Showing posts with label ՃԱՆԱՉՈՒՄ. Show all posts
Showing posts with label ՃԱՆԱՉՈՒՄ. Show all posts

Aug 18, 2009

ԱԿՆԱՐԿ.- ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԹԵՐԹԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱԾ ԳԻՆԸ

«Աւելի լաւ յարաբերութիւններ Թուրքիոյ հետ՝ կրնան օգնել Հայաստանին», Նիքլըս Քլէյթըն, «Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»,13-08-09։ Ամփոփ է լուր-յօդուածը, որուն մէկ բաժինն ալ մէջբերումն է Մոսկուայի «Քառնըկի» կեդրոնի փորձագէտ Մաշա Լիփմանի վերլուծումներուն։ Մեկնաբանական լրատուութիւնը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ «Ազդակ»ի կայքէջի անգլերէն բաժինի միջազգային մամուլ բաժինին մէջ։

«Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»ի հրապարակած այս յօդուածին հիմնական պատգամը ընդգծելն է ռուսական ենթակայութենէն Հայաստանի դուրս գալու հնարաւորութիւնը։ Պարզ է տրամաբանութիւնը. Հայաստան պէտք է բարելաւէ իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ. եւ երբ բացուի հայ-թրքական սահմանը, Հայաստան հնարաւորութիւն կ'ունենայ դէպի Սեւ ծովու եւ դէպի Միջերկրականի նաւահանգիստներուն հետ առեւտրական կապեր կազմակերպելու մատչելիութիւն ապահովել։ Տակաւին, Թուրքիոյ հետ իր սահմանի բացման պարագային, Հայաստան ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան հետ համարկումի ճամբով ուժանիւթի առեւտուրի համար շատ կարեւոր կեդրոնի կրնայ վերածուիլ։


Քանի մը պարբերութեամբ ամերիկեան թերթի էջերուն կ'ուրուագծուի բոլորովին նոր Հայաստան մը, որ դէպի Սեւ ծով եւ դէպի Միջերկրական առեւտրական եռուզեռի կը ձեռնարկէ եւ կը դառնայ ուժանիւթի առեւտուրի տարանցիկ կարեւոր կեդրոն։ Շրջանային նման տարողութեամբ ուժի վերածուելու համար կը բաւէ, որ Հայաստան բարելաւէ իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ եւ Թուրքիան բարելաւման քայլերուն դիմաց բանայ Հայաստանի հետ իր փակած սահմանը։


Ի՞նչ է գինը կտրուկ բարգաւաճում ապահովելու հրաւէր ստացող Հայաստանին այս բոլորը իրականացնելու համար։ Թէեւ ուղղակի չէ բանաձեւուած այս գինը, բայց պարզ է պատգամը. «Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»ը իր ընթերցողներուն յիշեցուցած է, որ Հայ-թուրք յարաբերութիւնները խոչընդոտող հարցը Հայոց ցեղասպանութիւնն է։ Աւելի ճիշդը՝ հիմնական խոչընդոտներէն է։ Բայց երբ, այլ խոչընդոտ չի նշուիր, հարցը բնականաբար կը կեդրոնանայ միայն նշուածին վրայ։


Աւելի պարզացնենք զարգացուած տրամաբանութիւնը։ «Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»ն ու «Քառնըկի» հիմնարկը կ'արտայայտեն Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը. այս պարագային, այդ քաղաքականութեան հայ-թուրք յարաբերութիւններուն վերաբերող բաժինը։ Առաջադրուածը՝ շրջանին մէջ ռուսական գործօնի ազդեցութեան նուազեցումն է։ Միջոցը՝ հայ-թուրք սահմանի բացումը։ Ծրագիրը իրականացնելու գործիքները՝ Թուրքիան եւ Հայաստանը։ Գրաւիչ առաջարկները՝ առեւտուրը, ուժանիւթը, տնտեսական բարգաւաճումը։ Այս բոլորի իրականացման համար առաջարկուած դեղատոմսը՝ հայ-թուրք յարաբերութիւններու բարելաւումը։ Դեղատոմսը ուղղուած է Հայաստանին, խորագիրի ճշդումով իսկ՝ «Աւելի լաւ յարաբերութիւններ Թուրքիոյ հետ կրնան օգնել Հայաստանին»։


Փորձենք ամփոփել խորագիրին հետ կապուած դիտարկում մը։ Հայաստանեան կարգ մը լրատուամիջոցներ նախընտրած են բնագրային խորագիրը փոխել եւ յօդուածը վերնագրել «Հայաստանը կրնայ համարկուիլ ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան հետ»։ Պատճառը յստակ չէ բնագրային թարգմանութեան այս խախտումին։ Կրնայ ենթադրուիլ, որ թարգմանութիւնը կատարուած է «Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»ի այս յօդուածը թարգմանած այլ կայքէջէ, որ ուզած է ընդգծել ռուսական ազդեցութենէ դուրս գալու եւ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան գործընթացներուն ներգրաւուելու շտապողականութեամբ յատկանշուած Հայաստանի այլ դրացի երկրի մը առած քայլերուն հետեւանքները…։


Վերադառնանք պահանջուած գինին։ Խորագիրը քաղաքական միակողմանիութեամբ ակներեւ է։ Թէեւ Թուրքիան փակած է սահմանը, այսուհանդերձ, յարաբերութիւններու բարելաւումը կը պահանջուի Հայաստանէ՛ն։ Ի՞նչ գնով. թերթին ճշդած հիմնական խոչընդոտի վերացման գնով։ Դարձեալ պարզեցնենք լռելեայն առաջարկուածը։ Հրաժարեցէ՛ք Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջէն՝ կ'ունենաք Սեւ ծով, Միջերկրական ծով։ Կ'ունենաք՝ առեւտուր, կը դառնաք ուժանիւթի տարանցիկ կեդրոն։


«Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»ով արտայայտուող քաղաքականութիւնը յայտնապէս բաժնող Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Մեթիու Պրայզան շաբաթներ առաջ կը յայտարարէր, որ հայ-թուրք յարաբերութիւնները սառեցուած վիճակ կը պարզեն։ «Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»ը կրնայ նախանշան մը ըլլալ, որ այդ յարաբերութիւնները վերաջերմացնելու ենթահողի նախապատրաստութիւններ տեսնուին աշխարհաքաղաքական կեդրոններու մէջ։ Մանաւանդ որ սեպտեմբեր-հոկտեմբերը, ինչպէս հայրենի հրապարակագրութիւնը կը սիրէ գործածել՝ սարերուն ետին չեն։


«Ա.»

