Sep 28, 2009

ԿԸ ՀԱՍՆԻ՛ՆՔ ԱՐԴԻՒՆՔԻ

Քովի սիւնակներով կը հրատարակենք «Նահար» թերթի նշանաւոր յօդուածագիրներէն իբրեւ տնտեսագէտ հանրածանօթ անուն Մըրուան Իսքանտարի նամակէն հատուածներ, ուղղուած «Ազդակ»ի խմբագրութեան։ Նամակին բովանդակութիւնը բարացուցական է եւ չի կարօտիր յաւելեալ մեկնաբանութեան։

Այստեղ նախ յիշեցման կարգով նշենք Մըրուան Իսքանտարի 13 սեպտեմբերի յօդուածին յառաջացուցած հակազդեցութեան ալիքին հանգրուանները։ «Ազդակ»ի խմբագրութիւնը կը փութար յօդուածին խնդրայարոյց բաժինը յաջորդ օրը լուսարձակի տակ առնել եւ ընդգծել բողոք արձանագրելու անհրաժեշտութիւնը։ «Ազդակ»ի խմբագրականին արաբերէն թարգմանութիւնը կը տեղադրուէր անմիջապէս «Ազդակ»ի արաբերէն կայքէջին վրայ եւ կը յղուէր «Նահար»ի խմբագրութիւն։ Կը հետեւէին Միջին Արեւելքի Հայ Դատի գրասենեակի, հայկական երեսփոխանական պլոքի, լիբանանահայ երեք օրաթերթերու եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան դեսպանութեան ընդվզումը փոխանցող գրութիւնները։Մինչ, «Ազդակ-ֆէյսպուք»ի երիտասարդներէ բաղկացած խումբն ու «Ազդակ-պլոկ»ի մասնակիցները այս առումով կը ցուցաբերէին արտակարգ գերաշխուժութիւն։Ժողովրդայնացնելու համար բողոքի շարժումը «Ազդակ» կը նախաձեռնէր բողոքի ելեկտրոնային արշաւի մը։ Բողոքի արշաւին կը միանային Միացեալ նահանգներու եւ Ուրուկուէյի մեր պաշտօնակիցները։ Բողոքի արաբատառ բնագիրին տակ այս ձեւով կը ստորագրէին հազարաւոր հայեր, որոնք կը մերժէին իսլամ ազրպէյճանցիներու ջարդարար նկատուիլ։

Մըրուան Իսքանտար կամայ-ակամայ պէտք չէ ներքաշուեր թուրքեւազրպէյճանական ապատեղակատուութեան։ Ապատեղակատուութեան դէմ մեր սանձազերծած հակազդեցութիւնը յօդուածագիրին եւ թերթին ճամբով նախզգուշացում մըն էր լիբանանեան լրատուադաշտին, որ մէկէ աւելի օրինակներ տուած էր արդէն նման ապալրատուական քաղաքականութիւններու թակարդը իյնալու։ Լիբանանեան զանգուածային լրատուամիջոցները պէտք է ցուցաբերեն գերզգօնութիւն թրքական պետական եւ ոչ պետական շրջանակներէ շրջանառութեան մէջ դրուած որեւէ լրատուութեան տեղ տալու եւ զայն մեկնաբանելու իրենց լրատուական աշխատանքներուն մէջ։ Լիբանանեան լրագրողական շրջանակներուն համար նման վերապահութիւն, վերստուգում եւ հաւաստիութեան ճշդում՝ թուրքեւազրպէյճձանական լրատուութիւններու լուսաբանման աշխատանքներուն մէջ պէտք է վերածուի օրինաչափ գործի կշռոյթի։

Իմանալով, որ «Նահար»ի աշխատակիցը կը նախապատրաստուի գրութեամբ մը հանդէս գալու մեր մամուլի էջերուն, «Ազդակ» դադրեցուց բողոքի ելեկտրոնային արշաւը։ Անրդադարձումը արդէն կը հաստատէր, որ բողոքի շարժումը յանգած էր արդիւնքի։ Թիրախը այս բոլոր աշխատանքներուն թուրքեւազրպէյճանական ապատեղակատուութեան բաժանմունքն է։ Եղածը զգուշացումի կոչ է լիբանանցի լրագրողներուն, քաղաքական մեկնաբաններուն, թերթի պատասխանատուներուն՝ չներքաշուելու միջպետական համակարգուած այս քարոզչաքաղաքականութեան։

