Dec 22, 2009

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ - ԻՆՔՆԱՔՆՆԱՐԿՄԱՆ ԿԱՐԳՈՎ

Տարեվերջին կատարուած տեղեկագրումները ընդհանրապէս կը խօսին իրականացումներուն, յաջողութիւններուն եւ առնուած քայլերուն մասին։ Տարեվերջը սակայն միայն տօնական մթնոլորտի մէջ յաջողութիւնները գովերգելու ինքնադրսեւորումի առիթ չէ։ Ներհայեցողական մօտեցում պէտք է ճիշդ ու առարկայական գնահատականով բացթողումները եւս լոյսին բերելու, առանց բարդոյթի յայտարարելու, թէ ո՛ւր տուեալ հաստատութիւնը ձախողութիւն արձանագրեց։ Բացթողումներն ու ձախողութիւնները հրապարակային ինքնաքննարկման կարգով արծարծելը պէտք չէ վախցնէ հաստատութիւններու կամ ընդհանրապէս հասարակական կեանքի պատասխանատուները։

Ա՛յս է ճիշդ ուղին յառաջիկայ ծրագրումները եւ մանաւանդ անոնց իրականացումները աւելի արդիւնաւէտ դարձնելու։ Մեր հաւաքական շահերէն կը մեկնի ինքնաքննարկումը, ինքնաքննադատութիւնը եւ եղելոյթներուն առարկայական գնահատական տալը։«Ազդակ»ի բացառիկը արդէն քանի մը տարիէ ի վեր աւանդութիւն ձեւաւորած է իր տարեկան գործունէութեան համադրումը տալու։ Այս մէկը հայ մամուլի պատմութիւնը ուսումնասիրողին համար կրնայ իբրեւ աղբիւր ծառայել։ Մենք պէտք է հետզհետէ յաջողինք նաեւ իրագործումներուն առընթեր մեր ներքին դժուարութիւններուն մասին հրապարակել մեր մտածումները։ Այլապէս ինքնաքարոզչութեան տպաւորութիւնը կրնայ ձգել միայն կատարուածին մասին ներբողելը։

Իրատեսական ըլլալու համար արձանագրենք, որ ինչպէս իրականացումներու պարագային, այնպէս ալ բացթողումներու, կարելի չէ ամբողջական համապատկեր ներկայացնելը։ Թուենք ամէնէն հիմնականները՝ իբրեւ նախանիշ յառաջիկայ տարուան ծրագիրներու եւ առաջադրանքներու գործնականացման։

Մեր թերթի իրաւամբ ամէնէն քննադատուած կողմը լեզուականն է։ Անշուշտ երեւոյթը միայն «Ազդակ»ին չի վերաբերիր։ Այս հաստատումը չի նշանակեր հիմնական թերութեան արդարացում։ Սփիւռքահայ մամուլը շեշտակիօրէն կը դիմագրաւէ այս հարցը։ Արեւմտահայերէնի գոյութեան խնդիրն է, որ սուր կերպով կը դրուի այսօր։ Այստեղ տեղը չէ լայնածաւալ պեղումներու այս հարցին մասին։ Բաւարարուինք ըսելով, որ թերթի պարտականութիւնն է լեզուական անաղարտութեան գերադասումը. տարբեր պատճառներով, որոնք միայն «Ազդակ»ի անձնակազմին հետ կապուած չեն անշուշտ, մենք հեռու ենք ակնկալուած այդ բարձրութենէն։ Յատուկ քաղաքականութեան կիրարկում պէտք է այս հիմնական թերութիւնը եթէ ոչ վերացնելու, այլ որոշ քայլեր առնելու ինքնասրբագրման ուղղութեամբ։

Հակառակ որոշ ճիգերու, նախաձեռնութիւններու եւ աշխատանքներու, «Ազդակ» չէ յաջողած իր յարկին տակ համախմբել երիտասարդ խաւը։ Պատասխանատուութենէ խուսափելու չի միտիր այն նշումը, որուն համաձայն, երիտասարդական համաշխարհային տագնապէն զերծ չի մնար նաեւ «Ազդակ»։ Մանկապատանեկան նկատառելի խաւի համախմբումը «Պզտիկ-Մզտիկ»ի ճամբով իր տարբերակը պէտք է յաջողի ձեւաւորել նաեւ երիտասարդութեան հարթութեան վրայ։ Մեր նախաձեռնութիւնները այս ուղղութեամբ չեն ցուցաբերած անհրաժեշտ աշխուժութիւնը։ Պէտք է նշել, որ ելեկտրոնային տարբերակը յատկապէս «ֆէյսպուք»ի բաժինով արագօրէն ձեւաւորած է «Ազդակ»ի յատուկ ցանց, որուն անդամակցողները բացառապէս երիտասարդներ են։ Այս տարուան ընթացքին «Ազդակ» յատուկ կեդրոնացումով փորձեց կիրարկել հրապարակային քննարկումներ զարգացնելու թերթի քաղաքականութիւնը։

Ելեկտրոնային պլոկի բաժինին մէջ երեւցան «Ազդակ»ի հասցէին ուղղուած ամէնէն խիստ քննադատութիւնները։ Անոնցմէ ոմանք ալ իրենց արտայայտութիւնները գտան թերթի սիւնակներուն մէջ։ Յաճախ չյարգուեցաւ կառուցողականութիւնը յարգելու մեր առաջնային սկզբունքը։ Վիրաւորանքներ, անձնական վերագրումներ ինչպէս համացանցային այլ պլոկներու վրայ, մեր պլոկին վրայ եւս իրենց դրսեւորումները ունեցան։ Կառուցողականութեան սկզբունքի խախտումը, վիրաւորական վերագրումները, հարցի էութենէն յաճախակի շեղումները համոզեցին մեզի, որ մեր հասարակութեան մօտ կը պակսի հրապարակային առողջ քննարկում կազմակերպելու եւ անոնց մասնակցելու մշակոյթը։ Մեր կազմակերպած մամլոյ լսարանները բաւարար չէին, որ այդ մշակոյթը կայանայ։ Մեր կարգին՝ պլոկի քննարկումներուն տեղին միջամտութիւններու բացակայութիւնը, յղուած հարցումներուն պատասխաններու ուշացումը չօգնեցին աշխատանքի ճիշդ հունաւորման։ Այս բոլորին ընթացքին «Ազդակ»ի կողմէ եւս երբեմն վրիպեցաւ լրագրողական էթիքի յարգումի սկզբունքը։ Նշուած եւ չնշուած աշխատանքներու ամբողջութիւնը հեւքոտ կշռոյթ կ'ենթադրէ։ Հեւքը, աճապարանքը, մարդուժի անբաւարարութիւնը տեղի կու տան սխալներու, վրիպակներու, որոնք անպայման լեզուական չեն, այլ հետեւանք՝ գրաշարական եւ վերստուգման սրբագրութիւններու անուշադրութեան։ Նման վրէպներու ականատես եղան մեր ընթերցողները, որոնց հասկացողութեան համար մէկէ աւելի անգամներ դիմեց խմբագրութիւնը։

Համաչափ չմնացին թերթին ելեկտրոնային եւ տպագիր տարբերակներուն հասանելիութեան տարողութիւնները։ Յառաջիկայ տարուան ընթացքին թերթի տպագիր տարբերակի ցրուումի աշխատանքները պէտք ունին յաւելեալ թափի, կազմակերպական աշխատանքի։ Այլապէս ըսած ենք արդէն, որ մեր տպագրութեան կազմածները հիմնովին վերանորոգուելու անյետաձգելի անհրաժեշտութեան առջեւ են։

Այս հարցերուն մասին տարուան ընթացքին մեզի դիմեցին շատեր։ Ոմանք «Ազդակ»ը աւելի փայլուն իրավիճակի մէջ տեսնելու նախաձեռնութեամբ, իրենք զիրենք «Ազդակ»ի ընտանիքի մաս կազմած ըլլալու գիտակցութեամբ։ Սխալը նկատող սակայն մեզի չդիմողներէն ոմանք ալ չարախնդութեամբ, հեգնական զգացումներով եւ փոխանակ ուղղակի խմբագրութեան դիմելու՝ ծաղրը շրջանառութեան մէջ դրին ոչ անպայման սրբագրելու մտադրութեամբ։

Մենք ամենայն լայնախոհութեամբ ընկալեցինք սխալը մատնացոյց ընող երկու տեսակ մօտեցումները։ Անոնցմէ առինք դրականը, երբեմն ընդունելով սխալը, երբեմն կիրարկուածին մասին համապատասխան բացատրութիւնը տալով, միշտ ու միշտ գերադասելով կառուցողականութիւնը, սրբագրութիւնը։

Պիտի ուզէինք ջերմօրէն, որ ամէնէն խիստ քննադատութիւնները անգամ գերադասէին կառուցողականութիւնը եւ առաջադրէին «Ազդակ»ի վերելքը։ Եւ եթէ ա՛յդ է քննադատութեան ոգին, այդ բոլոր քննադատութիւնները ոչ միայն տեղ կը գտնեն «Ազդակ»ի էջերուն մէջ, այլ նկատի կþառնուին նաեւ տնօրէնութեան եւ խմբագրակազմին կողմէ։ Առանց բարդոյթի։Համոզուած ենք, որ բացթողումները ընդգծելը պարզապէս կþառաջադրէ թերթին զարգացումը։ Մեր ընթերցողներն ու աշխատակիցները առողջ մօտեցումի հիման վրայ նման ընդգծումներ կատարելով նպաստած կþըլլան «Ազդակ»ի զարգացումին։

Dec 8, 2009

“ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԿԱՊ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱՑՄԱՆ եւ ՀԱԿԱՀԱՅԿԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՄԻՋԵՒ”


ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ.


“ԱՆՄԻՋԱԿԱՆ ԿԱՊ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻ ԹՐՔԱԿԱՆ ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱՑՄԱՆ եւ ՀԱԿԱՀԱՅԿԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՑՄԱՆ ՄԻՋԵՒ”

“ԱԿՕՍ”
19 նոյեմբեր, 2009


Ստորեւ տրուած հարցազրոյցը լոյս տեսած է Պոլսոյ “Ակօս” շաբաթաթերթին մէջ: Հարցազրոյցին մէջ թուրք այլախոհ մտաւորական, “Քլարք” համալսարանի Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան ուսումնասիրութիւններու “Սթրասլըր” կեդրոնի տնօրէն Թաներ Աքչամ կ’անդրադառնայ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն: Իր յանդուգն տեսակէտներով յայտնի թուրք մտաւորականը այս հարցազրոյցին մէջ եւս աներկբայօրէն կը բարձրացնէ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութեան ճանաչման անհրաժեշտութիւնը՝ հարցազրոյցին աւարտին նկատել տալով, որ Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը մտքի ազատութեան հարց չէ, այլ անարդարութեան վերացման հարց:


Շահեկան հարցազրոյցը իր ամբողջութեամբ կը յանձնենք ընթերցողներուն ուշադրութեան:


ՀԱՐՑՈՒՄ.- Հայ-թուրքական յարաբերութիւններում վերջին զարգացումների շնորհիւ առաջ եկաւ “դրական հոգեբանական մթնոլորտ”: Սրանից բացի ի՞նչ շօշափելի քայլերի մասին կարելի է խօսել:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Ներկայումս որեւէ շօշափելի քայլ չի իրականացուել, սակայն, կարեւորը դա չէ. գործընթացը դեռ նոր է սկսուել: Իմ մտավախութիւնն այն է, որ եթէ առաջընթաց չգրանցուի ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացում, հաւանաբար ոչ մի շօշափելի քայլ էլ չի իրականացուի: Տարօրինակ իրավիճակ է ստեղծուել, եւ դրա հեղինակը Թուրքիան է: Եթէ կարդաք արձանագրութիւնները, կը տեսնէք, որ յարաբերութիւնների հաստատման համար որեւէ նախապայման առաջ չի քաշւում: Սակայն, անկասկած, որպէս նախապայման կարող էք հասկանալ այն կէտերը, որոնց համաձայն Հայաստանը պարտաւորւում է ճանաչել երկու երկրների միջեւ սահմանները, հաւանութիւն տալ մի շարք յանձնաժողովների թւում պատմական յանձնաժողովի ստեղծմանը:
Այդ արձանագրութիւններում որեւէ դրոյթ գոյութիւն չունի, որը ղարաբաղեան հիմնախնդիրը կապի կողմերի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւնների հաստատման եւ սահմանների բացման հետ: Բայց Թուրքիան բազմիցս յայտարարել է, որ առանց ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման սահմանները չեն բացուելու: Այսինքն՝ ներկայ փուլում Թուրքիան բացայայտօրէն յայտարարում է, թէ ոտնատակ է տալու ստորագրուած արձանագրութիւնները: Եթէ առաջընթաց չգրանցուի ղարաբաղեան հիմնախնդրում, չեմ կարող ասել, թէ Թուրքիան ինչպէ°ս է դուրս գալու այդ դժուարին վիճակից: Եթէ Թուրքիան օր առաջ իրեն չազատի ազրպէյճանական գերութիւնից, շատ հաւանական է, որ գայթակղութիւն տեղի ունենայ: Ես ուղղակի չեմ կարողանում հասկանալ, թէ ինչպէ°ս մի պետութիւն կարող է այս աստիճան իրեն կախման մեջ գցել մէկ այլ պետութիւնից, նման ձեւով կապել իր ձեռքերն ու ոտքերը:

Հ.- Ընդհանուր առմամբ ինչպիսի՞ գնահատական կը տաք այս զարգացումներին: Ի՞նչ նշանակութիւն ունեն արձանագրութիւնները Թուրքիայի համար:
Պ.- Եթէ ենթադրենք, որ Թուրքիան հաւատարիմ է մնալու արձանագրութիւնների բառին եւ ոգուն ու բացելու է սահմանները, ապա 2009 թուականի հոկտեմբերի 10-ը պէտք է ընդունել որպէս բեկումնային: Այդ ամսաթւով հայ-թուրքական յարաբերութիւններում ազդարարուեց նոր ժամանակաշրջանի սկիզբ: Ես կը ցանկանայի դրան տալ “հետհաշուարկի ժամանակաշրջան” որակումը: Չգիտեմ՝ որտեղ եւ երբ կ’աւարտուի հետհաշուարկը, բայց մէկ բան յստակ է՝ արձանագրութիւնների ստորագրմամբ տրուեց Թուրքիայի՝ 1915-ի հարցում որոշ կէտեր ընդունելու հետհաշուարկի մեկնարկը: Եթէ Գորբաչովը վերջ դրեց Խորհրդային Միութեան կլասթնոսթի (հրապարակայնութիւն) եւ փերեսթրոյքայի (վերակառուցում) քաղաքականութեամբ, այդ արձանագրութիւններն էլ վերջ են դրել եւ վերջ են դնելու 1915-ի հարցում Թուրքիայի Հանրապետութեան որդեգրած ժխտողական քաղաքականութեանը:
Երբ դեռ ոչինչ չկայ եւ երբ յատկապէս հայկական շրջանակներում կասկած եւ անհանգստութիւն է տիրում, իմ այս խօսքերը կարող են ապշեցուցիչ թուալ, սակայն կրկնեմ՝ աւարտուել է Եուսուֆ Հալաճօղլուի, Կիւնտիւզ Աքթանի, Շիւքրիւ Էլեքտաղի ժամանակաշրջանը, քանի որ իր աւարտին է մօտենում 90-ամեայ ժխտման քաղաքականութիւնը: Արձանագրութիւններով ստորագրուեց այդ քաղաքականութեան փլուզումը: Խնդիրը շատ պարզ է. եթէ Թուրքիան նպատակ ունի շարունակել իր նախկին գործելաոճը, ապա որեւէ բան անելու իմաստ չկայ, եւ կարող էք հէնց հիմա աղբարկղը նետել արձանագրութիւնները:
Հետագայ գործընթացը պտտուելու է ինչը եւ ինչքան ընդունելու հարցի շուրջ: Մեր առջեւ կայ հետեւեալ ընտրութիւնը, որին ես տալիս եմ “գերմանա-ճափոնական ճօճանիւ” բնութագրումը: Ճափոնի օրինակը հաւասարազօր է ընթացքում մի կէս բերան “ներողամիտ եղէք” ասելու վարքագծին: Թուրքիան կարող է ընդունել հայ քաղաքացիների դէմ գործած վատ արարքները եւ ներողութիւն խնդրել, ինչպէս որ Ճափոնը Երկրորդ աշխարհամարտի տարիներին իր գործած յանցանքների համար համապատասխան կեցուածք ընդունեց: Սակայն այդ ներողութիւնն օգուտ չի բերի ո°չ Թուրքիայի ժողովրդավարացմանը, ո°չ էլ անցեալի ցաւերի յաղթահարմանը: Նոյնիսկ կարող եմ ասել, որ նման վարքագիծը հայերի համար կարող է հաւասարազօր լինել “անհեթեթութեան”:
Կամ Թուրքիան պէտք է հետեւի նացիական յանցագործութիւնների հարցում Գերմանիայի որդեգրած ուղուն, ընդունի, որ 1915 թուին ցեղասպանութիւն է տեղի ունեցել, հաշուի նստի պատմութեան հետ, ինչը կարեւոր տարր կը դառնայ Թուրքիայի ժողովրդավարացման եւ անցեալում դառնութիւններ տեսած մարդկանց ցաւերի յաղթահարման համար, կը բացի տարբեր՝ ընկերային, մշակութային եւ նիւթական փոխհատուցումների դուռը, ինչպէս նաեւ կը նպաստի, որպէսզի այդ գործընթացում ներառուեն 1915 թուի եղեռնի մէջ դերակատարութիւն ունեցած եւ դրա մասին տեղեակ Եւրոպայի եւ Ռուսաստանի պէս գերտէրութիւններ: Իսկ հիմա ասել, թէ այդ երկու կէտերից որին ենք նախապատուութիւն տալու, դժուար է: Արդէն պատմութեան հետ հաշուի նստելը դարձել է քաղաքականութեան եւ միջազգային դիւանագիտութեան ուղղակի հարց:

Հ.- Ի՞նչ նշանակութիւն ունեն արձանագրութիւնները հայերի համար: Թուրքիան իրականում պատրաստւո՞ւմ է փոխել իր անցեալի ուղեգիծը:
Պ.- Սահմանների բացումը Հայաստանի համար ունի տնտեսական, ընկերային եւ քաղաքական նշանակութիւն: Հայաստանը կ’ազատուի շրջափակման զգացումից եւ աւելի կը մօտենայ Արեւմուտքին: Իսկ այս ամէնի արդիւնքը կարող է լինել նաեւ այն, որ կը թուլանայ Ռուսաստանի ազդեցութիւնը Հայաստանի վրայ: Բացի այդ, երկու երկրների քաղաքացիների միջեւ կը զարգանան ուղղակի յարաբերութիւններ եւ ճանապարհ կը հարթուի պատմութեան հետ կապուած խնդիրների լուծման համար: Դրան էր հաւատում Հրանդը:
Ճիշդ է՝ պատմութեան հետ կապուած խնդրի առնչութեամբ ներկայումս հայկական շրջանակներում նկատւում է անվստահութիւն: Ցանկանում են տեսնել, թէ Թուրքիան այդ հարցում որքանո°վ է լուրջ եւ վստահելի: Ցաւօք, արձանագրութիւնների ստորագրման ընթացքում Թուրքիան չներշնչեց այդ վստահութիւնը եւ նախկինը կրկնելու տպաւորութիւն գործող որոշ ազդանշաններ է անում: Ներկայ պահին ամենագլխաւոր հարցը վստահութիւնն է:
Սակայն անվստահութեան հիմնական աղբիւրը միայն Թուրքիայի՝ անցեալում ի ցոյց դրած գործելաոճերը չեն: Թուրքիայի՝ արձանագրութիւններին հակասող գործելաոճն էլ աւելի է ամրապնդում անցեալում եղած անվստահութեան դիրքերը:
Ինչ վերաբերում է արձանագրութիւնների եւ Թուրքիայի գործելաոճի միջեւ առկայ հակասութեանը, երբ Թուրքիան առաջարկում էր ստեղծել “պատմաբանների յանձնաժողով”, իրականում հիմք էր ընդունւում մի վարկած եւ փորձ արւում այդ առնչութեամբ համոզել երրորդ կողմերին: Իրականում դա համոզիչ փաստարկ է: Թուրքիան ասում է՝ “թող ստեղծուի մի յանձնաժողով, ուսումնասիրի պատմական փաստաթղթերը եւ դրա հիման վրայ մեզ խորհուրդներ տայ, մենք էլ կը շարժուենք դրանց համաձայն”: Այսինքն՝ Թուրքիան յայտարարում է, որ իր գործելաոճը կախուած է լինելու յանձնաժողովի խորհուրդներից: Այս թէզն արտաքինից ունի հետեւեալ տեսքը. “Մենք կ’ընդունենք այն ամէնը, ինչ կ’ասի ձեւաւորուելիք յանձնաժողովը”: Սակայն Թուրքիայի արդի քաղաքականութիւնն ու գործելաոճը բոլորովին այլ բանի մասին են վկայում…
Դեռ որոշ պետական այրեր շարունակում են “90-ամեայ ստի երգը”: Դեռ “Հայոց ցեղասպանութեան անհիմն պնդումների” դէմ գործունէութիւն ծաւալող կազմակերպութիւններ կան: Մի կողմից ասւում է՝ “թող յանձնաժողովը որոշում ընդունի”, միւս կողմից առկայ է կառավարութիւն, որի բոլոր նախարարութիւնների համացանցային կայքէջերը լցուած են “այսպէս կոչուած Հայոց ցեղասպանութեան պնդումներով”: Մի կողմից ասւում է՝ “թող հարցի առնչութեամբ որոշում կայացնեն ոչ թէ քաղաքական գործիչները, այլ պատմաբանները” միւս կողմից առկայ է մի իշխանութիւն, որն ունի Ազգային անվտանգութեան խորհրդին կից “Ցեղասպանութեան անհիմն պնդումների դէմ պայքարի համադրման խորհուրդ”: Պէտք է ընդունել, որ այս ամէնը հաւատ չի ներշնչում: Կարծում եմ, որ առանց այս հակասութեան յաղթահարման, Թուրքիան չի կարող լուրջ վստահութիւն ներշնչել:
Նախքան յանձնաժողովի աշխատանքների մեկնարկը՝ Թուրքիայի իշխանութիւնները պէտք է որոշ քայլեր իրականացնեն՝ ապացուցելու համար, որ իրենք հակուած չեն անցեալը կրկնելուն: Օրինակ՝ կարելի է ցրել Ազգային անվտանգութեան խորհրդին կից յանձնաժողովը, վերջ դնել “ցեղասպանութիւն” արտայայտութիւնը կիրառողների դէմ քրէական օրէնսգրքի 301-րդ յօդուածով հետապնդումներին, Զինուած ուժերի գլխաւոր հրամանատարութեան եւ նախարարութիւնների կայքէջերից հանել “ցեղասպանութեան անհիմն պնդումների” հետ կապուած էջերը, եւ նման տասնեակ քայլեր…

Հ.- Անցեալում ձեր բողոքի ձայնն էք բարձրացրել “սփիւռքին” որպէս “վատի” համարժէք ներկայացնողների դէմ: Այս ընթացքում մամուլը բաւականին բացասական ձեւով անդրադարձաւ սփիւռքի արձագանգներին: Ի՞նչ գնահատական կը տաք մամուլի վարքագծին եւ ի՞նչ կ’ասէք սփիւռքի մասին:
Պ.- Ցաւով պէտք է խօսեմ մամուլի՝ այդ հարցում որդեգրած գործելաոճի մասին: Զուգահեռներ անցկացուեցին սփիւռքի եւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան միջեւ, ինչով եւ անյարգալից վերաբերմունք ցուցաբերուեց հայութեան նկատմամբ: Մամուլը պէտք է իմանայ, որ այդ հարցում իրեն պահել է շատ անվայել: Սակայն սփիւռքին որպէս թշնամի դիտող եւ օտարող այդ գործելաոճը միայն մամուլով չի սահմանափակւում, նման միտումները գերիշխում են նաեւ ձախ եւ ազատական շրջանակներում: Այդ գործելաոճը, որի արմատները շատ խորն են, կարելի է բնութագրել որպէս սանձարձակ եւ անյարգալից մի վարքագիծ՝ ուղղուած հայի դէմ՝ թերագնահատելով, նուաստացնելով եւ ատելով ամէն հայկականը: Այս ամէնի վրայ իշխում է բացարձակ խաւարամտութիւնը: Դա անպատկառութիւն է, երբ ինչ-որ մէկը, ով իրեն զօրեղ է զգում եւ հաւատում, որ յաղթանակել է, հանդէս է գալիս թոյլի եւ անճարի, պարտուածի զգացումով՝ ապրողի դէմ: Գիտեմ՝ ասածներս շատ ծանր են: Չեմ ուզում ընդհանրացնել ողջ մամուլն ու մտաւորականներին, սակայն պէտք է խոստովանենք, որ առկայ է նման հզօր միտում:
Օրինակ՝ “Արմինիըն Ուիքլի”ն Պոսթընում լոյս տեսնող շաբաթաթերթ է, սակայն դրա համացանցային տարբերակը թարմացւում է ամէն օր: Դաշնակցական շրջանակներին պատկանող այս թերթում պարբերաբար կողմ եւ դէմ կարծիքներով յօդուածներ են հրապարակւում արձանագրութիւնների առնչութեամբ, լուրջ վերլուծութիւններ են արւում, քննարկումներ տեղի ունենում: Քանի որ թերթը լոյս է տեսնում անգլերէն, ոչ ոք չի կարող թաքնուել “հայերէն չգիտենք” պատճառաբանութեան ետեւում, հանգիստ կարող են հետեւել թերթի հրապարակումներին: Թերթում լոյս են տեսնում նաեւ մեր մտաւորականներից Այշէ Կիւնայսուի, Էրէն Քեսքինի յօդուածները: Բացի այդ, թերթն իր հնարաւորութիւնների սահմաններում ընթերցողներին է ներկայացնում Թուրքիայում տեղի ունեցող զարգացումները: Էլ չեմ խօսում հայաստանեան իշխանութիւններին աւելի մօտ կանգնած միւս թերթերի եւ ամսագրերի մասին: Հիմա կարո՞ղ էք ասել, թէ մեր մտաւորականներից, մամուլի ներկայացուցիչներից քանիսն են նայում այդ թերթերը, հետեւում քննարկումներին եւ դրանց հիման վրայ վերլուծութիւններ անում:
Կայ ձեւաւորուած այնպիսի մի մթնոլորտ, թէ մենք հայկական սփիւռքին հայերից աւելի լաւ ենք ճանաչում: Չեն ամաչում եւ դատողութիւններ են անում ու դատավճիռ կայացնում առանց ուսումնասիրելու, թէ ինչպիսի° քննարկումներ ու զարգացումներ են տեղի ունենում այնտեղ: Սա “քիթը վեր տնկած” ապրելու պէս մի բան է: Չգիտեմ՝ ինչպէ°ս կոչեմ մեր մամուլի եւ մտաւորականների վարքագիծը, եթէ ոչ “ծայրահեղ սանձարձակութիւն”:

Հ.- Միթէ որեւէ տարբերութիւն չկա՞յ Հայաստանի եւ սփիւռքի միջեւ: Միթէ սփիւռքն աւելի շատ որպէս միատարր դաշինք չի՞ գործում:
Պ.- Կրկնեմ նախկինում արտայայտած իմ տեսակէտը՝ 1915-ի առնչութեամբ գործելաոճի հարցում Հայաստանին եւ հայկական սփիւռքին ճիշդ չէ բնութագրել որպէս առանձին եզրեր: 1915-ի հարցում տարբեր վարքագծերի պատճառով սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ բաժանարար գիծ գծելը սխալ է: Այդ տարանջատման միջոցով շահ հետապնդող քաղաքական գործելաոճը յաջողութիւն չի ունենայ: Վերջին իրադարձութիւններն ապացուցեցին, որ իմ տեսակէտը ճիշդ է: Ե°ւ սփիւռքում, ե°ւ Հայաստանում, բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան ընդդէմ արձանագրութիւնների: Երկու կողմերում էլ կան արձանագրութիւններին դէմ դուրս եկող եւ դրանց աջակցող հատուածներ: Այսինքն՝ ո°չ Հայաստանը, ո°չ էլ սփիւռքը, միատարր դաշինքներ չեն: Սփիւռքի բողոքի ցոյցերը, քանի որ տեղի էին ունենում զարգացած երկրների կենտրոններում, արեւմտեան զանգուածային լրատուամիջոցների աչքի առջեւ, աւելի շատ ուշադրութիւն գրաւեցին: Օրինակ՝ Երեւանում 60 հազար մարդու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ցոյցին ոչ ոք շատ ուշադրութիւն չդարձրեց: Սփիւռքի ցոյցերն աւելի աշխուժ էին թւում նաեւ հետեւեալ երկու կարեւոր պատճառով՝ նախ դաշնակցականները սփիւռքում աւելի կազմակերպուած են եւ աւելի լայն զանգուածային յենարան ունեն, երկրորդ՝ այդ ցոյցերը բարձրաձայնում էին մի անհանգստութեան մասին, որն առկայ է նաեւ արձանագրութիւններին աջակցող շրջանակներում:
Որեւէ հասարակական կարծիքի հետազօտութիւն չի արուել, եթէ նոյնիսկ արուել է, ես դրա մասին չգիտեմ, բայց կարող եմ ասել, որ Միացեալ Նահանգների սփիւռքում մեծամասնութիւնն աջակցում է արձանագրութիւններին: Սակայն ուզում եմ աւելացնել, որ մարդկանց, ինչպէս նաեւ արձանագրութիւններին աջակցողների մօտ առկայ է կասկածի եւ անհանգստութեան մթնոլորտ: Ցոյցերի մասնակիցները հիմնականում բարձրաձայնում էին այդ անհանգստութիւնների մասին, եւ այդ պատճառով արձանագրութիւններին աջակցողները ոչ թէ յատուկ հակազդեցութեամբ, այլ ըմբռնումով էին մօտենում այդ ամէնին:

