ալ սրբագրիչի մը գոյութիւնն է: Տակաւին մինչեւ այսօր սրբագրիչ (spell checker) մը գոյութիւն չունի, ինչպէս անգլերէնը ու Ֆրանսերէնը:
սիրելի Ռաֆֆի
ReplyDeleteՇատ գործնական առաջարկ է ըրածդ։ Մենք պէտք է ամբողջ համակարգիչի գործածութիւնը հայատառ դարձնենք եւ ինչ որ ծրագիր կայ համակարգիչի անոր հայկական versionը պատրաստենք։ Այս պայմաններուն մէջ միայն այս ձեւով կարելի կ՛ըլլայ հայերէնի պահպանման աշխատանքը տանիլ։
unicode այս ձեւերէն մէկն է եւ կարեւոր միջոց մը անգլիատառ հայերէն չգործածելու։
Այս տեսակէտները պէտք է տարածենք եւ աշխատինք այս ուղղութեամբ։ Քեզի համաձայն եմ հարիւր առ հարիւր։
Քրիսթինէ
Ինծի կը թուի, թէ Շառոյեանին դրած հարցերը կարգ մը միութեանց հայերէնին նկատմամբ ունեցած, արտայայտութեան վերածուած անփթութեանց կը վերաբերին։
ReplyDeleteԿ.Ն.
Յարգելի պրն. Շառոյեան,
ReplyDeleteԴուք հայերէնի մաքուր գործածութեան մասի՞ն կը գրէք։ Ան որ նախանձախնդիր է կամ իր նախանձախնդրութիւնը սխալմամբ ցոյց կու տայ, յանցաւոր է։ Կարդացէք այս պլօկին այլ մեկնաբանութիւնները եւ կը գիտնաք թէ ինչ է ըսել ուզածս։
Յարգանօք
Յովակիմ
Յարգելի Յովակիմ, իրաւունք ունիք։ Մաքուր հայերէն գործածողներ կը ծաղրուին։ Միայն պաշտօնական բեմերէն պոռալ-կանչել գիտենք։ Հայ լեզուն լատինատառ կը գործածուի, ինչ որ պոլշեւիկներուն ալ ուզածն էր արդէն։ Կարծեմ քանի մը հատոր ալ տպուած է այդպէս։ Հայ լեզուն այլապէս, հայատառ գրուելով` կը խաչուի, կը բռնաբարուի, կը խոցոտուի - Դուք շարունակեցէք։ Որու՞ հոգը։ Մտահոգ պէտք է ըլլան մշակութային կազմակերպութիւններ, որոնք բան կրնան փոխել, եթէ ուզեն։ Շառոյեանը իր վերջին տողերով գրած է` հանգիստ քնացէք։ Ուրեմն` գիշեր բարի։ Լաւ պիտի ըլլայ, եթէ այդ հանգիստ քնացող պատասխանատուներուն գիշերը փլի։
ReplyDeleteԿ. Ն.
Baron Sharoyanin madnaneshoumnere teyev deghin en, payts gardzikovs chapazantsevadz en. Gareli che kaghouti m mech kordzogh miyoutyan m anbadaskhanadou skhalov, hayerene yev manavant arevmdahayerene vdankevadz ngadel. Ayo,gan arevmdahay mamoulin yev enthanrabes arevmdahayerou kroutyounneroun mech kidagtsapar gam ankidagtsapar yeghadz oughakragan gam lezvagan skhalner. Payts yev aynbes harg e nshel vor anonts goghkin gan arevmdahayereni djisht kordzadzoutyan nakhantsakhntir shad m miyoutyounner ou deghegadvagan michotsner (oratert, tsaynaspuri gayan...). Yev hos gouzem arite okdakordzel knahadelou AZTAG-in ounetsadz teragadaroutyoune arevmdahayereni bahbanman kordzentatsin mech. Gankhav khosks goughem nayev anonts voronk gazm ou badrasd harmar arite gsbasen avelort knnatadoutyounnerov yev megnapanoutyounnerov kargodzelou AZTAG-n ou anor tserk peradz hachoghoutyounnere, anonts eselov... "bdghadou dzarin kar nedogh shad gella". Anvedjeli e ou kachaleragan hayagerdoumi ou hayabahbanman arakeloutyan mech AZTAG-in tere voch miyayn Lipanani, ayl ampoghch spurki mech.
ReplyDelete- Սանահին -
Իր բոլոր, մեծ ու փոքր թերութիւններով հանդերձ անուրանալի է ԱԶԴԱԿի բարերար դերը։ Աստ եւ անդ կան նաեւ անհատներ, մտաւորականներ, որոնք արեւմտահայերէնին կը գուրգուրան. գուրգուրանքը իմաստ ունի իրենց համար։ Թէ ամբողջ միութիւն մը արշաւի անցած է անոր պահպանման համար` շատ կը կասկածիմ, ցաւելու աստիճան։ Շառոյեանին տուած օրինակները պարագայական չեն, միայն մէկ գաղութի ցաւերը չեն, նորութիւն իսկ չեն։ Ու՞ր են Լիբանանի հայկական վարժարաններուն մէջ հայերէն լեզու ուսուցանող ուսուցիչները։ Անոնց կարծիքը լսել շահեկան պիտի ըլլար։
ReplyDeleteՅովակիմ
Բարերար-մարերարի կողմը հասկցանք։ Արդէն միայն գովելով կը զբաղինք եւ հարցերէն կը խուսափինք։ Շառոյեանը յստակ օրինակներ տուած է։ Հայերէնը կ'արիւնի, գրած է։ Ոչ մէկ արձագանգ գոնէ այս էջերէն։ Ուսուցիչներն ալ քնացած են, տնօրէններն ալ մնայուն արձակուրդի մէջ են։ Ամէն մարդ թերեւս կը սպասէ որ այստեղ գրողներն ալ ձանձրանան եւ քունի անցնին։ Մտահոգ մարդ չէ մնացած։ Եթէ այստեղ գրողները ձանձրանան ու բոլորին ալ խիղճը լռէ` դարձեալ ազատում չկայ։ Գոնէ` Մովսէս Խորենացիէն։ Վաղը Ապրիլ քսանչորս է...քանի մը իմաստներով։
ReplyDeleteԿ. Ն.
