Apr 7, 2009

«ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՏԵՍԱԿԷՏՍ ՉԵՄ ՓՈԽԱԾ, ՍԱԿԱՅՆ...»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի Թուրքիա այցելութիւնը եւ այդտեղ անոր արտասանած խօսքը երկար ատենէ ի վեր անհամբեր կը սպասուէր՝ նկատի ունենալով, որ անոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մասին կարեւոր ցուցանիշ մը կրնան ըլլալ։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու օգնականի պաշտօնին համար Օպամայի առաջադրած թեկնածուին կողմէ «ցեղասպանութիւն» բառի օգտագործումէն խուսափելէն, Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան զօրակցելէ եւ ՕԹԱՆ-ի նոր ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան ընթացքին Թուրքիոյ մտավախութեանց երաշխաւորի պաշտօնը ստանձնելէ ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահը Թուրքիոյ նախագահին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, թէ կը շարունակէ 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն նկատել, սակայն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ մերձեցման գործընթաց մը գոյութիւն ունի եւ ինք կ՚ուզէ այդ գործընթացը քաջալերել եւ ոչ թէ զայն խանգարել։
Նկատի ունենալով, որ Թուրքիա բազմիցս սպառնացած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնայ խանգարել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը, Օպամայի խօսքերը մտածել կու տան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը որոշած է իր նախընտրական խոստումը ձեւափոխել կամ առնուազն անոր գործադրութիւնը յետաձգել։ Վերջերս միջազգային օրաթերթ մը յառաջ քշած էր այն վարկածը, թէ Օպամա ընդամէնը պիտի յետաձգէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ փոխարէնը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացման գործընթացին մէջ արագ եւ նկատառելի ձեռքբերում մը պահանջելով։
Ուշագրաւ է այն երեւոյթը, որ Օպամա մամլոյ ասուլիսին ընթացքին երկու անգամ ակնարկեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն ծիրին մէջ արդիւնքի մը վերաբերեալ մօտալուտ յայտարարութեան մը։ Վերջին օրերուն միջազգային մամուլը եւս անանուն դիւանագէտներ վկայակոչելով յաճախակի կերպով կ՚անդրադառնար այդ ծիրին մէջ յայտարարութեան մը մօտալուտ ըլլալուն։
Այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնելու ըլլանք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին կիրակի օր Պոլիս մեկնելէ հրաժարիլն ու ապա, ըստ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի, երէկ երեկոյեան Պոլիս ժամանելը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի նախագահին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող հանդիպումը անդրդուելի կերպով պոյքոթի ենթարկելը, կրնանք եզրակացնել, որ յառաջիկայ քանի մը շաբաթները կրնան յղի ըլլալ նոր իրադարձութիւններով։

11 comments:

  1. համաձայն չեմ եզրակացութեան։ քանի մը շաբաթէն որեւէ նորութիւն չըլլար։
    Նորվան ժամկոչեան (Քաթար

    ReplyDelete
  2. noroutyune ayne vor marte tourkyo metch gese gor vor gardsikes tchem pokhads.asiga noroutyun e asiga "change' e.intch? gesbasnek gor vor tourjyo metch aveli intch? esse.come on guys.....
    Vahe Adanalian

    ReplyDelete
  3. Ապրիլ 24ին նոյն բանը պիտի ըսէ։Թուրքիոյ մէջ ինչ որ ըսաւ Ամերիկայի մէջ նոյնը պիտի ըսէ։ նորութիւններ մի սպասէք։
    Մարօ

    ReplyDelete
  4. Յօդուածին մէջ նշուած նոր իրադարձութիւններու կարելիութեան շուրջ ակնարկը Օպամայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման չի վերաբերիր, այլ՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։

    Վահրամ Էմմիեան

    ReplyDelete
  5. Հայաստանցու տեսակետը մեր նահատակներու նկատմամբ տարբեր է առտասահմանցի Հայու տեսակետէն։ Արդի Հայաստանցին ազդուած չէ 1915–ի կոտորածէն, հետեւաբար չհասկնար արտասահհմանցուն պանդխտութենէն։ Դժբախտաբար ներկայիս Թուրքեա կարողացած է այդ տպաւորութիւնը թողուլ որ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները բարելաւման ընթացքի մէջ են։ Ինչո՞ւ օտար մը խոչնդոտէ նման «յառաջդիմութիւն»։ Սա մէկը արտասահմանցուն խնդիրն է, Հայաստանի իշխանութիւնները պետք հերու մնան իրենց կարծիքը արտայայտելէն ու վստահ ըլլան իրենց վառած քաղաքականութեամբ, մեր նահատակներուն յիշատակը չի ոտնակոխեն։