Հ.- Որո՞նք են այդ կասկածներն ու անհանգստութիւնները: Ինչո՞ւ են բողոքում:
Պ.- Միացեալ Նահանգներում հայկական սփիւռքի բողոքներն ունեն հետեւեալ երեք պատճառները՝ զիջումներ Ղարաբաղում, Թուրքիա-Հայաստան սահմանի ճանաչում, պատմաբանների յանձնաժողով… Եւ հիմնականում երրորդ պատճառն է, որ Միացեալ Նահանգներում ապահովում է բողոքի ցոյցերին զանգուածային մասնակցութիւն: Եւ դարձեալ թուրքական մամուլը չկարեւորեց այն, որ Հայաստանի նախագահը սփիւռքում՝ հանդիպումների ժամանակ, պատմաբանների յանձնաժողովի հարցում երաշխիքներ էր տուել, եւ գրաւոր ու բանաւոր յայտարարութիւններ էին արուել այն մասին, որ 1915-ի Ցեղասպանութեան փաստի ուսումնասիրութեան հարցով յանձնաժողով չի ստեղծուելու, որ անգամ ստեղծուելիք յանձնաժողովը “պատմաբանների յանձնաժողով” չի լինելու:
Կարճ ասած՝ խօսել տեղի ունեցող իրադարձութիւնների, արձանագրութիւնների դէմ բողոքների մասին, չտեսնելով “արդարութեան” ամենազօրեղ զարկերակը, ճիշդ չէ: Իսկ “արդարութեան որոնման” համար այդ ցոյցերի պատճառով սփիւռքին նմանեցնել Ազգայնական շարժում կուսակցութեանը, իրականում անյարգալից վերաբերմունքի եւ անդաստիարակութեան նշան է: Այստեղ մեր մամուլին եւ մտաւորականներին իմ համեստ խուրհուրդը տամ՝ հարցի առնչութեամբ մի բան գրելուց առաջ գոնէ “Արմինիըն Ուիքլի”, “Արմինիըն Րիփորթըր” եւ “Արմինիըն Միրըր Սփեքթէյթըր”ի պէս պարբերականները թող նայեն:

Հ. - Աւելի վաղ գրել էիք, որ “այս ճանապարհն անցնելու համար շատ կարեւոր եւ յատուկ տեղ ունեն Էրկենեքոնի դատավարութիւնն ու ձերբակալութիւնները”: Ինչո՞ւ:
Պ. – Այստեղ շատ կարեւոր է հասկանալ մեր մամուլին եւ մտաւորականներին, գերիշխող սփիւռքին որպէս թշնամի դիտելու լեզուն եւ գործելաոճը: Եթէ ուշադրութեամբ կարդաք Էրկենեքոնի մեղադրական եզրակացութիւնները, կը տեսնէք, որ կազմակերպութեան գաղափարա-քաղաքական առանցքը հայկական թշնամանքի հիման վրայ է ձեւաւորուել: Հասարակական կարծիքի ձեւաւորման եւ զանգուածային մասնակցութիւն ապահովելու համար քաղաքական միջոցառումների մեծամասնութիւնը հիմնուած է ընդդէմ 1915-ի Ցեղասպանութեան եւ հայկական թշնամանքի գաղափարի վրայ:
Ռաուֆ Տենքթաշների գլխաւորած Թալէաթ փաշայի կոմիտէները, որոնց մէջ տեղ են զբաղեցնում մեծ թուով քաղաքական գործիչներ եւ մտաւորականներ, Թուրքիայում եւ Եւրոպայի մայրաքաղաքներում կազմակերպուող քայլարշաւները, Պողազլըեանի քայմաքամ Քեմալի յիշատակի ոգեկոչման միջոցառումները, Պոլիսում հայկական գիտաժողովը վիժեցնելու փորձերը, Հրանդ Տինքի եւ միւս մտաւորականների դէմ ուղղուած արշաւները, քրիստոնեաների դէմ ուղղուած քաղաքական յանցագործութիւնները, քրէական օրէնսգրքի 301-րդ յօդուածով հետապնդումները… Այս ամէնն օրակարգ էր բերուել Էրկենեքոնի կողմից: Միացեալ Նահանգներում իմ դէմ ուղղուած արշաւները, որոնք տարիներով շարունակւում էին, ուղղակիօրէն կազմակերպւում էին Պոլիսից՝ Էրկենեքոնի անդամների կողմից: Ինչպէս որ նացիականների հրէական թշնամանքի առանցքի վրայ ստեղծեցին քաղաքական կառոյց, այնպէս էլ Էրկենեքոնը հակահայկական առանցք ունեցող քաղաքական կազմակերպութիւն է: Լուրջ մտածելու տեղիք է տալիս այն, որ Էրկենեքոնը իր քաղաքական եւ գաղափարական գործունէութիւնների գլխաւոր առանցք է ընտրել 1915-ի ցեղասպանութիւնը եւ հայկական թշնամանքը:
Ստացւում է՝ կազմակերպութիւնը գիտի, որ հասարակութեան մէջ առկայ է հզօր մի զարկերակ: Ակնկալում է 1915-ի ցեղասպանութեան ժխտման եւ հայկական թշնամանքի միջոցով հասարակութիւնից աջակցութիւն ստանալ, ճիշդ այնպէս, ինչպէս հրէական թշնամանքի առանցքի վրայ գերմանական հասարակութեան մէջ աջակցութիւն գտան նացիականները… Մենք հանգիստ կարող ենք պնդել, որ այն զարկերակը, որ բացել է Էրկենեքոնը եւ խաղում է դրա վրայ, շատ նուրբ մազանօթներով պատել է մեր ողջ մարմինը: Մեր մամուլին եւ մտաւորականութեանը պատած սփիւռքի նկատմամբ թշնամանքը, առօրեայ կեանքում գործածուող հակահայկական արտայայտութիւններն այդ մազանօթներից են:
Բացի այդ, Թուրքիան այսօր գտնւում է բռնատիրականից ժողովրդավարական պետութեան վերածուելու գործընթացում: Այդ գործընթացում կարեւոր է հասկանալ, որ բռնատիրական աւանդոյթը ձեւաւորուել է 1915-ի ցեղասպանութեան ժխտմամբ եւ հայկական թշնամանքով: Դա մեզ եւս մէկ իրողութիւն է յիշեցնում. Թուրքիայում բռնատիրական քաղաքական կառոյցի ձեւաւորման եւ 1915-ի ցեղասպանութեան ժխտման ու հայկական թշնամանքի միջեւ զօրեղ կապ գոյութիւն ունի: Այդ կապը մեզ յիշեցնում է թուրքական ազգային ինքնութեան ձեւաւորման եւ ցեղասպանութեան ու հայկական թշնամանքի միջեւ ուժեղ կապի մասին: Ես կարծում եմ, որ մեր մամուլին եւ մտաւորականներին գերիշխող գործելաոճն այդ կապի հետ անմիջական առնչութիւն ունի: Այստեղ մենք կարող ենք կիրառել Հրանդի՝ հիմնականում հայերի համար գործածած “արեան մեջ առկայ թոյնի” համեմատութիւնը: Ցեղասպանութիւնն ու հայկական թշնամանքը թուրքական ազգային ինքնութեան արեան մէջ թունաւոր մասնիկներ են, եւ հայերի հետ ամէն հանդիպումով ապրելու ենք այդ թոյնից ձերբազատման եւ ինքնամաքրման գործընթաց: Անմիջական կապ գոյութիւն ունի թուրքական ինքնութեան ժողովրդավարացման եւ հակահայկականութեան վերացման միջեւ:

Հ.- Եթէ ազգային ինքնութեան եւ հայկական թշնամանքի միջեւ նման ուժեղ կապ գոյութիւն ունի, այդ դէպքում ինչո՞ւ է Թուրքիան հանդէս գալիս այս նախաձեռնութիւններով:
Պ.- Թուրքիան այնպիսի մի գործընթացում է գտնւում, որ յատուկ է անցումային փուլում գտնուող իւրաքանչիւր հասարակութեան: Խօսքը ամբողջատիրական կամ բռնատիրական հասարակութիւնից ժողովրդավարական հասարակութեան անցնելու գործընթացի մասին է: Լատինական Ամերիկայում, Արեւելեան Եւրոպայում, Ափրիկէում, տասնեակ երկրներում նման գործընթացներ են տեղի ունենում: Եւ քանի որ հարցը ոչ միայն պետութեան, այլեւ հասարակութեան ժողովրդավարացման մասին է, գործընթացը շատ ծանր եւ ցաւոտ է լինելու:
Գոյութիւն ունի հետեւեալ ընդհանուր կանոնը՝ հասարակութեան եւ պետութեան համակարգերում ժողովրդավարութեանն անցնելու եւ իշխող վերնախաւի փոփոխութեան միջեւ անմիջական կապ կայ: Եթէ նոր վարչակարգը, հաշտուելով նախկին վարչակարգի ներկայացուցիչների հետ, ժողովրդավարութեան է գնում, նախաձեռնութիւնն աւելի սահմանափակ կը լինի: Իսկ եթէ նախկին վարչակարգի ներկայացուցիչները կարողանան խորհուրդներ տալ իշխող ընտրանիին, հնարաւոր կը լինի կառուցել աւելի ժողովրդավարական պետութիւն, ինչպէս նաեւ հասարակարգում անցեալի հետ աւելի բացայայտօրէն հաշուի նստել: Այսինքն՝ ժողովրդի լեզուով ասած՝ “Ինչքան հացն է, այդքան էլ քէօֆթէն”…
Թուրքիան պատկանում է այն երկրների շարքին, որտեղ անցումը տեղի է ունենում՝ հիմնականում նախկին վարչակարգի հետ հաշտուելով: Նոյնիսկ գլխաւորում է այդ շարքը: Նախկին վարչակազմի եւ նրա ներկայացուցիչների նկատմամբ մեծ հետաքննութիւններ չեն սկսւում: Նախկին վարչակարգի հետ հաշտեցման ռազմավարութիւնը կարելի է տեսնել Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ու Գլխաւոր հրամանատարութեան յարաբերութիւններում: Կարելի է ասել, որ Էրկենեքոնի եւ չբացայայտուած յանցագործութիւնների առնչութեամբ սկսուած հետաքննութիւններն ու դատավարութիւններն արդիւնքն են այդ հաշտեցման:

Հ.- Ի՞նչ կարծիքի էք այն մեկնաբանութիւնների մասին, թէ պատմական յանձնաժողովի ձեւաւորմամբ ցեղասպանութեան հարցը կը դառնայ քննարկման առարկայ, սահմանների ճանաչման դէպքում Հայաստանը կը հրաժարուի տարածքային պահանջներից:
Պ.- Նախ կը ցանկանայի մի բան ասել՝ կապուած տարածքային պահանջի հետ: 1999 թուականն էր, հրաւիրուած էի Լոս Անճելըս: Առաջին անգամ էի այցելում Միացեալ Նահանգներ: Իմ կեանքի պատմութեան հիման վրայ ցուցադրուելու էր “Լռութեան պատը” վերնագրով փաստագրական ժապաւէնը, ես էլ հանդէս էի գալու ելոյթով: Ինձ հրաւիրողները դաշնակցականներից բաւական հեռու քաղաքական կողմնորոշում ունեցող մարդիկ էին: Ցանկանում էի ելոյթիս ընթացքում հետեւեալ բովանդակութեամբ մի բան ասել. “1915-ը ոչ թէ հողի եւ սահմանի հարց է, այլ մարդու իրաւունքների հետ կապուած քննարկում, պէտք է ձեւաւորուի այնպիսի մի մօտեցում, որ առկայ սահմանները հարցականի տակ չդրուեն եւ այդ հարցը փակուած համարուի”: Իմ լաւ բարեկամներից Հրաչը, որի հետ աւելի վաղ էի ծանօթացել, ասաց. “Թաներ, դա մի° ասա: Հասկանում եմ, հիմնականում ճիշդ ես, սակայն, եթէ դա ասես, մարդկանց երազանքները կը փշրես: Հողային հարցը ոչ թէ մի պարզ ազգայնականութիւն է, այլ հայ մարդուն անցեալի հետ կապող զգացմունքային կապ: “Այդ գործն աւարտուած է” ասելով՝ ճանապարհ կը բացուի զգացմունքային աղէտի համար”: Սակայն ես ասացի այն, ինչ ուզում էի, որովհետեւ ուզում էի իմանան այն, ինչին ես հաւատում եմ:
Այս օրինակով ուզում եմ բացատրել հետեւեալը՝ տարածքային պահանջի հետ հայկական ինքնութեան կապը նրանց յիշեցնում է իրենց հայրենիքը, որտեղից բռնի կերպով քշուել են, այսինքն՝ զգացմունքային կողմ ունի: Քաղաքական եւ գործնապաշտական պատճառներով, անկասկած, կարելի է պնդել, որ այդ պահանջն անիմաստ է եւ սխալ, սակայն պէտք չէ հարցի այս կողմի մասին մոռանալ:
Դրանից բացի ուզում եմ կրկնել այն, որ պատմութեան հետ հաշուի նստելու եւ ցեղասպանութեան հարցերում սխալ է միմեանցից տարանջատել Հայաստանն ու սփիւռքը: Ո°չ Հայաստանը, ո°չ էլ սփիւռքը ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջից չեն հրաժարուելու: Միայն թէ տարբերութիւնն այն մօտեցումն է, թէ ինչպէ°ս պէտք է լինի այդ ճանաչումը: Այդ տարբերութիւնը ոչ թէ մասնատում է Հայաստան-սփիւռք առանցքը, այլ դրանցից իւրաքանչիւրին մէջտեղից կիսում է: Հայաստան-սփիւռք առանցքի միտման ընդհանուր յայտարարն այն է, որ 1915-ին յանցանք է կատարուել, եւ պէտք է այդ յանցանքի համար ներողութիւն խնդրեն: Կողմերից մէկը կարող է բաւարարուել միայն նրանով, որ դա դիտուի որպէս “մարդկութեան դէմ իրականացուած յանցանք”, միւս կողմը կարող է պահանջել, որ այդ յանցանքը ստանայ բացարձակապէս “ցեղասպանութիւն” որակումը: Տարբերութիւն կարող է ի յայտ գալ նաեւ փոխհատուցման հարցում: Կողմերից մէկի համար կարող է բաւարար լինել ներողութիւն խնդրելը, միւսը կարող է առաջ քաշել փոխհատուցման չափի հարցում տարբեր տեսակէտներ:
Ես ենթադրում եմ, որ հայաստանեան իշխանութիւններն այս գործընթացին մասնակից են դարձնում նաեւ սփիւռքին: Սփիւռքը հիմնականում ցեղասպանութեան արդիւնք է եւ այդ պատճառով ցանկանում է ուղղակի կողմ հանդիսանալ ցեղասպանութեան հարցի քննարկման եւ դրա արդիւնքների վերացման գործում: Գերմանիա-Իսրայէլ բանակցութիւններում 1950-ական թուականներին այդպէս եղաւ: Իսրայէլը հրէական համայնքին ներառող մի մեքանիզմ մշակեց: Նման մի քայլ կարող է իրականացուել նաեւ Հայաստանի կողմից:
Որ կողմից էլ նայէք, արդէն “հետհաշուարկի” մեկնարկը տրուած է, հարցով հետաքրքրուողներին խորհուրդ եմ տալիս Հայաստանին եւ սփիւռքին վերաբերուել որպէս հաւասարը հաւասարին, նրանց նկատմամբ յարգանք ցուցաբերել եւ փորձել հասկանալ նրանց գործելաոճերը:

Հ.- Ասում էք, որ “ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջն առաջ քաշելու մէջ որեւէ “վատ” բան չկայ: Դա շատ ժողովրդավարական պահանջ է”: Դա միայն մտքի ազատութեան շրջանակո՞ւմ է բնութագրւում:
Պ.- Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջը ճիշդ չէ ուսումնասիրել մտքի ազատութեան շրջանակում: Անկասկած մարդիկ նման պահանջներ առաջ քաշելու մէջ ազատ պէտք է լինեն: Սակայն բանն այն է, որ դա անցեալում տեղի ունեցած սխալը շտկելու հարց է, ոչ թէ “ազատութեան”, այլ “արդարութեան” հարց է: Եթէ մէկի նկատմամբ անօրինութիւն էք անում, դա անարդարութիւն է: Հիմա այդ մարդուն ասելով, թէ “եղբայր, այդ անարդարութեան մասին ազատօրէն խօսում ես, էլ ի՞նչ ես ուզում”, հարցը չէք կարողանայ լուծել: Հարցը հետեւեալն է, թէ դուք ի՞նչ էք առաջարկում անցեալում տեղի ունեցած անարդարութեան վերացման համար:
Անցումային փուլում գտնուող հասարակութիւնների հիմնական հարցերից մէկն էլ “անցումային շրջանի արդարութեան” գաղափարով արտայայտուելն է: Որո՞նք են մենատիրական համակարգից ժողովրդավարական կառոյցներին անցնող հասարակութեան մէջ անցեալի անիրաւացիութիւնների յաղթահարման եւ վերացման համար օրակարգ բերուելիք “արդարութեան” սահմանները: Այդ հարցում երկու հիմնական մօտեցում կայ: Առաջինը՝ “արդարութիւն, որ ենթադրում է պատիժ”: Այստեղ գլխաւոր թիրախը գործող անձանց խումբն է: Այսինքն՝ ապօրինութիւններ գործած մարդկանց թիրախ դարձնել, բանտարկել, դատապարտել, ներկայ պահին Թուրքիայում մեղադրեալ սպաների դատավարութեան պէս… Երկրորդը՝ “կառուցողական արդարութեան” գաղափարն է: Այստեղ հիմնական թիրախը զոհերի խումբն է: Իսկութիւնը պարզելու եւ փոխհատուցման յանձնաժողովների ձեւաւորման պէս տարբեր նախաձեռնութիւններով պէտք է հանդէս գալ, զոհերի վէրքերն ամոքելու ուղղութեամբ պէտք է հանդէս գալ տնտեսական, հոգեբանական, ընկերային եւ բարոյական նախաձեռնութիւններով:
Այստեղ ուզում եմ ուշադրութիւն հրաւիրել Թուրքիայում շատ յաճախ գործածուող թեզի վրայ: Նշում են, թէ “Թուրքիայի Հանրապետութիւնը Օսմանեան կայսրութեան շարունակութիւնը չէ: Այն հիմնադրուել է 1923 թուականին, այդ պատճառով պատասխանատուութիւն չի կրում 1915-ի իրադարձութիւնների համար”: Նրանք, ովքեր հակուած են այս մտքին, բացասաբար չեն վերաբերւում 1915-ի ընդունմանը: Ասում են. “Օսմանեան կայսրութիւնն է գործել, ներողամիտ եղէք եւ այդ գործը մեր վզին մի փաթաթէք”: Իմ կարծիքով, այս քննարկումը շատ անտեղի է եւ աւելորդ: Եւ մի կարծէք, որ ես ասում եմ, թէ “մենք Օսմանեան կայսրութեան շարունակութիւնը չենք” միտքը սխալ է զուտ այն պատճառով, որ այսօր մեր պետութեան հիմնադրման իւրաքանչիւր տարեդարձ շնորհաւորում ենք՝ սկսելով Օսմանեան կայսրութիւնից՝ առանց որեւէ սահմանափակման:
Հարցը հետեւեալն է. ենթադրենք, թէ 1915-ին ցեղասպանութիւն չի եղել, հայերն էլ չեն սպանուել: Նոյնիսկ օսմանեան իշխանութիւնները հայերին լեռնային եւ ցուրտ տարածքներից Ֆլորիտայի պէս արեւոտ եւ գեղեցիկ տեղեր են ուղարկել… Մօտ երկու միլիոն մարդ իր տունը, իրերը, դաշտերը, եկեղեցիները, աշխատավայրերը, դրամատներում՝ գումարները, ամէն բան թողնելով է գնացել: Հաւատալը դժուար է, բայց իրականութիւնը դա է, ուղարկել են՝ առանց թոյլ տալու նոյնիսկ իրենց պարտքերը հաւաքել: Կառավարութիւնը չբաւարարուեց օրէնքներով եւ օրէնսգրքերով հայերին պատկանող շարժական եւ անշարժ գոյքն իր սեփականութիւնը դարձնելով: Հայերի ստանալիք պարտքերը որոշումներով իրեն վերագրեց եւ կարգադրեց նրանցից հաւաքել մուրհակները:
Այժմ ողջ Թուրքիան, մենք, ապրում ենք այդ թալանի եւ գօղոնի վրայ: Մի՞թէ հարցը փակուա՞ծ էք համարում, երբ ես դա անուանում եմ գողութիւն: Այդ մեծ թալանը, այդ մեծ անարդարութիւնն ինչպէ՞ս է վերացուելու: Մի կողմ թողնենք սպաննուած, ոչնչացուած մարդկանց, միթէ այսօր մենք հայերին պարտք չե՞նք մի շարք բաներ:
Այդ պատճառով հարցը պէտք է քննարկել ոչ թէ որպէս մտքի ազատութիւն, այլ՝ որպէս անարդարութեան վերացում:

Nov 24, 2009

ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի «ՓԻՒՆԻԿ» ՆՈՐԱԿԱՌՈՅՑ ՍՐԱՀԻ


Կազմակերպութեամբ «Ազդակ» օրաթերթին, շաբաթ, 21 նոյեմբեր 2009-ին, երեկոյեան ժամը 7։30-ին, ՀՅԴ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»ի «Փիւնիկ» սրահի բացման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ հոգեւոր պետերու, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներու, ՀՅԴ միջին արեւելեան կազմակերպական շրջաններու Կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչներու, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցչութեան, լիբանանահայ պետական գործիչներու, «Փիւնիկ» հիմնադրամի ղեկավարներուն, Հիւսիսային Ամերիկայի ազգային իշխանութիւններու անդամներուն եւ գաղութին մէջ գործող յարանուանական, հասարակական ու միութենական կազմակերպութիւններու, պատասխանատուներու, արուեստագէտներու, ինչպէս նաեւ լիբանանահայ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու։



Բացման հանդիսութեան պաշտօնական արարողութենէն՝ ժապաւէնի հատումէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Նարէ Գալեմքերեան, որ նշեց, թէ «Ազդակ»ը առանց իր որակէն զիջելու 82-ամեայ կորովով եւ միշտ երիտասարդական թափով շարունակեց ու կը շարունակէ իր ստանձնած առաքելութիւնը։ Ան ըսաւ, թէ նորօրեայ զարգացումներով «Ազդակ»ի խօսքը երկվայրկեանական արագութեամբ կը ճեղքէ տեղական սահմանները եւ կը տարածուի աշխարհով մէկ՝ կենսական ու սնուցիչ կապ հաստատելով համայն հայութեան հետ։ Նարէ Գալեմքերեան հաստատեց, թէ նորակառոյց սրահին մէջ ծաւալելիք գործունէութեան արգասիքը մեծ ու արժէքաւոր պիտի ըլլայ եւ պիտի գայ համալրելու մեր մամուլի աշխատանքը։

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց «Փիւնիկ» հիմնադրամին, ինչպէս նաեւ այս ծրագրին աջակցած ճարտարագէտ Հանրի Սիսլեանին, տէր եւ տիկին Կարպիս եւ Լիւսի Թիւթիւնճեաններուն, արուեստագէտ Արա Ազատին եւ արուեստաբան դոկտ. Մովսէս Հերկելեանին։



Ապա խօսք առաւ «Ազդակ» օրաթերթի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան։ Ան հաստատեց, թէ «Ազդակ» համոզուած է, որ բոլոր մակարդակներուն վրայ համախմբուածութիւնը կը գօտեպնդէ մեզ, կը նպատակաուղղէ մեր աշխատանքները, կ'ընդլայնէ մեր մտահորիզոնը եւ կ'արդիւնաւորէ մեր հաւաքական ճիգերը։ Գանտահարեան աւելցուց, թէ «Փիւնիկ» սրահը կ'ընձեռէ այս առաջադրանքին լիարժէք ընդառաջ երթալու նկատառելի հնարաւորութիւններ։


Ան ըսաւ, թէ «Փիւնիկ» սրահին մէջ կազմակերպուելիք քննարկումներուն կողք-կողքի պիտի ըլլան գաղութի, սփիւռքի եւ հայրենի լրատուադաշտի գործիչները, արուեստագէտ հասարակութիւնը եւ երիտասարդութիւնը՝ միասին քննարկելու համար բոլորին վերաբերող խնդիրները։ Շահան Գանտահարեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց «Փիւնիկ» հիմնադրամին եւ անոր նախագահ տէր եւ տիկին Գափրիէլ եւ տոքթ. Անժել Չեմպերճեանին եւ հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ դոկտ. Լեւոն Սարգսեանին։

Շահան Գանտահարեան յայտնեց, որ «Ազդակ»ի հիմնադիր՝ Հայկ Պալեանի «Ազդակ»ի հրատարակութեան ձեռնարկելէն առաջ լոյս կը տեսնէր եռօրեայ թերթ, որուն անունն էր «Փիւնիկ»։ Ան աւելցուց. «Գեղեցիկ զուգադիպութեամբ մը՝ շուրջ 85 տարի ետք, «Ազդակ»ի նախահայր «Փիւնիկ»ը վերստին յարութիւն կ'առնէ մոխիրներէն եւ «Ազդակ»ի կողքին կը կանգնի յաղթական նոր սլացքներ եւ թռիչքներ ճախրելու վճռակամութեամբ»։
Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան խօսք առնելով յայտնեց, թէ ուրախալի տօնակատարութիւն մըն է այս հանդիսութիւնը, որ իրականացաւ շնորհիւ բարերարներու մեծ նուիրատուութեան։ Ան հաստատեց, թէ ինք համոզուած է, որ այս սրահը կը նպաստէ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ գործնականացման։ «Փիւնիկ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Լեւոն Սարգսեան խորհուրդին անունով շնորհաւորեց «Ազդակ» օրաթերթը՝ շեշտելով, թէ «Ազդակ»ը սփիւռքի մէջ երկար տարիներ ծառայած է հայապահպանման եւ սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ։ Ան մաղթեց, որ հնարաւորութիւններ ստեղծուին, որպէսզի «Ազդակ»ի տպագիր տարբերակը հասանելի ըլլայ նաեւ հայրենիքի հայութեան։ Լեւոն Սարգսեան յայտնեց իր համոզմունքը, որ Փիւնիկ սրահը առիթ պիտի ըլլայ քննարկելու Հայաստանի եւ սփիւռքի համագործակցութեան վերաբերող հարցեր։

Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան հաստատեց, թէ «Ազդակ» օրաթերթը վերջին տարիներուն իր գործունէութեամբ ու արհեստագիտական պայմանները լրացնելով դադրած է պարզ օրաթերթ մը ըլլալէ, եւ դարձած հաստատութիւն մը, ուր կ'արծարծուին հայութեան հետ առնչուած բոլոր հարցերը։ Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, թէ «Ազդակ»ը մեր գաղութի հայելին է, որ մեր առօրեան կը ներկայացնէ եւ շրջանցած է բոլոր սահմանները։ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդը շեշտեց, թէ «Ազդակ»ին նկատմամբ վստահութեան արդիւնք է այս առիթը, որ իրականացաւ շնորհիւ «Փիւնիկ» հիմնադրամի գնահատելի ջանքերուն։


ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան խօսք առնելով, ըսաւ, թէ մամուլը հայ կեանքին հարազատ հայելին է, որ կը ներկայացնէ հայ կեանքի բոլոր իրադարձութիւնները եւ կը հունաւորէ ազգային քաղաքական ուղղուածութիւնը։ Ան յայտնեց, որ «Ազդակ»ը մինչեւ այսօր ունի քաղաքական մտածողութեան ու ազգային գաղափարախօսութեան զարգացման դպրոցի դերակատարութիւն։

Մխիթարեան հաստատեց, թէ «Ազդակ»ը կը լուսաբանէ հայկական կեանքը, գաղութը՝ իր բոլոր հատուածներով եւ հայրենիքը՝ իր դժուարութիւններով ու նուաճումներով։Ան ըսաւ, թէ այսօր աշխատանքներուն ծիրը ընդլայնուած է եւ աւելցած են միջոցները, սակայն գաղափարականութիւնն ու ազգային առաջադրանքներուն նկատմամբ դաշնակցական հաւատարմութիւնը մնացած է միեւնոյնը։ Խօսքի աւարտին Յովիկ Մխիթարեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց «Փիւնիկ» հիմնադրամին։