Jul 26, 2009

ԴԱՐՁԻ ՄՐՑՈՒՄԸ

the Economist-ի բնագիր յօդուածը կարելի է կարդալ հոս.-


(Նկարը the Economist-էն)

«Էքոնոմիսթ»ի ելեկտրոնային հրատարակութեան 23 յուլիս 2009 թուակիր թիւը Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան յատկացուած գրութիւն ունի՝ «Երազներ՝ իրենց հայրերէն» խորագրեալ։ Յօդուածը լուսարձակի տակ առած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքական հիմնադրոյթներն ու երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան վարած քաղաքականութեան հիմնական ոլորտները, դիմագրաւած հարցերը եւ արտաքին քաղաքական ուղեգիծին կիզակէտներուն վրայ յայտնուած հարցերը։

Բնականաբար մեզի համար հետաքրքրական բաժինը հայկական թղթածրարն է։ «Էքոնոմիսթ»ի վերլուծումներով, Թուրքիան Հայաստանի Հանրապետութեան հետ յարաբերութիւններ ստեղծելու համար կտրուկ ձեւով հրաժարած է իր նախապայմանային մօտեցումներէն՝ հայկական զօրքերը Ազրպէյճանի «գրաւեալ» տարածքներէն հեռացնելու առումով։

Հարցը այստեղ կը վերաբերի անշուշտ 22 ապրիլի ճանապարհային քարտէսի համաձայնութեան։ Հակառակ անոր որ ճանապարհային քարտէսի բովանդակութիւնը չէ գաղտնազերծուած, այսուհանդերձ թէ՛ թրքական մամուլի կատարած հրապարակումներուն եւ թէ՛ այս հարցին մասին այլուր երեւցած զանազան գրութիւններու մէջ ղարաբաղեան հարցին ակնարկութիւն չկայ։ Գէթ իբրեւ առանձին կէտ ճանապարհային քարտէսով բանաձեւուած ենթադրեալ բովանդակութեան մէջ։

Հարցը սակայն խաբկանքի յատուկ քաղաքականութեամբ մշուշապատուած է։ Ապրիլ 22-ի միացեալ յայտարարութենէն ետք, ի տես յառաջացած ազրպէյճանական քաղաքական անհանգստութեան բարձրացող ալիքին, Թուրքիոյ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ փութացին տողանցելու Պաքուի պետական հաստատութիւններուն սրահներուն մէջ՝ համոզելու համար իրենց ազրպէյճանցի պաշտօնակիցները, որ հայ-թուրք յարաբերութիւններուն մէջ որեւէ տեղաշարժ բացառուած է՝ առանց Ղարաբաղի հարցի կարգաւորման։ Հաւաստիացումները փաստօրէն վաւերական կը թուէին ըլլալ, որովհետեւ հետզհետէ նուազեցան անհանգստութեան դրսեւորումները։

Չէ բացառուած, որ իսկապէս ճանապարհային քարտէսը ներառած չըլլայ ղարաբաղեան հիմնահարցը։ Սակայն, հետեւեալը պէտք է նկատի ունենանք անպայման։ Ապրիլ 22-ի նախօրեակին, Թուրքիոյ օրուան արտաքին գործոց նախարար Ալի Պապաճան առաջին անգամ ըլլալով կը յայտարարէր, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցութիւններն ու հայ-թուրք յարաբերութիւնները պէտք է ընթանան զուգահեռ։ Այնուհետեւ, հարցերու զուգահեռացման սկզբունքը կը կրկնուէր միջազգային ընտանիքի այս կամ այն ներկայացուցիչին կողմէ։

Ճիշդ այ՛ս է, որ տեղի կþունենայ այսօր։ Ղարաբաղեան բանակցութիւններուն կը փորձուի բեկումնային պահ ապահովել աշխարհաքաղաքական ուժերուն եւ յատկապէս անոնց կողմէ հովանաւորուած Մինսքի եռանախագահներուն կողմէ։ Պէտք է որոշակի, թէկուզ թուացեալ, տեղաշարժ ապահովել ղարաբաղեան գնացքին, իր կարգին տեղէն շարժելու համար հայ-թուրք յարաբերութիւններու համաձայնեցուած առաջին կէտը, որ կրնայ սահմանի բացումը ըլլալ։ Թուրքիան, այդպիսով, թէ՛ յարգած կþըլլայ Զուիցերիոյ միջնորդութեամբ ստորագրած իր փաստաթուղթը, եւ թէ՛ հանգստացուցած կþըլլայ ազրպէյճանցի իր եղբայրները։

Այս հանգամանքներով ալ «Էքոնոմիսթ»ի վերլուծումը համոզիչ չէ։ Ըստ էութեան նպաստաւոր է աշխարհաքաղաքական ուժերու այս հարթութեան վրայ կիրարկած քաղաքականութեան։ Երբ կþըսուի, որ Թուրքիան կտրուկ փոփոխութիւն մտցուց իր քաղաքականութեան մէջ՝ նախապայմանէն հրաժարելով, յստակ ճիգ կը կատարուի ապահովելու Թուրքիոյ խաղաղասիրական նախաձեռնութիւն կատարողի դիմագիծ՝ իր դրացիներուն հետ հարցերը լուծելու կողմնակից եւ այդ բոլորին համար զիջողականութեամբ յատկանշուող Թուրքիա մը ներկայացնելով ընթերցողին։

Հայկական կողմը ուսումնասիրուած քարոզչական արշաւ կազմակերպելու անյետաձգելի անհրաժեշտութեան առջեւ է։ Թրքական քարոզչութիւնը հող շահած է միջազգային լրատուամիջոցներու բեմահարթակներուն վրայ։ Նախապայմանային քաղաքականութիւն կիրարկող Թուրքիան կը ներկայացուի նախապայմաններէն հրաժարած ըլլալու դիրքերու վրայ, մինչդեռ անոր գործադրած քաղաքական գործողութիւնները ճիշդ հակառակ ուղղութեամբ կը զարգանան։

Յօդուածը տակաւին կը խօսի նախագահ Օպամայի ապրիլ 24-ի յայտարարութեան մասին։ Կը բացատրէ, որ Օպամա «Ց» բառը չէ օգտագործած՝ չխանգարելու համար հայ-թուրք յարաբերութիւնները։

Որեւէ յօդուածի եզրակացութիւն կը միտի յօդուածին բովանդակութեան հիմնական շեշտադրումը լուսարձակի տակ բերել եւ առաջադրուած մտածումով աւարտել գրութիւնը։ Ըստ երեւոյթին «Էքոնոմիսթ»ի գնահատականով Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան հիմնական մարտահրաւէրը հայկական խնդիրներն են։ Յօդուածը կþաւարտի վկայակոչելով արեւմուտքցի պաշտօնատար մը, որուն համոզումով Թուրքիա Միացեալ նահանգներու հետ ունի արտակարգ յարաբերութիւններ եւ երբ հարցը կը վերաբերի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի, Թուրքիան կը յաղթանակէ ամէն անգամ։

Կþընդունինք, որ 22 ապրիլի դրութեամբ Թուրքիա-Հայաստան դիւանագիտական խաղը 1-0 յարաբերակցութեամբ կը շարունակուի։ Դարձի մրցումը ուշ չէ։ Մինչեւ հոկտեմբեր, պաշտօնական Երեւանը պէտք է հաշուարկէ տեղի տուած իր բացթողումները, սխալները։ Մարզիչը պէտք է փոխարինէ խմբապետը, եւ ամբողջ խումբը ճիգ կեդրոնացնէ ոչ միայն հակակշռելու արդիւնքը, այլ նաեւ պէտք է յաջողի յաղթական կէտով մը դուրս գալ դարձի մրցումէն։


«Ա.»

