Երկուշաբթի օր Անգարայի մէջ նախագահներ Օպամայի եւ Կիւլի միացեալ մամլոյ ասուլիսին առաջին հարցումը կը վերաբերէր Միացեալ նահանգներու նախագահին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը ընդգծող նախընտրական խոստումին։ Նախագահ Օպամա կը բանաձեւէր՝ «իմ տեսակէտներս (Հայոց ցեղասպանութեան մասին. «Ա.») չեն փոխուած, սակայն քաջալերուած եմ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկախ հարցեր լուծելու համար ընթացող բանակցութիւններու շարքէն։ … Կ՚ուզեմ կարելի եղածին չափ քաջալերական ըլլալ այդ բանակցութիւններուն հարցով, որոնք յառաջ կ՚ընթանան եւ կրնան արդիւնաւորուիլ շատ արագ՝ մօտ օրէն։ Ուստի չեմ ուզեր իմ տեսակէտներուս վրայ կեդրոնանալ, այլ՝ թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն։ Եթէ անոնք կրնան յառաջ ընթանալ եւ դժուար ու ողբերգական պատմութեան մը շուրջ աշխատանք տանիլ, ապա կը կարծեմ, որ ամբողջ աշխարհը պէտք է այդ մէկը քաջալերէ»։
Բանաձեւումը խառն պատգամներ կը փոխանցէ։ Կարելի է թէ՛ դրական եւ թէ՛ բացասական մեկնաբանութիւններ զարգացնել այս ամփոփ բանաձեւումին բովանդակութիւնը տարբաղադրելով։ Ամէն բանէ առաջ չմոռնանք, որ յայտարարութիւնը կը կատարուի նախագահ Օպամայի Թուրքիա տուած այցելութեան ընթացքին։ Իրադարձութիւններուոն հետեւողները կրնան հետեւցնել թէ ցեղասպանութեան միանշանակ ճանաչումը հակազդեցութեան ի՛նչ ալիք կրնար բարձրացնել արդէն իսկ այս հարցով Թուրքիոյ մէջ ծայր առած համապետական խուճապային իրավիճակին մէջ։ տակաւին՝ թէ ի՛նչպիսի քաղաքական գայթակղութեամբ կրնար աւարտիլ Միացեալ նահանգներու նախագահին Թուրքիա այցելութիւնը եւ առ հասարակ ինչ իրավիճակ պիտի պարզէր թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները։ Յարաբերութիւններ, որոնք այսօրուան դրութեամբ եւ նկատի ունենալով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ նախագահ Օպամայի արտասանած ճառին բովանդակութիւնը նոր բեկումներ ապահովելու բոլոր նախադրեալները կը նախանշեն։ Միաժամանակ սակայն, իր պաշտօնավարութեան առաջին շրջանին խոստումնադրուժ նախագահի հռչակ շահելու քաղաքական ճնշումը բնական կարգով կացութիւններ պարտադրելու կը մղէ նոր աշխարհակարգ խոստացող եւ քաղաքական կարեւոր բեւեռ ներկայացնող պետութեան մը ներկայացուցիչին համար։ Մանաւանդ որ ա՛յս նախագահը իր ընտրութեան յաջողութեան գրաւականը խարսխած էր փոփոխութիւն կարգախօսին վրայ։ CHANGE։
Այս սիւնակներէն քանի մը առիթով արծարծած էինք այն տեսակէտը, որ հարցը պատմական ճշմարտացիութիւն մը ամրագրելէն աւելի պետական շահերու ներշնչումի լոյսին տակ առնուելիք քայլերու կը վերաբերի։ Եւ թէ՝ վերը նշուած երկու հանգամանքներու նկատառումով այս հանգրուանին աւելի կը իրատեսական կը թուի «միջին» բանաձեւումը։ Անգարայի մէջ արտասանուածը կը մնայ միջինի սահմաններուն մէջ։ Պարզենք։
