Apr 29, 2009

ՀՅԴ ԿԸ ԴԱԴՐԵՑՆԷ ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ

«ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐԸ ՀՅԴ-Ի ՀԱՄԱՐ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲՈՑ ԵՆ»

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ


Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յայտարարում է քաղաքական համաձայնական կառավարութեան իր մասնակցութիւնը դադարեցնելու մասին:
Նկատի ունենալով խնդրի քաղաքական նշանակութիւնը, հանրային հնչեղութիւնը եւ հետեւանքները` անհրաժեշտ ենք համարում պարզաբանել այս քայլի պատճառները:
Նախ` ՀՅԴ-ն համաձայնական կառավարութեան մաս կազմեց նախագահական ընտրութիւններից յետոյ երկրում ստեղծուած ճգնաժամը, հայկական երկու պետութիւնների անկախութեանն ու անվտանգութեանն ուղղուած ռազմաքաղաքական սպառնալիքները միասնական ուժերով յաղթահարելու եւ համակարգուած բարեփոխումներ իրականացնելու նպատակադրումով:
Այս ընթացքում որոշակի յաջողութիւններ արձանագրուեցին, սակայն անյաղթահարելի սկզբունքային տարաձայնութիւն առաջացաւ արտաքին քաղաքականութեան ուղեգծի շուրջ:
Մենք մշտապէս համոզուած ենք եղել, որ պետութեան ազգային անվտանգութեան ռազմավարական ուղղութիւններից մէկը Հայոց ցեղասպանութեան համընդհանուր, մասնաւորապէս` Թուրքիայի կողմից ճանաչումն ու դատապարտումն է: Սա դիտարկուել է ոչ միայն պատմական արդարութեան վերականգնման, այլեւ շրջանում փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի բարելաւման եւ ապագայում նման ոճիրների կանխարգելման համաթեքսթում: Այս առումով, ինչպէս արդէն յայտարարել ենք, մեզ համար անընդունելի ու դատապարտելի էր ապրիլի 24-ի անմիջական նախօրէին եւ Թուրքիայի ղեկավարների հակահայկական, նախապայմաններ թելադրող կեցուածքների համաթեքսթում Հայաստանի ու Թուրքիայի արտաքին գործերի նախարարութիւնների համատեղ յայտարարութեան ընդունումը: Ունենք նաեւ սկզբունքային տարաձայնութիւններ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններում արծարծուող որոշ դրոյթների վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութիւնների դիրքորոշման հարցում: Այդ դրոյթների վերաբերեալ ամբողջական տեսակէտները կ՚արտայայտենք դրանց հրապարակային քննարկումների ժամանակ:
Յետայսու ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական դաշտում գործելու է նոր` ընդդիմադիր ուժի կարգավիճակով: Մեր հիմնական առաջնահերթութիւնները լինելու են.
1.- Դառնալ իշխանութեան լիարժէք այլընտրանք` բոլոր հիմնահարցերի վերաբերեալ առաջարկելով սեփական ծրագրերն ու լուծումները:
2.- Որպէս ընդդիմութիւն ստանձնել իշխանութիւններին արդիւնաւէտօրէն հակակշռելու եւ զսպելու դերակատարութիւն:
3.- Իրականացնել անհրաժեշտ գործառոյթներ` քաղաքական դաշտի առողջացման եւ բիւրեղացման, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն քաղաքակիրթ յարաբերութիւնների ձեւաւորման, ընկերային արդարութեան հաստատման եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման նպատակով:
4.- Ծաւալել նախընտրական խոստումներից բխող ամբողջական գործունէութիւն՝ դրսեւորելով ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարաքաղաքական ինքնատիպութիւնը:
5.- Հայ-թուրքական յարաբերութիւնների, Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացներում առաջնորդուել բացառապէս ազգային-պետական շահերի եւ նպատակների գերակայութեամբ:
Մենք գնահատելի ենք համարում համաձայնական կառավարութեան գործընկերների հետ համատեղ գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն ենք մաղթում նրանց աշխատանքներին` ի շահ մեր պետութեան եւ ժողովրդի:


ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ


27 ապրիլ, 2009

10 comments:

  1. Հայաստանի պետական քաղաքականութեան առանցքային մէկ օղակով՝ արտաքին քաղաքականութեամբ լրջօրէն մտահոգուելու պատճառները այսուհետեւ կը դառնան խորքային, առ այդ՝ վտանգաւոր: Շուրջ քառամեակէ մը ի վեր, բայց մանաւանդ նախագահական վերջին ընտրութենէն ասդին Թուրքիոյ հետ բանակցութեանց աստիճանական մագլցումով զարգացումները 22 ապրիլին Զուիցերիոյ մէջ ուրուագծուած ճամբու քարտէսով անցան նաեւ կարմիր գիծը: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը «Արմէնփրէս»ին տուած իր հարցազրոյցով որքան ալ փորձէ ինքնարդարացման բացատրութիւններ տալ, միեւնոյնն է, չի համոզեր, չի հիմնաւորեր:
    Բնական է, որ պետական քաղաքականութեան մէջ փրակմաթիզմը անհրաժեշտ տուեալ է, նոյնիսկ երբ կը բախի հասարակական կարգերու մտածողութեան, որ յաճախ կրնայ ըլլալ տարերային, որմէ ըստ կարելւոյն պէտք է խուսափիլ: Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը փրակմաթիք մօտեցում կը ցուցաբերէ հարցերուն ընդհանրապէս: Բայց փրակմաթիզմն ալ ունի իր սահմանը: Ճամբու քարտէսին կէտերը եթէ Թուրքիոյ համար կը սահմանափակուին արտաքին քաղաքականութեան ծիրին մէջ, մեզի համար անոնք շատ աւելին են: Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը, Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման խնդիրը արտաքին քաղաքականութեան մաս կազմող թղթածրարներ չեն պարզապէս, այլ՝ համազգային ռազմավարական հիմնահարցեր են, ազգային անվտանգութեան խնդիրներ են:
    Աւելի՛ն: Առաւել մտահոգիչ է այն, որ Հայաստանի դիւանագիտութեան պետը չի հերքեր թրքական տեղեկատուութենէն ստացուած բօթը՝ Կարսի դաշնագիրին վերաբերեալ: Ա՞յս ալ փրակմաթիզմ է: Եւ կամ՝ համազգային մեր ռազմավարական հիմնահարցերուն նկատմամբ անզիջող տրամադրութիւնը տարերային հակազդեցութի՞ւն է, թէ՞ իրաւունք: Պահանջատիրութեան մէջ, պահանջատէր կողմերուն համար փրակմաթիք քաղաքականութիւնը յաճախ կ՚առաջնորդէ դէպի պարտութիւն: Ասիկա ամբոխավարութիւն չէ, այլ բազմիցս ապրուած կենսափորձ, մանաւանդ մե՛ր ժողովուրդին համար: Ահա, թէ ինչո՛ւ բոլոր տուեալները կան անձկութեամբ ընկալելու Հայաստանի կողմէ հետզհետէ շեշտուող այս քաղաքականութիւնը: Այո՛, յստակ է, որ կան տարբեր կողմերէ կատարուող ճնշամիջոցներ, թելադրանքներ, պարտադրանքներ: Յստակ է նաեւ, որ շրջանային-միջազգային քաղաքականութեան ծիրին մէջ կը տեղադրուին աստիճանական այս մագլցումները: Բայց երբ խնդրոյ առարկայ կը դառնան համազգային մեր հիմնահարցերը, որոնք կը կազմեն կարմիր գիծը, ապա հոն պէտք է կանգ առնել, ամէ՛ն գնով: Համազգային մեր հիմնահարցերուն առնչուող որեւէ որոշում կը պատկանի ազգին: Համահայկական որոշումները չեն կրնար տրուիլ մէկ-երկու պետական այրերու կողմէ, այլ կը տրուին ազգը, ընդհանուր ազգը բաղկացնող հիմնական հոսանքներու եւ համապետական շրջանակներու համախոհութեամբ, որոնք վերջին հաշուով կը բիւրեղանան խորհրդարանին մէջ եւ ըստ այնմ կը դրուին գործադրութեան: Ա՛յս կը թելադրէ հանրապետական ուղղութիւնը, իսկ ա՛յս է ահաւասիկ, որ կը պակսի մեր հանրապետութեան: Անհրաժեշտ է հաւաքական որոշման գիտակցութիւն, որմէ բնականաբար կը բխի անխուսափելի պահանջ. ճշմարի՛տ ընդդիմադիր դաշտի ձեւաւորում: Ազգային-գաղափարական խորքով ու հոլովոյթով ընդդիմութիւն: Շինի՛չ ընդդիմութիւն:

    ՀՐԱՉ ՎԱՐԺԱՊԵՏԵԱՆ

    ReplyDelete
  2. Հայաստանի դիւանագիտութիւնը, 24 ապրիլէն հազիւ երկու օր առաջ, Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութեանց բնականոնացման համար ճամբու քարտէսի մը վերաբերեալ Թուրքիոյ եւ Զուիցերիոյ արտաքին գործոց նախարարութեանց հետ միացեալ յայտարարութիւն մը հրապարակելով մեղսակից դարձաւ Միացեալ Նահանգներու գործադիր իշխանութեան մակարդակին վրայ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման արգելակման։ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ինքնարդարացման փորձով մը, երէկ Հայաստանի պետական լրատու գործակալութեան՝ «Արմէնփրէս»ի հետ հարցազրոյց մը ունեցաւ։ Ան խօսելով ճամբու քարտէսին մասին յայտնեց, թէ «լաւ բանի մը հասած ենք», սակայն ի՞նչ լաւ բանի մասին է խօսքը։ Ճամբու Քարտէսի մանրամասնութիւնները ծանօթ չեն եւ, ըստ երեւոյթին, տակաւին երկար ատեն ծածուկ պիտի մնան։ Մէկ բան յստակ է՝ անոր շուրջ համաձայնութեան յայտարարութիւնը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման նախօրեակին եւ Օպամային պարգեւեց իր ընտրական խոստումը յետաձգելու առիթը, ինչ որ «լաւ բանի հասնիլ» չի կրնար սեպուիլ, որովհետեւ ի վերջոյ ատիկա Հայաստանի դիւանագիտութեան նպատակը չէ, այլ՝ Թուրքիոյ մերժողական վարչակարգին։
    Նախագահ Սարգսեան «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» օրաթերթին հետ 20 ապրիլին կատարած (23 ապրիլին հրապարակուած) հարցազրոյցին մէջ կը յայտնէր, թէ «կ՚ուզենք, որ այս Ցեղասպանութեան հարցը արգելք մը չըլլայ Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութեանց ... Եթէ կարգ մը երկիրներ որոշեն այդ յարաբերութեանց մէջ դժուարութիւններ ստեղծել, անոնք Ցեղասպանութեան ճանաչումը պիտի յայտարարեն եւ այդպիսով պիտի վտանգեն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւնները»։
    Այս բոլորը ցոյց կու տան, թէ Հայաստանի վարչակազմը Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց բնականոնացումը կը նկատէ իր գլխաւոր առաջնահերթութիւնը եւ այս առումով անոր կեցուածքը կը համընկնի Հայաստան-Թուրքիա թղթածրարին նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու վարչակազմի ունեցած կեցուածքին։ Օպամա Թուրքիա տուած իր այցելութեան ընթացքին յայտնի դարձուց, որ իրեն համար առաջնահերթութիւնը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացումն է։
    Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը իր թեզը կը փորձէ պաշտպանել՝ յոյս յայտնելով, թէ յարաբերութիւնները բարելաւելէ եւ կարգաւորելէ ետք «ոչ միայն մեր երկրի՝ Հայաստանի ղեկավարները պիտի գան Ծիծեռնակաբերդ ծաղիկներ դնելու, այլեւ Հայաստանի ղեկավարներուն պիտի միանան Թուրքիոյ ղեկավարները», սակայն այս վերջիններուն զետեղած ծաղկեպսակը ի յիշատակ որո՞ւ պիտի ըլլայ, Թուրքիոյ կողմէ գործադրուած ցեղասպանութեան զոհ դարձած հայերո՞ւն, թէ 1915-ի դէպքերուն զոհ դարձած հայերուն, թուրքերուն եւ իսլամներուն։
    Աւելի՛ն. ան հարց կու տայ, թէ «ինչո՞ւ մենք չենք կրնար ընել այն, ինչ որ ըրին Շարլ Տը Կոլը եւ Ատենաուըրը»։ Ասիկա սխալ ու անյարմար օրինակ մըն է։ Ինչպէս ծանօթ է, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջեւ պատահածը երկու պետութիւններու միջեւ պատերազմ էր եւ այդտեղ ցեղասպանութեան հարց չկար։ Թուրքիա իր հայ քաղաքացիներուն դէմ ցեղասպանութիւն գործեց, այսինքն՝ հարցը պետութիւն-քաղաքացի մակարդակի վրայ էր, իսկ Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ միջեւ հարցը միջպետական էր։
    Համեմատութիւն կատարելու անհրաժեշտութեան պարագային, Հայաստանի դիւանագիտութիւնը պէտք է յենուի Գերմանիա-Իսրայէլ յարաբերութեանց օրինակին վրայ։ Որեւէ այլ օրինակ կը մոլորեցնէ եւ մեծ վնաս կը պատճառէ մեր ազգային շահերուն։ Ինչ կը վերաբերի ճամբու քարտէսի հարցին, այդ ուղղութեամբ կարելի է դասեր քաղել պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման ճամբու քարտէսի երկարատեւ եւ տակաւին անորոշ հեռանկար ունեցող գործընթացին օրինակէն։

    ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

    ReplyDelete
  3. Աճապարուած քայլ է.պէտք է սպասէին որ յայտարարութիւնը մամուլին մէջ լոյս տեսնէր.գիտնային մէջը ճիշդ ի՛նչ գրուած է ետքը որոշում առնէին։
    Պաղտիկ

    ReplyDelete
  4. Յայտարարութիւնը կայ, Վահրամին եւ Հրաչին տեսակէտները երկար-բարակ կան.ՀՅԴ 10 տարիէ իշխանութիւն է.մարդիկը գացին եկան մամլոյ ասուլիս տուին բացատրեցին Պաղտիկն ալ կ՛ըսէ կոր որ աճապարեր են....
    Սանասար

    ReplyDelete
  5. Baghdige ajabarer e comment enelou.....
    Dsovag

    ReplyDelete
  6. սիրել Ծովակ
    ինչո՞ւ աճապարեր եմ։ Պէտք է բացատրես։ լսեցի՞ր լուրը։ Խորհրդարանի պաշտօններէն պիտի չհրաժարին։ Մինչեւ հիմա յայտնի չէ թէ ո՞ւր է արտաքին քաղաքականութեան փոմփոխութիւնը։ Յայտարարութեան թուականն է հարցը։Համաձայն եմ, բայց ատիկա կը բաւէ՞ ասանկ որոշում առնելու համար։
    Պաղտիկ

    ReplyDelete
  7. Baghdig
    garta haysdani terteroun metch kervadsnere.lourch martig gessen vor tashnagtsoutyune oushatser e nouynisg ays voroshoume arnelou yev votch te ajabarer e.
    patsadroutyunnere hon gan.
    Dsovag

    ReplyDelete
  8. Ինծի համար աճապարեր է կամ ուշացեր է կարեւոր չէ։ Ինծի համար կարեւորը այն է եւ մտահոգիչը որ մարդիկը բան մը գիտեն որ մենք տակաւին չենք գիտեր։ Քաղաքականութեան փոփոխութին կայ ըստ երեւոյթին։Ատոր համար ալ հրաժարած են։ Այս է մտահոգիչը։Դաշնակցութեան կառավարութեան մէջ մնալ չմնալէն աւելի։ Այդ փոփոխութիւնը ի՞նչ է կը գիտնանք ըստ յայտարարութիւններուն ոչ շատ ուշ։
    Ճորճիկ