Երեւոյթներն ու նախադրեալները այս դաշտին մէջ արձանագրուող՝ մտածել կու տան, որ հայկական տեղեկատուական կողմը պէտք է հետզհետէ ձեւաւորէ հակա-ապատեղեկատուական բաժանմունք, վայրկեանը վայրկեանին հետեւելու համար թուրքեւազրպէյճանական յերիւրանքային լրատուարշաւին։ Լիբանանեան թէ առ հասարակ միջազգային մամուլին մէջ հակահայաստանեան կամ առ հասարակ հակահայ որեւէ լրատուակեղծիք պէտք է արժանանայ համապատասխան արձագանգի։ Որեւէ բացթողում հայկական կողմէ առաւելներ պիտի շնորհէ թուրքեւազրպէյճանական միացեալ կողմին ճշդած կաննոներով կառավարուող խաղին։

Անգամ մը եւս կը վերաշեշտուի հայաստանեան եւ սփիւռքահայ լրատուամիջոցներու համակարգաւորուած աշխատելաոճի որդեգրման անյետաձգելիութիւնը։ Այլապէս, հայկական կողմը եւս ունի աշխարհատարած լրատուադաշտ, համապատասխան մարդուժ, եւ նման հակահայ քաղաքականութեան հերթական դրսեւորումին հակազդելու պատրաստուածութիւն։Այդ փաստեցին Լիբանանահայ թերթերը, գրասենեակները, հաստատութիւնները, քաղաքական գործիչները եւ բողոքագիրին տակ ստորագրող իւրաքանչիւր պահանջատէր հայը։
Կը հասնինք արդիւնքի.մանաւանդ երբ միասին աշխատինք։

Sep 14, 2009

ԱՊԱՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ ԱԼԻՔԸ ԿԸ ՀԱՐՈՒԱԾԷ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԼՐԱՏՈՒԱԴԱՇՏԸ