May 5, 2009

ԱԴԵՆԱՈՒԵՐ ԵՒ ՎԻԼԻ ԲՐԱՆԴՏ Է ՊԷՏՔ, ՊՐՆ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆ


Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւնների շուրջ ՀՀ իշխանութիւնների հետ տարաձայ նութեան պատճառով քաղաքական կոալիցիայից Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան դուրս գալը մղել է ՀՀ արտաքին գործերի նախարար պրն Էդուարդ Նալբանդեանին հրապարակային եւ խորհրդարանական լուսաբանութիւններ տալու: Ապրիլի 27-ին պրն Նալբանդեանը հարցազրոյց է տուել «Արմենպրես» լրատուական գործակալութեանը` հիմնականում անդրադառնալով Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններին:
Չնայած` այդ հարցազրոյցում արտգործնախարարի ասած կամ չասած մտքերից ու պատասխաններից շատերը նոր հարցականների տեղիք են տալիս, բայց կայ առնուազն մէկ կէտ, որի առնչութեամբ չի կարելի պրն Նալբանդեանին հրապարակաւ չսրբագրել:
Իր պատասխաններից մէկում պրն Նալբանդեանը ասում է, «Գիտէք, ես յոյսով եմ, որ երբ մենք բարելաւենք, կարգաւորենք մեր յարաբերութիւնները, ապա ոչ միայն մեր երկրի` Հայաստանի ղեկավարները կը գան Ծիծեռնակաբերդ` ծաղիկներ դնելու, այլեւ Հայաստանի ղեկավարներին կը միանան Թուրքիայի ղեկավարները: Ինչու՞ մենք չենք կարող անել այն, ինչ որ արեցին Շառլ դը Գոլը եւ Ադենաուերը: Ես վստահ եմ, որ կը գայ այդպիսի օր, եւ այդ քայլը կ'անեն նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիայի ղեկավարները»:
Ժողովրդի լեզուով ասած` «էդ բանը չպիտի ասէիք» պարոն Նալբանդեան: Շառլ դը Գոլն ու Ադենաուերը դարերով իրար դէմ պատերազմած պետութիւնների ղեկավարներ էին, ովքեր 1963-ին ստորագրեցին բարեկամութեան պայմանագիր` նախանշելով նաեւ միացեալ Եւրոպայի մեկնարկը: Ձեր խօսքում, երբ ուզում էք նրանց օրինակով տեսնել Հայաստանի ու Թուրքիայի ղեկավարներին, հայերիս այդ ղեկավարներից ո՞ր մէկի կերպարով էիք պատկերացնում: Տայիք միայն Ադենաուերի անունը` հասկանալի ու ողջունելի կը լինէր:
Վերջապէս, Կոնրադ Ադենաէուրը Գերմանիայի այն կանցլերն էր, որ 1951թ. սեպտեմբերին Բունդեսթագում ունեցած իր ելոյթում ընդունեց Գերմանիայի պարտաւորութիւնը` հատուցում կատարելու Իսրայէլին` որպէս հրեայ ժողովրդի ներկայացուցիչ պետութեանը, նացիստական Գերմանիայի կողմից գործադրուած հրեայ ժողովրդի Հոլոքոստի համար: Այս դէպքում Ձեր համեմատութիւնը իսկապէս ողջունելի կը լինէր: Հնարաւոր է, որ ցանկացել էք ասել` «Ադենաուեր եւ Վիլի Բրանդտ». դա եւս ողջունելի կը լինէր:
Վերջապէս, Վիլի Բրանդտն էր, որ 1970թ. դեկտեմբերի 7-ին Վարշաւայում ծնկի եկաւ 1943թ. Վարշաւայի Գետտոյի ապստամբութեան հրեայ զոհերի յուշարձանի առաջ` որպէս զղջման եւ ներողութիւն խնդրելու արտայայտութիւն:
Այո՛, պրն Նալբանդեան, մենք` հայերս, Շառլ դը Գոլ ունենալու խնդիր չունենք:
Մենք Թուրքիայի կողմից հայոց դէմ գործադրուած Ցեղասպանութեան ժառանգներն ենք, եւ պատրաստ ենք այդ Ցեղասպանութիւնը գործած Թուրքիայի իրաւաժառանգորդ ներկայիս Թուրքիայի հետ յարաբերութիւններ հաստատել առա՛նց նախապայմանների: Բայց Ձեր պատկերացումը, թէ պէտք է անենք այն, ինչ արեց Շառլ դը Գոլը, ոչ միայն անհասկանալի է, այլեւ, անկեղծ ասած, նոյնիսկ մտահոգիչ:
Եթէ մեր արտգործնախարարը չի պատկերացնում ցեղասպան պետութեան ժառանգորդի եւ ցեղասպանութեան թիրախ դարձած ժողովրդի ժառանգորդի պարտաւորութիւնների ու անելիքի տարբերութիւնները, նա կարո՞ղ է մեր պետութեան շահերը ներկայացնել ու պաշտպանել միջազգային ատեաններում եւ այլ պետութիւնների, յատկապէս Թուրքիայի հետ բանակցելիս:
Պրն Նալբանդեան, չարժէ ինչ-ինչ հաշուարկներով, ուրիշներին հաճոյանալու համար, մենք` որպէս պետութիւն, մեզ վրայ վերցնենք Ֆրանսիային նմանուելու կամ որպէս քաղաքական գործչի` դը Գոլին կապկելու որեւէ պարտաւորութիւն: Դա, մեր անհատական կամ հաւաքական թերարժէքութեան բարդոյթից բացի, ուրիշ ոչնչի մասին չի վկայի: Ընդհակառակը, դա միայն կը հարուածի մեր պետութեան շահերին:
Ընդամէնը, պրն Նալբանդեան, մեզ պէտք են թուրք Ադենաուեր եւ էլի թուրք Վիլի Բրանդտ, որպէսզի Թուրքիան զղջում յայտնի եւ հայութիւնից ներողութիւն խնդրի` Հայոց ցեղասպանութեան համար, ամբողջական հատուցում կատարի միջազգային իրաւունքում հայ ժողովրդի ներկայացուցիչ Հայաստանի Հանրապետութեանը եւ միայն այդ ժամանակ ստանայ բարոյական իրաւունք` իր ղեկավարների միջոցով ծնկաչոք յարգելու մեր նահատակների յիշատակը Ծիծեռնակաբերդում:
Առանց ներողութեան, առանց զղջման, առանց պատասխանատուութեան ստանձնման եւ առանց հատուցման` Թուրքիայի կողմից որեւէ բարձրաստիճան պաշտօնեայի յայտնուելը Ծիծեռնակաբերդում պարզապէս կը պղծի մեր նահատակների յիշատակը: Նորից չսխալուէք, պրն Նալբանդեան:

ԴԱՒԻԹ ՏԷՐ-ԴԱՒԹԵԱՆ
«Երկիր»

5 մայիսի 2009

Apr 29, 2009

ՀՅԴ ԿԸ ԴԱԴՐԵՑՆԷ ԻՐ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԿԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ

«ԱԶԳԱՅԻՆ ԳԱՂԱՓԱՐԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐԸ ՀՅԴ-Ի ՀԱՄԱՐ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆ ՍՐԲՈՑ ԵՆ»

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ


Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յայտարարում է քաղաքական համաձայնական կառավարութեան իր մասնակցութիւնը դադարեցնելու մասին:
Նկատի ունենալով խնդրի քաղաքական նշանակութիւնը, հանրային հնչեղութիւնը եւ հետեւանքները` անհրաժեշտ ենք համարում պարզաբանել այս քայլի պատճառները:
Նախ` ՀՅԴ-ն համաձայնական կառավարութեան մաս կազմեց նախագահական ընտրութիւններից յետոյ երկրում ստեղծուած ճգնաժամը, հայկական երկու պետութիւնների անկախութեանն ու անվտանգութեանն ուղղուած ռազմաքաղաքական սպառնալիքները միասնական ուժերով յաղթահարելու եւ համակարգուած բարեփոխումներ իրականացնելու նպատակադրումով:
Այս ընթացքում որոշակի յաջողութիւններ արձանագրուեցին, սակայն անյաղթահարելի սկզբունքային տարաձայնութիւն առաջացաւ արտաքին քաղաքականութեան ուղեգծի շուրջ:
Մենք մշտապէս համոզուած ենք եղել, որ պետութեան ազգային անվտանգութեան ռազմավարական ուղղութիւններից մէկը Հայոց ցեղասպանութեան համընդհանուր, մասնաւորապէս` Թուրքիայի կողմից ճանաչումն ու դատապարտումն է: Սա դիտարկուել է ոչ միայն պատմական արդարութեան վերականգնման, այլեւ շրջանում փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի բարելաւման եւ ապագայում նման ոճիրների կանխարգելման համաթեքսթում: Այս առումով, ինչպէս արդէն յայտարարել ենք, մեզ համար անընդունելի ու դատապարտելի էր ապրիլի 24-ի անմիջական նախօրէին եւ Թուրքիայի ղեկավարների հակահայկական, նախապայմաններ թելադրող կեցուածքների համաթեքսթում Հայաստանի ու Թուրքիայի արտաքին գործերի նախարարութիւնների համատեղ յայտարարութեան ընդունումը: Ունենք նաեւ սկզբունքային տարաձայնութիւններ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններում արծարծուող որոշ դրոյթների վերաբերեալ Հայաստանի իշխանութիւնների դիրքորոշման հարցում: Այդ դրոյթների վերաբերեալ ամբողջական տեսակէտները կ՚արտայայտենք դրանց հրապարակային քննարկումների ժամանակ:
Յետայսու ՀՅ Դաշնակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական դաշտում գործելու է նոր` ընդդիմադիր ուժի կարգավիճակով: Մեր հիմնական առաջնահերթութիւնները լինելու են.
1.- Դառնալ իշխանութեան լիարժէք այլընտրանք` բոլոր հիմնահարցերի վերաբերեալ առաջարկելով սեփական ծրագրերն ու լուծումները:
2.- Որպէս ընդդիմութիւն ստանձնել իշխանութիւններին արդիւնաւէտօրէն հակակշռելու եւ զսպելու դերակատարութիւն:
3.- Իրականացնել անհրաժեշտ գործառոյթներ` քաղաքական դաշտի առողջացման եւ բիւրեղացման, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն քաղաքակիրթ յարաբերութիւնների ձեւաւորման, ընկերային արդարութեան հաստատման եւ ժողովրդավարութեան ամրապնդման նպատակով:
4.- Ծաւալել նախընտրական խոստումներից բխող ամբողջական գործունէութիւն՝ դրսեւորելով ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարաքաղաքական ինքնատիպութիւնը:
5.- Հայ-թուրքական յարաբերութիւնների, Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացներում առաջնորդուել բացառապէս ազգային-պետական շահերի եւ նպատակների գերակայութեամբ:
Մենք գնահատելի ենք համարում համաձայնական կառավարութեան գործընկերների հետ համատեղ գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն ենք մաղթում նրանց աշխատանքներին` ի շահ մեր պետութեան եւ ժողովրդի:


ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆ


27 ապրիլ, 2009

Apr 10, 2009

ՆՊԱՏԱԿՆ ՈՒ ՄԻՋՈՑԸ

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու ընտրական խոստումէն ի վեր հայ հասարակութեան մէջ յառաջացան արդարացի ակնկալութիւններ, ինչպէս նաեւ անցեալի փորձառութիւններէն մղուած նախատեսութիւններ, իսկ Թուրքիա այցելութեան ընթացքին Օպամայի արտասանած խօսքերէն ետք, այդ տարատեսակ նախատեսութիւնները առաւել եւս աշխուժացան։
Բայց եւ այնպէս, հարկ է ուշադիր ըլլալ եւ չարտօնել, որ անմիջական ակնկալութեանց յորձանուտին անձնատուր ըլլալով՝ նպատակն ու միջոցը իրարմէ զատորոշելու ողջախոհութիւնը կորսուի։
Հայ ժողովուրդը արդարութեան վերականգնումը կը պահանջէ։ Անոր նպատակը իր կրած կորուստներուն փոխհատուցումն ու կալուածներու եւ հողերու վերադարձը ապահովելն է, եւ ոչ թէ այս կամ այն երկրին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը։
Անշուշտ որեւէ նպատակ իրականանալու համար միջոցներու կը կարօտի, եւ 1965-էն ի վեր շուրջ քսան երկիրներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ապահովումը այդ նպատակի իրականացման միջոցներէն մէկն է։
Մեր նպատակը Միացեալ Նահանգներուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը ապահովելը չէ, մանաւանդ որ Միացեալ Նահանգներ նախապէս երեք առիթներով արդէն իսկ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Ներկայացուցիչներու տունը 1975-ին եւ 1984-ին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւեր որդեգրած է, իսկ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ռոնըլտ Ռիկըն 1981-ին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող նախագահական ուղերձ մը հրապարակեց։ Հակառակ այս բոլորին, հայկական պահանջատիրութիւնը շարունակեց իր ընթացքը։
Միւս կողմէ՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առնչութեամբ նախընտրական խոստումներ տուած Պիլ Քլինթըն եւ Ճորճ Պուշ խոստմնադրուժ եղան, սակայն հայկական պահանջատիրութիւնը չընկրկեցաւ եւ դարձեալ շարունակեց իր երթը։
Ինչպէս արդէն նշեցինք, Միացեալ Նահանգներու կողքին բազմաթիւ այլ պետութիւններ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ եւս ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն հայկական պահանջատիրութիւնը հայ ժողովուրդի աննկուն կամքին շնորհիւ կը յարատեւէ։
Ինչպէս անցեալին թէ՛ հիասթափութեանց եւ թէ՛ ուրախութեանց պահերը չկրցան մեր ընթացքը կասեցնել, որեւէ պատճառ չկայ, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցով Օպամայի վարչակազմին կեցուածքը արգելակէ հայկական պահանջատիրութեան ընդհանուր հոլովոյթին գնացքը։

Apr 8, 2009

EXCHANGE

Երկուշաբթի օր Անգարայի մէջ նախագահներ Օպամայի եւ Կիւլի միացեալ մամլոյ ասուլիսին առաջին հարցումը կը վերաբերէր Միացեալ նահանգներու նախագահին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը ընդգծող նախընտրական խոստումին։ Նախագահ Օպամա կը բանաձեւէր՝ «իմ տեսակէտներս (Հայոց ցեղասպանութեան մասին. «Ա.») չեն փոխուած, սակայն քաջալերուած եմ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ առկախ հարցեր լուծելու համար ընթացող բանակցութիւններու շարքէն։ … Կ՚ուզեմ կարելի եղածին չափ քաջալերական ըլլալ այդ բանակցութիւններուն հարցով, որոնք յառաջ կ՚ընթանան եւ կրնան արդիւնաւորուիլ շատ արագ՝ մօտ օրէն։ Ուստի չեմ ուզեր իմ տեսակէտներուս վրայ կեդրոնանալ, այլ՝ թուրք եւ հայ ժողովուրդներուն։ Եթէ անոնք կրնան յառաջ ընթանալ եւ դժուար ու ողբերգական պատմութեան մը շուրջ աշխատանք տանիլ, ապա կը կարծեմ, որ ամբողջ աշխարհը պէտք է այդ մէկը քաջալերէ»։
Բանաձեւումը խառն պատգամներ կը փոխանցէ։ Կարելի է թէ՛ դրական եւ թէ՛ բացասական մեկնաբանութիւններ զարգացնել այս ամփոփ բանաձեւումին բովանդակութիւնը տարբաղադրելով։ Ամէն բանէ առաջ չմոռնանք, որ յայտարարութիւնը կը կատարուի նախագահ Օպամայի Թուրքիա տուած այցելութեան ընթացքին։ Իրադարձութիւններուոն հետեւողները կրնան հետեւցնել թէ ցեղասպանութեան միանշանակ ճանաչումը հակազդեցութեան ի՛նչ ալիք կրնար բարձրացնել արդէն իսկ այս հարցով Թուրքիոյ մէջ ծայր առած համապետական խուճապային իրավիճակին մէջ։
տակաւին՝ թէ ի՛նչպիսի քաղաքական գայթակղութեամբ կրնար աւարտիլ Միացեալ նահանգներու նախագահին Թուրքիա այցելութիւնը եւ առ հասարակ ինչ իրավիճակ պիտի պարզէր թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները։ Յարաբերութիւններ, որոնք այսօրուան դրութեամբ եւ նկատի ունենալով Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ նախագահ Օպամայի արտասանած ճառին բովանդակութիւնը նոր բեկումներ ապահովելու բոլոր նախադրեալները կը նախանշեն։ Միաժամանակ սակայն, իր պաշտօնավարութեան առաջին շրջանին խոստումնադրուժ նախագահի հռչակ շահելու քաղաքական ճնշումը բնական կարգով կացութիւններ պարտադրելու կը մղէ նոր աշխարհակարգ խոստացող եւ քաղաքական կարեւոր բեւեռ ներկայացնող պետութեան մը ներկայացուցիչին համար։ Մանաւանդ որ ա՛յս նախագահը իր ընտրութեան յաջողութեան գրաւականը խարսխած էր փոփոխութիւն կարգախօսին վրայ։ CHANGE։
Այս սիւնակներէն քանի մը առիթով արծարծած էինք այն տեսակէտը, որ հարցը պատմական ճշմարտացիութիւն մը ամրագրելէն աւելի պետական շահերու ներշնչումի լոյսին տակ առնուելիք քայլերու կը վերաբերի։ Եւ թէ՝ վերը նշուած երկու հանգամանքներու նկատառումով այս հանգրուանին աւելի կը իրատեսական կը թուի «միջին» բանաձեւումը։ Անգարայի մէջ արտասանուածը կը մնայ միջինի սահմաններուն մէջ։ Պարզենք։
Նախ, յայտարարելը, որ կը մնամ անձնական տեսակէտներուս վրայ կ՛ենթադրէ թէ կը շարունակէ համոզուած մնալ ցեղասպանութեան ճանաչումի անհրաժեշտութեան։ Նախընտրական եւ յետընտրական ժամանակաշրջանին ծերակուտական Օպամայի եւ նախագահ Օպամայի համոզումները Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առումով կը մնան նոյնը։ Այս մէկը նախագահ Օպամա բացայայտ կը դարձնէ թրքական պետական շրջանակներուն. նաեւ՝ համայն աշխարհին։ Այս բաժինը դժգոհ չի ձգեր հայկական կողմը։ Հիմա նայինք թէ խառն պատգամին ո՞ր բաժինն է, որ դժգոհ չի ձգեր այս անգամ թրքական կողմը։ «Եթէ անոնք կրնան յառաջ ընթանալ եւ դժուար ու ողբերգական պատմութեան մը շուրջ աշխատանք տանիլ, ապա կը կարծեմ, որ ամբողջ աշխարհը պէտք է այդ մէկը քաջալերէ»։ Դժուար ու ողբեգրական պատմութեան մը շուրջ աշխատանք տանիլը ի՞նչ կը նշանակէ։ Դիւանագիտական բառակապակցութիւններու օգտագործումով պարզապէս շեշտել պատմագէտներու միացեալ յանձնաժողովի մը կազմութեան անհրաժեշտութիւնը։ Ինչ որ Թուրք պետութեան հետեւողական պահանջն է։ Ի վերջոյ պատմութեան վերաբերող աշխատանքը պատմագէտներու գործ է եւ միասինը՝ այս պարագային միացեալ յանձնաժողովի ակնարկութիւն է։ Յաւելեալ կէտ մը, որ կրնայ հանգիստ ընկալուիլ թրքական կողմէն։
Նախագահ Օպամա կ՛ըսէ, որ այժմ առաջնային խնդիրը հայ-թուրք յարաբերութիւններու բնականոնացումն է,
աւելի մանրամասն քննարկում կատարելը կարելի է անշուշտ։ Տարբաղադրման եզրակացութիւնը յստակ է։ Միեւնոյն յայտարարութեան մէջ երկու կողմերը գոհ ձգող եւ երկու կողմերը դժգոհ ձգող բովանդակութիւն, որ կրնայ նախանշել ուաշինկթընեան յայտարարութեան էութիւնը, որուն մէջ չէ բացառուած նաեւ ցեղասպանութիւն բառեզրի օգտագործումը։ Նախագահը կրնար ըսել օրինակ, Ցեղասպանութեան հարցով իմ տեսակէտներս կը մնան նոյնը, սակայն այժմ պէտք է կեդրոնանան հայ-թուրք յարաբերութիւններու բնականոնացման առաջնահերթութեան վրայ. հայերը եւ թուրքերը միասնաբար պատմութեան ողբերգական էջերուն պէտք է տան գնահատական, եւայլն։ Փոփոխութիւն կա՞յ այս բոլորին մէջ։ Անշուշտ. սակայն, ի տարբերութիւն նախընտրական ճառերու բովանդակութեան, այստեղ միջպետական շահերու ըմբռնման փոխանակում կայ աւելի քան հիմնական փոփոխութիւն։
Աւելի EXCHANGE քան CHANGE։