    ReplyDelete
  9. AnonymousMay 01, 2009

    Ներկայիս կայ երկու հասկացողութիւն,որոնց գծով ընդհանրապէս հայ քաղաքական միտքը պէտք է իր վճռական ընտրութիւնը կատարէ:Առաջինը պետական շահի հասկացողութիւնն է,որ անկախութենէն ետք դրսեւորուած է այսպէս կոչուած «գործնապաշտ քաղաքականութեան» որդեգրումով:Ըստ այս հասկացողութեան հետեւորդներուն,Հայաստան եւ Թուրքիա երկար ժամանակ չեն կրնար մնալ թշնամիի կարգավիճակին մէջ...Այսպէս կամ այնպէս Հայաստան կը գտնուի աշխարհաքաղաքական ծանր պայմաններու մէջ,իսկ Թուրքիոյ հետ յարաբերութեանց կարգաւորումը եւ սահմաններու բացումը տնտեսապէս իր օգուտը պիտի ունենայ Հայաստանի վրայ...Վերջ ի վերջոյ,իբրեւ որեւէ երկու նորմալ երկիրներ,մէկ կողմ դրած անցեալը (առանց մոռնալու անշուշտ Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւն մը ըլլալը.այդքան),պէտք է բարի դրացիական յարաբերութիւններ մշակել եւ պիզնես ընել իրարու հետ:
    Երկրորդը ազգային հասկացողութիւնն է,որ շեշտը կը դնէ ոչ միայն Ցեղասպանութեան իրողութիւնը իբրեւ պատմական իրողութիւն յիշելու հարցին վրայ,այլ նաեւ կը դնէ բարոյական եւ նիւթական հատուցման հարց:Սահմանը փակեցին իրենք՝ թուրքերը,եւ զայն վերաբանալու համար անոնց ձեռքն ու ոտքը պիտի չհամբուրենք,յետոյ ով ըսաւ, որ սահմանի բացումը օգտակար է Հայաստանի համար՝տնտեսապէս:Կայ նաեւ մեր ազգային իրաւունքներուն վերատիրացման հարցը՝ աւելի ընդհանուր շրջագիծի մէջ:Կայ պահանջատիրութեան հարց...
    Այս երկու հասկացողութիւնները իրարու հետ չեն կրնար համընկնիլ,չենք կրնար խօսիլ այսպէս կոչուած միացեալ ազգային-պետական շահերու մասին,որովհետեւ անոնք կտրուկ տարբեր են իրարմէ:Անշուշտ ես կողմնակից եմ բացառապէս ազգային շահերու հասկացողութեան,եւ ես կը կարծեմ,որ յառաջիկային հայ իրականութեան ազգային առողջ ուժերուն հիմնական ընելիքը պիտի ըլլայ խաղաղ յեղաշրջման միջոցով ազգային հասկացողութիւնը պետական մակարդակի բարձրացնելը:
    Եւ այս աշխատանքը Դաշնակցութիւնը առանձինն չի կրնար ընել ու պէտք չէ ընէ,այլ անիկա արդիւնք պէտք է ըլլայ ազգայնական ուժերու եւ անհատներու լայն դաշինքի մը ճիգերուն,եւ ՀՅԴ կրնայ հիմնական դեր վերցնել այս լայն դաշինքի կազմութեան մէջ:Այսօր կայ ազգայնական դաշտի ձեւաւորման անհրաժեշտութիւն՝ իբրեւ իսկական այլընտրանք գոյութիւն ունեցող դրութեան,անկախութեան առաջին օրերէն ինքզինք վերարտադրող ապազգային հասկացողութեան:Ասոր համար ալ անհրաժեշտ է արժէքային համակարգի կտրուկ փոփոխութիւն...
    ԺԱՔ