«Ազդակ»ի մեծայարգ խմբագրութեան
ReplyDeleteև յարգարժան հայագէտներուն
Ձեր բարձր ուշադրութեան կ'ուզեմ յանձնել անթոյլատրելի վրէպ մը, որ տեղ գտած է թերթիդ այսօրուան՝ 23 ապրիլի թիւին մէջ, էջ 8, ձախէն երկրորդ սիւնակ, վերէն երկրորդ պարբերութեան սկիզբը. միասին կարդանք ձեր գրածը. «Հեղինակը մոլորուել է. թէ ինչու իր անունը պէտք է գրի ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ և ոչ թէ «անսխալ» գրուող ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ»: Երկրորդը պէտք է շարէիք ՀՈՎՀԱՆՆԷՍ՝ Հռով, քանի որ հայրենի լեզուաբան Յովհաննէս Բարսեղեանը, որ քննադատուած է Կարէն Սիմոնեանին կողմէ, ի պաշտպանութիւն աբեղեանական ուղղագրութեան, հարց կու տայ, թէ ինչու իր անունը աւանդականօրէն պիտի գրէ Յովհաննէս, որ արդի արևելահայ արտասանութեամբ yowannes կը կարդացուի, և ուրեմն սխալ է, և պիտի չգրէ Հովհաննէս, որ կը ցոլացնէ իր անունին հարազատ արտասանութիւնը: Բարսեղեան անսխալ կոչած է Հ-ով գրութիւնը, քանի ինք աբեղեանական ուղղագրութեան կը հետևի, իսկ Սիմոնեան չակերտած է այդ ածականը՝ հեգնելու համար համար Բարսեղեանը: Այս նրբութիւնները չէք ըմբռնած ու թանապուրի վերածած էք գրութիւնը:
Իսկ երէկուան թիւին առաջին էջին վրայ գրած էիք «Պաքու վստահ չէր, եթէ թրքացեղ աշխարհը...տեղ պիտի գրաւէր»: Այս անտանելի ոճին մասին գրած եմ ձեզի, սակայն որու կ'ըսես. ԵԹԷ-ն ֆրանսաբանութիւն ու անգլիաբանութիւն է. պէտք է հայերէն գրելու համար դնել ԹԷ... ԹԷ ԹՐՔԱՑԵՂ...: Բայց, քանի որ յաջորդ բառն ալ Թ-ով կը սկսի և շատ անբարեհունչ է, ուստի ԹԷ-ին փոխարէն կարելի է դնել ՈՐ՝ Պաքու վստահ չէր, որ թրքացեղ աշխարհը...:
Արմենակ
Ուրեմն դեռ արթուն մարդիկ կան...Ապրիլ քսանչորսէն առաջ։
ReplyDeleteՅարգելի պրն. Արմենակ,
Ձեր մատնանշումը տեղին է։ ԵԹԷ-ն գործ չունի այդտեղ։ Կը կարծեմ, թէ ԹԷ-ն աւելի թէականութեան մը կապուած է. երբ վստահ չենք, կարծիք կը յայտնենք եւայլն։ ՈՐ-ը որոշ վստահութիւն մը կը հոտի. վստահ եմ կամ չեմ, ՈՐ պիտի գործածէի ես։ Թէեւ հայերէնը ՈՐ-ին եւ ԹԷ-ին միջեւ մեծ տարբերութիւն չի դներ։ Լեզուազգացողութեան հարց է, գիտութիւն ըլլալով նաև։
Իսկ հայաստանցիները չեն գիտեր, թէ Յովհաննէսը John-էն եկած է և համապատասխան տառը յի է եւ ոչ հո։
Իրենց Յիսուսն ալ Հիսուս է։
Յարգանօք
Յովակիմ
Համաձայն եմ Պրն. Արմենակին հետ, Ազդակին ոճը եբեմն մաքուր Արեւտմահայերէնի սահմանները կը հրմշտկէ: Բայց քանի որ այսքան տարածուած թերթ է, ուրեմն կամաց կամաց ինք կը դառնայ «ճիշդ»ը: Միշտ ալ այսպէս եղած է:
ReplyDeleteՆոյնն ալ Վանաձայնի պարագային, հնջողութիւնը այնքան օտար կը թուի սկիզբը, բայց յետոյ մարդ կը վարժուի, ու անցեալ օր թատրոնի մը ընթացքին («Տեր Մեզ Ներիր», կարծեմ) նկատեցի թէ որքան ազդուած են դերասանները Վանաձայնի հնջողութենէն... Անշուշտ քանի որ Արեւմտահայերէն գիտցող չէր բեմադրիչը, ձեւ չկար այս հարցը լուծելու... կամաց կամաց սխալը շիտակ կը դառնայ եթէ ԶԼՄ-ները շիտակին տէրը չկանգնին:
Վահագն
Արդեօք Հալէպի Գերմանիկ-Վասպուրական մշակութային միութեան անդամները Շառոյեանին յօդուածը կամ այստեղ գրուածները կը կարդա՞ն։ Հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալը։
ReplyDeleteԿ.Ն.