Apr 7, 2009

«ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՏԵՍԱԿԷՏՍ ՉԵՄ ՓՈԽԱԾ, ՍԱԿԱՅՆ...»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի Թուրքիա այցելութիւնը եւ այդտեղ անոր արտասանած խօսքը երկար ատենէ ի վեր անհամբեր կը սպասուէր՝ նկատի ունենալով, որ անոնք Միացեալ Նահանգներու մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին մասին կարեւոր ցուցանիշ մը կրնան ըլլալ։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի եւրոպական եւ եւրասիական հարցերու օգնականի պաշտօնին համար Օպամայի առաջադրած թեկնածուին կողմէ «ցեղասպանութիւն» բառի օգտագործումէն խուսափելէն, Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան զօրակցելէ եւ ՕԹԱՆ-ի նոր ընդհանուր քարտուղարի ընտրութեան ընթացքին Թուրքիոյ մտավախութեանց երաշխաւորի պաշտօնը ստանձնելէ ետք, Միացեալ Նահանգներու նախագահը Թուրքիոյ նախագահին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, թէ կը շարունակէ 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն նկատել, սակայն Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ մերձեցման գործընթաց մը գոյութիւն ունի եւ ինք կ՚ուզէ այդ գործընթացը քաջալերել եւ ոչ թէ զայն խանգարել։
Նկատի ունենալով, որ Թուրքիա բազմիցս սպառնացած է, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կրնայ խանգարել Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը, Օպամայի խօսքերը մտածել կու տան, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը որոշած է իր նախընտրական խոստումը ձեւափոխել կամ առնուազն անոր գործադրութիւնը յետաձգել։ Վերջերս միջազգային օրաթերթ մը յառաջ քշած էր այն վարկածը, թէ Օպամա ընդամէնը պիտի յետաձգէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը՝ փոխարէնը Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութեանց բնականոնացման գործընթացին մէջ արագ եւ նկատառելի ձեռքբերում մը պահանջելով։
Ուշագրաւ է այն երեւոյթը, որ Օպամա մամլոյ ասուլիսին ընթացքին երկու անգամ ակնարկեց Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ընթացող բանակցութիւններուն ծիրին մէջ արդիւնքի մը վերաբերեալ մօտալուտ յայտարարութեան մը։ Վերջին օրերուն միջազգային մամուլը եւս անանուն դիւանագէտներ վկայակոչելով յաճախակի կերպով կ՚անդրադառնար այդ ծիրին մէջ յայտարարութեան մը մօտալուտ ըլլալուն։
Այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնելու ըլլանք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին կիրակի օր Պոլիս մեկնելէ հրաժարիլն ու ապա, ըստ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթի, երէկ երեկոյեան Պոլիս ժամանելը, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի նախագահին Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող հանդիպումը անդրդուելի կերպով պոյքոթի ենթարկելը, կրնանք եզրակացնել, որ յառաջիկայ քանի մը շաբաթները կրնան յղի ըլլալ նոր իրադարձութիւններով։

