Aug 26, 2009

ԱԶՐՊԷՅՃԱՆԱԿԱՆ ԳՐՈՀ՝ WIKIPEDIA-Ի ԴԷՄ

ԱԿՆԱՐԿ
Համացանցային տարածքներու վրայ ուշագրաւօրէն գերաշխուժ իրավիճակ կը ցուցաբերէ «Ճշմարտութեան պատմութիւնը-հայկական պնդումները» վերնագիրը կրող կայքէջը։ Նկատառելի արագակշռութեամբ մը այս կայքէջին վրայ կը տեղադրուին զուտ հայկական հարցերու վերաբերող ապատեղեկատուութեան մը անվերջանալի շղթայի օղակները։ Անոնք, որոնք հայկական նիւթերու վերաբերեալ «Կուկըլ-ալըրթ»ի լրատուութիւնները կը ստանան իրենց ելեկտրոնային նամակատուփերուն մէջ, յստակօրէն կը պատկերացնեն, թէ ի՛նչ կշռոյթի եւ ի՛նչ տարողութեան մասին է խօսքը։ Ասիկա թուրքերու մղած տեղեկատուական պատերազմին նորագոյն միջոցներէն կը թուի ըլլալ, որ աննկատ պէտք չէ անցնի հայկական տեղեկատուադաշտի համապատասխան բաժանմունքներու պատասխանատուներէն։ Բառին ամբողջական իմաստով ապատեղեկատուական գրոհ է, որ տեղի կ’ունենայ, որ թէեւ չյայտարարուած, այսուհանդերձ բոլոր նախադրեալները կը պարփակէ համոզելու, որ գրոհը կը կրէ թրքական պետութեան հովանաւորութիւնը, նեցուկը, եթէ ոչ՝ կը մատնէ անոր նախաձեռնութիւնը։

Թրքական տեղեկատուական գրոհին առընթեր, երէկ երեկոյեան, ազրպէյճանական «Թուտէյ ազ»ը ելեկտրոնային շրջանառութեան մէջ դրաւ քարոզչաքաղաքական անհանգստութիւն մը։ Խօսքը կը վերաբերի ազրպէյճանական «Թուտէյ ազ» յայտնի կայքէջին, որուն հրապարակած յօդուածը զօրակոչի կը հրաւիրէ ազրպէյճանցի հասարակութիւնը։
Հարցը հետեւեալն է. «Ուիքիփետիայի վրայ Ազրպէյճան-Հայաստան պատերազմը կը շարունակուի» խորագրեալ գրութիւնը կը բողոքէ, որ «Հայաստան», «Արցախ», «Ղարաբաղ», «Արցախեան հակամարտութիւն» բառերը, եթէ «Ուիքիփետիա»ի որոնման բաժինին մէջ դրուին, որոնողին կը տրամադրուին «սխալ» տեղեկութիւններ։ Պարզ է, որ խօսքը ինչի մասին է։ Միտք բանին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն նշուած է Արցախը, որ պատմական Հայաստանի մաս կազմած է։

«Ուիքիփետիա»ի այցելուները գիտեն, որ բաց հանրագիտարանի ելեկտրոնային այս տարբերակը կ’ընդունի նաեւ այցելու-ընթերցողին կողմէ տրամադրուող տուեալներ, տեղեկութիւններ՝ տուեալ նիւթին վերաբերեալ։ «Թուտէյ ազ»ը հեծանիւ կը հնարէ եւ զօրակոչի կ’ենթարկէ ազրպէյճանցի հասարակութիւնը, «ճիշդ» տեղեկութիւններ փոխանցելու համար բաց հանրագիտարանին եւ՝ «սրբագրելու» ցարդ իբրեւ տեղեկութիւն հրամցուածը։ Խորքին մէջ, կոչ կ’ուղղուի աշխուժ մասնակցութիւն բերելու իրականութիւններու խեղաթիւրման։