Nov 14, 2009

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ - ԱՌԱՆՑ «ԳՐԵԹԷ»Ի

«Հայկական սփիւռքը Սերժ Սարգսեանի դէմ բողոքի ակցիաների ռեժիմից կարծես թէ վերադառնում է իր աւանդական, անշառ զբաղմունքին` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման խնդրով թակել արտասահմանեան դռներն ու ճանաչում մուրալ»:
Այս հաստատումները հայրենի «Ժամանակ» ելեկտրոնային թերթին կը պատկանին։ Անստորագիր յօդուածի մը նախաբանը կը կազմեն։ Յօդուածին խորագիրն է «Սփիւռքը անապատացման ճանապարհին», կը կրէ չորեքշբաթի, 11 նոյեմբեր թուականը։ Գրութիւնը «Խմբագիրի սիւնակ»ը ենթաբաժանումին տակ տեղադրուած է։
Նախաբանէն պէտք է հետեւցնել, թէ յօդուածը ի՛նչ ուղղութեամբ զարգացած է։ Յօդուածին միտքերը տարբաղադրելով՝ հակափաստարկներ բերելը նպատակին ծառայելու միտումը չþարդիւնաւորեր։ Ընդհանրապէս ալ չէր արժեր անդրադառնալ հրապարակուած մտածումներուն, եթէ այս բոլոր «հանճարեղ» գաղափարները չկրէին խմբագիրին սիւնակին պաշտօնականութիւնը։ Այս կþենթադրէ, որ սփիւռքի նկատմամբ կատարուած գնահատականը ո՛չ թէ այս կամ այն յօդուածագիրին կամ աշխատակիցին անհատական տեսակէտն է, այլ՝ պաշտօնապէս թերթինը։ Իսկ թերթը ծանօթ է իբրեւ Հայ ազգային Քոնկրեսի խօսափողներէն մէկը։
Կ'արժէ անդրադառնալ ուրեմն։ Հայկական սփիւռքը այս գրութեան մէջ յայտնուած է «անշառ զամբիւղին» վերադարձ կատարող, արտասահմանեան դռներ թակող եւ ճանաչում մուրացողի կարգավիճակին մէջ։ Թէ ինչո՛ւ փորձ կը կատարուի աւանդական սփիւռքին այս դիմագիծը տալ, ատիկա, իր կարգին, աւելի խոր վերլուծման կարօտող նիւթ է։
Այստեղ առաջնային մտահոգութիւնը հետեւեալն է. Հայ ազգային քոնկրեսով գլխաւորուող հայրենի ընդդիմութիւնը մէկ կողմէ ներքաղաքական խոր անհանգստութիւն կþապրի՝ իր ենթահողը հետզհետէ զիջած տեսնելով յօգուտ կառուցողական ընդդիմութեան, միւս կողմէ գերխանդավառ ճիգի մէջ էր սփիւռքի բողոքի գործողութիւնները ծառայեցնելու իշխանատիրութեան իր քաղաքականութեան։
Ճիշդ այստեղ է, որ հարցը սուր բնոյթ կը ստանայ։ «Ժամանակ»ի ետին կանգնած ուժերը իրենք զիրենք համոզած էին, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն դէմ շղթայազերծուած բողոքի գործողութիւնները կրնան ծառայեցնել իրենց նպատակներուն, Հայաստանի պետութեան հեղինակութիւնը հարուածել՝ յաչս միջազգային հանրութեան կարծիքին եւ միջազգային ընտանիքին։ Սահմանազատումը՝ իշխանութեան քաղաքական ուղեգիծին ընդդիմանալու եւ պետական շահերը հարուածելու մօտեցումներուն միջեւ վաղուց ջնջուած էր հայրենի ապակառուցողական ընդդիմութեան համար։
Մինչդեռ, սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ կառուցողական ընդդիմադրութեան ամէնէն բուռն բողոքի ելոյթները թրքական նախապայմաններուն ընդառաջման դէմ գիտէին զատորոշել քաղաքական ընդդիմութիւնը իշխանութեան մրցապայքարներէն։ Ա՛յս է քաղաքական անհանգստութեան բուն պատճառը, որ կþերեւի «Ժամանակ»ի ելեկտրոնային էջերուն մէջ թէ անոր ետին կանգնած ուժերուն մօտ։ Անոնք հիասթափուած են փաստօրէն, որ բացառապէս իշխանատիրական մղումներէ առաջնորդուած ընդդիմութիւնը արագ կշռոյթներով հող կորսնցնելու գործընթացին մէջ է։
«Հայաստանի հզօրացմանը, ժողովրդավարական, տնտեսական բարեփոխումներին միտուած գործողութիւնների իրականացմանը ուղղուած 1000 տոլարը թերեւս շատ աւելի մեծ ազդեցութիւն կþունենայ հայութեան խնդիրների լուծման գործում, քան օրինակ` Ցեղասպանութեան ճանաչման նմանօրինակ ակցիաների համար ծախսուած 10,000, 100,000 կամ 1 միլիոն տոլարը: Բայց աւաղ, սփիւռքն առայժմ շարունակում է կառչած մնալ աւանդոյթին: Ի՞նչն է պատճառը` թերեւս դժուար է միանգամից ասել, քանի որ գործ ունենք բաւական լայն եւ բազմաշերտ մի հարթութեան հետ, որ կոչւում է աշխարհասփիւռ հայութիւն, բայց որ այդ առայժմ ոչ յայտնի կամ ոչ լիովին ուրուագծուած պատճառի հետեւանքով այդ բազմաշերտ հարթութիւնը, չնայած ունեցած հսկայական բարոյաքաղաքական եւ ֆինանսատնտեսական ռեսուրսներին, իրականում գտնւում է լիակատար անապատացման ճանապարհին` գրեթէ անկասկած է»:
Թէեւ «Ժամանակ»ի խմբագիրը կը խօսի այսօրուան սփիւռքին բազմաշերտ ըլլալու հանգամանքներուն մասին, սակայն իր նախաբանն ու եզրայանգումը իրարու կը հակասեն։ Նախաբանին մէջ կը խօսուի իր աւանդութիւններուն վերադարձ կատարող հայկական ամբողջական սփիւռքին մասին, մինչդեռ եզրակացութիւնը՝ բոլորովին տարբեր տեսակի սփիւռքի։ Ըստ «Ժամանակ»ի, սփիւռքի բազմաշերտ հարթութիւնը անապատացման ճամբուն վրայ է։
Գաղափարախօսական անապատացում մը կը նկատուի «Ժամանակ»ի ելեկտրոնային էջերուն մէջ։ Կարենալ խորհրդածելու համար, որ եթէ իսկապէս Ցեղասպանութեան ճանաչման սատար կանգնելու որոշումը մեր երկրի անկախութեան հռչակագիրին մէջ ամրագրուած է, եւ եթէ իրօք Ցեղասպանութեան ճանաչումը կը շարունակէ մաս կազմել մեր պետութեան արտաքին քաղաքական ուղեգիծի առաջնային օրակարգին, ուրեմն սփիւռքեան կազմակերպութիւններու բարոյաքաղաքական եւ ֆինանսատնտեսական ներուժի լիարժէք օգտագործումը յօգուտ Ցեղասպանութեան ճանաչման հրամայականին՝ միայն կը հզօրացնէ Հայաստանի պետութիւնը։
Սխալեցանք գաղափարախօսական անապատացում նկատելով։ «Ժամանակ»ին եւ ժամանակականներուն համար ազգային գաղափարախօսութիւնը քաղաքական կեղծ քաթեկորիա էր ի սկզբանէ։ Անկասկա՛ծ, առանց «գրեթէ»ի։

Nov 11, 2009

ԻՆՉՈ՞Ւ ՊԷՏՔ Է ԿՏՐԱԿԱՆԱՊԷՍ ՄԵՐԺԵԼ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ



ՏԵՍԱԿԷՏ


Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն հրապարակումէն, եւ նոյնիսկ անկէ առաջ, հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման այսպէս կոչուած “ճամբու քարտէս”ին մասին յայտարարութենէն ետք արձանագրուած իրադարձութիւններուն հետեւողը շատ յստակօրէն կրնայ նկատել, որ այս գործընթացը իր տեղէն չշարժեցաւ առանց մանաւանդ արեւմտեան որոշումի կեդրոններուն բանեցուցած ճնշումին:


Այս իրականութիւնը դուռը բաւական լայն կը բանայ մտածելու եւ մտորելու այս արձանագրութիւններուն եւ ներկայ ամբողջ գործընթացին նկատմամբ հայութեան որդեգրելիք կեցուածքին մասին:


Մեր կարծիքով, արդէն իսկ ստորագրուած արձանագրութիւններուն մէջ հարցը երբեք պէտք չէ փնտռել գոյութիւն ունեցող յստակ նախապայմաններուն մէջ: Անոնք պարզապէս աղ-պղպեղ են եւ յաւելեալ պատճառ՝ արձանագրութիւնները եղածին պէս մերժելու: Հարցը պէտք չէ փնտռել այն կէտին մէջ, որ երկու երկիրները կը ճանչնան իրենց միջեւ գոյութիւն ունեցող ներկայ սահմանները, ինչ որ իրողականօրէն կը նշանակէ Կարսի համաձայնագիրի ընդունումը: Հարցը պէտք չէ փնտռել այն կէտին մէջ, որ արձանագրութիւնները կը նախատեսեն պատմական հարթութեան ենթայանձնախումբ մը, որուն անդամ հայ, թուրք եւ միջազգային մասնագէտները պիտի ուսումնասիրեն պատմական արխիւները, ինչ որ կրնայ պատճառ հանդիսանալ Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը հարցականի տակ առնելու: Հարցը երբեք պէտք չէ փնտռել նաեւ Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող այն քողարկուած նախապայմանին մէջ, որուն մասին օր չ’անցնիր, որ թուրք բարձրաստիճան քաղաքական պաշտօնատարները չխօսին: Եթէ նոյնիսկ այս արձանագրութիւնները իրօք ըլլային առանց նախապայմանի, մեր անձնական կարծիքով, հայութիւնը պէտք էր կտրուկ մերժէր զանոնք: Հարցը աւելի խորքային է:


Արդի Հայաստանին պէտք չէ նայիլ իբրեւ Հարաւային Կովկասի մէկ անկիւնը ծուարած երկիրի: Աշխարհագրականօրէն այդպէս է, բայց իրականութեան մէջ՝ ոչ: Թէ° արդի Հայաստանը եւ թէ° Հայաստանի բռնագրաւեալ հողերը Թուրքիոյ կողմէ անմիջական եւ բազմաթիւ կապերով առնչուած են միջինարեւելեան միջավայրին հետ: Հայկական հարցը ի°նք, ներկայիս մարմնաւորուած Հայ դատի հասկացողութեամբ, պատմականօրէն անքակտելի մէկ մասը եղած է Արեւելեան հարցին, որ տարբեր դրսեւորումներով կը շարունակէ անլոյծ մնալ: Ուստի հայութեան ու Հայաստանի ճակատագիրը կարելի չէ անջատել Միջին Արեւելքի շրջանի ճակատագիրէն եւ այդ շրջանին վերաբերեալ մեծ պետութիւններու կամ ինչ-ինչ յայտնի թէ գաղտնի միջազգային կազմակերպութիւններու մշակած ծրագիրներէն:


Ուղղակի անցնինք նիւթին: Խօսքը կը վերաբերի Նոր Միջին Արեւելքի ծրագիրին: Մեր կարծիքով, Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները այնպէս, ինչպէս պարտադրուած են Միացեալ Նահանգներու եւ եւրոպական կարգ մը երկիրներու ճնշումներով, այդ ծրագիրի՝ Միջին Արեւելքի վերաձեւաւորման ծրագիրի ենթախորագիրներէն մէկուն մաս կը կազմեն:


Մեծ ծրագիրը կը բաղկանայ ենթածրագիրներէ: Անոնցմէ մէկը (եւ ներկայիս՝ առաջնահերթը) շատ յաջող կերպով կ’իրագործուի Իրաքի մէջ: Ուրիշ մը իրագործելու փորձ կատարուեցաւ 2006 թուականի յուլիսին՝ Լիբանանի մէջ, բայց շնորհիւ լիբանանեան Ազգային դիմադրութեան, այդ փորձը չարաչար ձախողեցաւ: Հիմա, աւելի ընդարձակ շրջագիծի մէջ, փորձեր կը կիրարկուին նաեւ Աֆղանիստանի, Փաքիստանի, Իրանի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Եմէնի մէջ (նկատի ունինք վերջին դէպքերը՝ հուսիներու ըմբոստութեան հետ առնչուած):


2006-ի յուլիսեան պատերազմի գագաթնակէտին էր, երբ յանկարծ Թել Աւիւի մէջ յայտնուեցաւ Միացեալ Նահանգներու այն ժամանակուան արտաքին գործոց նախարար Քոնտոլիզա Ռայսը եւ առաջին անգամ ըլլալով յայտարարեց, թէ՝ “ներկայիս կը կերտուի Նոր Միջին Արեւելքը”: Այս յայտարարութենէն անմիջապէս ետք, նոյն թուականին, ամերիկեան բանակի “Արմտ ֆորս ժըռնըլ” թերթին մէջ, հանգստեան կոչուած բարձրաստիճան սպայ եւ նոր-պահպանողական քաղաքագէտ Ռալֆ Փիթըրզ հրապարակեց յօդուած մը, որուն մէջ կոչ կ’ուղղուէր վերագծելու Միջին Արեւելքի երկիրներուն սահմանները: Ռալֆ Փիթըրզ նախ եւ առաջ կոչ ուղղեց բաժնելու Իրաքը երեք մասերու՝ համայնքային եւ ազգային հիման վրայ: Այս տեսաբանը չխրտչեցաւ կատարել էապէս ցնցիչ յայտարարութիւն մը, որ սահմաններու վերագծումը յաճախ միայն տեղի կ’ունենայ պատերազմով եւ բռնութեամբ, ներառեալ՝ ցեղային մաքրագործումներով:


Ընդգծելով վերջին միտքը՝ վերադառնանք Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն: Կամ ալ՝ եկէք այսպէս բանաձեւենք հարցումը. ի՞նչ բան կը նախատեսէ Ռալֆ Փիթըրզի ծրագիրը՝ Հայաստանի եւ հայութեան համար: Կամայ թէ ակամայ նոյն ծրագիրին գործադրութեան միտող Արեւմուտքին պարտադրած այս արձանագրութիւնները բացէ ի բաց կը թելադրեն, որ Թուրքիա եւ Հայաստան վերջնականօրէն թող ճանչնան ներկայիս գոյութիւն ունեցող իրենց սահմանները: Ասիկա արդէն ենթածրագիրին առաջին հանգրուանն է: Հոս առաջին մեծ հատուածը կը հասցուի հայ ազգային պայքարին, որ հիմնուած է, իրաւականօրէն, Սեւրի դաշնագիրին վրայ: Բայց այս ենթածրագիրին յաջորդ հանգրուանները աւելի աղէտալի են: Ըստ Փիթըրզի ծրագիրին, այդ հանգրուանները կ’ենթադրեն ամբողջ շրջանի տարբաղադրում՝ այնպիսի ձեւով մը, որ չորս երկիրներու աւերակներուն վրայ ստեղծուի Քիւրտիստան մը, որ աւելի°ն է, քան ինչ որ կրնային երազել ամէնէն ծայրայեղ քիւրտ ազգայնականներն անգամ: Այս Քիւրտիստանը ոտքի պիտի կանգնի Արեւմտահայաստանի հողերուն մեծամասնութեան վրայ, ինչպէս նաեւ ելք պիտի ունենայ Սեւ ծովուն վրայ:Եւ որովհետեւ այս ծրագիրէն ամէնէն շահաւորը Իսրայէլը պիտի ըլլայ (անիկա պիտի կծկուի նախքան 1967 թուականը իր ունեցած սահմաններուն մէջ եւ բաժան-բաժան եղած շրջանին մէջ պիտի վայելէ ամէնէն ապահով կացութիւնը), ուստի նոր ստեղծուելիք Մեծն Քիւրտիստանն ալ պիտի կատարէ անոր պահակի դերը:


Այս միջոցին ծրագիրի վերակացուները կու գան եւ կ’ըսեն. “Հայե°ր, դուք՝ իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդ, մոռցէք այլեւս հատուցման հարցը: Ձեզի պարզապէս պզտիկ բարոյական ժեսթ մը կրնանք ընել՝ գացէք եւ բաւարարուեցէք Արարատ լեռով ու անոր շրջակայքով”: Իսկ Ղարաբա՞ղը: Անոր մասին խօսք անգամ չկայ Ռալֆ Փիթըրզի առաջարկած քարտէսին եւ ծրագիրին մէջ:


Իսկ եթէ իրօք այս ծրագիրը իրականացուի ցեղային մաքրագործումով եւ հայութեան չցանկացած ձեւով, այն ժամանակ պէտք է ակնկալենք, որ երկրորդ եղեռն մը մօտալուտ է: Եւ ասիկա աւելի վտանգաւոր է, քան՝ մէկ-երկու նախապայմաններու գոյութիւնը: Ասիկա երեւակայածին ծրագիր մը չէ: Գիշեր-ցերեկ մարդիկ կը մտածեն՝ ինչպէ°ս գործադրել զայն:


Ահա թէ ինչո՞ւ կտրուկ կերպով պէտք է մերժենք այս արձանագրութիւնները: Դարձեալ կ’ըսենք՝ անոնց ետին կայ հայութիւնը երկրորդ անգամ ցեղասպանութեան ենթարկելու սպառնալիքը: Ամերիկացիին կամ եւրոպացիին հոգն ալ պիտի չըլլայ այդպիսի պարագայ մը: Պատմութեան մէջ հոգը չէ եղած արդէն: Այդ արեւմուտքցիին ըսէ միայն “Նապուքօ” եւ քարիւղ: Մեր ըսածներուն վկաները Իրաքի քրիստոնեաներն են...Ամէն գնով պէտք է ձախողեցնել այս դաւադրութիւնը, որ իր մէջ կը կրէ Հայոց երկրորդ ցեղասպանութեան մը ծրագիրին սերմերը: Ասիկա ընելու համար անհրաժեշտ է ժողովրդային դիմադրութիւն եւ շարժում: Շարժում մը, որ չդադրի այս արձանագրութիւններուն վաւերացումով, դիմադրութիւն մը, որ ըլլայ յարատեւ:

ԺԱՔ Յ. ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Nov 5, 2009

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ - ԿՈՂՄՆՈՐՈՇՈՒՄ


Կարեւոր է նախագահ Սարգսեանին Քուէյթի մէջ կատարած յայտարարութիւնը։ Ազրպէյճան շահարկելով կրօնական գործօնը՝ իսլամական վեհաժողովներուն յաջողած է ապակողմնորոշել իսլամական աշխարհի կարծիքը արցախեան հիմնահարցին նկատմամբ։ Իսկ այս կարծիքի ձեւաւորման նպաստած է ղարաբաղեան հարցին մասին իսլամական աշխարհին ոչ բաւարար տեղեկացուածութիւնը։ Ա՛յս է յայտարարութեան միտք բանին։

Ի հարկէ նշանակութիւն ունի նման յայտարարութեան միջավայրը։ Նախագահը այս յայտարարութիւնը կը կատարէ արաբ-իսլամական աշխարհի կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկուն մէջ եւ այդ առումով պատգամը հասանելի կը դարձնէ ուղղակի հասցէներուն։

Քուէյթի այցելութիւնը քանի մը տեսանկիւնէ օգտաշատ կարելի է նկատել։ Նախ այն առումով, որ համաարաբական տեսակէտէ կարեւորագոյն կեդրոնի հետ միջպետական յարաբերութիւններու աշխուժացման եւ առհասարակ հայ-արաբ յարաբերութիւններու զարգացման նպաստող նկատառելի քայլ է, ապա՝ առեւտրական-տնտեսական ուղղութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան առաւելներ ապահովելու նախադրեալներ կը պարփակէ։
Առիթը, ինչպէս օրինաչափ է այլ երկիրներ այցելութեան պարագաներուն, օգտագործուած է նաեւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ ամէնէն հրատապ եւ առաջնային կարեւորութիւն ներկայացնող թեմաներու շուրջ խորհրդակցելու։

Այս բոլորին մէջ ամէնէն դիտարկելին սակայն վերը նշուած քաղաքական յայտարարութիւնն է։ Շրջանային իրադրութիւններուն հետեւողները գաղափար մը կազմած են արդէն ազրպէյճանական քարոզչաքաղաքական գերաշխուժ իրավիճակին մասին։ Քաղաքական հանդիպումներուն թէ արաբական եւ այս պարագային՝ քուէյթեան լրատուադաշտին մէջ քիչ չեն ազրպէյճանական յարձակողապաշտ հրապարակումները, Ազրպէյճանի համար աւանդութիւն դարձած ապատեղեկատուութեան օրինակները։
Հայկական կողմի ոչ պաշտօնական հակազդեցութիւնները պարագայական են եւ ոչ համարժէք։ Հարցը անշուշտ միայն քուէյթեան լրատուադաշտին չի վերաբերիր։ Նոյն երեւոյթները կը տարածուին Արաբական ծոցի երկիրներուն մէջ հաստատուած արաբական-շրջանային լրատու գործակալութիւններուն վրայ եւս։

Լրատուադաշտը սակայն եթէ մէկ կողմէ ի՛ր նախաձեռնութեամբ կարծիք ապակողմնորոշելու կը ծառայէ, միւս կողմէ քաղաքական հաստատութիւններու կիրարկած ապատեղեկատուութեան հարազատ արտացոլացումը կ'ապահովէ։ Իսլամական խորհրդաժողովը Ազրպէյճանի համար ընտրուած է ամէնէն ազդեցիկ եւ ամէնէն յարմար միջավայրերէն մէկը նման քարոզչաքաղաքական յարձակողապաշտ գործողութիւններ իրականացնելու։

Հայկական գործօնը լրիւ բացակայ է այդտեղ։ Ամէնէն հակահայ բանաձեւերը, որոնք բացարձակ հեզասահութեամբ կը քուէարկուին, եթէ անգամ պարագայական ընդդիմութիւններու հանդիպին, ապա անոնք ձեռնպահութեամբ կը մարմնաւորուին կամ իսլամական երկիրներու միջպետական յարաբերակցութիւններու հիման վրայ իրենց դրսեւորումները կը գտնեն։ Ըսել կ'ուզուի, որ հարցին նկատմամբ կը տիրէ լայնածիր անտարբերութիւն կամ անտեղեակութիւն։
Նախագահին յայտարարութեան մէջ քննադատական բաժինը խորքին մէջ ուղղուած է երեք կողմի։ Գէթ այդպէս պէտք է ընկալել։ Առաջինը ի հարկէ հանրային կարծիքը ապակողմնորոշող եւ կրօնական գործօնը շահարկող Ազրպէյճանն է։
Երկրորդ քննադատուողը ապակողմնորոշուող եւ շահարկուող իսլամական երկիրներն են. իսկ երրորդը՝ այս բոլորին դիմաց ձեռնածալ մնացած հայկական կողմը։ Եւ նախ եւ առաջ պաշտօնական Երեւանը կամ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, որ համապատասխան եւ համարժէք քայլերու չէ ձեռնարկած այս ամբողջ ապակողմնորոշման արշաւին դիմաց։ Հայկական կողմին պէտք է ներառել հայկական հասարակական կազմակերպութիւններ եւս , որոնք իրենց հերթին այս ուղղութեամբ ոչ միայն հերքելու կամ հակազդելու աշխատանք ունին, այլ նաեւ նախաձեռնելու։

Ապակողմնորոշողին եւ ապակողմնորոշուողին դիմաց կողմնորոշող պէտք է։ Նախ եւ առաջ պետութիւնը եւ ապա հասարակական կազմակերպութիւնները։ Գործի արդիւնաւէտութեան համար երկուքը միասին՝ համակարգաւորուած, արհեստավարժ աշխատանքով։

Oct 22, 2009

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ - ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԳՐԵԼ-ԿԵՐՏԵԼԷՆ ԱՌԱՋ

Մինչ թրքական եւ ազրպէյճանական լրատու գործակալութիւնները հեղեղուած են ազրպէյճանական անհանգստութեամբ եւ անոնց դիմաց Ազրպէյճանին հոգատարութիւն կատարելու թրքական շեշտակի քաղաքականութեամբ, հայկական լրատուադաշտը կարծէք հանգիստի ընդհանուր իրավիճակ մը կը պարզէ։ Նիւթերը վերստին վերադարձ կատարած են ընթացիկ սովորական լրատուութիւններու։

Այս վիճակը հայկական կողմին համար առաւել մը չէ։ Հարցը պէտք է եռայ մինչեւ վաւերացման թուական եւ անկէ ետք տակաւին՝ ինչ ալ ըլլայ վաւերացման նիստին արդիւնքը։ Քննարկումներու իւրայատուկ փուլ պէտք է սկսի բազմակողմանիօրէն թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ։ Անգամ մը եւս վերահաստատելու համար, որ հայութեան ստուար զանգուածները դէմ են ներկայ տեսքին մէջ այս արձանագրութիւնները վաւերացնելու գաղափարին։

Պայքարը, ներկայ փուլին, պէտք է տեղափոխել նաեւ այլ հարթութիւններ։ Աւելի ճիշդը՝ պահելով ներհայկական հարթութիւնը, բողոքի գործողութիւնները ուղղել նախ թրքական պետութեան դէմ, ապա այն բոլոր առնչակից կողմերուն, որոնք հայկական կողմին կը պարտադրեն ընդառաջել թրքական նախապայմաններուն։ Ի վերջոյ աշխարհաքաղաքական հանգուցալուծումները պէտք չէ արձանագրուին հայկական կողմին հաշուոյն, որ հերթական անգամ գին վճարելու դիրքին վրայ կը գտնուի։

Ռուս-թրքական մերձեցումները կամ ռուս-ամերիկեան միջպետական շահերու համընկնումը այսօր կþոտնակոխեն հայկական իրաւունքները։ Եւ այստեղ չկայ տարանջատում հայաստանեան եւ սփիւռքեան հատուածներուն։ Որքան սփիւռքահայուն տեսիլքները մթագնող արձանագրութիւններ են ստորագրուածները, նոյնքան Հայաստանի անվտանգութեան սպառնացող հիմնադրոյթներ։ Եւրոպայէն պէտք է պահանջել առանց թրքական նախապայմաններուն տեղի տալու պարտադրել Թուրքիոյ, որ բանայ ցամաքամասի վերջին փակ սահմանը։ Ռուսիան եւ Միացեալ Նահանգները եթէ բաց սահման կ՛þուզեն շրջանին մէջ ուժանիւթի թէ առեւտուրի այլընտրանքային ուղիներ ձեւաւորելու համար, դիմացը հայկական իրաւունքները սակարկութեան սեղանին վրայ դնելու քայլերու պէտք չէ դիմեն։ Եւ անշուշտ հայկական կողմը պիտի գիտակցի այլեւս, որ կրաւորական վիճակի մէջ բոլորին շահերը գոհացնելու հարկադրանքին տակ ինքզինք պէտք չէ դնէ, այլ պահանջէ նախապայմաններու ջնջումը, սպառնայ մերժել վաւերացումը եւ ներկայ տեսքին մէջ չընդունի շարունակել հայ-թուրք յարաբերութիւններու գործընթացը։

Բողոքի գործողութիւնները պէտք է ստանան համընդհանուր տարողութիւն եւ բազմամակարդակ դրսեւորումներ։ Աշխարհաքաղաքական կեդրոններու պատրադրած նորագոյն այս խաղը պէտք չէ ընթանայ միայն հայութեան հաշւոյն։ Այստեղ կայ հիմնականին մէջ նոյն այդ աշխարհաքաղաքական ուժերուն ձեւաւորած միջազգային հանրութեան ճշդած նորմերը կոպիտ ձեւով խախտող կողմ, շրջափակող, ժխտող, նախապայմանի լեզուով խօսող պետութիւն, որ կը յաւակնի ժառանգորդը ըլլալ Օսմանեան պետութեան եւ իր տեսակին մէջ վերականգնել կայսրութիւնը նորովի մեթոտներով։ Կը խօսինք ուրեմն ցեղասպանութիւն իրականացուցած պետութեան մը այսօրուան ժառանգորդին մասին, որ միեւնոյն կայսրութեան նորովի վերականգնումը կþըմբռնէ իբրեւ ցեղասպանութիւնը ժխտող, շրջափակող, գործընթացները նախապայմանաւորող կողմ։

«Մենք պատմութիւն չենք գրեր, այլ պատմութիւն կը կերտենք», կը յոխորտար Թուրքիոյ թիւ մէկ ղեկավարը։ Պատմութիւն գրել-կերտելէն առաջ Թուրքիոյ նախագահը պէտք է գիտնայ պատմութիւնը ճիշդ կարդալ, այնտեղ տեսնելու համար, որ ո՛վ որո՛ւ դէմ ցեղասպանութիւն իրականացուցած է։ Պատմութիւն ժխտելով պատմութիւն կերտելը առնուազն պատմութեան հասկացողութեան նկատմամբ կատարեալ անգրագիտութիւն է եւ բացարձակ անհեթեթութիւն։
Սակայն գրել-կարդալու եւ կերտելու պատմութեան այս դասերուն առընթեր թրքական պետութիւնը առաւելներ ձեռք ձգելու վրայ է պատմութիւն ուսումնասիրելու առումով, այն ալ համատեղ՝ հայկական կողմին հետ։ Տակաւին՝ երրորդ կողմի մասնագէտներ ալ հրաւիրելով։ Այս բոլորը տեղի կþունենան գերպետութիւններու ներկայացուցիչներու մղումով, թրքական նախապայմանով եւ պաշտօնական Երեւանին ընդառաջումով։ Բոլորի՛ն անխտիր ըսելիք ունինք իբրեւ հայկական կողմ։ Իբրեւ պետութիւն, իբրեւ հասարակութիւն. մանաւանդ իբրեւ թէ՛ Հայաստան եւ թէ՛ սփիիւռք։

Oct 12, 2009

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ - ԵՐԵՒԱՆԻ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՄԵՐԺՈՒՄԸ ՏԱՊԱԼԵՑ ԹՐՔԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐԸ


Երէկ Երեւանի փողոցներուն թէ Ծիծեռնակաբերդի շրջակայքը հաւաքուած եւ այնտեղէն դէպի նախագահական նստավայր երթին մասնակցած զանգուածային երեւոյթը համոզեց, որ հայ-թուրք յարաբերութիւններու կարգաւորման նորագոյն զարգացումներուն առնչութեամբ անջրպետ գոյութիւն չունի Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ։

Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան առաջնորդութեամբ հայրենական 12 կուսակցութիւններու միաւորումն ու համախմբումը՝ պահանջատիրական այս շարժումին, նկատառելիօրէն նոր զսպանակում կու տան թրքական նախապայմանային քաղաքականութիւնը մերժող համաժողովրդային պայքարին։ Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ ընդդիմադրական գաղափարական շարժումին մասնակիցներուն զարկերակները կը տրոփեն միեւնոյն կշռոյթով։ Կարգախօսներուն խորքայնութիւնը, երթին մասնակիցներուն կարգապահութիւնը, արտասանուած խօսքերուն նպատակաուղղուածութիւնը աւելի քան համոզեցին իրադրութիւններուն հետեւողը, որ Հայաստանի իշխանութիւնները գործ ունին հայրենիքի քաղաքական դաշտին մէջ նուաճուած ընդդիմադրական նոր որակի մը հետ, գաղափարականօրէն ամուր համահայկական շարժումի մը հետ։