Apr 4, 2009

16-Ը՝ 5-էն ԵՏՔ եւ 24-ԷՆ ԱՌԱՋ

Յատկապէս թրքական եւ ինչու չէ նաեւ արեւմտեան որոշ մամլոյ ներկայացուցիչներ կրնան այն տպաւորութիւն ձգած ըլլալ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահին Անգարա այցելութեան առանցքային բաժինը հայ-թրքական յարաբերութիւններու թղթածրարը պիտի ըլլայ, որուն կը ներառուի նախագահ Օպամայի կողմէ ապրիլ 24-ի օրը Ցեղասպանութիւն բառեզրի օգտագործման հաւանականութիւնը։
Քաղաքական օրակարգը այս այցելութեան ի հարկէ բացառապէս հայ-թուրք յարաբերութիւններուն չի վերաբերիր։ Օրակարգի կէտերէն մէկը անշուշտ այդ թղթածրարի քննարկումն է։ Սակայն յատկապէս թրքական կողմը կը շարունակէ տարածել քարոզչական ալիք մը՝ համոզելու համար հանրային կարծիքը, որ հայ-թուրք յարաբերութիւններու գործընթացին մէջ բեկումնային պահ կը դիմագրաւեն կողմերը։
Այս սիւնակներէն արծարծած ենք բեկումնային պահուան մասին տպաւորութիւն ստեղծելու թրքական պետական քաղաքականութեան շարժառիթները։ Շատ ամփոփ՝ արգելակել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացը։ Փոխանցել պատգամ՝ երրորդ կողմի միջամտութիւնները պէտք է բացառել։ Հայերն ու թուրքերը կ՚առաջնորդուին դէպի բնականոն յարաբերութիւններ։
Ակնկալուած, ակնարկուած բեկումը, յայտնաբար կը վերաբերի հայ-թուրք սահմանադրան բացումին։ Պահ մը մէկ կողմ դնենք թրքական զանգուածային լրատուամիջոցներուն կողմէ կազմակերպուած լրատուական հեղեղումը եւ կեդրոնանանք արեւմտեան հեղինակաւոր մամլոյ ներկայացուցիչներուն տարածած տեսակէտներուն վրայ։ Բարացուցական վերջին օրինակը Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»ն է, որ քայլ մը առաջ կ՚երթայ ցարդ երեւցած մեկնաբանութիւններէն ու կանխատեսումներէն եւ կը խօսի նոյնիսկ թուականի մասին։ Սահմանադրան բացումը տեղի պիտի ունենայ 16 ապրիլին, ըստ համաշխարհային հռչակ ունեցող թերթին, որ իր տեղեկութիւնը հիմնած է պրիւքսելեան աղբիւրներուն վրայ։ Հաւաստիութեան յղումը ինքնին եւրոպական քաղաքական միջավայրը կը ներքաշէ այս լաւատեսական մթնոլորտի տարածման քաղաքականութեան մէջ, որ ինչպէս թրքական է, այնպէս ալ նոյն տարողութեամբ արեւմտեան, մինչ լռութիւնը կը շարունակուի պաշտօնական Երեւանի պետական շրջանակներուն մէջ։
Հիմա փորձենք տեսնել, թէ ի՛նչ իմաստ կը ներփակէ ապրիլ 16-ը։ Առաջին հայեացքով այս մէկը նախօրեակն է ապրիլ 24-ին, այս պարագային Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ սպասուած ճառին։ Միաժամանակ կայացած եւ անցեալ կ՚ըլլայ արդէն նախագահ Օպամայի Անգարա այցելութիւնը։ Տակաւին. այն օրն է, երբ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը ենթադրաբար Սեւծովեան երկիրներու համագործակցութեան շրջագիծին մէջ պիտի այցելէ Երեւան։ Պատահական թուական չէ ուրեմն ապրիլ 16-ը։ 5-էն ետք եւ 24-էն առաջ։
Շատ են մեկնաբանութիւնները, վերլուծումներն ու կանխատեսումները։ Քաղաքական պահանջ-հակապահանջ պարանաձգութեան մէջ ամէնէն տրամաբանական տարազը կրնայ ըլլալ սահմանադրան բացումի պահանջին դիմաց ցեղասպանութեան բառեզրի այս հանգրուանին շրջանցումը նախագահ Օպամայի կողմէ։ Յայտնաբար սակայն, հարցը այս հանգրուանին կը կեդրոնանայ ցեղասպանութեան ամերիկեան ճանաչումէն աւելի Հայաստան-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու մեկնարկին եւ անոր հետ անմիջականօրէն կապուած սահմանադրան բացումին վրայ։ Այստեղ է, որ մղիչ կամ արգելակիչ գործօնի դեր պիտի ունենայ նախագահ Օպամայի ճառին բովանդակութիւնը։ Թրքական գերաշխուժացումին դիմաց հայկական լռութիւնը հիմնաւորեալ բացատրութիւն չունի նոյնիսկ քաղաքական մեկնաբաններու կողմէ։
Այս բոլոր հարցադրումներով յատկանշուած երեւոյթներուն մէջ մէկ յստակ դիտարկում կարելի է ընել։ Ղարաբաղեան գործօնը դուրս մղուած է այս հանգրուանին, ինչ որ քաղաքական մեծ անհանգստութիւն կը պատճառէ Ազրպէյճանին, որ այս հարթութեան վրայ արձանագրուող որեւէ թէկուզ ձեւական տեղաշարժի նուազագոյն դրսեւորումներուն ցոյց կու տայ քաղաքական արտակարգ գերզգայնութիւն։ Ազրպէյճան եւս հայկական կողմին նման կը պահէր լռութիւն։ Երէկ էր միայն, որ ազրպէյճանական եւ թրքական լրատուամիջոցները փութացին հաղորդելու, որ նախագահ Ալիեւ որոշած է չմեկնիլ Անգարա՝ իսլամ երկիրներ-Արեւմուտք շուտով տեղի ունենալիք գերաստիճանին առիթով։ Նկատառելի մեկնաբանութիւններ Ալիեւի մետասաներորդ պահու որոշումը կը կապեն հայ-թրքական յարաբերութիւններու հաւանական բարելաւման օրակարգին, աւելի մասնակիօրէն՝ ղարաբաղեան թեմայի շրջանցումով սահմանադրան բացումի հաւանականութեան։ Ի վերջոյ, Թուրքիոյ կողմէ սահմանադրան փակումը հիմնաւորուած էր Քելբաջարի հայկական ուժերու կողմէ ազատագրումով եւ վերաբացումը կը պայմանաւորուէր հայկական ազատագրուած տարածքներէն հայկական ուժերու հեռացումով։
Ղարաբաղեան թեմայի դուրս բերումը հայ-թուրք յարաբերութիւններու բնականոնացման բեկումնային պահու նախօրեակին, նոյնիսկ յայտարարողական, լրատուական եւ վերլուծական մակարդակներու վրայ դիտարժան երեւոյթ է։
Պարզ էր, որ որքան հայ-թուրքական, այնքան եւ աւելի՝ գործընթացները կապակցուած էին թուրք-ամերիկեան, թուրք-ռուսական եւ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն հետ։ Կը թուի, որ այսուհետեւ նաեւ՝ թուրք-ազրպէյճանական, որ հայ-թուրք յարաբերութիւններու առնչութեամբ ակնկալուած բեկումի պարագային կրնան նախկին իրավիճակը չունենալ։
Թէ բեկումը տեղի կ՚ունենա՞յ կամ ոչ՝ իր կարգին։ Բայց եթէ տեղի ունենայ՝ սահմանադրան բացումին դիմաց ի՞նչ պիտի ստանան թուրքերը։ Հայկական կողմին լռութիւնը հարցականներու դուռ կը բանայ։ Պաշտօնական Երեւանն է, որ կրնայ փարատել հայկական քաղաքական երկինքին վրայ կուտակուող ամպերը։

Apr 1, 2009

ԱՏԱՆԱՅԻ ՋԱՐԴԵՐՈՒՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Դար մը հեռաւորութիւն՝ թրքական իշխանութիւններուն կողմէ իրականացուած Ատանայի ջարդերէն։ Հայաստանեան եւ սփիւռքեան հանգամանաւոր կեդրոններու կողմէ կը նախապատրաստուի հանրային-հասարակական, ինչպէս նաեւ ակադեմական-մտաւորական շրջանակներու ուշադրութեան կիզակէտին վերածել Ատանայի ջարդերու 100-ամեակը։