    Գեորգ

    ReplyDelete
  6. sireliner vahram,kevork,jack,vahe,norvan.....
    shah shaaaaaaad ge khentrem ays hartsin metch tche medtsenenk hayasdanatsiyi yev espurkahayou darperoutyun.kidem vor kevorkin terads hartsen e asiga payts polorin gouzem essel vor ays darperoutyune bedk tche tenenk.darperoutyun al tchega arten.
    Viken pashabezian

    ReplyDelete
  7. Aztag-i sireli entertsogh. Nakh neroghamdoutioun ge haydnem ladinadar hayeren krelous hamar, sagayn ays oreroun ge kdnvim vayr me, our hnaravoroutioun tchounim hayadar oughakroutian.
    Intch ge veraperi orvan hartsin, angeghds esads anagngal tcher Miatsyal Nahanknerou nakhakahin haydararoutioun-e indsi hamar.
    Tourkian dagavin ayn gamourtchn e, voroun garike ouni Washington amen imasdov : dndesagan, arevdragan, payts manavant achkharhakaghakan ( Iranian tghtadsrar, islamagan achkharhi kordson, rous mrtsagitsi ngadmamp khaghakard, yevrobagan mioutian antamagtsoutian baraka, yevayln ).
    Ays polorov hanterts, sagayn, ge gardsem vor Miatsyal Nahanknerou metch mer bahantchader getsvadsk-e bedk e mievnouyn tapov charounagvi, ayn hamozoumov, vor i vertcho Obama-i ichkhanoutian karamiagin ge gadarvi anor gadarads khosdoum-e. Tchmornank, vor nakhndragan ayt khosdoum-e nakhakahagan ampoghtch jamanagachrtchanin ge veraperi, hedevapar dagavin ga aveli kan yerek dari, vorbeszi an iren kveargads chrtchanagneroun dvads khosdoum-e harke. Ousdi jicht tche arak (tragan te jkhdagan) yezragatsoutiounnerou hankil.
    Hratch Varjabedian

    ReplyDelete
  8. leriv hamatsayn em harkeli Hratch varjabediani verloudsoumin.esbasenk
    Hratch

    ReplyDelete
  9. Ամէն քաղաքական պահու կրնայ անակնկալ բան պատահիլ: Սպասել գիտնալը եւ մեծ գուշակութիւններու համար ախորժակ չսրելը անպայման օգտաշատ են: Մենք` հայերս լաւ կ'ըլլայ որ գիտակցինք, թէ Օպամա Թուրքիա մեկնեցաւ ոչ թէ Թուրքիան գռգրելու, այլ, ինչպէս միշտ, իր կողմ քաշելու համար զայն: Պապին չափ անհեռատես կամ արկածախնդիր չէ ան, կը կարծեմ: Չեմ կարծեր որ Ապրիլ քսանչորսին առթիւ կատարելիք իր յայտարարութեան մէջ Ցեղասպանութիւն եզրը գործածէ: Ով չի գիտեր որ Թուրքիան իրեն համար շատ աւելի կարեւոր է քան Հայաստան մը իր Սփիւռքով կամ Սփիւռք մը իր Հայաստանով: Մեզի կը մնայ մեր հարցերուն տալ այնպիսի կողմնորոշում, որ Ցեղասպանութեան ընդունման կարեւորութիւնը նոյնինքն Թուրքիոյ ի շահ հարց մը իբրեւ ներկայացուի: Ընդունումը երկու կողմերուն շահ պիտի ապահովէ անկասկած:

    ReplyDelete
  10. Ուրիշ կարեւոր հարց մը, սիրելի յօդուածագիր: Օպամա "Ցեղասպանութիւն" եզրը չի գործածեց իր պատասխանին մէջ: Դուք իբրեւ թղթակից կամ խմբագիր լաւ պէտք է գիտնաք չակերտին իմաստը ընդհանրապէս, երբ Ձեր յօդուածին խորագիրը կը չակերտէք:

    ReplyDelete
  11. Ուրիշներ տակաւին կը խորհին թէ, Նախագահ Օպաման հողը պատրաստեց Ապրիլ 24-ին՝ Հայերու հանդէպ եղած Ցեղասպանութեան:

    Միայն ժամանակը ցոյց պիտի տայ իրականութիւնը:

    ReplyDelete