Baron Vahakn,
ReplyDeleteKnnatadele arach AZTAG-n ou VANATSAYN-e, hadjetsek sgselou hamar touk tser gaykechin kroutyounneroun mech "djisht" hayeren kordzadzel.
Baron Vahakn, "oto" pare (tser gaykechin, "Anidziale" kroutyan mech), hayeren... arevmdahayeren hamabadaskhan pare ouni. Gsenk` INKNASHARJ.
Chem ouzer antratarnal trkeren yev araperen parerou kordzadzoutyan, vorevhedev anonts "hnchoghoutyoune" hayeren kroutyounnerou mech andaneli e!!
Vra vrayi yergou dogh hayeren kroghe inkzink hayaked togh chi dzakhe... (khoske nayev ourishneroun)
-Սանահին-
Սիրելի Սանահին,
ReplyDeleteՎահագնը անհատ մըն է։ Ճիշդ չէ, որ տեղ-տեղ սխալ հայերէն կը գործածէ իր կայքէջին վրայ։ Իսկ ԱԶԴԱԿ կամ Վանայ Ձայն հաստատութիւններ են, որոնք իրաւունք չունին հայերէնը խաչելու, քանի մը ձեւերով, մանաւանդ որ որոշ յաւակնութիւններով մէջտեղ ելած են։ Օդօ բառը Վահէ Օշականն ալ գործածած է իր բանաստեղծութեանց մէջ, եթէ այս անունը ծանօթ է Ձեզի։ Պիտի առաջարկէի, որ քանի հայերէն տառերը ունիք, հայերէն տառերով գրէիք այստեղ, առանց վախնալու հաւանական սխալներու յայտնութենէն։ Անսխալական մարդ չկայ ի վերջոյ։
Կ.Ն.
Սիրելի Սանահին,
ReplyDeleteԿը հասկնամ մտահոգութիւնդ, ոչ ամէն մարդ իրաւասու է քննադատելու մտքէն անցածը: Ինքզինքիս ալ «հայագէտ» որակելու հանդգնութիւնը չունիմ, քաւլիցի: Սակայն միշտ ուզած եմ այս առումով արտայայտուիլ, եւ միայն խորհրդակցութիւններէ ետք հայագէտներու հետ, ինքզինքիս իրաւունք տուի հոս՝ պլօկին վրայ գրելու:
Միւս հարցին մասին աւելցնելիք չունիմ Կ.Ն.ին ըսածներուն, աւելիով արդարացուց զիս:
Հայերէնը ամէն տեղ ալ սխալ-մխալ կը գործածուի, ոչ միայն ԱԶԴԱԿին կամ Վանայ Ձայնին կողմէ, որոնք դեռ այս իմաստով լաւերէն կը նկատուին։ Չենք գիտեր տաս-քսան տարի յետոյ կացութիւնը ուր պիտի հասնի։ Լաւ կ՜ըլլայ, որ այս էջերուն մէջ "մուկերու ժողով" ընելէ հրաժարինք եւ ամէն տեղ ահազանգ հնչեցնենք, Շառոյեանին պէս ձայներնիս բարձրացնենք, սխալները բացայայտենք, հայերէնը թանգարանի լեզու չպահենք, այլ անոր գործածութեան մասին առաջարկներ ընենք։
ReplyDeleteՆարէ
Պրն. Արմենակը գրած է վերը, որ ինք ատենին ըրած է պէտք եղած առաջարկները, սակայն զինք մտիկ ընող չէ եղած։ Առտուընէ մինչեւ իրիկուն ըրէ առաջարկներդ. մտիկ ընող կա՞յ։ Ես վստահ չեմ։
ReplyDeleteՅովակիմ
Baron G.N.,
ReplyDeleteg zarmanam tser ays chapazants inknavsdahoutyan vra. Gouzek hos hayadar krem, yerp touk ourish hotvadznerou dag ladinadar g krek.. gsen` An, voroun doune abagiye e, chi kargodzer ourishe. Hedevapar ourishin taser mi dak, yerp touk nouyn "skhal"-e gnek...
Isg yete aytkan gouzek oughakragan sekhalner prnel, garachargem gartak ays hotvadzin dag baron Vahaknin kradznere yev gadarek bedk yeghadz srpakroutyounnere (anshoushd yete garogh ek)...