Մօտէն հետեւիլ պէտք է, թէ յառաջիկայ օրերուն, նոյն բառերու տեղադրումով կատարուած որոնումներուն արդիւնքը ի՞նչ պիտի ըլլայ։ Հետեւիլը բաւարար չէ անշուշտ. եթէ «Թուտէյ ազ»ը զօրակոչ յայտարարած է, հայկական կողմը հետեւելով չի կրնար բաւարարուիլ։ Հայ այցելու-ընթերցողը պէտք է մասնակցութիւն բերէ «Ուիքիփետիա»ի վրայ յայտարարուած տեղեկատուութիւն-ապատեղեկատուութիւն պատերազմին։ «Ուիքիփետիա»ն կամ ինքզինք յարգող որեւէ ելեկտրոնային բաց հանրագիտարան, ի վերջոյ պէտք է գիտակցի, որ այս բոլոր պատերազմներուն մէջ հաւաստիութեան որոշ մակարդակ պահելու խնդիր գոյութիւն ունի։ Եւ որքան աշխուժութիւն ցուցաբերէ ազրպէյճանական ելեկտրոնային գրոհը, տեղեկատուութիւնը պէտք չէ փոխուի ապատեղեկատուութեան։

Մենք, եթէ չենք կրնար որեւէ ձեւով ազդեցութիւն ունենալ այսպէս կոչուած «ճշմարտութեան պատմութիւն»ը կայքէջի յերիւրանքային արտադրողականութեան վրայ, ապա կրնանք դեր ունենալ «Ուիքիփետիա»ի հաւաստիութիւնը պահելու գործին մէջ։
Այս մէկը եւս ելեկտրոնային տարածքներու վրայ մղուող տեղեկատուական պատերազմի իւրօրինակ տարբերակ է։ Հերթական անգամ մենք չենք նախայարձակը։ Յանցաւոր կ’ըլլանք սակայն, եթէ ձեռնածալ մնանք մեզի դէմ սանձազերծուող գրոհին դիմաց։ Իսկ «Ուիքիփետիա»ի հեղինակները պէտք է ըմբռնեն, որ այս յարձակումը հաւասարապէս թէ՛ հայկական կողմին եւ թէ՛ իրենց դէմ ուղղուած է։

«Ա.»

Aug 24, 2009

ՀՈԳԵՒՈՐ ՎԵՐԱԾՆՈՒՆԴ

Հաւանաբար դեռ կանուխ է յայտարարելու, որ Հայաստանի մէջ հոգեւոր յեղափոխութիւն մը իրականացած է եւ մարդիկ սկսած են աւելի ու աւելի փարիլ իրենց կրօնին եւ հաւատքին:
Յամենայն դէպս, ակնյայտ է, որ Ս. Էջմիածինը թէ պետութիւնը, միասնաբար կ'աշխատին, որ հայ մարդը դառնայ իր եկեղեցիին, փարի անոր, յարգէ անոր աւանդութիւնները:
Ս. Էջմիածինը իր Գէորգեան պատմական ու Վազգէնեան նոր հոգեւոր ճեմարաններով, տարուէ-տարի աւելի մեծ թիւով քահանաներ ու վարդապետներ կը պատրաստէ ու կը լծէ հովուական աշխատանքի, կը վերանորոգէ հին եւ կը կառուցէ նոր եկեղեցիներ, կրօնի ու կրօնական ծէսերու եւ խորհուրդներու իմաստը բացատրող յայտագիրներ կը սփռէ տպագիր եւ եթերային մամուլով՝ հովանաւորելով «Վէմ» ձայնասփիւռի եւ «Շողակաթ» պատկերասփիւռի կայանները:
Պետութիւնը իր կարգին կը դիմէ որոշ քայլերու:
Նախ եւ առաջ, պետական բարձրագոյն պաշտօնեաները միշտ ներկայ են եկեղեցական կարեւոր տօներու պատարագներուն՝ Ս. Էջմիածնայ մէջ, եւ իրենց ներկայութեամբ անուղղակիօրէն կը քարոզեն կարեւորութիւնը Աստուծոյ տուն յաճախելու:
Պետութեան աջակցութիւնը եկեղեցիին նաեւ կը դիւրացնէ եկեղեցաշինական ծրագիրները, երբեմն՝ արտօնեալ հողայատկացումներու ճամբով, երբեմն ալ՝ ուղղակիօրէն նպաստելով պատմական նշանակութեամբ եկեղեցական կոթողներու վերանորոգման աշխատանքներուն:
Շատ յատկանշական է նաեւ պետութեան առած քայլերէն մէկը՝ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւարներուն յաջորդող երկուշաբթիները, որոնք Մեռելոցի օրերն են, ոչ աշխատանքային օր յայտարարելը՝ անուղղակիօրէն մղելով քաղաքացիները այդ օրը այցելելու իրենց հարազատներուն շիրիմները:
Ընդգծելով հանդերձ պետութեան կողմէ եկեղեցւոյ գործերուն չխառնուելու սկզբունքը (ի վերջոյ Հայաստան է՛ ու պէ՛տք է մնայ աշխարհիկ պետական համակարգով ղեկավարուող երկիր)՝ կարեւոր կը նկատենք Հայաստանի մէջ հոգեւոր վերածնունդի աշխուժացումը, իբրեւ ազգային մեր բարոյական սկզբունքներուն խորհրդային խաթարումները սրբագրելու միջոց:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Aug 18, 2009

