Dec 22, 2010

ԱՊԱՀՈՎԵՑԷ՛Ք ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ՇԱՀԵՐԸ

Միջերկրական ծովուն մէջ բնական կազի եւ քարիւղի դաշտերու յայտնաբերումը յոյս ներշնչեց ելեկտրական ընդհատումներէն, վառելանիւթերու սակագինի յարատեւ մագլցումէն տառապող լիբանանցիներուն, սակայն…։

Բնական հարստութեան գոյութեան լոյսին տակ, Կիպրոս ձեռնարկեց արեւելեան Միջերկրականի երկիրներուն հետ ծովային սահմաններու ճշդման համաձայնութիւններու կնքման։ 2003-ին ան արդէն այդպիսի համաձայնութիւն մը կնքած էր Եգիպտոսի հետ, իսկ 2007-ին այդ ուղղութեամբ համաձայնութիւն մը կնքեց նաեւ Լիբանանի հետ։ Այդ համաձայնութիւնը յառաջացուց Թուրքիոյ դժգոհութիւնը։ Վերջինս կþուզէ, որ այդպիսի համաձայնութիւնները կնքուին Հիւսիսային Կիպրոսի հետ։

Մինչ Իսրայէլ միջազգային ընկերութիւններու հետ ծովային այդ շրջանին մէջ կազի եւ քարիւղի պեղման համաձայնագիրներու շուրջ բանակցութեանց ձեռնարկած է, թրքական դժգոհութիւնը պատճառ դարձած է, որ Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ այդ կենսական համաձայնութեան վաւերացումը առկախուի, ինչ որ խիստ մտահոգիչ է, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ Իսրայէլ իր կարգին վերջերս Կիպրոսի հետ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւն մը կնքեց եւ ան ոչ ոքի պիտի սպասէ։ Լիբանանի հողերուն, ջուրերուն եւ օդային սահմաններուն դէմ իսրայէլեան յարատեւ ոտնձգութիւններուն լոյսին տակ Կիպրոսի հետ համաձայնագիրի վաւերացման առկախումը առաւել եւս մտահոգիչ կը դառնայ եւ կը վտանգէ Լիբանանի ազգային շահերը, իրաւունքները եւ բնական հարստութիւնը։

Հարցն այն է, որ Լիբանան Հիւսիսային Կիպրոսի հետ ջրային սահմաններ չունի: Աւելի՛ն. Լիբանան չի ճանչնար այսպէս կոչուած Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւնը, ուստի Լիբանան չի կրնար բաւարարել թրքական պահանջը, մանաւանդ որ շրջանի մնացեալ երկիրները յունական Կիպրոսի հետ է, որ ծովային սահմանագծումի համաձայնութիւններ կը կնքեն։

Երբ հարցը կը վերաբերի ազգային շահերուն, պետութիւններ այս կամ այն կողմին «խաթիր»ը նկատի չեն ունենար։ Ուստի, Լիբանանի իշխանութիւնները պէտք է անտեսեն Անգարայի դժգոհութիւնը եւ ապահովեն իրենց երկրին ու ժողովուրդին շահերը։ Ի վերջոյ այդ է երկրի մը ղեկավարութեան պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը։

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Dec 10, 2010

ՆԱԽԱԴՐԵԱԼՆԵՐ` «ԶԱՐԳԱՆԱԼ ԱՌԱՆՑ ԶԻՋԵԼՈՒ»Ի ՀԱՄԱՐ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

10 դեկտ. 2010

Երեւանի քաղաքապետին, Արդարադատութեան նախարարին եւ Հայաստանի նախագահի անձնակազմի գլխաւոր հաշուապահին պաշտօնազրկումները մտածել կու տան, որ Հայաստանի նախագահի մակարդակով ներքին դաշտը կանոնաւորելու որոշում տրուած է եւ ձեռնարկուած համապատասխան գործողութիւններու։

Պետական հաստատութիւններուն մէջ կատարուած միջադէպերուն իբրեւ արդիւնք պատասխանատուութիւններու ճշդումի եւ համապատասխան վերաբերումի առաջին լուրջ նախաքայլերն են, որոնք կ'երեւին այս ձեւով Հայաստանի ներքին կեանքին մէջ եւ իբրեւ այդպիսին մտածել կու տան բացուող նոր էջի մը, նոր գործելաձեւի մը մասին։