Լիբանանեան մամուլի կարգ մը ներկայացուցիչներ եւս ներքաշուած են թուրքեւազրպէյճանական ապատեղեկատուութեան ծուղակին։ Զարմանալի չէ, որովհետեւ համաշխարհային մամուլի հռչակ նուաճած լրատուամիջոցներ, երբ կամայ-ակամայ ազրպէյճանական յերիւրանքներուն տեղ կու տան, ապալրատուութիւնները համացանցային շրջանառութեամբ կը հասնին ամէն տեղ ամէն տեսակ տեղեկատուամիջոցի։
Առաջին ցնցիչ ապատեղակատուութիւնը կը վերաբերէր ազատագրուած տարածքներէն հայկական զօրքերու հեռանալուն։ Թուրքիայէն եւ Ազրպէյճանէն մեկնարկած լուրը կը հաստատէր, որ հայկական կողմը համաձայնութիւն տուած է արդէն ազատագրուած եօթը տարածքներէն հայկական ուժերը հեռացնելու պահանջին։ Չհանդիպեցանք հակառակը պնդող, սուտը հերքող տեղեկութեան։ Պարզ է, որ առաջին վայրկեանէն իսկ յայտնի էր լրատուուութեան կեղծ ըլլալը, այսուհանդերձ հակափաստարկի յապաղումը նպաստեց լուրի տարածման։ Մանաւանդ՝ որ լուրը անմիջականօրէն կը յաջորդէր 31 օգոստոսին նախաստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւններու հրապարակումներուն։Երկրորդը. միւենոյն տարողութիւնը ստացած եւ գրեթէ միեւնոյն տարածումը ապահոված այլ ապատեղակատուութիւն մը կու գար բազմելու լիբանանեան լրատուադաշտին մէջ։ Ազրպէյճանական համապատասխան ծառայութիւնները հայ-վրացական սահմանին միջ-վրացական հրացանաձգութիւններու զոհ գացած հինգ վրացի զինուորներու դիակներու լուսանկարներուն ընկերակցուցած էին լրատուութիւն մը, ըստ որուն Աղտամի ուղղութեամբ հայկական զօրքերը յարձակում գործած էին դէպի ազրպէյճանական տարածք եւ ստացած էին հակահարուած։ Հայկական այս «յայրձակում»ը խլած էր 5 զինուորներու կեանքը։
Միջազգայինէն շրջանային եւ շրջանայինէն տեղական (լիբանանեան) մամուլի ներկայացուցիչ չէր մնացած, որ չարձագանգէ լուրին։ Մէկ օր ետք հրապարակուած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը բաւարար չէր հերքելու ապատեղակատուական գործողութիւնը։Եթէ առաջինի պարագային կը յառաջացուէր այն խաբկանքը, որ Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները չստորագրուած արդէն իսկ կայ տեղաշարժ, միաժամանակ ընդգծելով հայկական կողմին պարտուողականութիւնը, ապա երկրորդի պարագային կը փորձուէր ցուցադրուիլ ազրպէյճանական բանակին գերմարտունակութիւնը եւ հայկական կողմին յարձակողապաշտութիւնը։Երկուքի պարագային ալ սակայն ընտրուած ժամանակն ու ապատեղակատուութիւններու յաջորդականութեան տրամաբանութիւնը հետաքրքրական է։ Այսպիսով,Հայաստան-Թուրքիա նախաստորագրուած արձանագրութիւններուն, ուր իբրեւ թէ կը բացակայի Ղարաբաղի հիմնահարցը, ցոյց կը տրուի որ թրքական եւ ազրպէյճանական քաղաքականութիւններուն համար որեւէ նման բացառում չկայ։ Ղարաբաղը փոխկապակցուած է այս գործընթացներուն եւ հայ-թուրք յարաբերութիւններու որեւէ յառաջընթաց չ՛երեւար առանց ղարաբաղեան հարցի կարգաւորման ուղղութեամբ առնուած լուրջ քայլի։ Թուրքերը կը տարածեն լուր, որ հայկական զօրքերը պիտի քաշուին ազատագրուած տարածքներէն։ Ազրպէյճանցիներն ալ ռազմական գերակայութեան ապատեղակատուական փաստարկներ կը փորձեն արձանագրել։Մինչ այմ ապատեղեկատուական այս հարուածներուն համապատասխան հարուած չէ տուած հայկական կողմը։ Վիրթուալ ձեւով իբրեւ թէ կը յարձակին հայկական զօրքերը, վիրթուալ ձեւով կը հեռանան ազատագրուած տարածքներէն։ Թէկուզ վիրթուալ՝ պէտք է յայտարարուի որ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը նուազագոյն ըսելաձեւով իրականութեան չհմապատասխանող լուրեր կը տարածեն։
Բայց այսքանը ամբողջական չէ տակաւին։ Կիրակի օրուան լիբանանեան «Նահար»ը առաջին էջին վրայ կը փայլեցնէր Մըրուան Իսքանտարի մէկ «գլուխ-գործոց»ը։ Խօսելով քիչ մը ամէն ինչի մասին յօդուածագիրը սեւով ճերմակի վրայ կը գրէր, որ 1992ին հայերը Ղարաբաղի մէջ իրականցուցած են իրական ջարդ մը իսլամ ազրպէյճանցիներուն դէմ։
Մըրուան Իսքանտարի կովկասագիտութեան մակարդակը լուրջ հարցականի տակ առնելէ առաջ պէտք է մտածել, որ ի՞նչ զարգացումներու հետեւանք է այն, որ «Նահար»ի պէս առաջատար մը թոյլ կու տայ իր առաջին էջին վրայ նման հաստատում հրապարակելը։ Այս մէկը միայն Մըրուան Իսքանտարին հարցը չէ։ Ղարաբաղի հարցին կրօնական գունաւորում տալը, հայ-իսլամ հակադրութիւններ հրահրելու փորձ կատարելը եւ հայերը Ղարաբաղի մէջ ջարդարար յայտարարելը Մարուանին հարցէն աւելի «Նահար»ին հարցն է։
Իսկ եթէ իբրեւ հայկական կողմի թէ ՛ պետական եւ թէ՛ հասարակական շրջանակներու կողմէ տիրող լռութիւնն ու անտարբերութիւնը պիտի շարունակուի ամէն բանէ առաջ նաեւ՝ մե՛ր հարցը։