ԱԿՆԱՐԿ.- ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ԹԵՐԹԻՆ ՊԱՀԱՆՋԱԾ ԳԻՆԸ

«Աւելի լաւ յարաբերութիւններ Թուրքիոյ հետ՝ կրնան օգնել Հայաստանին», Նիքլըս Քլէյթըն, «Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»,13-08-09։ Ամփոփ է լուր-յօդուածը, որուն մէկ բաժինն ալ մէջբերումն է Մոսկուայի «Քառնըկի» կեդրոնի փորձագէտ Մաշա Լիփմանի վերլուծումներուն։ Մեկնաբանական լրատուութիւնը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ «Ազդակ»ի կայքէջի անգլերէն բաժինի միջազգային մամուլ բաժինին մէջ։

«Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»ի հրապարակած այս յօդուածին հիմնական պատգամը ընդգծելն է ռուսական ենթակայութենէն Հայաստանի դուրս գալու հնարաւորութիւնը։ Պարզ է տրամաբանութիւնը. Հայաստան պէտք է բարելաւէ իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ. եւ երբ բացուի հայ-թրքական սահմանը, Հայաստան հնարաւորութիւն կ'ունենայ դէպի Սեւ ծովու եւ դէպի Միջերկրականի նաւահանգիստներուն հետ առեւտրական կապեր կազմակերպելու մատչելիութիւն ապահովել։ Տակաւին, Թուրքիոյ հետ իր սահմանի բացման պարագային, Հայաստան ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան հետ համարկումի ճամբով ուժանիւթի առեւտուրի համար շատ կարեւոր կեդրոնի կրնայ վերածուիլ։


Քանի մը պարբերութեամբ ամերիկեան թերթի էջերուն կ'ուրուագծուի բոլորովին նոր Հայաստան մը, որ դէպի Սեւ ծով եւ դէպի Միջերկրական առեւտրական եռուզեռի կը ձեռնարկէ եւ կը դառնայ ուժանիւթի առեւտուրի տարանցիկ կարեւոր կեդրոն։ Շրջանային նման տարողութեամբ ուժի վերածուելու համար կը բաւէ, որ Հայաստան բարելաւէ իր յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ եւ Թուրքիան բարելաւման քայլերուն դիմաց բանայ Հայաստանի հետ իր փակած սահմանը։