Անհրաժեշտութիւնը չի զգացուիր անշուշտ գերխանդավառութիւն ցոյց տալու։ Կանխահաս է հիմնական հաստատումներ ընելը, որ Հայաստանի ներքին դաշտը կարգաւորուելու, փտածութիւնը վերացնելու կամ առհասարակ իրաւական պետութիւն հաստատելու ռազմավարութիւն մշակուած է բարձրագոյն մակարդակով։

Անպատժելիութիւնը, հովանաւորչութիւնը, փտածութիւնը, հարստապետութիւնը, ստուերային տնտեսութիւնը մեր երկրի դատաիրաւական համակարգի ամէնէն խոցելի կէտերն են, որոնց սրբագրումը մեծ ճիգ, բազում դժուարութիւններ կը պահանջէ եւ կը յուշէ, որ Հայաստանի նման երկրի մը մէջ բարեկարգչական որեւէ գործընթաց կրնայ ղեկավարուիլ միայն նախագահի մակարդակով։

Քայլը, որ առնուած է նախագահին կողմէ, պատահական չէ անշուշտ։ Հիմնական խնդիրները արդարութեան եւ արդարադատութեան կը վերաբերին եւ հիմնականօրէն առնչուած են դատաիրաւական համակարգի տարբեր ոլորտներուն հետ։ Ժողովրդավարական կարգերու սկզբունքները կը նշեն, որ դատաիրաւական համակարգը պէտք է անջատ ըլլայ քաղաքական ընդհանուր դրութենէն եւ իբրեւ այդպիսին գործէ լրիւ անկախ։ Բայց մենք կը խօսինք միջավայրի մը մասին, որուն իւրայատկութիւնները կը համոզեն, որ բարեկարգումը այս բոլորին մէջ կրնայ ձեռնարկուիլ միայն քաղաքական կեդրոններէ, այն ալ բարձրագոյն մակարդակի ներշնչումով։ Արդ, պէտք է համաձայնիլ ուրեմն, որ քաղաքական միջամտութիւններով միայն կարելի է պատրաստել դատաիրաւական համակարգի անկախացումը։ Օրէնքի գերադասումը կրնայ ապահովուիլ քաղաքական գերադաս մարմիններու կողմէ։

Օրէնքին առջեւ բոլորին հաւասարեցումը իրաւական պետութեան ձեւաւորման եւ կայացման կարեւոր հիմնաքայլ է, առանց որուն պարագայական եւ պատահական բնոյթ կը ստանան նման գործողութիւններ։ Ինքնանպատակայնութիւնը եւ պարզապէս տպաւորութիւն ձգելու քայլերը շուտով կը չէզոքացուին եւ կ'իմաստազրկեն առնուած նախաձեռնութիւնները։

Միաժամանակ հասկնալի է անշուշտ, որ միանգամայն, կտրուկ ձեւով, լայնածաւալ եւ համատարած գործողութիւններ սանձազերծելը եւս կրնայ վտանգել ներքին դաշտը մաքրազտելու խիստ անհրաժեշտ քաղաքականութեան իրականացումը։ Նման պաշտօնազրկումներ եւ պատիժներ կրնան ցնցել իւրաքանչիւր ոլորտի համակարգը. ի վերջոյ իւրաքանչիւր պաշտօնեայի անձին կապուած են մարդիկ, պաշտօնատարներ եւ բրգաձեւ կառոյցներ։

Օրէնքի գերակայութեան հաստատումը դժուարին ճանապարհ կ'ենթադրէ։ Նախադրեալները ցոյց կու տան, որ այդ ուղղութեամբ լրջագոյն քայլեր առնելու ուղղուածութիւնը ինքզինք կը դրսեւորէ։ Տարատեսակ մտածողութիւն չկայ այն իրականութեան նկատմամբ, որ ներքին իրավիճակն ու արտաքին քաղաքականութիւնը սերտօրէն փոխկապակցուած են։ Ներքին դաշտի մաքրագործումը ամուր յենարանի կը վերածուի արտաքին քաղաքականութեան համար։