-Սանահին-
Սիրելի Սանահին,
ReplyDeleteարդէն գիտէի որ այդ պիտի գրէիք։ Մէկ անգամ "փորձեր" եմ, այո, լատինատառ գրել, թերեւս աւելի լաւ հասկցուելու միամտութենէն մղուած։ Սին միամտութիւն։ Նպատակս ալ չէ սխալներ հաւաքել։ Ամէն մարդ պէտք է այնպէս գրէ, ինչպէս որ կ՜ուզէ։ Արդէն հոգ ընող մարդ չկայ։ Ըրածս առաջարկ մըն էր պարզապէս։ Անհեթեթ կը գտնեմ լեզուին եւ ուղղագրական հարցերուն մասին գրել...լատինատառ, այնքան ատեն որ տառերը ունիք։ Եթէ Մեսրոպ Մաշտոցին յիշատակը լեզու ունենար, ճիշդ հիմա կը խօսէր, թերեւս ալ կը հայհոյէր։
Կ. Նուրիբէկեան
Բանավէճը միշտ օգտակար է:Բայցեւայնպէս, միշտ կը ստեղծուի այս պատկերը: Բոլորն ալ վարպետ են «խաւարը» անիծելու. գիտուններ,«մտահոգներ» եւ աջ ու ձախ խծբծողներ , մոմ մը վառեցէ՛ք, (Պլոկ-ին վրայ գրելը մոմ վառել չէ): Իսկ եթէ նպատակդ եւ պայքարդ իրապէս բարեկարգչական է, ապա նոյնիսկ եթէ մարի կամ մարեն ճրագդ, հազար անգամ նորը պէտք է վառես: Այլ խօսքով, եթէ ասոր-անոր ըրածը սխալ է կամ քու ճաշակիդ չէ, հրամմէ՜, ԳՈՐԾի ասպարէզը իր լայնութեամբ բոլորդ կրնայ ընդգրկել:
ReplyDeleteոմն ԱԶԴԱԿ ընթերցող եւ Վանայ Ձայն ունկնդրող
Սիրելի ոմն ԱԶԴԱԿ ընթերցող, Վանայ Ձայն ունկնդրող ու Պլոկին մասնակցութեան օրէնքը անտեսող,
ReplyDeleteմոմ վառելու ձեւը եւ տեղը կ՜երեւի թէ քեզմէ պիտի սորվինք։ Առ այժմ ճրագ մարող չկայ։ Եթէ նոյնիսկ ըլլայ, ձեւերը կը գտնեմ, զայն վերստին վառելու. պէտք չէ որ հոգ ընես։ Գործի ասպարէզէն ալ դուրս չեմ գոնէ ես։ Եթէ Շառոյեանին յօդուածին մասին ըսելիք մը ունիս` հրամմէ։
Կ. Նուրիբէկեան, Աթէնք
Այս ոմն ԱԶԴԱԿցին այնպէս մը կը գրէ, որ կարծես ԳՈՐԾին կեդրոնը ինք կանգնած է ու մարդիկ, այսինքն գիտունները դէպի գլխագիր գործ կը հրաւիրէ։ Ի՞նչ վստահութիւն, թէ օրինակ ես իր սահմանած ԳՈՐԾէն դուրս կանգնած եմ։
ReplyDeleteՅովակիմ
Մի՛ դերգնահատեք պլօկներու կարեւորութիւնը: Հոս գրելն ու այս հարցերը արծարծելն ալ գործ է: Թերեւս Շառոյեանին ըրած գործին չի հասնիր, բայց պլօկը մուկերու ժողով չէ, արդիւնքներու կրնայ հասցնել:
ReplyDeleteՍանահին առաջարկ մը ունիմ, եկուր ասոր անոր ըսելու թէ ով ինչ ընելու իրաւունք ունի կամ չունի, դուն ալ զրոյցին մասնակցիր, ըսէ թէ «շիտակ է Ազդակին լեզուն» ոչ թէ «սխալ չէ Ազդակին լեզուն»:
(Ներողամտութիւն կը խնդրեմ ուղղագրական սխալներուս համար)
Վահագն
<< Սանահին առաջարկ մը ունիմ, եկուր ասոր անոր ըսելու թէ ով ինչ ընելու իրաւունք ունի կամ չունի >>
ReplyDeleteKhosks G.N.-in "arachargin" masin er. Ourish hotvadznerou dag ladinadar krogh-e, hayadar krelou taser dalou hamartsagoutyoun bedk che ounena.
Isg inch g veraperi AZTAG-in, arachin khoskis mech gardziks dvadz eyi. Payts tjpakhdapar zeroutsagitsneren voch mege knahadets AZTAG-e, ayl pavararvetsav miyayn knnatadelov. Chem eser bedk e AZTAG-in kovke husel, payts yev aynbes zeroutsagitsneren voch mege meg kayl arach knats eselou, vor hagarag kidagtsapar gam ankidagtsapar badahadz oughakragan / lezvagan / debakragan skhalneroun, aysor shnorhiv AZTAG-in e vor hayerene g mdne amen hay doun yev i vercho ayt skhalnere chen vor g khochentoden hayabahbanman yev hayagerdman ashkhadanknere.
Tjpakhdapar gerkod antser en ays zerouytsin yev enthanrabes mouys zerouytsneroun masnagitsnere, voronk haradev g knnataden arants meg kayl arach yertalou...