Ի՞նչ է գինը կտրուկ բարգաւաճում ապահովելու հրաւէր ստացող Հայաստանին այս բոլորը իրականացնելու համար։ Թէեւ ուղղակի չէ բանաձեւուած այս գինը, բայց պարզ է պատգամը. «Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»ը իր ընթերցողներուն յիշեցուցած է, որ Հայ-թուրք յարաբերութիւնները խոչընդոտող հարցը Հայոց ցեղասպանութիւնն է։ Աւելի ճիշդը՝ հիմնական խոչընդոտներէն է։ Բայց երբ, այլ խոչընդոտ չի նշուիր, հարցը բնականաբար կը կեդրոնանայ միայն նշուածին վրայ։


Աւելի պարզացնենք զարգացուած տրամաբանութիւնը։ «Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»ն ու «Քառնըկի» հիմնարկը կ'արտայայտեն Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը. այս պարագային, այդ քաղաքականութեան հայ-թուրք յարաբերութիւններուն վերաբերող բաժինը։ Առաջադրուածը՝ շրջանին մէջ ռուսական գործօնի ազդեցութեան նուազեցումն է։ Միջոցը՝ հայ-թուրք սահմանի բացումը։ Ծրագիրը իրականացնելու գործիքները՝ Թուրքիան եւ Հայաստանը։ Գրաւիչ առաջարկները՝ առեւտուրը, ուժանիւթը, տնտեսական բարգաւաճումը։ Այս բոլորի իրականացման համար առաջարկուած դեղատոմսը՝ հայ-թուրք յարաբերութիւններու բարելաւումը։ Դեղատոմսը ուղղուած է Հայաստանին, խորագիրի ճշդումով իսկ՝ «Աւելի լաւ յարաբերութիւններ Թուրքիոյ հետ կրնան օգնել Հայաստանին»։


Փորձենք ամփոփել խորագիրին հետ կապուած դիտարկում մը։ Հայաստանեան կարգ մը լրատուամիջոցներ նախընտրած են բնագրային խորագիրը փոխել եւ յօդուածը վերնագրել «Հայաստանը կրնայ համարկուիլ ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպական Միութեան հետ»։ Պատճառը յստակ չէ բնագրային թարգմանութեան այս խախտումին։ Կրնայ ենթադրուիլ, որ թարգմանութիւնը կատարուած է «Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»ի այս յօդուածը թարգմանած այլ կայքէջէ, որ ուզած է ընդգծել ռուսական ազդեցութենէ դուրս գալու եւ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան գործընթացներուն ներգրաւուելու շտապողականութեամբ յատկանշուած Հայաստանի այլ դրացի երկրի մը առած քայլերուն հետեւանքները…։


Վերադառնանք պահանջուած գինին։ Խորագիրը քաղաքական միակողմանիութեամբ ակներեւ է։ Թէեւ Թուրքիան փակած է սահմանը, այսուհանդերձ, յարաբերութիւններու բարելաւումը կը պահանջուի Հայաստանէ՛ն։ Ի՞նչ գնով. թերթին ճշդած հիմնական խոչընդոտի վերացման գնով։ Դարձեալ պարզեցնենք լռելեայն առաջարկուածը։ Հրաժարեցէ՛ք Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջէն՝ կ'ունենաք Սեւ ծով, Միջերկրական ծով։ Կ'ունենաք՝ առեւտուր, կը դառնաք ուժանիւթի տարանցիկ կեդրոն։


«Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»ով արտայայտուող քաղաքականութիւնը յայտնապէս բաժնող Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Մեթիու Պրայզան շաբաթներ առաջ կը յայտարարէր, որ հայ-թուրք յարաբերութիւնները սառեցուած վիճակ կը պարզեն։ «Տը Ուաշինկթըն Թայմզ»ը կրնայ նախանշան մը ըլլալ, որ այդ յարաբերութիւնները վերաջերմացնելու ենթահողի նախապատրաստութիւններ տեսնուին աշխարհաքաղաքական կեդրոններու մէջ։ Մանաւանդ որ սեպտեմբեր-հոկտեմբերը, ինչպէս հայրենի հրապարակագրութիւնը կը սիրէ գործածել՝ սարերուն ետին չեն։


«Ա.»