Sep 11, 2009

www.aztagarabic.comը կը գործէ արդէն

www.aztagarabic.comը կը գործէ արդէն իբրեւ առանձին կայքէջ։

Ան կոչուած է հասանելիդառնալու արաբական ակադեմական եւ լրատուական շրջանակներուն։ Շուտով կընախաձեռնուի ելեկտրոնային արշաւի՝ կայքէջի հասցէն ուղարկելու համարառաջադրուած կեդրոններուն, հաստատութիւններուն եւ անձնաւորութիւններուն։

Կայքէջի խմբագիրն է դոկտ. Նորա Արիսեան իսկ համակարգչային ծրագրաւորման եւձեւաւորման պատասխանատուն՝ ընկ. Ժիրայր Պէօճէքեան։

Բովանդակութեան վերաբերեալ ձեր առաջարկներն ու գրութիւնները կրնաք ղրկել դոկտ.Նորա Արիսեանին editor@aztagarabic.com
Իսկ կայքէջի վերաբերեալ որեւէ նկատողութիւն կամ առաջարկ՝ ընկ. Ժիրայր Պէօճէքեանին web@aztagarabic.com

Կայքէջը կը բոլորէ փորձառական շրջան մը.հետեւաբար հիմնովին նկատի կ՛առնուինկառուցողականութեամբ յատկանշուող որեւէ առաջարկ։

Կայքէջի ընդհանուր հասցէն էinfo@aztagarabic.com

Sep 4, 2009

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ.- ԱՄԵՆԱԱՌԱՋՆԱԿԱՐԳ ԵՒ ԱՄԵՆԱՀՐԱՏԱՊ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

Հայ-թուրք յարաբերութիւններու թղթածրարին վերաբերող դիպաշարը արագ է։ Արտակարգօրէն արագ։ Միայն հետեւիլը՝ հայկական դաշտին մէջ այս օրերուն կատարուող յայտարարութիւններուն, արձագանգներուն, հիմնաւորումներուն եւ քննադատութիւններուն, միաժամանակ՝ թրքական իշխանութիւններու խուսանաւումներուն, ընդդիմութեան յարձակումներուն, ու տակաւին՝ աշխարհաքաղաքական ուժերու զօրակցութիւններուն, այս բոլորի մասին համաշխարհային մամուլէն մինչեւ թրքական եւ հայկական լրատուադաշտերու խայտաբղէտ կացութեան՝ ամբողջ աշխատակազմի մը լարուած աշխատանք կ'ենթադրէ։ Աշխատակազմ, որ միայն այս թղթածրարով պիտի զբաղի։ Հրապարակուած արձանագրութիւններուն կամ նախաստորագրութիւններուն իրաւաքաղաքական վերլուծումները վերապահենք այլ առիթի։ Լոյսին բերենք եւ արձանագրենք քանի մը անյետաձգելի ընդգծումներ։
Պարզ է, որ հակառակ նշուած ժամկէտներուն, թուացեալ պարտաւորեցնող կէտերուն, ներկայ փուլ մտնող գործընթացը երկարատեւ բանակցութիւններու, իր կարգին եւ իր տեսակին մէջ բանակցութիւններու վերասառեցումներու եւ ապասառեցումներու անվերջանալի նոր շղթայի մը սանձազերծումն է։ Այս վարքագիծը սակայն, ըստ էութեան թրքական կողմին ճշդած խաղի կանոններուն համաձայն է։ Հակառակ ժամկէտներուն Թուրքիան տակաւին առիթ ունի նախաստորագրութիւն-ստորագրութիւն-խորհրդարանի վաւերացում ընթացակարգին մէջ խաղալու, ձգձգելու, առկախելու, սառեցնելու եւ ի պահանջեալ հարկին ապասառեցնելու։