Նախ, յայտարարելը, որ կը մնամ անձնական տեսակէտներուս վրայ կ՛ենթադրէ թէ կը շարունակէ համոզուած մնալ ցեղասպանութեան ճանաչումի անհրաժեշտութեան։ Նախընտրական եւ յետընտրական ժամանակաշրջանին ծերակուտական Օպամայի եւ նախագահ Օպամայի համոզումները Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առումով կը մնան նոյնը։ Այս մէկը նախագահ Օպամա բացայայտ կը դարձնէ թրքական պետական շրջանակներուն. նաեւ՝ համայն աշխարհին։ Այս բաժինը դժգոհ չի ձգեր հայկական կողմը։ Հիմա նայինք թէ խառն պատգամին ո՞ր բաժինն է, որ դժգոհ չի ձգեր այս անգամ թրքական կողմը։ «Եթէ անոնք կրնան յառաջ ընթանալ եւ դժուար ու ողբերգական պատմութեան մը շուրջ աշխատանք տանիլ, ապա կը կարծեմ, որ ամբողջ աշխարհը պէտք է այդ մէկը քաջալերէ»։ Դժուար ու ողբեգրական պատմութեան մը շուրջ աշխատանք տանիլը ի՞նչ կը նշանակէ։ Դիւանագիտական բառակապակցութիւններու օգտագործումով պարզապէս շեշտել պատմագէտներու միացեալ յանձնաժողովի մը կազմութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ինչ որ Թուրք պետութեան հետեւողական պահանջն է։ Ի վերջոյ պատմութեան վերաբերող աշխատանքը պատմագէտներու գործ է եւ միասինը՝ այս պարագային միացեալ յանձնաժողովի ակնարկութիւն է։ Յաւելեալ կէտ մը, որ կրնայ հանգիստ ընկալուիլ թրքական կողմէն։
Նախագահ Օպամա կ՛ըսէ, որ այժմ առաջնային խնդիրը հայ-թուրք յարաբերութիւններու բնականոնացումն է, աւելի մանրամասն քննարկում կատարելը կարելի է անշուշտ։ Տարբաղադրման եզրակացութիւնը յստակ է։ Միեւնոյն յայտարարութեան մէջ երկու կողմերը գոհ ձգող եւ երկու կողմերը դժգոհ ձգող բովանդակութիւն, որ կրնայ նախանշել ուաշինկթընեան յայտարարութեան էութիւնը, որուն մէջ չէ բացառուած նաեւ ցեղասպանութիւն բառեզրի օգտագործումը։ Նախագահը կրնար ըսել օրինակ, Ցեղասպանութեան հարցով իմ տեսակէտներս կը մնան նոյնը, սակայն այժմ պէտք է կեդրոնանան հայ-թուրք յարաբերութիւններու բնականոնացման առաջնահերթութեան վրայ. հայերը եւ թուրքերը միասնաբար պատմութեան ողբերգական էջերուն պէտք է տան գնահատական, եւայլն։ Փոփոխութիւն կա՞յ այս բոլորին մէջ։ Անշուշտ. սակայն, ի տարբերութիւն նախընտրական ճառերու բովանդակութեան, այստեղ միջպետական շահերու ըմբռնման փոխանակում կայ աւելի քան հիմնական փոփոխութիւն։
Աւելի EXCHANGE քան CHANGE։

խմբագրականին մէջ կ՛ըսուի որ բացառուած չէ որ Օպաման Ուաշինկթընի մէջ ցեղասպանութիւն եզրը օգտագործէ։Բացառուած է յարգելի Ազդակի խմբագիր։Ձեր միւս տեսակէտին համաձայն եմ որ ուաշինկթընի մէջ նախագահը պիտի ըսէ մօտաւորապէս Անգարայի մէջ ըսածը։
ReplyDeleteՃորճ Ապուսէֆեան
esser e che essads intch? bidi pokhe 1e togh patsadre indsi
ReplyDeleteOnnig
Onnig nakh ourish taser garta verche ays keroutyune vor kidnas intch bidi pokhvi
ReplyDeleteVartan
Օպամա պիտի զգուշանայ իրաւամբ Ցեղասպանութիւն բառը գործածելէ ամենուրեք: Եթէ Մ. Նահանգներ ընդունին Ցեղասպանութիւնը` իբրեւ ժողովուրդ եւ պետութիւն "զոհ"ի դրոշմը պիտի կրենք, որ կարգ մը իմաստներով կարեւոր է, նոյնիսկ օգտակար: Թէ մեր ազգային կամ քաղաքական յիմարութիւնները պիտի շարունակուին նոյն թափով, կասկած չունիմ:
ReplyDeleteԿարապետ Նուրիբէկեան, Աթէնք
azkayin gam kaghakagan mer himaroutyunneroun masin keradsit hamatsyan chem.aratchin essadset ok e.