Aug 7, 2009

ՀՐԱՊԱՐԱԿԱՅԻՆ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ


Հետզհետէ լափալիսեան ճշմարտութեան կը վերածուի այն, որ հրապարկային քննարկումները անշրջանցելի նախապայման են քննական մտածողութիւն զարգացնելու համար։ Իրօք, միտքերու բախումն է, այլակարծութեան հանգիստ դրսեւորումը, առողջ բազմակարծիքութիւնը եւ այս բոլորին համար օդի պէս անհրաժեշտ հանդուրժողականութեան մթնոլորտի տարածումը, որոնք կրնան բարենպաստ ենթահող ձեւաւորել քննական մտածողութեան կայացման աշխատանքին։

Քաղաքացիական առողջ հասարակարգի հաստատման աշխատանքներուն մեկնակէտը քաղաքացիներուն բարձր տեղեկացուածութիւնն է։ Տուեալ պետութեան քաղաքացիները պէտք է նախ իմանան իրենց եւ երկրին վերաբերող տարբեր ոլորտներու վերաբերող գործընթացներուն մասին։ Փակ հասարակարգերը իրենց դրութեամբ եւ աշխատելու համակարգերով արդէն իսկ խոչընդոտած կ՛ըլլան ժողովրդավարացման աշխատանքները եւ ի սկզբանէ ձախողութեան մատնած՝ քաղաքացիական հասարակարգի ձեւաւորումը։

Նիւթը համընդգրկուն է եւ անոր զուտ տեսաբանական բաժինը կրնայ վերածուիլ երկար յօդուածաշարքի։ Գանք մեր ածուին եւ փորձենք լուսարձակի տակ առնել հրապարակային քննարկումի ճամբով մեր հաւաքականութեան իրազեկուածութեան նշաձօղը բարձրացնելու անհրաժեշտութիւնը, կեդրոնանալով մասնակի նիւթի մը վրայ։

Բազմակողմանի է այն մտահոգութիւնը, որ այս գաղութը, որ տասնամեակներ շարունակ մնացած է համասփիւռքեան եւ համահայկական խնդիրներու հետապնդման կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը, այսօր չի ցուցաբերեր ակնկալուած հետաքրքրութիւն համայն հայութիւնը յուզող հարցերուն նկատմամբ։ Ըստ էութեան եւ տարողութեան այսօր ճակատագրորոշ գործընթացներէ կ՛անցնին հայկական թղթածրարներու բովանդակած առաջնային թեմաները, որոնց դիմաց համեմատական լռութիւն եւ կրաւորականութիւն կը շարունակէ պահել մեր գաղութի հասարակական մտածողութիւնը. այլ խօսքով չի ցուցաբերեր այն հաւաքական գերզգայնութիւնը, զոր մեր գաղութը էր երբեմն արտայայտած էր դէպքերուն առընթեր բազկերակային համընթացութեամբ եւ համակշռոյթով։

Պատճառներու պեղումը կը քանդէ կ՛անցնի այս սիւնակին ճշդած չափի ցանկապատերը եւ հասկնալիօրէն կը տարածուի որոշ ժամանակի ու անոր յառաջացուցած բարոյահոգեբանական պայմաններուն վրայ։ Հիմա, գործնական իմաստով ընդգծուած մտահոգութիւնը պէտք է ընկալել իբրեւ այս հարցերը լոյսին բերելու կոչուած հրապարակային քննարկումներու պահանջ։ Հարցը չի վերաբերիր այս կամ կուսակցութեան կամ կազմակերպութեան։ Գաղութը, իր ամբողջութեամբ ազդուած է այն գործօններէն, որոնք իջեցուցած են առաջադրուած հարցերու նկատմամբ մեր տեղեկացուածութեան, իրազեկուածութեան եւ առնչակցութեան նշաձօղերը։ Երեւոյթներն ու իրականութիւնները մեր բոլորին՝ իբրեւ կուսակցութիւններ, հասարակական-երիտասարդական կազմակերպութիւններ, յարանուանութիւններ թէ միութիւններ, առաջնային համախնդիրներուն վերածելու անհրաժեշտութիւնն ու պահանջը եթէ սուր կերպով կը դրուին, ապա համագաղութային մակարդակի վրայ հրապարակային քննարկումի գաղափարը պէտք է գործնական դրսեւորումներ գտնէ։