-Սանահին-
Ես վերը փորձեցի բացատրել, թէ ինչու միայն մէկ անգամ լատինատառ գրեցի. սակայն որովհետեւ ձեր երգին եղանակը տարբեր է, Սանահին, կը շարունակէք զայն։ Ճիշդ չեմ գտներ ձեր "հանգստութիւնը", ինչ կը վերաբերի լեզուական եւ ուղղագրական հարցերուն։ Ճիշդ ատոր ալ ակնարկութիւն կ՜ընէ Շառոյեան, հանգիստ քուն մաղթելով։ Այսինքն, եթէ լաւ կողմերը միայն պիտի տեսնենք, կան. այստեղ կը խօսուի գէշ կողմերու մասին, որոնք եւս կան եւ որոնց գոյութիւնը երբեմն "մեր" կամքէն կախեալ է, եթէ խմբագրական կազմի մը կը պատկանինք կամ որեւէ տեղ պատասխանատուութիւն մը ունինք։ Այս պլօկն ալ իր առաւելութիւնը կրնայ ունենալ, եթէ, օրինակ, Վահագնը այստեղ սորվի, որ թերագնահատութիւնը թ-ով կը գրուի, իսկ հնչողութիւնն ալ չ-ով։ Ահա երկու փոքրիկ մոմ, ոչ միայն ի սէր այստեղի մոմերգակին, այլ Մաշտոցի գերեզմանին վրայ վառելիք։ Մեղք որ Սանահինը պոլշեւիկներուն փափաքը իրականացնելու կ՜աշխատի դեռ իր լատինատառ հայերէնով։ Չեմ ալ գիտեր ինչի կ՜ակնարկէ կրքոտութեան մասին խօսելով։ Եթէ քիչ մը Շաւարշ Նարդունի կարդայ, կը գիտնայ, թէ կիրքը ուրիշ բան է։
ReplyDeleteԿ. Ն.
Մէկը չի թերգնահատեր Ազդակին դէրը, Շառոյեանն ալ չի թերգնահատեր Գերմանիկ Վասպուրականը որպէս միութիւն, բայց պէտք է խօսիլ սխալներու մասին եթէ կան:
ReplyDeleteԱնկախ ասկէ, պզտիկ տեղեկութիւն մը կ'ուզեմ տալ. Հալէպի Գերմանիկ Վասպուրականին կողմէ վերջին ընթացքին պատրաստուած բոլոր բացիկները, օրացոյցները եւայլն կը ձեւաւորուին եւ կը պատրաստուին Հայաստանցի արուեստագէտի մը կողմէ: Գաղտնիք մը չէ որ Հրազդան Թոքմաջեան է անունը: Վստահ միութենականները ամբողջովին իրեն վստահած են «տպագրական գործերը», ան ալ ուզածին պէս ըրած է ամէն բան:
"Յանցաւորները" միութենական կոչուածներն են, ուրեմն, յայտնի կ՜ըլլայ կամաց-կամաց, որոնք հայերէնին նկատմամբ անփոյթ են։ Ասիկա պէտք է գրուի այստեղ, որպէսզի անոնք ուղղեն իրենց սխալը, ոչ թէ խայտառակութենէն փախչելու համար, այլ որովհետեւ հայերէնը պէտք է ճիշդ գործածել և օգնել անոր ճիշդ գործածութեան համար։ Գերմանիկն ալ միակ զոհը պէտք չէ նկատէ ինքզինք։ Ինք օրինակ մըն է պարզապէս։
ReplyDeleteԲոլոր այն մարդիկ, հարաւէն մինչեւ հիւսիս ու արեւելքէն մինչեւ արեւմուտք, որոնք գրիչ շարժելու յաւակնութիւնը ունին, պէտք է որ, ամենաուշը այսօրուընէ սկսեալ, բառարան մը գնեն կամ եթէ արդէն ունին` գործածեն։ Այս վայրկեանիս ասկէ աւելի մեծ մոմ չեմ կրնար վառել։ Այս ձեւով գոնէ ուղղագրութեան խնդիրը լուծուած կ՜ըլլայ։ Յետոյ կու գանք միւս հարցերուն։
Կ. Ն.
ԱԶԴԱԿԻ ՇԱԲԱԹ, 4 ԱՊՐԻԼԻ ԳՐԱԿԱՆ ԷՋԻՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁ
ReplyDeleteԿարելի՞ է երեւակայել «Այս երեկոն լինէի ես եւ կպնէի անցորդների ճակատին», որ այս վերի տողերը արտասանենք իբրեւ Մեծարենցի «Սա իրիկունն ըլլայի ես եւ հպէի ճակտին ամէն անցորդի» հռչակաւոր տողերը...
Եթէ վերի տողերը սխալ կը հնչեն, պէտք է խոստովանիլ, որ Թումանեանը արեւմտահայերէնով կարդալը նոյնքան տհաճ կը սեպուի, որքան ալ որ լաւ ու որակաւոր
վեր-ա-գրութիւն ըլլայ։ Թումանեանը գեղեցիկ է իր Լոռիի բարբառով, հարազատ եւ խօսուն է այնպէս, ինչպէս որ գրած է ինքը՝ Ամենայն հայոց բանաստեղծը։
Ի՞նչն է պատճառը, որ մտածել կու տայ հրաժարիլ այդ գեղեցիկ բարբառէն եւ արեւելահայերէնէն ու զայն դարձնել կեղծ ու անհարազատ։ Եթէ կը կարծենք, որ մեր փոքրիկները չեն կրնար սորվիլ արեւելահայերէն բանաստեղծութիւնները, ինչպէս որ են, չարաչար կը սխալինք։ Փորձը ցոյց կու տայ, որ անոնք ոչ միայն ճիշդ կ'արտասանեն, այլ նաեւ կը զգան ու կ'ապրին իրենց արտասանութեամբ։ Մենք ենք, որ կ'ուզենք խոչընդոտներ ստեղծել եւ մենք զմեզ համոզել, որ «փոքրիկները չեն հասկնար»։ Եւ տակաւին, կը համարձակինք ջատագովը ըլլալու «մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ» նշանաբանին։
Թարգմանութիւնը այլ հարց է, եթէ Թումանեանը թարգմանուէր օտար լեզուներու, այն ատեն է որ խրախուսիչ եւ գովելի երեւոյթ կը դառնար, սակայն ասիկա նախ թարգմանութիւն չի համարուիր, նոյն լեզուով նոյն լեզուի միւս տարբերակին փոխարինելը այդքան ալ ճարտարութիւն չենթադրեր: եւ որ ամէնէն կարեւորն է, ինչո՞ւ...