Օրինականութեան սահմաններուն մէջ տողանցած վաթսուն հազարնոց զանգուածային երեւոյթը չէզոքացուց այսօրուան ստորագրուելիք փաստաթուղթին ունենալիք հետեւանքներուն ազդեցիկութիւնը։ Հայրենի այս համրանքը բազմապատկուելու եւ ահագնանալու բոլոր նախադրեալներն ու համոզիչ տուեալները կը պարփակէ իր նուաճած երեւոյթին մէջ ու կ'ամրագրէ, որ զիջումնային որեւէ քայլ հայկական կողմէն, թրքական նախապայմաններուն ենթարկուելու նուազագոյն տրամադրութիւն դատապարտուած է ի սպառ չէզոքացուելու որքան ալ միջազգային հովանաւորութիւն վայելէ անիկա՝ եւ որքան ալ միջազգային իրաւունքի սահմաններուն մէջ վաւերականացման ուժ ստացած ըլլայ։

Այս փաստաթուղթերու իրականացումը ճիշդ է որ միջպետական մակարդակներով կ'իրականացուի, այսուհանդերձ, ի վերջոյ կը վերաբերի ժողովուրդներուն։ Եթէ պետութիւնը գործեց իր սեփական ժողովուրդի կամքին հակառակ, համաձայնութիւնները, զիջումները կը մնան փաստաթուղթի էջերուն վրայ եթէ նոյնիսկ ստորագրուին, եթէ նոյնիսկ վաւերացուին։

Երեւանի եւ Ծիծեռնակաբերդի երեւոյթները երէկ տապալեցին նախապայմաններուն ենթարկուելու ընթացքը։ Գլխիվայր շրջեցին թրքական կանոնները, Սփիւռքը Հայաստանին եւ Հայաստանը Սփիւռքին հակադրելու քաղաքական ծրագրին բոլոր դրոյթները։ Դաշնակցութիւնն ու միաւորուած կուսակցութիւնները քանդեցին խաբէութեան այն պատը, որուն երկու կողմերը կը փորձուէր ցոյց տալ հայութեան իւրաքանչիւր հատուածը։

Միակամ է հայութիւնը այս հարցով թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ։ Ճիշդ չէ ապակողմնորոշել ներկայացուածութեան եւ այս հարցին մէջ տեսակէտներու գերակշռուածութեան հանգամանքներուն իրականութիւնը։ Նման պարագաներու մարդահամարով կամ հանրաքուէով չի ճշդուիր ժողովուրդին կամքը։ Ժողովուրդը ինչպէս Սփիւռքի այնպէս ալ Հայաստանի մէջ համախումբ երթով, բողոքի գործողութիւններով եւ տակաւ ծաւալող գաղափարական շարժումով ինքզինք կը դրսեւորէ եւ իր կամքը կþարտայայտէ։ Այդպէս ալ եղաւ թէ՛ Սփիւռքի մէջ, եւ թէ՛ հայրենիքի։

Թուրքիոյ նախագահը կոչ կ'ընէր հայրենի իշխանութիւններուն՝ ձերբազատելու Սփիւռքէն։ Ի տես հայրենական զանգուածային ինքնապարտադրանքին Թուրքիոյ ղեկավարը այժմ պէտք է կոչ ընէ մեր իշխանութիւններուն՝ ձերբազատելու նաեւ հայրենի սեփական ժողովուրդէն...։

Շրջուած են թրքական խաղին կանոնները։ Տապալած է Հայաստանն ու Սփիւռքը իրար հակադրելու թրքական քաղաքականութեան ծրագիրը։ Հայաստանն ու Սփիւռքը միաւորուած են այս պահանջատիրական շարժումով։ Ընդարձակենք պայքարը, թափ տանք ու զօրակցինք անոր։ Ի տես այս նոր իրականութեան, գործընթացին սատարողները պէտք է ետ դառնան իրենց կեցուածքէն, պահանջատիրական ընդհանուր խօսքեր արտասանողները քաղաքական բնոյթ տան իրենց խօսքերուն եւ յայտարարեն տուեալ պահու պահանջը՝ դէմ ըլլալ արձանագրութիւններուն եւ նախագահին կոչ ընել՝ կասեցնելու գործընթացը իր ներկայ տեսքին մէջ։

Շարժումը երէկ Երեւանի փողոցներուն վրայ հաստատագրեց իր համահայկականութիւնը։ Փարատած են մտահոգութիւնները։ Հայաստանն ու Սփիւռքը միասին պայքարի երկար ճանապարհին վճռակամօրէն տրամադրուած են չենթարկուելու թրքական նախապայմաններուն։ Երեւանի զանգուածային մերժումը տապալեց թրքական ծրագիրը։

Oct 6, 2009

ՄԻ՛ ՍՏՈՐԱԳՐԷՔ, ՊԱՐՈ՛Ն ՆԱԽԱԳԱՀ


Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը այսօր կը ժամանէ Լիբանան՝ համահայկական ուղեւորութեան նախավերջին հանգրուանը։ Օրեր կը բաժնեն մեզ արձանագրութիւններու Հայաստան-Զուիցերիա-Թուրքիա համատեղ ստորագրութիւններէն։ Միջինարեւելեան երկիրներու ազգային հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները հրաւիրուած են լսելու նախագահին զեկուցումը, հարցումներ ուղղելու, տեսակէտներ տալու, մտահոգութիւններ, վերապահութիւններ փոխանցելու, ընդդիմութիւն յայտնելու։



Այցելութիւնը ներհայկական քննարկումի ծիրէն անդին՝ կ'ընկալուի իբրեւ պատասխան-քայլ ուղղուած Թուրքիոյ, որ յատուկ նախարարութեան յառաջացումով կոչ կ'ուղղէ պաշտօնական Երեւանին ձերբազատելու սփիւռքի ազդեցութիւններէն։ Թուրքիոյ հակասփիւռք քաղաքականութեան վերջին դրսեւորումն է այս մէկը՝ արտայայտուած Թուրքիոյ վարչապետին կողմէ, որ պարզ կը դարձնէ Հայաստանն ու սփիւռքը իրարմէ անջատելու, իրար դէմ լարելու թրքական մտադրութիւնը։


Այս գաղութը լաւ կը յիշէ նախագահին այդ օրերուն իբրեւ պաշտպանութեան նախարար այցելութիւնը Լիբանան։ Պաշտպանութեան նախարարին այս գաղութը ունեցաւ համապատասխան վերաբերում՝ իբրեւ Ղարաբաղի ազատամարտին մէջ հիմնական դերակատարութիւն ունեցած գործիչի։



Այս գաղութի իւրայատկութիւններուն ծանօթ է նախագահը։ Հայաստանամերձ այս շրջաններն ու յատկապէս լիբանանահայ գաղութը տուած է իր առաւելագոյնը։ Թող ներուի մեզի ըսել, առանց գերակայութեան բարդոյթի եւ առանց նսեմացնելու սփիւռքեան որեւէ այլ գաղութ, որ լիբանանահայութիւնը Թուրքիոյ կողմէ հայութեան դէմ յայտարարուած պայքարին մէջ գտնուած է ինքնապաշտպանութեան առաջին դիրքերուն վրայ՝ պայքարի զանազան ոլորտներուն մէջ՝ ցուցակա՛ն, քարոզչակա՛ն, զինեա՛լ։ Այս գաղութին պատկանող երիտասարդներու լաւագոյն փաղանգները իրենց արեան գնով արգելք հանդիսացած են, որ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը որեւէ ձեւով խնդրոյ առարկայ չդարձնեն ցեղասպան պետութեան ժառանգորդները։ Իրենց նահատակութեամբ ճարճատած են լռութեան պատը, իրենց ողջակիզումով թշնամիին պարտադրած են հաշուի նստիլ հայութեան իրաւունքներուն հետ։


Այս գաղութի մէջ ծաղկած, զարգացած, բարգաւաճած գիրը, գրականութիւնը, կրթութիւնը, մշակոյթը, մամուլը եւ անոնց ետին կանգնած քաղաքական ուժերը, կուսակցութիւնները, միութիւններն ու յարանուանութիւնները ահաւասիկ ինը տասնամեակէ ի վեր անհպելի կը պահեն հայութեան պատմութեան իրաւունքներէ մազաչափ չզիջելու դաստիարակութիւնը, կազմաւորումը, աշխատանքի գաղափարախօսութիւնը։ Պահելու տեսիլքը, սերունդներու պահանջատիրութիւնը, Արեւմտահայաստանի երազը, բոլորիս մեծ երազը։ Տեսլականը, որ տարածքային ամբողջականութիւն ճանչցող որեւէ երկկողմ պայմանագիրով պէտք չէ մթագնի գալիք սերունդներու հաշուոյն։



Այսօր նոյն այդ հաստատութիւնները , կազմակերպութիւնները, ազգային, կուսակցական, յարանուանական բոլոր պատասխանատուներն ու գաղութի հայորդիները կը գիտակցին, որ բոլորիս աշխատանքներուն, գուրգուրանքին եւ տարբեր բնագաւառներու ներդրումային աշխատանքներուն կիզակէտը մեր այսօրուան վերանկախ Հայաստանն է իր նախագահութեամբ, կառավարութեամբ, խորհրդարանով, բանակով եւ ժողովուրդով։ Որ՝ մեր հայրենիքը պէտք է ապրի, գոյատեւէ, զարգանայ ու բարգաւաճի, որպէսզի ապահովուի հայութեան եւ հայրենիքին շարունակականութիւնը, զարգացումը։ Կը գիտակցի, որ ազատագրուած Արցախը հայութեան ազատագրութեան պայքարին առաջին հանգրուանն է, որուն պէտք է հետեւին հայութեան բռնագրաւուած հողերու ազատագրումները։ Այս գաղութն է, որուն երիտասարդ ներկայացուցիչները յաւելեալ փայլք տուին սփիւռքեան կարեւոր այս միջավայրին՝ հանգչելով Եռաբլուրի հողին մէջ հայրենիքի իրենց հազարաւոր զինակիցներու կողքին։


Այս գաղութը, պարո՛ն նախագահ, բաւարար ներուժ ամբարած է՝ մասնակցելով հայութեան դէմ պարտադրուած բազմաճակատ պայքարին։ Եւ պատահական չէ, որ այս գաղութին հայկական մարտունակ ներուժը մղձաւանջն է թրքական պետութեան, որ եթէ երէկ կը սպաննէր, կþառեւանգէր մեր ազգային-քաղաքական գործիչները, այսօր թրքական սփիւռքի նախարարութեան համապատասխան բաժանմունքներով քարոզչաքաղաքական եւ տեղակատուական պատերազմ կը տանի այս միջավայրին մէջ։


Լիբանանահայութիւնը միասնական շարքերով ցուցական քայլերու կը դիմէ վերայայտարարելու համար, որ Թուրքիոյ կողմէ մեր հայրենիքին անվտանգութեան եւ ամբողջ հայութեան լինելութեան սպառնացող այսօրուան ճնշումներուն տեղի չի տար եւ պայքարը կը շարունակէ միեւնոյն անտեղիտալիութեամբ, միեւնոյն համոզումով, միեւնոյն հաւատքով։
Այս գաղութը ամբարած է համապատասխան ներուժ եւ ունի անհրաժեշտ պատրաստուածութիւնը։ Վստահեցէ՛ք, պարո՛ն նախագահ, մեր գաղութի ներուժին։ Ընկալեցէ՛ք այս ներուժը իբրեւ յենարան մեր հայրենի պետութեան դիրքերը զօրացնելու։ Մերժեցէ՛ք թրքական ճնշումները եւ մի՛ ստորագրէք արձանագրութիւնները։

Oct 2, 2009

ԿԸ ՄԵՐԺԵ’ՆՔ ԱԿԱՆՈՒԱԾ ԱՐՁԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ


ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ


Լիբանանահայութիւնը իր կեցուածքը արտայայտեց Հայաստան-Թուրքիա նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն նկատմամբ: Այն ինչ որ արձանագրուեցաւ երէկ Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ մտածելու տեղի կու տայ տարբեր ուղղութիւններու վրայ:


Նախ, Հայաստանի իշխանութիւններուն՝ ընկալելու համար ժողովրդային այն բուռն մերժումին տարողութիւնը արձանագրութիւններուն մէջ տեղաւորուած թրքական թաքուն նախապայմաններուն: Ցեղասպանութեան իրողութեան քննարկելիութեան բացարձակ անընդունելիութիւնը. ամէն գնով չճանչնալու եւ չնուիրականացնելու Թուրքիոյ հողային ամբողջականութիւնը: Անսակարկելի պահելու՝ արցախեան աշխարհի հայապատկանելիութիւնը:


Լիբանանահայութիւնը հերթական անգամ իր հաւաքական կեցուածքը օրինակելի կարգապահութեամբ, կուռ շարքերով, յստակ պատգամներով կը փոխանցէ առնչուած կողմերուն: Եթէ պատգամը հայրենի իշխանութիւններուն ուղղուած է չներքաշուելու թրքական խաղին մէջ, ապա ուղղուած է նաեւ Թուրքիոյ՝ փոխանցելու համար, որ հայ ժողովուրդը եւ այս պարագային լիբանանահայ գաղութը կը մերժէ իր ճշդած խաղի կանոնները, արձանագրութիւններուն մէջ քողարկուած ձեւով իր տեղադրած նախապայմանները:


Բայց նաեւ՝ միջնորդ Զուիցերիոյ եւ անոր ճամբով միջազգային ընտանիքին, որ նման հովանաւորուած նախապայմանաւորուածութեան բնագիրներ չեն կրնար շրջանցել ժողովուրդներու պատմական իրաւունքները, չեն կրնար քննարկելի նիւթի վերածել պատմական փաստացի իրողութիւնները:


Միջազգային ընտանիքը, նախքան որեւէ նախաստորագրութիւն կամ համապատասխան փաստաթուղթ ձեւակերպելու աշխատանքի ձեռնարկելը, թրքական կողմէն իրականացուելիք քայլերու պահանջ պիտի արծարծէր: Վերջ տալու ժխտողականութեան, վերջ տալու ապաշրջափակման, վերջ տալու Ղարաբաղի հարցին մէջ միակողմանի միջամտութիւններուն:Լիբանանահայութիւնը երէկ ահազանգեց, որ այս արձանագրութիւններուն ստորագրութիւնն ու վաւերացումը ոչ միայն կը հարուածեն սփիւռքահայութեան քաղաքական աշխատանքները, այլեւ կը սպառնան մեր երկրի ու պետութեան անվտանգութեան: Այնտեղ տիրական են թրքական նախապայմանները, որոնք ուղղուած են ամբողջ հայութեան դէմ: Այս արձանագրութիւններուն պարտադրանքով Թուրքիան կը հետապնդէ նաեւ հիմնական այլ նպատակ՝ պառակտել հայկական դաշտը:


Լիբանանահայութիւնը իբրեւ գիտակից ու կազմակերպ հաւաքականութիւն յաջողեցաւ սահմանազատել քաղաքական ընդդիմութիւնը ամբոխային հակազդեցութիւններէն: Մերժե’ց թրքական նախապայմանները եւ կոչ ուղղեց հայրենի իշխանութիւններուն չստորագրելու ականուած փաստաթուղթերը:Այս գաղութը պահանջատիրական պայքարին մէջ տուած է իր առաւելագոյնը՝ մարդուժ, տնտեսուժ, նահատակներ:


Բարոյական իրաւունքը ունի պահանջելու մերժո’ւմը ականուած փաստաթուղթերուն: Գիտակցելով, որ մեծ ականը այս բոլորին շարքին թրքական կողմէն զետեղուած է հայկական դաշտին մէջ՝ պառակտելու համար հայութիւնը: Փաստաթուղթերուն պարփակած նախապայմաններուն դէմ յայտարարուած պայքարին վճռակամութեան համապատասխան տարողութեամբ գերզգօնութիւն ցոյց կու տայ այս գաղութը բացառելու համար հայկական կողմին մէջ թրքական պետութեան հետապնդած որեւէ ճեղքի յառաջացումը: Քննարկումները, բողոքի գործողութիւնները, ականուած արձանագրութիւններուն դէմ շղթայազերծուած ընդդիմութիւնը միայն ու միայն կը նպատակադրեն հայրենիքի, պետութեան եւ համայն հայութեան շահերը: Այս բոլոր միջոցառումները կը միտին շրջել թրքական կողմին պարտադրած խաղի կանոնները եւ բացառել միեւնոյն Թուրքիոյ հայկական կողմին համար առաջադրած պառակտումի որեւէ հաւանականութիւն:


Լիբանանահայութիւնը երէկ Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ ամրագրեց պահանջատիրական այս սկզբունքները:

Sep 28, 2009

ԿԸ ՀԱՍՆԻ՛ՆՔ ԱՐԴԻՒՆՔԻ

Քովի սիւնակներով կը հրատարակենք «Նահար» թերթի նշանաւոր յօդուածագիրներէն իբրեւ տնտեսագէտ հանրածանօթ անուն Մըրուան Իսքանտարի նամակէն հատուածներ, ուղղուած «Ազդակ»ի խմբագրութեան։ Նամակին բովանդակութիւնը բարացուցական է եւ չի կարօտիր յաւելեալ մեկնաբանութեան։

Այստեղ նախ յիշեցման կարգով նշենք Մըրուան Իսքանտարի 13 սեպտեմբերի յօդուածին յառաջացուցած հակազդեցութեան ալիքին հանգրուանները։ «Ազդակ»ի խմբագրութիւնը կը փութար յօդուածին խնդրայարոյց բաժինը յաջորդ օրը լուսարձակի տակ առնել եւ ընդգծել բողոք արձանագրելու անհրաժեշտութիւնը։ «Ազդակ»ի խմբագրականին արաբերէն թարգմանութիւնը կը տեղադրուէր անմիջապէս «Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջին վրայ եւ կը յղուէր «Նահար»ի խմբագրութիւն։ Կը հետեւէին Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի, հայկական երեսփոխանական պլոքի, լիբանանահայ երեք օրաթերթերու եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանութեան ընդվզումը փոխանցող գրութիւնները։Մինչ, «Ազդակ-ֆէյսպուք»ի երիտասարդներէ բաղկացած խումբն ու «Ազդակ-պլոկ»ի մասնակիցները այս առումով կը ցուցաբերէին արտակարգ գերաշխուժութիւն։Ժողովրդայնացնելու համար բողոքի շարժումը «Ազդակ» կը նախաձեռնէր բողոքի ելեկտրոնային արշաւի մը։ Բողոքի արշաւին կը միանային Միացեալ նահանգներու եւ Ուրուկուէյի մեր պաշտօնակիցները։ Բողոքի արաբատառ բնագիրին տակ այս ձեւով կը ստորագրէին հազարաւոր հայեր, որոնք կը մերժէին իսլամ ազրպէյճանցիներու ջարդարար նկատուիլ։

Մըրուան Իսքանտար կամայ-ակամայ պէտք չէ ներքաշուեր թուրքեւազրպէյճանական ապատեղակատուութեան։ Ապատեղակատուութեան դէմ մեր սանձազերծած հակազդեցութիւնը յօդուածագիրին եւ թերթին ճամբով նախզգուշացում մըն էր լիբանանեան լրատուադաշտին, որ մէկէ աւելի օրինակներ տուած էր արդէն նման ապալրատուական քաղաքականութիւններու թակարդը իյնալու։ Լիբանանեան զանգուածային լրատուամիջոցները պէտք է ցուցաբերեն գերզգօնութիւն թրքական պետական եւ ոչ պետական շրջանակներէ շրջանառութեան մէջ դրուած որեւէ լրատուութեան տեղ տալու եւ զայն մեկնաբանելու իրենց լրատուական աշխատանքներուն մէջ։ Լիբանանեան լրագրողական շրջանակներուն համար նման վերապահութիւն, վերստուգում եւ հաւաստիութեան ճշդում՝ թուրքեւազրպէյճձանական լրատուութիւններու լուսաբանման աշխատանքներուն մէջ պէտք է վերածուի օրինաչափ գործի կշռոյթի։

Իմանալով, որ «Նահար»ի աշխատակիցը կը նախապատրաստուի գրութեամբ մը հանդէս գալու մեր մամուլի էջերուն, «Ազդակ» դադրեցուց բողոքի ելեկտրոնային արշաւը։ Անրդադարձումը արդէն կը հաստատէր, որ բողոքի շարժումը յանգած էր արդիւնքի։ Թիրախը այս բոլոր աշխատանքներուն թուրքեւազրպէյճանական ապատեղակատուութեան բաժանմունքն է։ Եղածը զգուշացումի կոչ է լիբանանցի լրագրողներուն, քաղաքական մեկնաբաններուն, թերթի պատասխանատուներուն՝ չներքաշուելու միջպետական համակարգուած այս քարոզչաքաղաքականութեան։

Երեւոյթներն ու նախադրեալները այս դաշտին մէջ արձանագրուող՝ մտածել կու տան, որ հայկական տեղեկատուական կողմը պէտք է հետզհետէ ձեւաւորէ հակա-ապատեղեկատուական բաժանմունք, վայրկեանը վայրկեանին հետեւելու համար թուրքեւազրպէյճանական յերիւրանքային լրատուարշաւին։ Լիբանանեան թէ առ հասարակ միջազգային մամուլին մէջ հակահայաստանեան կամ առ հասարակ հակահայ որեւէ լրատուակեղծիք պէտք է արժանանայ համապատասխան արձագանգի։ Որեւէ բացթողում հայկական կողմէ առաւելներ պիտի շնորհէ թուրքեւազրպէյճանական միացեալ կողմին ճշդած կաննոներով կառավարուող խաղին։

Անգամ մը եւս կը վերաշեշտուի հայաստանեան եւ սփիւռքահայ լրատուամիջոցներու համակարգաւորուած աշխատելաոճի որդեգրման անյետաձգելիութիւնը։ Այլապէս, հայկական կողմը եւս ունի աշխարհատարած լրատուադաշտ, համապատասխան մարդուժ, եւ նման հակահայ քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումին հակազդելու պատրաստուածութիւն։Այդ փաստեցին Լիբանանահայ թերթերը, գրասենեակները, հաստատութիւնները, քաղաքական գործիչները եւ բողոքագիրին տակ ստորագրող իւրաքանչիւր պահանջատէր հայը։
Կը հասնինք արդիւնքի.մանաւանդ երբ միասին աշխատինք։

Sep 14, 2009

ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԱԼԻՔԸ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԷ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԼՐԱՏՈՒԱԴԱՇՏԸ

Լիբանանեան մամուլի կարգ մը ներկայացուցիչներ եւս ներքաշուած են թուրքեւազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան ծուղակին։ Զարմանալի չէ, որովհետեւ համաշխարհային մամուլի հռչակ նուաճած լրատուամիջոցներ, երբ կամայ-ակամայ ազրպէյճանական յերիւրանքներուն տեղ կու տան, ապալրատուութիւնները համացանցային շրջանառութեամբ կը հասնին ամէն տեղ ամէն տեսակ տեղեկատուամիջոցի։
Առաջին ցնցիչ ապատեղակատուութիւնը կը վերաբերէր ազատագրուած տարածքներէն հայկական զօրքերու հեռանալուն։ Թուրքիայէն եւ Ազրպէյճանէն մեկնարկած լուրը կը հաստատէր, որ հայկական կողմը համաձայնութիւն տուած է արդէն ազատագրուած եօթը տարածքներէն հայկական ուժերը հեռացնելու պահանջին։ Չհանդիպեցանք հակառակը պնդող, սուտը հերքող տեղեկութեան։ Պարզ է, որ առաջին վայրկեանէն իսկ յայտնի էր լրատուուութեան կեղծ ըլլալը, այսուհանդերձ հակափաստարկի յապաղումը նպաստեց լուրի տարածման։ Մանաւանդ՝ որ լուրը անմիջականօրէն կը յաջորդէր 31 օգոստոսին նախաստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւններու հրապարակումներուն։Երկրորդը. միւենոյն տարողութիւնը ստացած եւ գրեթէ միեւնոյն տարածումը ապահոված այլ ապատեղակատուութիւն մը կու գար բազմելու լիբանանեան լրատուադաշտին մէջ։ Ազրպէյճանական համապատասխան ծառայութիւնները հայ-վրացական սահմանին միջ-վրացական հրացանաձգութիւններու զոհ գացած հինգ վրացի զինուորներու դիակներու լուսանկարներուն ընկերակցուցած էին լրատուութիւն մը, ըստ որուն Աղտամի ուղղութեամբ հայկական զօրքերը յարձակում գործած էին դէպի ազրպէյճանական տարածք եւ ստացած էին հակահարուած։ Հայկական այս «յայրձակում»ը խլած էր 5 զինուորներու կեանքը։
Միջազգայինէն շրջանային եւ շրջանայինէն տեղական (լիբանանեան) մամուլի ներկայացուցիչ չէր մնացած, որ չարձագանգէ լուրին։ Մէկ օր ետք հրապարակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը բաւարար չէր հերքելու ապատեղակատուական գործողութիւնը։Եթէ առաջինի պարագային կը յառաջացուէր այն խաբկանքը, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները չստորագրուած արդէն իսկ կայ տեղաշարժ, միաժամանակ ընդգծելով հայկական կողմին պարտուողականութիւնը, ապա երկրորդի պարագային կը փորձուէր ցուցադրուիլ ազրպէյճանական բանակին գերմարտունակութիւնը եւ հայկական կողմին յարձակողապաշտութիւնը։Երկուքի պարագային ալ սակայն ընտրուած ժամանակն ու ապատեղակատուութիւններու յաջորդականութեան տրամաբանութիւնը հետաքրքրական է։ Այսպիսով,Հայաստան-Թուրքիա նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն, ուր իբրեւ թէ կը բացակայի Ղարաբաղի հիմնահարցը, ցոյց կը տրուի որ թրքական եւ ազրպէյճանական քաղաքականութիւններուն համար որեւէ նման բացառում չկայ։ Ղարաբաղը փոխկապակցուած է այս գործընթացներուն եւ հայ-թուրք յարաբերութիւններու որեւէ յառաջընթաց չ՛երեւար առանց ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման ուղղութեամբ առնուած լուրջ քայլի։ Թուրքերը կը տարածեն լուր, որ հայկական զօրքերը պիտի քաշուին ազատագրուած տարածքներէն։ Ազրպէյճանցիներն ալ ռազմական գերակայութեան ապատեղակատուական փաստարկներ կը փորձեն արձանագրել։Մինչ այմ ապատեղեկատուական այս հարուածներուն համապատասխան հարուած չէ տուած հայկական կողմը։ Վիրթուալ ձեւով իբրեւ թէ կը յարձակին հայկական զօրքերը, վիրթուալ ձեւով կը հեռանան ազատագրուած տարածքներէն։ Թէկուզ վիրթուալ՝ պէտք է յայտարարուի որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը նուազագոյն ըսելաձեւով իրականութեան չհմապատասխանող լուրեր կը տարածեն։
Բայց այսքանը ամբողջական չէ տակաւին։ Կիրակի օրուան լիբանանեան «Նահար»ը առաջին էջին վրայ կը փայլեցնէր Մըրուան Իսքանտարի մէկ «գլուխ-գործոց»ը։ Խօսելով քիչ մը ամէն ինչի մասին յօդուածագիրը սեւով ճերմակի վրայ կը գրէր, որ 1992ին հայերը Ղարաբաղի մէջ իրականցուցած են իրական ջարդ մը իսլամ ազրպէյճանցիներուն դէմ։
Մըրուան Իսքանտարի կովկասագիտութեան մակարդակը լուրջ հարցականի տակ առնելէ առաջ պէտք է մտածել, որ ի՞նչ զարգացումներու հետեւանք է այն, որ «Նահար»ի պէս առաջատար մը թոյլ կու տայ իր առաջին էջին վրայ նման հաստատում հրապարակելը։ Այս մէկը միայն Մըրուան Իսքանտարին հարցը չէ։ Ղարաբաղի հարցին կրօնական գունաւորում տալը, հայ-իսլամ հակադրութիւններ հրահրելու փորձ կատարելը եւ հայերը Ղարաբաղի մէջ ջարդարար յայտարարելը Մարուանին հարցէն աւելի «Նահար»ին հարցն է։
Իսկ եթէ իբրեւ հայկական կողմի թէ ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական շրջանակներու կողմէ տիրող լռութիւնն ու անտարբերութիւնը պիտի շարունակուի ամէն բանէ առաջ նաեւ՝ մե՛ր հարցը։

Sep 11, 2009

www.aztagarabic.comը կը գործէ արդէն

www.aztagarabic.comը կը գործէ արդէն իբրեւ առանձին կայքէջ։

Ան կոչուած է հասանելիդառնալու արաբական ակադեմական եւ լրատուական շրջանակներուն։ Շուտով կընախաձեռնուի ելեկտրոնային արշաւի՝ կայքէջի հասցէն ուղարկելու համարառաջադրուած կեդրոններուն, հաստատութիւններուն եւ անձնաւորութիւններուն։

Կայքէջի խմբագիրն է դոկտ. Նորա Արիսեան իսկ համակարգչային ծրագրաւորման եւձեւաւորման պատասխանատուն՝ ընկ. Ժիրայր Պէօճէքեան։

Բովանդակութեան վերաբերեալ ձեր առաջարկներն ու գրութիւնները կրնաք ղրկել դոկտ.Նորա Արիսեանին editor@aztagarabic.com
Իսկ կայքէջի վերաբերեալ որեւէ նկատողութիւն կամ առաջարկ՝ ընկ. Ժիրայր Պէօճէքեանին web@aztagarabic.com

Կայքէջը կը բոլորէ փորձառական շրջան մը.հետեւաբար հիմնովին նկատի կ՛առնուինկառուցողականութեամբ յատկանշուող որեւէ առաջարկ։

Կայքէջի ընդհանուր հասցէն էinfo@aztagarabic.com