Մամուլը, իր կարգին եթէ ճիգեր ցոյց կու տայ, նաեւ բացթողումներ արձանագրած է։ Ի վերջոյ մամուլը հանրային կարծիք ձեւաւորելու հիմնական գործիք է։ Եւ եթէ ակնկալուած կարծիքը չէ ձեւաւորուած, այդ գործիքը լիարժէք չէ բանած կը նշանակէ։ Այս հաստատումէն դուրս չ՛իյնար անշուշտ նաեւ մեր թերթը։
Իր չափին եւ տարողութեան մէջ, մեր մամուլը նախաձեռնութիւն առած է հրապարակային քննարկումներ ծաւալելու։ Եթէ տպագիր տարբերակին մէջ առաջադրուած համակողմանի քննարկումները չեն իրականացած կարելի է տարտամ ձեւով ըսել, որ ելեկտրոնային տարբերակին վրայ «Ազդակ պլոկ»ը, յատկապէս որոշ նիւթերու պարագային աշխուժութիւն կը ցուցաբերէ։ Խմբագրութիւնը նկատած է, որ ամէն անգամ հայոց լեզուի վերաբերող նամականի մը կամ տեսակէտ մը հրապարակային քննարկումի ենթակայ կը դառնայ, արագ կշռոյթով կը բազմանան կարծիք յայտնողները, բանավիճողները։ Մինչ, քիչ են անոնք, որոնք ազգային-քաղաքական հիմնախանդիրներու հրամցուած տեսակէտներուն առնչութեամբ իրենց մտածողութիւնը կ՛ուզեն հրապարակայնացնել։ Մեր գաղութը տակաւ պէտք է որդեգրէ եւ կիրարկէ հարցերու քննարկման հրապարակայնացման մշակոյթը։

Այս իրողութիւնն է, որուն վրայ պէտք է կեդրոնացնել լուսարձակները։ Մտածելու համար, թէ ճիշդ ի՞նչ են այն պատճառները, որոնք այս հարցերուն նկատմամբ լռութեան մատնած են մեր գաղութի մտաւորականութենէն շատերը։ Այս գաղութը ունի հսկայ կարողականութիւն համասփիւռքեան եւ համահայկական գործընթացներուն ոչ թէ հետեւելու, այլ նաեւ անոնցմէ ոմանք հունաւորելու նոյնիսկ։ Այդպէս եղած է ժամանակին։ Այդ ներուժը, եթէ նոյնիսկ նախկինը չէ, ապա վերայայտնուելու, վերակազմակերպուելու, վերամիաւորուելու եւ այդպիսով հայկական գործընթացներուն վրայ ազդելու հնարաւորութիւնները կրնայ վերստեղեծլ։ Նախ՝ հրապարակային առողջ եւ կառուցողական քննարկումներու ճամբով։
«Ա.»

Aug 3, 2009

ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ՍՓԻՒՌՔ. ՆՈՐ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՆԵՐ, ՆՈՐ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆՆԵՐ


Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի աշխատանքային այցելութեան մանրամասնութիւններուն անդրադարձած է մեր մամուլը։ Յագեցած ժամանակացոյց, որ պետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ տեսակցութիւններու արարողակարգային շարքին առընթեր կ՛ընդգրկէր թրքական պետութեան նուիրատուութեամբ հիւսիսի մէջ առողջապահական կեդրոնի մը բացումը։ Թուրքիան, ըստ երեւոյթին, բաւական մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Լիբանանի կրթական, առողջապահական եւ բարեսիրական մարզերուն։ Տաւութօղլուէն առաջ Ալի Պապաճանը եւ անկէ առաջ Ապտիւլլա Կիւլը եւս մասնակցած էին դէպի Լիբանան դիւանագիտական տողանցքին եւ, ինչպէս հարաւային Լիբանանի մէջ, այնպէս ալ՝ հիւսիսային Լիբանանի, անոնք նման նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած էին։

