Դար մը հեռաւորութիւն՝ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուած Ատանայի ջարդերէն։ Հայաստանեան եւ սփիւռքեան հանգամանաւոր կեդրոններու կողմէ կը նախապատրաստուի հանրային-հասարակական, ինչպէս նաեւ ակադեմական-մտաւորական շրջանակներու ուշադրութեան կիզակէտին վերածել Ատանայի ջարդերու 100-ամեակը։
Գիտաժողովներ, զեկուցումներ, պատմագիտական ուսումնասիրութիւններ, յուշագրական գրականութիւն, նոր ու անտիպ լուսանկարներ եւ տակաւին հայրենակցական աշխատանքներու հարթութեան վրայ աւանդութիւններու, սովորութիւններու վերաներկայացման առիթներ։ Գիտական մօտեցումները այս բոլորին մէջ ի հարկէ շնորհակալ գործ կատարած կ՚ըլլան թրքական ծրագիրները բացայայտելու, դէպքերուն կանխամտածուած ըլլալը փաստելու, առարկայական փաստացի տուեալները վերաամրագրելու։
Ատանայի ջարդերու 100-ամեակի նշումին նախասահմանուած տարողութիւնը կը նախանշէ, որ անգամ մը եւս կը վերաշեշտուի՝ պատմագիտական համատեղ յանձնաժողովով տխուր դէպքերուն գնահատական տալու թրքական նախաձեռնութիւն-առաջարկին հիմնովին քաղաքականացուած հանգամանքը։
Ատանան, իր պատմութեամբ, դէպքերու ահաւորութեամբ, զոհերու թիւով յստակ ընդգծումներ կը կատարէ հայասպանութեան պետական քաղաքականութեան։ Եւ ոչ միայն Ատանան անշուշտ։
Ատանան պէտք է ներկայացուի ընդհանուր պարունակին մէջ, հայասպանութեան տարիներու վրայ երկարող քաղաքականութեան ծիրին մէջ։ Ատանան պարզապէս մէկ հանգրուանն է թրքական տարբեր իշխանութիւններու իրականացուցած ծրագիրին՝ հայաթափութեան, տեղահանման, բռնագաղթին, ջարդին, հայասպանութեան։ Մէկ բառով՝ Ցեղասպանութեան։
Երեւոյթին, իրողութեան տարանջատումը՝ թշնամիին համար կրնայ ծառայեցուիլ շահարկման թեմայի։ Փաստօրէն հայկական կողմը եւս Ատանայի մասին գրած, խօսած, ներկայացում կատարած միջոցին կ՚օգտագործէ ջարդ, կոտորած, ողբերգութիւն բառեզրերը։ Ճիշդ է միանգամայն, որ բառեզրերու օգտագործումը խիստ քաղաքականացուած մօտեցումներով կը կատարուի։ Եթէ Ատանայի ջարդերը այս օրերուն պատահէին, միջազգային ընտանիքը, միայն Ատանային համար կրնար գնահատական տալ՝ «Ցեղասպանութիւն» բառեզրի օգտագործումով, մանաւանդ, եթէ օրուան իրականացնող կողմին նկատմամբ քաղաքական ճնշում բանեցնելու միջազգային կամ գերպետական միտում նկատուէր։
Տարին առիթ է լուսարձակի տակ բերելու Ատանայի կոտորածները։ Մենք պարտաւոր ենք պատմագիտական, յուշագրական, մշակութային, հոգեւոր եւ ազգագրական լուսարձակներուն առընթեր, նկատի ունենալ քաղաքական խաղի կանոնները։ Եւ մնալ ընդհանուր շրջածիրին մէջ՝ Ատանան ներկայացնելով ցեղասպանական ընդհանուր քաղաքականութեան մէկ ահաւոր հանգրուանը։
Շարունակենք քաղաքական մօտեցումներու տրամաբանութիւնը։ Ատանայի կոտորածներուն 100-ամեակը առիթ է դիմազերծելու պաշտօնական Անգարայի այսօրուան յայտարարութիւններուն հեղինակները։ Եւ այս առումով գիտական թղթածրարները, օտարազգի պաշտօնական անձնաւորութիւններու վկայութիւնները, արխիւնե՛րը մանաւանդ, ստուար նիւթեր են քաղաքական այդ բացայայտումները կատարելու համար։ Պատմագէտներու համատեղ յանձնաժողովի գաղափարը ճիշդ է, որ հիմնականին մէջ կը նպատակադրէ ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի առկախումը։ Այսուհանդերձ կը նախանշէ նաեւ, որ արխիւներու մակարդակով պաշտօնական Անգարան լուրջ պատրաստութիւն տեսած է։ Ատանայի 100-ամեակին առիթով նոր յայտնութիւններու աշխատանքը կրնայ փաստարկ-հակափաստարկ պայքարին մէջ մեծ առաւելութիւններ ապահովել եւ նպաստել ընդգծելու համար համատեղ պատմագիտական յանձնաժողովին անտեղի եւ անիմաստ ըլլալը։
Հայ-թուրք յարաբերութիւնները, ըստ քաղաքական յայտարարութիւններուն եւ մամլոյ վերլուծումներուն, նոր հանգրուան մը թեւակոխելու սեմին են։ Ատանայի 100-ամեակի ճիշդ արծարծումը, լուսարձակներու բազմացումը եւ մանաւանդ ներկայացուելիք հարցերուն ցեղասպանական ընդհանուր քաղաքականութեան մէջ տեղաւորումը առաւելներ կ՚ապահովեն հայկական կողմին համար։ Քաղաքական կէտեր ապահովելու համար գիտական պատրաստուածութիւնը անշրջանցելի գործօն է։ Հարցի արծարծումը թէ՛ հայաստանեան եւ թէ՛ սփիւռքեան կողմերէն է, ինչ որ կը խախտէ նաեւ թրքական խաղի կանոնը՝ այս հարցերուն մէջ հայաստանեան չափաւորականութեան եւ սփիւռքեան ծայրայեղականութեան միջեւ խրամատներ բանալու։
1 ապրիլ 1909-ը հայկական պատմագրութեան մէջ ծանօթ է իբրեւ Կիլիկիոյ ջարդերու սկիզբ։ 1 ապրիլ 1920-ը՝ իբրեւ թրքական յարձակումներու դիմաց այնթապահայոց ինքնապաշտպանողական մարտերու սկիզբ։ Համիտեան ջարդերէն, անցնելով երիտասարդ թուրքերու հայաջինջ քաղաքականութիւն եւ հասնելով մինչեւ քեմալական օրերու հայասպանութիւն իրականացնող ծրագիրներ պէտք է կարմիր թելի պէս տեսնել ու ցոյց տալ առանցքը՝ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը։
Ատանայի 100-ամեակը համահայկական տարողութեամբ պիտի ստեղծէ առիթ այս հարցերը արծարծելու։ Ցեղասպանական քաղաքականութեան ընդհանուր պարունակին մէջ։
համաձայն եմ Ատանան ցեղասպանութեան շրջագիծին մէջ ներկայացնելու տեսակէտին։ Կը սպասուէր սակայն, որ Հայաստան-Սփիւռք միասին կազմակերպէին գիտաժողով մը Ատանայի կոտորածին հարիւրամեակին առիթով։
ReplyDeleteԳառնիկ Սոլաքեան (Պուտափէշտ)