Իրաւական պետութիւնը կը հարթէ ներդրումային դաշտը՝ ապահովելով ներդրողներու օրէնքով պաշտպանուածութիւնը, կը քաջալերէ տնտեսութեան զարգացումը եւ որոշակիօրէն կը կանխարգիլէ արտաքին միջամտութիւններն ու պատուէրներու տարողութիւնը։

Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններուն թէ արցախեան բանակցութիւններուն մէջ հայրենի արտաքին քաղաքականութիւնը վերջին շրջանին ինքզինք կը դրսեւորէ ամբողջականօրէն։ Ուիլսընեան Իրաւարար վճիռի 90-ամեակի թէ Ասթանայի վեհաժողովին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին արտասանած խօսքերը որեւէ յաւելեալ մեկնաբանութեան չեն կարօտիր եւ կ'ընդգծեն համայն հայութեան պահանջներուն պետականացումը։ Սեւրեան Հայաստանի իրաւական եւ այժմէական նշանակութենէն մինչեւ Արցախի հետ ռազմաքաղաքական դաշինք կնքելու նախապատրաստութեան յայտարարութիւնը։

Արտաքին քաղաքականութեան այս կարեւոր հիմնադրոյթներուն նկատմամբ նախագահին բանաձեւած ամրագրումները յաւելեալ ուժ կը ստանան, երբ կարգաւորուի նաեւ ներքին դաշտը։ Սկսեալ արդարադատութենէն անցնելով կրթական, ընտրական, ընկերային- տնտեսական ոլորտներ, հասնելու համար մինչեւ կայուն, առողջ հասարակարգի ձեւաւորում եւ կայացում։

Ներքին հարթութեան վրայ նախագահին առած քայլերը այս ուղղութեամբ յուսադրիչ դառնալու նախադրեալները կը պարփակեն։ Անոնց կայացումը եւ իրաւական պետութեան սահմաններուն մէջ ժողովրդավար կարգերու կատարելագործումը կը նպաստեն «զարգանալ առանց զիջելու» սկզբունքի իրականացման։

Oct 26, 2010

ՍՓԻՒՌՔԻ՞ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ, ԹԷ՞ ՀԱՅԱՍՏԱՆ-ՍՓԻՒՌՔ ԿԱՊԵՐՈՒ

ՏԵՍԱԿԷՏ



Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարական կազմին մէջ «սփիւռքի նախարարութիւն» կազմաւորուելէն, եւ ապա՝ «սփիւռքի նախարար»ի պաշտօնը հաստատուելէն ետք, ցարդ կը մնայ հարցումը. «Ճի՞շդ են «սփիւռքի նախարարութիւն» եւ «սփիւռքի նախարար» տարազումները։ Արդարեւ, ո՛չ, ե՛ւ օրինական հասկացողութեամբ, ե՛ւ իրաւականօրէն։ Քաղաքական առումով, առաւել դժուարութեան առաջ է տարազումը։ Ո՞վ է «նախարար»ը։ «Նախ» անստոյգ արմատով եթէ աւատապետական Հայաստանի մէջ «նախարար»ը իշխան էր, մեծ հողատարածքի տէր, մերօրեայ բառամթերքին մէջ անոր ստուգաբանութիւնը «առաջին արարող» նշանակութիւնը կու տայ, որ «նախաձեռնող»ի հոմանիշ կրնայ ըլլալ, եւ կամ, արուեստական բացատրութեամբ, «արարքին տէրը», թէեւ լռելեայն հասկացողութիւնը մինիսթըր է։

Եւ ո՞վ է «սփիւռք»ը։ Այսօր հայաշխարհը ՉՈՐՍ, իրարմէ տարբեր ծննդոցի պատմութեամբ սփիւռքներ ունի։

Առաջին սփիւռքը այն հայագաղութներն են, որոնք կազմուած են Մեծ եղեռնէն առաջ, ոմանք՝ դարեր առաջ, ինչպէս՝ Կ. Պոլսոյ, Պարսկաստանի, Հնդկաստանի, Լեհաստանի, Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու (հին գաղութը)։ Այս գաղութները կազմուած են հայերու՝ երկրէն կամաւոր արտագաղթով (բացառութիւնը 1604 թ. Շահ Աբբասի կազմակերպած Ջուղայի բռնագաղթն էր դէպի Պարսկաստան)։