Արդեօ՞ք վիրաւորական չեն հնչեր այն տողերը, երբ կ'ըսուի, թէ «Զարեհ Խրախունի Թումանեանի ճշգրիտ, բծախնդիր եւ արհեստավարժ շարքային թարգմանիչը չէ, այլ երկրորդ գիծի վրայ ինքզինք քողարկող-բացայայտող հեղինակակից մը՝ իր ստեղծագործ մասնակցութեամբ, վերստեղծման ակնթարթի ծնունդ գեղահմայ լուծումներով...»։
«Ինչ որ տեղ, ինչ որ բան սխալ է», կþըսէ Պարոյր Սեւակ...
ԱՐԻՆ ՊՈՒԼՈՒԶԵԱՆ-ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ
Ապրիլ 2009, Պէյրութ
Արին Պուլուզեան-Գալուստեանին կ՛ուզեմ շնորհաւորել իր ըրած դիտողութեան ու քննադատութեան համար` Յովհաննէս Թումանեանի գործերուն արեւմտահայերէնի «վեր-ա-գրութեան» մասին: Իր օրին երբ կարդացի այս նիւթին մասին Գրական Էջին մէջ, տխրութիւն մը ունեցայ, թէ ինչո՞ւ, ինչո՞ւ պէտք էր Թումանեանի գործերը արեւմտահայերէնի փոխել, ու տրուած պատճառաբանութիւնները ոեւէ ձեւով արդարացուցիչ չէին: Չէին, որովհետեւ կը մտածէի, թէ մենք ինչպէ՞ս սորվեցանք մեր օրերուն Պէյրութի հայկական վարժարաններուն մէջ, Ս. Նշանի մանկապարտէզներէն մինչեւ Դարուհիները: Արդարացուցիչ չէին, որովհետեւ գրութիւնը կը դադրի Թումանեան ըլլալէ. երբ Գիգոր իր գիւղի լեզուն փոխած է ու կը խօսի արեւմտահայերէն (Պէյրո՞ւթ ծնած է, թէ Հալէպ ծնած է Գիգոր...): Կը խորհիմ թէ Թումանեան, Իսահակեան, Տէրեան, կարդալով աշակերտը բնական ձեւով կը կարդայ արեւելահայերէն, կը սորվի ու տեղեակ ալ կ՛ըլլայ թէև լեզուի, թէև կենցաղի տարբերութիւններուն մասին: Աշակերտը շատ բան պիտի կորսնցնէ արեւելահայ գրողներու գործերը եթէ կարդայ արեւմտահայերէն:
ReplyDeleteՆորվեկեացիներն ալ ունին երկու գրական լեզու Nynorsk – Riksmal: Բնաւ չեմ տեսած որ Knut Hamsun-ի, Henrik Ibsen-ի կամ Fritjof Nansen-ի գործերը, որոնք գրուած են Riksmal, փոխուին Nynorsk-ի, հակառակ որ այս երկուքին տարբերութիւնը շատ աւելի մեծ է քան մեր արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի տարբերութենէն:
Շատ աւելի լաւ պիտի ըլլար որ մենք, շատ պզտիկ ազգ, այլեւս մտածենք մեր բոլոր ունեցած «երկուութիւնները» կամաց-կամաց փոխելու «մէկութիւններու», որպէսզի օր մը իսկապէս ըլլանք «մէկ ազգ, մէկ մշակոյթ»:
Շաքէ Յակոբեան Գլաուսն
Նիս-Ֆրանսա
ԱՐԻՆ ՊՈՒԼՈՒԶԵԱՆ-ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆի և Շաքէ Յակոբեան Գլաուսնի ըսածներուն հետ համաձայն, կ'ուզեմ պզտիկ ճշդում մը ընել նախորդ ըսածիս վրայ: Հետաքրքրուած ըլլալով Գերմանիկ Վասպուրականի բացիկին շուրջ անցած դարձածովը, հոս հոն հարցնելէ ետք, հաւաստի աղբիւրներէ իմացայ թէ բացիկը պատրաստողները ուզած են հաւատարիմ մնալ Կոմիտասի մասին վկայութիւններուն բուն գրուած ձեւին:
ReplyDeleteՉեմ գիտեր թէ Շառոյեանը կը փափաքէր որ գրութիւնները արեւմնտահայերէնի թարգմանուած ըլլային, Խրախունիի օրինակով, բայց Գերմանիկ Վասպուրականին այսքան խիստ քննադատելն ալ հարց է, քանի որ եղածը այն է որ Հայաստաներէն գրուածը պահած են եղածին պէս:
Միայն ուղղագրութիւնը շտկել, բայց լեզուն Արեւելահայերէն պահելը շա՞տ լաւ բան է ինչու: Հայաստանի մէջ ալ նոյնը կ'ընեն, Որբունի, Շահնուր կամ Զահրատ կը տպեն Արեւմտահայերէն բայց Աբեղեանական ուղղագրութեամբ:
Սակայն վերջերս լոյս տեսած քանի մը նմուշ Մեսրոպեան ուղղագրութեամբ հրատարակութիւններու կարելի է հանդիպիլ: Օրինակ «Ինքնագիր»ը եղածին պէս կը տպէ Մարկ Նշանեանին կամ Գրիգոր Պլըտեանին գրութիւնները (http://www.inknagir.org/index.php?groupid=33&task=content&id=356&lang=arm)