Թրքական դիւանագիտութեան աշխուժացման երեւոյթը արդէն որոշ ճամբայ կտրած է։ Անիկա կը տեղաւորուի միջին արեւելեան երկիրներու մէջ թրքական պետութեան կիրարկած ընդհանուր, նորովի աշխուժացած քաղաքականութեան ծիրին մէջ։ Չմոռնանք, որ Թուրքիան առաջին ինքնաառաջադրուողն էր հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ առաքելութեան մաս կազմելու։

Արաբական աշխարհին համակրանքը շահելու համար Թուրքիոյ վարիչներուն բեմականացուցած արարները յայտնապէս ենթահող շահած են։ Կազայի պատերազմէն անմիջապէս ետք Զուիցերիոյ ժողովասրահներուն մէջ վարչապետ Էրտողանի բեմադրութեան հետեւած են արաբական մամուլին մէջ բազմաթիւ վերլուծումներ՝ թրքական կեցուածքը դրուատող։ Ակներեւօրէն առատ են լիբանանեան մամուլին մէջ երեւցող թրքական նոր դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ առնող մեկնաբանական յօդուածները։
Թրքական դիւանագիտութեան վերաբերեալ հետզհետէ աւելի յստակ ուրուագծուող ուղղուածութեան մը նախադրեալները պարզ են։ Ականատես պիտի ըլլանք նման եռուզեռի մը տարբեր դրսեւորումներուն։

Ընդգծելի կէտ մը այս բոլորին զուգահեռ պէտք է գրաւէ հայկական մամուլին եւ լիբանանահայ կազմակերպութիւններուն ուշադրութիւնը։ Հիւսիսային Լիբանանի մէջ պետական մակարդակով եւ հետեւողական ձեւով աշխատանք կ՛իրականացուի ձեւաւորելու համար ծագումով թուրք-թիւրքմեն, քաղաքացիութեամբ լիբանանցի համայնք մը։ Թուրք ոեւէ բարձրաստիճան պաշտօնատար չի մոռնար Լիբանան իր աշխատանքային այցելութեան ժամանակացոյցին վրայ տեղադրել տուեալ շրջան մեկնումը, հանդիպումը տեղւոյն բնակիչներուն եւ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ։ Մինչ, Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան պաշտօնեաները ժողովրդային համապատասխան տօնակատարութիւններուն կ՛ապահովեն հովանի եւ համապատասխան տարողութիւն։

Պարզ է. կայ աշխատանք այստեղ թրքական ծագումով ազգաբնակչութիւնը կազմակերպ համայնքի վերածելու։ Այս համայնքին ենթադրեալ դերակատարութիւնը կ՛ըլլայ սատարելը թրքական պետութեան շրջանային քաղաքականութեան կայացման եւ այդ նպատակին համար պարարտ ենթահող տրամադրելը։

Նախադրեալները կը համոզեն, որ թրքական պետութեան նախաձեռնած մարդասիրական բնոյթի ծրագիրները հետզհետէ թափ պիտի ստանան։ Վերադառնանք Տաւութօղլուի այցելութեան։ Հերթական անգամ դաշնակցական երիտասարդութիւնը ժամադրուած էր Լիբանան այցելող թուրք դիւանագէտին հետ։ Մեր երիտասարդութեան ցուցական արարքը, ժխտողականութեան դատապարտումը նոր սերունդի պահանջատիրութեան փաստի վերաամրագրումն է։

Թրքական գերաշխուժութեան ներկայ տարողութիւնն ու կշռոյթը, երիտասարդական ցոյցերուն առընթեր, գործընթացներուն մօտէն հետեւելու հրամայականին առջեւ կը դնէ գաղութը՝ իր բոլոր շերտերով։