ReplyDeleteVartan
Դժբախտաբար համաձայն ըլլալդ կամ չըլլալդ այդ յիմարութիւններուն գոյութեան և սաստկութեան հարցը չի լուծեր. լաւագոյն պարագային կրնայ զանոնք հաստատել:
ReplyDeleteԿ. Ն., Աթէնք
Իսկ եթէ կ'ուզես գիտնալ թէ ինչ են այդ յիմարութիւնները, որուն շատ կը կասկածիմ, - գիտնալ ուզելդ ի նկատի ունիմ, - լուր տուր:
ReplyDeleteԿ. Ն., Աթէնք
yegour chi sheghenk nute.menank poun nuti sahmanneroun metch.khentrem patsadre te intch? negadi ounis azkayin himaroutyun eselov.ampoghtch azk me himaroutyun ge kordse,megn al ge tadi zirenk
ReplyDeletevartan
Նիւթը շեղելու կամ ես նիւթէն շեղելու խնդիր չունիմ, յարգելի զրուցակից: Նախ` "ազգային յիմարութիւն" չի նշանակեր "ազգին յիմարութիւնը": Երկրորդ պարագային է որ ամբողջ ազգի մը յիմարութիւնը խնդրոյ առարկայ կը դառնայ, ինչ որ ինքնին յիմարութիւն է եւ զիս իբրեւ նիւթ չի հետաքրքրեր: (Վստահելով Ձեր հայերէնի իմացութեան, կը շարունակեմ): Ազգային յիմարութիւն կը նշանակէ ազգին այսպէս կոչուած ղեկավար տարրին կողմէ նախաձեռնուած յիմարութիւն: Ինչպէս որ կայ Ազգային Առաջնորդարան, Ազգային դպրոց, Ազգային Սահմանադրութիւն, այնպէս ալ կայ ազգային յիմարութիւն: Ամենացայտուն երևոյթը մեր ազգային յիմարութեան, ըստ իս, /եւ կը յուսամ որ Դուք կարծիքս իմանալու համար հարցը դրիք վերը, եւ ոչ թէ Ձեր արդէն գիտցածը հաստատելու համար,/ մեր անհանդուրժողութիւնն է: Ասիկա կու գայ յարգանքի պակասէն: Մէկ կողմը իր կեցուածքին մէջ այնքան համոզուած է որ կրնայ ի հարկին հակառակորդը զգետնել: Օրինակներ հարկ չեմ զգար տալու: Կրնաք ըսել, որ այս յիմարութիւնը զուտ հայկական չէ, այո, համաձայն եմ, սակայն յիմարութեան բազմապատկումը կու գայ այս մեր առկայ յիմարութիւնը չտեսնելու և ի հարկին զայն տեսնելով ծածկելու յիմարութեան մէջ, որ թերեւս ունենայ հայկական գիծեր: Այս ալ` իբրեւ ենթադրութիւն:
ReplyDeleteԿ. Ն.
...Իսկ գալով դատելու հարցին ("մէկն ալ կը դատէ զիրենք", կը գրէք), ըրածս կարծիքի արտայայտութիւն է պարզապէս, որ գիտէ ուրիշ կարծիք լսել, ոչ թէ դատում, դատափետում կամ դատաւորութիւն: Այդ բոլորը կը թողում մեր յիմարութիւնները արտադրող ու ղեկավարող տարրին ձեռքը:
ReplyDeleteԿ.Ն.
Harkeli baron Nouripegian,
ReplyDeleteArtiok grnak manramasnel azkayin himaroutyan hartse? Voroun hanteb anhantourjoghoutyoune azkayin himaroutyoun g ngadvi? Gardzikovs harg e orinagner dal vorbeszi gareli ella emprnel "azkayin himaroutyoun" ardahaydoutyoune, vorovhedev aveli part g tvi ellal kan "Azkayin Arachnortaran"-e, "Azkayin tbrots"-e, "Azkayin sahmanatroutyoun"-e...
Yev artiok grnak mezi lousapanel te our e ays "azkayin himaroutyan" ter-e Miatsial Nahankneroun goghme Hayots Tseghasbanoutyan djanachoumin mech.
-Սանահին-
inchbes vor arten kradz ei, azkayin himaroutyan yerevouytneren mege anhantourjoghoutyounn e. Meg goghme chi hantourjer myus goghmin hachoghoutyan yev ays patzahayd ge tartzene teshnamagan veraperoumnerov. orinagner? lav gella vor touk antzamp ays gam ayn goghmin hed hartzazeroutyz ounenak. pavagan gella ayt mege. Isg te ays inch gab ouni tzeghasbanoutyan janachman hed, esadz em vere: janachoume ardakin ourakhagan don me bidi ella, mez nerknabes bidi chi hasountzene.
ReplyDeleteG.N.