Գիտաժողովներ, զեկուցումներ, պատմագիտական ուսումնասիրութիւններ, յուշագրական գրականութիւն, նոր ու անտիպ լուսանկարներ եւ տակաւին հայրենակցական աշխատանքներու հարթութեան վրայ աւանդութիւններու, սովորութիւններու վերաներկայացման առիթներ։ Գիտական մօտեցումները այս բոլորին մէջ ի հարկէ շնորհակալ գործ կատարած կ՚ըլլան թրքական ծրագիրները բացայայտելու, դէպքերուն կանխամտածուած ըլլալը փաստելու, առարկայական փաստացի տուեալները վերաամրագրելու։

Ատանայի ջարդերու 100-ամեակի նշումին նախասահմանուած տարողութիւնը կը նախանշէ, որ անգամ մը եւս կը վերաշեշտուի՝ պատմագիտական համատեղ յանձնաժողովով տխուր դէպքերուն գնահատական տալու թրքական նախաձեռնութիւն-առաջարկին հիմնովին քաղաքականացուած հանգամանքը։

Ատանան, իր պատմութեամբ, դէպքերու ահաւորութեամբ, զոհերու թիւով յստակ ընդգծումներ կը կատարէ հայասպանութեան պետական քաղաքականութեան։ Եւ ոչ միայն Ատանան անշուշտ։

Ատանան պէտք է ներկայացուի ընդհանուր պարունակին մէջ, հայասպանութեան տարիներու վրայ երկարող քաղաքականութեան ծիրին մէջ։ Ատանան պարզապէս մէկ հանգրուանն է թրքական տարբեր իշխանութիւններու իրականացուցած ծրագիրին՝ հայաթափութեան, տեղահանման, բռնագաղթին, ջարդին, հայասպանութեան։ Մէկ բառով՝ Ցեղասպանութեան։

Երեւոյթին, իրողութեան տարանջատումը՝ թշնամիին համար կրնայ ծառայեցուիլ շահարկման թեմայի։ Փաստօրէն հայկական կողմը եւս Ատանայի մասին գրած, խօսած, ներկայացում կատարած միջոցին կ՚օգտագործէ ջարդ, կոտորած, ողբերգութիւն բառեզրերը։ Ճիշդ է միանգամայն, որ բառեզրերու օգտագործումը խիստ քաղաքականացուած մօտեցումներով կը կատարուի։ Եթէ Ատանայի ջարդերը այս օրերուն պատահէին, միջազգային ընտանիքը, միայն Ատանային համար կրնար գնահատական տալ՝ «Ցեղասպանութիւն» բառեզրի օգտագործումով, մանաւանդ, եթէ օրուան իրականացնող կողմին նկատմամբ քաղաքական ճնշում բանեցնելու միջազգային կամ գերպետական միտում նկատուէր։

Տարին առիթ է լուսարձակի տակ բերելու Ատանայի կոտորածները։ Մենք պարտաւոր ենք պատմագիտական, յուշագրական, մշակութային, հոգեւոր եւ ազգագրական լուսարձակներուն առընթեր, նկատի ունենալ քաղաքական խաղի կանոնները։ Եւ մնալ ընդհանուր շրջածիրին մէջ՝ Ատանան ներկայացնելով ցեղասպանական ընդհանուր քաղաքականութեան մէկ ահաւոր հանգրուանը։

Շարունակենք քաղաքական մօտեցումներու տրամաբանութիւնը։ Ատանայի կոտորածներուն 100-ամեակը առիթ է դիմազերծելու պաշտօնական Անգարայի այսօրուան յայտարարութիւններուն հեղինակները։ Եւ այս առումով գիտական թղթածրարները, օտարազգի պաշտօնական անձնաւորութիւններու վկայութիւնները, արխիւնե՛րը մանաւանդ, ստուար նիւթեր են քաղաքական այդ բացայայտումները կատարելու համար։ Պատմագէտներու համատեղ յանձնաժողովի գաղափարը ճիշդ է, որ հիմնականին մէջ կը նպատակադրէ ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացի առկախումը։ Այսուհանդերձ կը նախանշէ նաեւ, որ արխիւներու մակարդակով պաշտօնական Անգարան լուրջ պատրաստութիւն տեսած է։ Ատանայի 100-ամեակին առիթով նոր յայտնութիւններու աշխատանքը կրնայ փաստարկ-հակափաստարկ պայքարին մէջ մեծ առաւելութիւններ ապահովել եւ նպաստել ընդգծելու համար համատեղ պատմագիտական յանձնաժողովին անտեղի եւ անիմաստ ըլլալը։

Հայ-թուրք յարաբերութիւնները, ըստ քաղաքական յայտարարութիւններուն եւ մամլոյ վերլուծումներուն, նոր հանգրուան մը թեւակոխելու սեմին են։ Ատանայի 100-ամեակի ճիշդ արծարծումը, լուսարձակներու բազմացումը եւ մանաւանդ ներկայացուելիք հարցերուն ցեղասպանական ընդհանուր քաղաքականութեան մէջ տեղաւորումը առաւելներ կ՚ապահովեն հայկական կողմին համար։ Քաղաքական կէտեր ապահովելու համար գիտական պատրաստուածութիւնը անշրջանցելի գործօն է։ Հարցի արծարծումը թէ՛ հայաստանեան եւ թէ՛ սփիւռքեան կողմերէն է, ինչ որ կը խախտէ նաեւ թրքական խաղի կանոնը՝ այս հարցերուն մէջ հայաստանեան չափաւորականութեան եւ սփիւռքեան ծայրայեղականութեան միջեւ խրամատներ բանալու։

1 ապրիլ 1909-ը հայկական պատմագրութեան մէջ ծանօթ է իբրեւ Կիլիկիոյ ջարդերու սկիզբ։ 1 ապրիլ 1920-ը՝ իբրեւ թրքական յարձակումներու դիմաց այնթապահայոց ինքնապաշտպանողական մարտերու սկիզբ։ Համիտեան ջարդերէն, անցնելով երիտասարդ թուրքերու հայաջինջ քաղաքականութիւն եւ հասնելով մինչեւ քեմալական օրերու հայասպանութիւն իրականացնող ծրագիրներ պէտք է կարմիր թելի պէս տեսնել ու ցոյց տալ առանցքը՝ ցեղասպանական քաղաքականութիւնը։

Ատանայի 100-ամեակը համահայկական տարողութեամբ պիտի ստեղծէ առիթ այս հարցերը արծարծելու։ Ցեղասպանական քաղաքականութեան ընդհանուր պարունակին մէջ։