Վահագն
Տիկին Շաքէ,
ReplyDeleteմէյ մը կը գրէք, թէ երկու լեզուներով բանաստեղծութիւնները պէտք է մանուկներուն սորվեցուին, համոզուած ըլլալով, որ անոնք առանց դժուարութեան կրնան սորվիլ երկուքն ալ, իսկ յետոյ, ձեր վերջին տողերով ամէն ինչ մէկութիւններու փոխելու կոչ կը կարդաք։ Հակասութիւնը յստակ է կարծեմ։ Ի՞նչ ըսել կուզէք։
Այս տարի մահացաւ Գրիգոր Շահինեան անունով մանկավարժ մը Լիբանանի մէջ, որ իր կեանքին մէկ մասը նուիրեց փոքրիկներու համար շարք մը գրքոյկներ արեւելահայերէնէ արեւմտահայերէնի վերածելու աշխատանքին։ Կերեւի թէ այդ մարդը իր ըրածին իմաստը չէր գիտեր...։
Նարէ
Ինծի ծանօթ չէ Խրախունիին կատարած փոխադրութիւնը։ Սակայն չեմ զարմանար, որ խելքը Թումանեանի մը հետ դրած է, որովհետեւ այսպէս կոչուած պոլսահայ արդի քերթողութիւնը գեղարուեստական ու լեզուական իր ստորին եւ անփափկանկատ մակարդակով արեւելահայ աշուղային բանաստեղծութեան հետ հաշտ ընթացք մը կրնայ բռնել։
ReplyDeleteՅովակիմ
ՆԱԽԵՐԳ
ReplyDeleteԻնչպէս պատմեմ քեզ որ հեքիաթ չըլլաս
Ինչպէս պատուեմ քեզ որ մօր պէս ըլլաս
Ինչպէս պաշտեմ քեզ որ կուռք չդառնաս
Ինչպէս պահեմ քեզ որ մասունք դառնաս
Ինչպէս սիրեմ քեզ որ երազ չըլլաս
Ինչպէս երգեմ քեզ որ հերոս ըլլաս
Ինչպէս յիշեմ քեզ որ յուշ չդառնաս
Ինչպէս ըսեմ քեզ որ աղօթք դառնաս
Ինչպէս տեսնեմ քեզ որ տեսիլք չըլլաս
Ինչպէս շնչեմ քեզ որ ազատ ըլլաս
Ինչպէս բռնեմ քեզ որ հող չդառնաս
Ինչպէս պագնեմ քեզ որ երկիր դառնաս
Ինչպէս գրկեմ քեզ որ գերիս չըլլաս
Ինչպէս կրեմ քեզ որ իմ խաչս ըլլաս
Ինչպէս գրեմ քեզ որ ձօն չդառնաս
Ինչպէս գովեմ քեզ որ քայլերգ դառնաս
ԶԱՐԵՀ ԽՐԱԽՈՒՆԻ
12.2.1976
Չեմ գիտեր ո՞վ է մէջբերումը կատարողը, այսինքն չեմ գիտեր որու՞ հետ է այստեղ գործս։ Ի՞նչպէս գիտնալ դիմացինիդ գրական ճաշակն ու զարգացումը, երբ ան չի գրեր, այլ միայն մէջբերելով կը փորձէ "փաստել"։ Սիրելի բարեկամ, այս կտորը զիս չկրցաւ համոզել, ընդհակառակը` օգնեց, որ վերահաստատեմ լեզուական տափակութեան թեւաբեկ ճախրանքը Խրախունիին մօտ։
ReplyDeleteՅովակիմ
Յովակիմ
ReplyDeleteՅովակիմ, եթէ դուք Խրախունին չէք հաւնիր, ուրիշներ ազատ են իրենց զմայլանքը արտայայտելու։ Պոլսահայերը բոլորը իրարու նման կը գրեն։ Հաւնողներ կան, թէեւ իրենց ըրածը կապ չունի Եղեռնէն առաջուան գրականութեան հետ։
Նարէ
Նիւթէն շեղեցաք։
ReplyDeleteԿ. Ն.
Բարեկամններ,
ReplyDeleteԱյս երկրորդ տարին է որ շատ դիւրիւթեամբ Հայէրեն կրնամ գրել օգտագործելով Միքրոսոֆդի ընձեռնած «Sylfaen» գիրերը:
«Unicode» -ը կրնայ աւելի դիւրին ըլլայ անոնց որոնք անգլիատառ ստեղնաշար չեն գործածեր:
Մեր կարեւորագոյն խնդիրը համակարգիչին հայերէնէն անդին այն խառնաշփոթն լեզուն է որը ամէն օր ստիպուած ենք լսել Հ1-էն:
Մեր պայքարը երկու գետնի վրայ է եւ բաւական դժուար երբ հայրենի մտաւորականութիւնը եւ կառավարութիւնը ոչ մէկ քայլ կ'առնեն այս ուղղութեամբ:
Յարգանօք՝
Ճամպուլեան Պերճ
Պէյրութ, Լիբանան
Յարգելի պրն. Ճամպուլեան,
ReplyDeleteհայրենի մտաւորականութիւնը եւ կառավարութիւնը ի՞նչ քայլ պէտք է առնեն։ Լեզու՞ն պիտի մաքրեն։ Ինչպէ՞ս։ Աւելի լաւ կըլլայ, եթէ Սփիւռքի մէջ մշակութային հաստատութիւններ ծրագիր մշակեն արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման համար։
Յարգանօք`
Կ. Նուրիբէկեան
Baron Nouripegian,
ReplyDeleteGrnak artiok dzrakirnerou orinagner dal, voronk grnan nbasdel arevmdahayereni bahbanman yev zarkatsman.