Եւ եթէ մէկ կողմէ կը մտածենք, որ այս գործընթացը որեւէ ձեւով գործնական արդիւնքներու չի յանգիր, ուրեմն վտանգաւոր հիմնադրոյթներու իրականացման վտանգ գոյութիւն չունի, ապա պէտք է մտածենք նաեւ, որ միեւնոյն այս բեմագրութիւնը լրիւ կը տեղաւորուի թրքական պետական վարքագիծի սահմաններուն մէջ եւ իբրեւ այդպիսին լիովին կը ծառայէ թրքական պետութեան կիրարկած քաղաքականութեան։ Առ երեւոյթ գետնի վրայ իրականացուող այս քաղաքականութիւնը խորքին մէջ ձեւափոխուած ծխածածկոյթ յառաջացնելու միեւնոյն ուղեգիծին տարբեր դրսեւորումն է պարզապէս։ Միջազգային ընտանիքին ցոյց տալն է, որ Թուրքիան կառքը տեղէն շարժելու կամք կը դրսեւորէ։Ճիշդ է, որ արձանագրութիւններուն մէջ չկայ ցեղասպանութեան ճանաչումի բառացի պահանջ. չկայ ղարաբաղեան հակամարտութեան նշում եւ չկայ Կարսի պայմանագիրի վերահաստատում։ Սակայն գոլորշիի տակ թաքնուած կայ՝ պատմական հարթութեամբ զբաղող ենթայանձնախումբ՝ ցեղասպանութեան փաստը խնդրոյ առարկայ դարձնող որոշում. կայ տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անխախտելիութեան սկզբունքները յարգելու երկկողմ եւ բազմակողմ պարտաւորութիւններու ստանձնումի աքթին ետին լուռ ձեւով Կարսի պայմանագիրի վերընդունում (երկկողմ պարտաւորութիւն) եւ նաեւ իրաւական մեկնաբանութեան սպասող Արցախի հարցի նկատմամբ դիրքորոշման յստակացում (բազմակողմ պարտաւորութիւն՝ կապուած տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի յարգումին)։ 31 օգոստոսին արձանագրուած նախաստորագրութիւնները գործնականացման փուլի մասին կը խօսին վեց շաբթուան ժամկէտով։ Արդէն նկատուած է, որ վեց շաբաթը կ'աւարտի 13 հոկտեմբերին, որ Կարսի դաշնագրի ստորագրութեան օրն է…։

Մեկնաբանութիւնները արձանագրուած գործընթացին վերաբերեալ տրամագծօրէն հակոտնեայ են։ Իշխանական շրջանակը հայկական կողմին համար յառաջընթաց կը նկատէ արձանագրուածը, ընդդիմադիր շրջանակէն կը հնչէ «հայկական դիւանագիտութեան պարտութիւն»ը որակումները։ Մօտաւորապէս միեւնոյն բնութագրումը կարելի է տալ թրքական կողմին համար։ Մինչ, Ազրպէյճան հաւաստիքներ ստանալով հանդերձ չի կրնար պահել իր անհանգստութիւնը։

Արձանագրութիւններուն մէջ երեւցող շատ մը փակագիծեր տակաւին չեն բացուած։ Այդ բոլորին մասին առիթ կþըլլայ տակաւին գրելու։ Կարեւոր է սակայն, որ թրքական վարքագիծի հերթական դրսեւորումները չյաջողին ցնցել եւ պառակտել հայկական դաշտը։ Պարզ է, որ մտած ենք նոր փուլ։ Դժբախտաբար թրքական կողմի ճշդած խաղի կանոններով ընթացող նոր փուլ։ Ծայրայեղ զգօնութեան ցուցաբերումը աւելի քան հրամայական անհրաժեշտութիւն է։

