Apr 17, 2009

16 ԱՊՐԻԼԻ ԱՌԻԹՈՎ ՆԿԱՏՈՒՄՆԵՐ

Ստորեւ Երեւանի մէջ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովին առիթով կը ներկայացնենք կարգ մը նկատումներ։

1) Թրքական աղբիւրներ շարունակ կը պնդէին, թէ 16 ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան ժողովին ընթացքին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման համաձայնութիւն մը պիտի կնքուի։ Սակայն ահա այդ թուականը անցաւ եւ երկու կողմերուն միջեւ որեւէ համաձայնութիւն չկնքուեցաւ։

Ինչպէս նախապէս նշած ենք, թրքական կողմը յաճախ կը դիմէ ապատեղեկատուութեան հնարքին։

Ինչպէս ծանօթ է՝ «սուտին թելը կարճ կ՚ըլլայ»։ Առաւել, թուրքերը մեծ սխալ գործեցին, երբ այդ ապատեղեկատուութեան մէջ թուական մը ճշդեցին։ Ի վերջոյ, իրենց ճշդած թուականը եկաւ եւ ոչինչ պատահեցաւ։

2) 16 ապրիլին նախորդող ժամանակաշրջանին, մինչ հայ պաշտօնատարները լուռ կը մնային, թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներ շարունակ կը պնդէին, թէ Հայաստան-Թուրքիա համաձայնութիւն մը մօտալուտ է։

Թուրք պաշտօնատարները վերջին շրջանին Ազրպէյճանի կողմէ, ինչպէս նաեւ թրքական ընդդիմադիր կուսակցութեանց կողմէ գործադրուած ճնշումներուն պատճառով կամ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնել դժկամող իրենց ճշմարիտ կեցուածքը բացայայտելով ետդարձ կատարեցին եւ սկսան յայտարարել, թէ նախ եւ առաջ Ազրպէյճան-Հայաստան տագնապը պէտք է լուծուի, ապա՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ հարցերը։ Այժմ, դերերու շրջումով մը, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը կը յայտարարէ, թէ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւնները շատ մօտիկ ապագային պիտի կարգաւորուին։ Յիշենք նաեւ, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան վերջերս յոյս յայտնեց, որ հոկտեմբերին Պոլիս մեկնի՝ օգտագործելով Հայաստան-Թուրքիա բաց սահմանը։

3) 16 ապրիլը նաեւ թրքական կեցուածքին մէջ հակասութիւն մը բացայայտեց։ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի, 8 ապրիլին յայտարարեց, թէ «նախ եւ առաջ Ազրպէյճան-Հայաստան տագնապը պէտք է լուծուի, ապա՝ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ հարցերը», իսկ 16 ապրիլին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճան Երեւան իր ուղեւորութեան ընթացքին յայտնեց, որ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութեանց բնականոնացման բանակցութիւնները պէտք է ընթանան Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման զուգահեռ։

«Վոյս Աֆ Ամերիքա» ձայնասփիւռի կայանը իր կայքէջին վրայ 10 ապրիլին զետեղուած խմբագրականի մը մէջ կը նշէր, որ «Միացեալ Նահանգներ կը յուսան, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութեանց բնականոնացումը նպաստէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման»։ Այլ խօսքով՝ Միացեալ Նահանգներու համար առաջնահերթութիւնը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացումն է։ Ինչպէս ծանօթ է, վերոնշեալ ձայնասփիւռի կայանի խմբագրականները կ՚արտացոլեն ամերիկեան կառավարութեան կեցուածքը, եւ թերեւս այդ կեցուածքը վերոնշեալ կէտերուն կողքին այն ազդակներէն է, որ թուրք պաշտօնատարները շփոթի մատնած է։

No comments:

Post a Comment