Shnorhagaloutyoun`
- Սանահին -
Սիրով։
ReplyDeleteՆախ` մշակութային միութիւններ, ոչ ես, պիտի ՀԱՒԱՏԱՆ արեւմտահայերէնի կարեւորութեան։ Անոնց ծրագիրը պիտի չըլլայ միայն "դասախօսութիւն" կազմակերպել, այլ լեզուի պահպանման եւ գործածութեան համար աշխատանք ԾՐԱԳՐԵԼ։ Կրնամ երեւակայել, որ, ինչպէս այս պլօկին մէջ առաջին գրուածքովս ակնարկած եմ, - կարդացող կա՞յ - մտաւորական խառնուածք ունեցող եւ չունեցող մարդիկ, Պէյրութ կամ ուրիշ տեղ, կանոնաւոր հերթականութեամբ իրարու հանդիպին եւ ընթերցումներ կատարեն։ Արեւմտահայերէնը կարդացուի, լսուի, ապրի եւ ապրուի։ Գիրքի մը ներկայացումը կը զարմանամ որ երբեք նկատի չ՜առներ այս պարագան։ Մարդիկ հագուած-շքուած կու գան, սակայն գիրքը իր բովանդակութեամբ մեծագոյն բացական կը մնայ։ Հեղինակը եւ տուեալ նիւթը կը գովերգուին։ Այդքան։ Մենք, մանաւանդ այսպէս կոչուած մշակութային միութիւնները, մշակոյթ կոչուածը ապրուելիք բանի պէտք է վերածել կարենանք։ Մնացեալը, ինչ որ արդէն կը կատարուի, մշակոյթին քովէն անցնող, քիչ մը բարձր տզզացող ճանճ մը կը յիշեցնէ, պահ մը եթէ մոռնանք Հայաստանէն փոխադրուած կապիկութիւնները, որոնք իբրեւ արուեստ կը հրամցուին։
Կ. Նուրիբէկեան
Յարգելի Պրն. Նուրիբեկեան,
ReplyDeleteՀ1 ի մասին ակնարկութիւնս պարզապէս այն էր որ գործածուի միայն հայերէն եւ ոչ ռուսա-ֆրանսերէն խառնաշփոթ լեզու մը: Եթէ լաւ ֆրանսերէն չգիտնայի հաւանաբար ըսուածը հասկնալու դժուարութիւն պիտի ունենայի: Դժբաղտաբար ռուսերէն չեմ գիտեր որ այդ բառերն ալ հասկնամ: Ուրիշ մէկ բան, կրճատումները որոնց կը հանդիպինք միայն Հայաստանեան լուրերուն ընթացքին:
Բնաւ դէմ չեմ որ մշակոյթային միութիւններն կազմակերպեն լսարաններ եւ իրենց անդամներուն հրամցնեն ընթերցումներ եւ ինչու չէ գրադարանի դրութեամբ քաջալերեն ընթերցումը եւ ճիշտ հայերէն գրել-կարդալը:
Յուսամ որ այս միտքերու փոխանակումէն գործնականի կարենանք անցնիլ եւ օգնել բոլոր անոնց որոնք կը փափաքին հայերէն տառերով նամակցիլ:
Յարգանօք՝
Պերճ Ճ.
Պէյրութ, Լիբանան
Իրաւունք ունիք:
ReplyDeleteՎայ մեզի:
ReplyDeleteԴուն լայն ճամբէն գնա, աղուոր,
ReplyDeleteԵս կ'երթամ մութ արահետէս,
Երջանիկ այն համոզմամբ, որ
Մտքով գոնէ ինծի հետ ես:
Խնդրանք մ'ունիմ՝ վերջին պահուն
Կ'ուզեմ որ դուն քովս ըլլաս,
Ու երբ ամէնքն փախչին ինձմէ,
Դուն պայծառ դէմքդ ինծի ցոյց տաս:
Ու ամէն փառքի փոխարէն՝
Պատկերդ է որ պայծառ ու ջինջ
Տանիմ միայն այս աշխարհէն՝
Չյիշելով ուրիշ ոչինչ:
Գրիգոր Զոհրապ
Կարելի՞ է արդեօք հասկնալ թէ ո՞վ է վերի երեք մասերը գրողն ու մէջբերողը եւ, աւելի կարեւոր` ի՞նչ ըսել կ՜ուզուի անոնցմով։
ReplyDeleteԿ. Նուրիբէկեան
Բարեւներ,
ReplyDeleteԱպրիլ 17 2009-ին, Րաֆֆի անունով մէկը նիւթ բացած էր Հայերէն "spell checker"ի (սրբագրիչ), այս "link"ը կարծեմ կրնայ բաւական օգտակար ըլլալ`
http://abarni.com