Հրապարակային քննարկումները, ամէնէն թէժ բանավէճերը, ժողովրդավար հասկացողութիւններու հիմամբ հանրահաւաքները հանրային կարծիքի ձեւաւորման համար օրինաչափ միջոցառումներ են։ Կառուցողականութիւնն ու սխալը սրբագրելու միտումը պէտք է մնան շարժառիթն ու նպատակը հայրենիքն ու Սփիւռքը կլանելու կոչուած նոր փուլի բոլոր միջոցառումներուն։ Այս առումով բացասական էր հայրենի մամուլի գործիչներէն մէկուն մեկնարկած հանրային քննարկումի առաջին հարցումը՝ «Բայց պէտք է վերջապէս յստակեցնել՝ արդեօք Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ պահանջատիրութիւնը այսօր մեր պետութեան ամենաառաջնակարգ եւ ամենահրատապ խնդիրնե՞րն են»։
Թէ՛ ցեղասպանութեան ճանաչումը, թէ՛ Ղարաբաղի հիմնահարցը, թէ՛ պատմական իրաւունքներուն տէր կանգնիլը եւ թէ՛ պետականութեան ամրակայումը ոչ կարգախօսային, այլ՝ մեր համազգային անվտանգութեան հայեցակարգի հիմնադրոյթներէն բխող խնդիրներ են։ Բոլորիս համար՝ «ամենաառաջնակարգ եւ ամենահրատապ խնդիրներն են»։

Sep 1, 2009

ՏԵՍԱԿԷՏ - Ո՞ՒՐ Է ՍՓԻՒՌՔԻ ՀԱՅԵԱՑՔԸ

«Նիուզ Էյ. Էմ.»ը իբրեւ լրատուամիջոց հաւաստի աղբիւր է։ Տպաւորիչ արագութեամբ եւ առատութեամբ լրատուութիւնները կը տեղադրուին այս կայքէջին վրայ։ Կարելի է ըսել, որ կայքէջը կը յատկանշուի առարկայականութեամբ։

Գլխաւոր լուրերու բաժինը յատկացուած է լրատուական յօդուածաշարքի մը։ «Հայեացք Երեւանէն», «Հայեացք Ստեփանակերտէն» եւ «Հայեացք Մոսկուայէն»։ Թեման նախագահ Սարգսեանին Թուրքիա մեկնելու-չմեկնելու քննարկումներուն կը վերաբերի։ Եւ ինչպէս խորագիրները կը նախանշեն, իւրաքանչիւր մօտեցում կը կրէ տուեալ աշխարհագրական վայրին մէջ արձանագրուող քաղաքական զարգացումներուն ազդեցութիւնները։

Բազմահայեացքային են յօդուածաշարքին մէջ երեւցած մտածումները, վերլուծումները, գործընթացները ընկալելու եղանակները։ Այստեղ նպատակը այդ բոլորի համայնապատկերը ներկայացնելը չէ։ Յօդուածաշարքը կրնայ շարունակուիլ։ Այսուհանդերձ, հիմնական երկու դիտարկում պէտք է յանձնել հրապարակային քննարկումներու մասնակիցներուն դատողութեան։

Առաջինը այն է, որ մինչ Երեւանէն եւ Ստեփանակերտէն հնչած տեսակէտները բացառապէս կը վերաբերին հայկական ուժերու ներկայացուցիչներուն եւ պետական անձնաւորութիւններուն, Մոսկուայէն ներկայացուած տեսակէտները կը պատկանին «Ռուսիոյ ռազմավարական մշակոյթի հիմնադրամ»ի եւ «Ռազմագիտական ակադեմիա»ի փորձագէտներուն։ Ի հարկէ, Հայաստանի նախագահին Թուրքիա այցելելու-չայցելելու քննարկումներուն ոչ հայ քաղաքագէտներու տեսակէտները ներառելը վնասակար չէ։ Քաղաքագիտական բարձր պատրաստուածութեան տէր մարդոց մասնագիտական տեսակէտները ունենալը՝ զանոնք բաժնելով կամ չբաժնելով հանդերձ, օգտակար է քննարկումներուն համակողմանիութիւն ապահովելու տեսակէտէն։ Հարցը այս պարագային այն է, որ եթէ քննարկումը դուրս կու գայ ներհայկական պարունակի սահմաններէն, այլապէս ինչո՞ւ պէտք չէ յօդուածաշարքին աւելցնել «Հայեացք՝ Եւրոպայէն», «Հայեացք՝ Միացեալ Նահանգներէն»։