    ReplyDelete
  10. Փաստօրէն Հայաստանի քաղաքական-պետական գործիչներու մեծ մասին համար տակաւին խորթ է պետական եւ ազգային շահերը համատեղելու ու համակարգելու արուեստը, եթէ երբեք գոյութիւն ունին իրարամերժ ազգային եւ պետական շահեր...
    Վերանկախ Հայաստանի առաջին նախագահը ջանաց մոռացութեան մատնել Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցը ու Հայ Դատը ընդհանրապէս, բացառապէս «պետական» մտածելակերպ որդեգրելով, ու նոյնիսկ յանդգնեցաւ նսեմացնել պահանջատիրութիւնը: Քոչարեանի օրով Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը մաս կը կազմէր Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան: Այդպէս կը յայտարարուէր ամէն առիթով: Բայց արդեօք իսկապէս գործ կա՞ր այդ պնդումը հաստատող: ՄԱԿի ամպիոնէն բարձրացայնելը եւ Հայաստան այցելող օտար քաղաքական գործիչներու Ցեղասպանութեան յուշահամալիր տանիլը կը մնան յայտարարութիւններու, կեցուածքներու ու արարողակարգի սահմաններու մէջ, ոչ՝ կառուցողական գործի: Բայցեւայնպէս, Քոչարեանի օրով գէթ սփիւռքահայ կառոյցներու աշխատանքը չէր խափանուեր: Թերեւս որոշ չափով ալ լռելեան համակարգում ալ կար Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ այդ կառոյցներուն միջեւ: Միւս կողմէ սակայն պետք է յիշել որ նոյնինքն Քոչարեանի նախագահութեան եւ Սերժ Սարգսեանի (պաշտպանութեան) նախարարութեան օրով, «պետական» քաղաքականութեան իբրեւ դրսեւորում, թրքական դրօշը առաջին անգամ ծածանեցաւ Հայաստանի մէջ, երբ թուրք սպաներ մասնակցեցան ՕԹԱՆի վարժանքներու, 2003ին: Այսօր, Սերժի վարչակարգին պարագային, բոլորովին այլ է մօտեցումը: Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը փաստօրէն այլեւս մաս չի կազմեր Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան, տրուած ըլլալով որ հայրենի իշխանութիւններու որոշիչ մասնակցութեամբ խափանուեցաւ ԱՄՆի նախագահին կողմէ ճանաչում ապահովելու ամերիկահայ կազմակերպութիւններու աշխատանքին բարեյաջող պսակումը, որ այս հանգրուանին հասանելի ըլլալ կը թուէր: Հետեւաբար, հայրենի իշխանութիւնները ոչ միայն ձեռք քաշած են Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման արշաւէն, այլեւ կ'ականահարեն այդ ուղղութեամբ սփիւռքեան ջանքերը:

    Համաձայն չեմ այն կարծիքին, որ ազգային եւ պետական շահերը անհամատեղելի են: Երբ որեւէ ուժ իշխանութեան հասնի օրինական միջոցներով, միջազգայինօրէն ու յատկապէս ազգայինօրէն արդար նկատուած ընտրութիւններով, ապա կրնայ կիրարկել իր ցանկացած ազգային քաղաքականութիւնը, վստահելով ժողովրդային կամքին: Այսինքն պետական եւ ազգային շահերը այս պարագային կը նոյնանան: Այդպէս պէտք է ըլլայ միշտ: Սակայն Սերժի վարչակարգը չունի այդ ստորոգելիները:

    Այսօրուան հայրենի քաղաքական դաշտի ազգայնական հիմնական ու կշիռ ներկայացնող ուժը Դաշնակցութիւնն է, եւ համաձայն եմ Ժաքի գաղափարին, որ միացեալ քաղաքական ճակատ մը պէտք է յառաջանայ: Նաեւ յատկապէս ուշադիր պէտք է ըլլալ, որ այս պետական -ազգային շահերու արուեստական տարբերակումը չվերածուի պետական-սփիւռքահայ մօտեցումներու ցցուն տարբերակումի, ինչ որ Թուրքիոյ թիրախն իսկ է:

    ReplyDelete