Չմոռնանք, որ հայ-թուրք յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակին զարկ տալը, սառեցնելը կամ վերաջերմացնելը որքան առնչակից է ռուս-թրքական յարաբերութիւններու ելեւէջներուն, նոյնքան համընթաց քայլեր կ'առնէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն հետ։ «Ճանապարհային քարտէս»ը չէր գծուեր եւ չէր ստորագրուեր առանց ամերիկեան ճնշումին։ Իսկ Եւրոպան եւ իր փորձագէտներու տեսակէտները աւելի քան անհրաժեշտ են այս պարագային՝ տրուած ըլլալով, որ հարցը իբրեւ խաղաքարտ կþօգտագործուի Եւրոպական Միութեան Թուրքիոյ անդամակցութեան նկրտումներուն դիմաց Թուրքիա-Եւրոպա պարանաձգութեան անվերջանալի քաշքշուքներուն մէջ։
Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը յօդուածաշարքի տարբեր գլուխ կրնայ ըլլալ։ Պարզապէս պէտք է պահուի յօդուածաշարք ծաւալելու տրամաբանութիւնը։ Եթէ ոչ հայկական հայեացքներ պիտի ներառուին, Մոսկուան պէտք չէ բացառութիւն կազմէ։ Մոսկուայի նման այլ աշխարհաքաղաքական կեդրոններ կան, որոնք նոյնքան առնչակից են այս գործընթացներուն։

Երկրորդ դիտարկում.եթէ վերադառնանք ներհայկական պարունակին, ապա անմիջապէս կը նկատենք, որ բացակայ կողմ կայ այս հայեացքներու շարքին մէջ։ Նման թեմայի մը քննարկումը, «Հայեացք Երեւանից», «Հայեացք Ստեփանակերտից»ի կողքին պէտք է ներառած ըլլար «Հայեացք Սփիւռքից»ը։ Առանց Սփիւռքին, հրապարակային քննարկումի այս ներկայացումը պիտի մնայ հիմնովին թերի։ Հայ-թուրք յարաբերութիւններու թղթածրարը միայն Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւններուն կապուած հարց չէ։ Համահայկական է իր բնոյթով, էութեամբ եւ տարողութեամբ։ Իսկ առանց Սփիւռքէն հնչած տեսակէտներուն ներառման որեւէ հասարակական-հրապարակային քննարկում թէ պաշտօնական բանակցութիւն այս հարթութեան վրայ չþարդիւնաւորուիր։ Անտեղի չէ ըսելը, որ հայ-թուրք յարաբերութիւններուն պէտք է պահանջել Սփիւռքի մասնակցութիւնը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս կը պահանջուի պաշտօնական Ստեփանակերտին մասնակցութիւնը՝ արցախեան բանակցութիւններուն։

Պիտի գայ անշուշտ չարչրկուած հարցը։ Ո՞վ կը ներկայացնէ Սփիւռքը։ Ճիշդ նման պահերու համար է, որ Սփիւռքը պէտք է յաջողի յաղթահարել ամէ՛ն տեսակ արգելք՝ ինքզինք նոր կառուցակարգերով օժտելու եւ լիազօրուածութիւն ապահովելու։ Դասական-նոր սփիւռքները քաղաքական միաւորի վերածուելու խնդիր ունին անյետաձգելիօրէն։

Այս հիմնական բացթողումը սակայն, պատճառ պէտք չէ հանդիսանար, որ «Նիուզ Էյ. Էմ.»ը շրջանցէր սփիւռքեան հայեացքները եւ իր հրապարակային քննարկումներու շարքին չներառէր սփիւռքեան հասարակական կազմակերպութիւններ ներկայացնող գործիչներու տեսակէտները՝ նախագահին Թուրքիա մեկնելու կամ չմեկնելու մասին։

Ո՞ւր է Սփիւռքի հայեացքը։ Հարցումը «Նիուզ Էյ. Էմ.»ի ճամբով ուղղուած է նաեւ մեզի՝ սփիւռքահայերուս։

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