Երկրորդ սփիւռքը հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած մնացորդացին եւ անոր ժառանգ սերունդներուն կողմէ կազմուած ՏԱՐԱԳԻՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ սփիւռքն է, որուն «Արի տուն» ձայն կու տան Արեւմտեան Հայաստանն ու Հայկական Կիլիկիան։ Բռնագրաւուած Արեւմտահայաստանի եւ Հայկական Կիլիկիոյ ՏԱՐԱԳԻՐ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆը իբրեւ սփիւռք՝ դատի տէր եւ պահանջատէր սփիւռք է, որ հրաւիրուած է ի՛ր բռնագրաւուած հայրենի հողերուն «Արի տուն» կանչին պատասխանելու։

Երրորդ սփիւռքը այն մէկն է, որ Խորհրդային Միութեան օրերուն ծանօթ էր «ներքին սփիւռք» անունով, ուր գերակշիռ ներկայութիւն էր եւ ցարդ է Մոսկուայի հայագաղութը, եւ այսօր ան ծանօթ է «ռուսահայ համայնք» անունով, որ նաեւ աչքառու է իր կազմակերպուածութեամբ ու գործունէութեամբ։

Չորրորդ սփիւռքը նորագոյն սփիւռքն է, որ սկիզբ առաւ Խորհրդային Հայաստանի վերջին հինգ տարիներուն երկրէն արտագաղթող հայերով (ջախջախիչ մեծամասնութեամբ խորհրդային իշխանութեան օրերուն Հայաստան ներգաղթած հայեր եւ անոնց զաւակները), ապա մեծ թափ առաւ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան հռչակման առաջին օրերէն ու ցարդ կը շարունակուի։ Տուեալները կը հաստատեն, որ վերջին քսան տարիներուն շուրջ մէկ միլիոն հայ արտագաղթած է երկրէն, եւ այսօր տարին հարիւր հազար մարդ կը հեռանայ Հայաստանէն, իսկ ժողովուրդին քառասուն տոկոսը կը մտածէ առաջին առիթով արտագաղթելու մասին։

Այս նորագոյն սփիւռքն է, որ կը պահէ իր հայաստանեան անցագիրը, այդ իսկ պատճառով չորրորդ սփիւռքի անդամներ արտերկրի հայաստանցիներ են, եթէ անոնք կամաւոր կերպով չեն հրաժարած այդ անցագրէն եւ Միացեալ Նահանգներու, Հոլանտայի, Գերմանիոյ, Պելճիքայի, Յունաստանի եւ այլ երկիրներու քաղաքացիութիւն չեն ստացած։

Եւ այստեղէն պիտի սկսիլ քակել կծիկը։

Վերջերս մամուլին մէջ ընդհանրացած է «Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւն» կամ «Հայաստանի սփիւռքի նախարար» տարազումը, որ շարադասուած բառերու իմաստով կը նշանակէ, որ դէմ յանդիման ենք սփիւռքի մը, որ մերօրեայ Հայաստանին կը պատկանի, եւ «Հայաստանի սփիւռքի նախարար»ը այդ սփիւռքին նախարարն է։ Տարազումը իր ճիշդ իմաստը կը ստանայ, եթէ այդ առնչուած է չորրորդ սփիւռքին հետ։ Այսօրինակ է Լիբանանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը, որ միաժամանակ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութիւն է։

Հոս՝ փակագիծ մը։ Այսպիսի սփիւռք մը իր օրինաւոր նախարարութեամբ, գալիքին մէջ կրնայ մեծ խոչընդոտներ յարուցանել «տարագիր հայութեան սփիւռք»ի պահանջատիրութեան դէմ։ Ժամանակի ընթացքին, լռութեան զօրութեամբ, «Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւն»ը, համրաքայլ ընթացքով, կամայ թէ ակամայ, կրնայ իր «իշխանութեան» ծիրէն ներս պարփակել չորս սփիւռքները, եւ յաչս աշխարհին կը պատկերանայ այնպէս, որ մերօրեայ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանէն դուրս բնակող բոլոր հայերը այդ Հայաստանին քաղաքացիներն էին կամ են: Ալ ատկէ ետք ի՛նչ Արեւմտահայաստանի եւ Հայկական Կիլիկիոյ պահանջատիրութիւն:

Անցնի՛նք:

Այլապէս ալ, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարական կազմին մէջ «սփիւռքի նախարարութիւնը» չի կրնար առաջին, երկրորդ եւ երրորդ սփիւռքներու նախարարութիւնը ըլլալ: Օրինականօրէն եւ իրաւական գետնի վրայ Հայաստանի կառավարական կազմին մէջ «Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւն եւ նախարար» չեն կրնար գոյութիւն ունենալ: Ի վերջոյ, այդ ո՞վ է, որ իրաւունք շնորհեր է Հայաստանի կառավարական կազմի «Հայաստանի սփիւռքի նախարար»ին, որ «նախարարէ» գերիշխան երկիրներու քաղաքացիութիւնը կրող տարագիր հայութիւնն ու անոր սփիւռքը: Նման «նախարարել» մը պարզապէս միջամտել կը նշանակէ գերիշխան երկրորդ երկրի մը ներքին կեանքին, եւ այդ իսկ պատճառով կը դատապարտուի հակաօրինականութեամբ:

Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւնները, երկու կողմերու համահաւասար շահերէն մեկնած, բնականոն հունի մէջ դնելու համար (եթէ իրապէս այդ է հետապնդուած նպատակը), պիտի վերադառնալ փորձուածին: Խորհրդային Հայաստանի օրերուն աշխուժ գործունէութիւն կը վարէր Սփիւռքահայութեան հետ մշակութային կապի [Հայաստանի] կոմիտէն: Հոս վերակենդանանալու արժանի եւ անհրաժեշտ բառը կապն է: Հայաստանի կառավարական կազմին մէջ պահանջուածը ոչ թէ «Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւն» է, այլ՝ Հայաստան-սփիւռք կապերու նախարարութիւն: Կապերու, քանի որ մշակութային գործօնէն անկախ, էական ներկայութիւններ են տնտեսական, շինարարական, առողջապահական եւ այլ ասպարէզներ:

Հայաստան-սփիւռք կապերու նախարարութիւն տարազումին տրամաբանական, առողջ եւ գործնական ըլլալը նաեւ անոր համար, որ կապը պարտադրաբար կը խօսի երկու կողմերու՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի մասին, եւ կապը կը պահանջէ երկու կողմերու համահաւասար իրաւունքը՝ յարաբերութիւնները ծրագրելու, մշակելու, գործադրելու եւ արժեւորելու:

Կապը նաեւ կը պահանջէ համահաւասար որակով, հեղինակութեամբ, փորձառութեամբ եւ ներկայացուցչական արժետոմսով (եւ ոչ թէ միայն ի պաշտօնէ եւ ցուցադրական) իրաւ եւ իրաւական բնոյթով գործադիր ժողովի մը կեանքի կոչուիլը, որ գիտէ կողմերու առարկայական կարիքներն ու պահանջները, արթուն է կողմերու իրաւունքի պաշտպանութեան, եւ զգուշ, որ ծրագիրներու գործադրութիւնը չանտեսէ սփիւռքները հիւրընկալող երկիրներու շնորհած արտօնութիւններու սահմանագիծը: Ու նաեւ, որ սփիւռքը միայն ունկնդիր կողմ չմնայ, եւ չունենայ կարիքը՝ յիշելու հայկական առածը. «Մի՛ ըլլար ուրագի պէս, մի՛շտ դէպի քեզ, դէպի քեզ, այլ եղիր սղոցի պէս, մէկ դէպի քեզ, մէկ դէպի մեզ»:

Եւ որպէսզի յարաբերութիւններու բնոյթն ու հետապնդուած նպատակները ըլլան թափանցիկ, քննադատութեան ենթակայ եւ իրաւ գնահատանքի արժանի, անհրաժեշտ է հրապարակային բեմի մը ստեղծումը: Հեռուստացուցային գովազդները կրնան աչքը շլացնել, բայց միշտ չէ, որ միտքը կը համոզեն: Ահա թէ ինչո՛ւ Հայաստան-սփիւռք կապերու նախարարութիւնը պէտք է ունենայ իր պաշտօնաթերթը (ոչ թէ տարեկան տեղեկագիրներու հատորներ), ուր Հայաստան եւ սփիւռք՝ ազատ, գիտական մակարդակի ուսումնասիրական աշխատանքներով կարենան անհրաժեշտը պարզել ու մեկնաբանել, հրապարակով՝ բոլոր կողմերուն լսելի իրենց խօսքը ըսեն, ուր առողջ քննադատութիւնը իր արժանի ու փնտռուած տեղը ունենայ:

Ահա թէ ինչու ո՛չ թէ «Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւն եւ նախարար», այլ՝ Հայաստան-սփիւռք կապերու նախարարութիւն եւ նախարար:

Եւ երկխօսութիւնը՝ քննադատաբար, համահաւասար իրաւունքով ու գրաւոր բեմի առկայութեամբ:

ԵՐՈՒԱՆԴ Հ. ՔԱՍՈՒՆԻ

6 հոկտեմբերի, 2010

Oct 20, 2010

ՀԱՅԵՐԷՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ ԱՂԷՏԻ ՄԱՏՆՈՒԱԾ

Տասնամեակներու ընթացքին տարբեր երկիրներ ապաստան գտած հայերը, որոնք սփիւռքը կազմեցին, ծանր աշխատանքով եւ զոհողութիւններով, կառոյցներ յառաջացուցին՝ հայութիւնը անոնց շուրջ հաւաքելու եւ ազգ պահելու համար. դպրոցներ, մշակոյթի տուներ եւ ակումբներ: Հարց կու տամ, թէ ի՞նչ եղաւ արդիւնքը այդ ճիգերուն, ո՞ւր ենք այսօր: Սփիւռքի նոր սերունդները որքանո՞վ տէր են հայ մշակոյթին, իրենց ինքնութեան, մանաւանդ որ այս վերջինին պատուանդանը ՀԱՅԵՐԷՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆՆ է, այսինքն յաջողեցա՞նք հայախօս պահել նորերը: Երիտասարդութիւնը հայախօ՞ս է, հայերէն կը կարդա՞յ, կը գրէ՞: Պատասխանը դրական չէ, ափսոս, ճնշող մեծամասնութեան համար:

Սփիւռքահայութիւնը եւ մասնաւորաբար անոր ղեկավարութիւնը իրապէս մտահո՞գ են այս կացութեամբ եւ ինչպէ՞ս կը դիմագրաւեն զայն: Փաստ է, որ այս հարցերուն նկատմամբ անտարբերութեամբ ապրող զանգուած գոյութիւն ունի, որ օտար լեզուներու գործածութիւնը կը համարէ յառաջդիմութիւն՝ հայերէնէն հրաժարելով: Կայ մտահոգ փոքրամասնութիւն մը, որ տագնապելով կ'ապրի այս նահանջը, մանաւանդ ինչ կը վերաբերի հայերէնին՝ ներկայիս եւ ապագային:

Կ'ապրինք այն մտավախութեամբ, թէ պիտի գոյատեւե՞նք, թէ՞ ոչ, կամ՝ ի՞նչ նկարագիրով:

Ցարդ սփիւռքը տոկաց, որքան որ կրցաւ, հայրենահանուած ժողովուրդի մը յատուկ դժուար պայմաններուն մէջ, այն հեռաւոր երազով, որ օր մը հայրենիքը պիտի վերականգնի եւ ժողովուրդի հատուածները պիտի վերամիանան: Սակայն պարզուող իրականութիւնը տարբեր է:

Սփիւռքը կ'ապրի մոլորակային տարտղնում, որ կը մղէ երիտասարդութիւնը դէպի անհետացում, ձուլում: Ազգային լեզուի կորուստը անհետացման կը տանի ազգերը եւ ժողովուրդները:

Վերանկախացած Հայաստանը, որ պիտի ըլլար վահանը հայ լեզուի եւ մշակոյթի, հակառակ դիրքի վրայ է:

Նոր գիւտ՝ որոշումը: Այժմ Հայաստանի դպրոցներուն մէջ կարելի է ուսուցանել եւ ուսանիլ միայն օտար լեզուով, ջնջելով եւ ոտնակոխելով հայ լեզուն: Այս՝ Մայր հայրենիքի մէջ: Կարծէք չէր բաւեր 1922-ին պարտադրուած ստալինեան «չ»ուղղագրութիւնը պահել եւ պահպանել, այն շփոթեցնող բացատրութեամբ, որ եթէ վերադառնանք մեսրոպեան ուղղագրութեան, ամբողջ Հայաստանը անգրագէտ կը դառնայ...:

Հայաստանի իշխանութիւնները սփիւռքին կը զիջին կաթնտու կովու դերը, կ'ընդունին միայն նիւթական մասնակցութիւնը, բայց չեն ուզեր լսել անոր կարծիքը եւ ցանկութիւնները:

Անհեթեթ իրականութեան մը առջեւ կը գտնենք մենք մեզ, երբ կը լսենք Հայաստանի մէջ խօսուած լեզուն, փողոցային, անճոռնի, տձեւ հայերէն մը, նաեւ՝ հեռատեսիլէն եւ այլ առիթներով:

Հայերէնը վտանգի ենթակայ է նաեւ, երբ համացանցով կը գրուի լատինատառ՝ փոխանակ հայերէն տառերու:

Աւելի՛ն. ընտանիքներ կան, որոնք կը մերժեն հայերէնախօսութիւնը այն պատճառաբանութեամբ, որ իրենց զաւակները օտար ափերու վրայ լաւագոյն ձեւով չեն կրնար տեղական լեզուն իւրացնել: Ի՜նչ անհեթեթութիւն: Ընդհակառակը, մանուկ տարիքի երեխան, աւելի լաւ եւ արագ կ'ըմբռնէ բազմալեզուականութիւնը, քան՝ հասուն տարիքի մարդը:

Սակայն հայկական կազմակերպութիւնները հայերէնախօսութեամբ չեն մտահոգուած, քանի որ կեդրոնացած են գլխաւորաբար Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին վրայ:

Ի՞նչ պիտի շահինք, եթէ օտար երկիրները, աշխարհը եւ կամ Թուրքիա ճանչնան Ցեղասպանութիւնը, եթէ հայութիւնը կորսնցուցած ըլլայ լեզուն, մշակոյթը, իր ինքնուրոյնութիւնը, եթէ հայ մարդը խօսի եւ արտայայտուի միայն ռուսերէնով, անգլերէնով, ֆրանսերէնով կամ այլ լեզուներով:

Հայոց լեզուի նահանջը կ'ապրինք:

Հայութիւնը ջարդէն աւելի մեծ աղէտ մը կ'ապրի այսօր: Կարծէք՝ ան հետաքրքրուած է միայն իր կենսամակարդակի բարելաւումով:

Միայն երազ է հայերէն լսել ակումբներուն, մշակոյթի տուներուն, հանդիսութիւններուն մէջ: Տեղի տուած ենք: Օտարախօսութիւնը դարձած է ընթացիկ, սովորական:

Սփիւռքի մէջ քիչ չեն սրտցաւ եւ անկեղծ հայորդիներ, որոնք զոհողութիւններու պատրաստ են եւ կը գործեն այնպէս, որ հայ լեզուն զարգանայ, գոյատեւէ, որպէսզի եկող սերունդները մեզ չմեղադրեն թէ ի՛նչ հայրենիք կերտեցիք, եւ ի՛նչ աղէտալի ժառանգ մեզի ձգեցիք:

Հաւատաւորներուն կը մնայ հրաշքի յոյսը...:

ԹՈՐՈՍ ՕՍՄԱՆՃԵԱՆ
Փարիզ, 2010

Sep 22, 2010

Holy Cross deserves more Armenian tears ԱՂԹԱՄԱՐ, ԱՌԱՆՑ ԽԱՉԻ, ԲԱՅՑ` ՀԱՅԵՑԻ, ԼԱՑՈՎ ՈՒ ՅՈՒԶՈՒՄՈՎ

For the first time in 95 years liturgy and hymns were heard on Lake Van

ՎԱՆԱՅ ԾՈՎԸ 95 ՏԱՐԻ ԱՆՑ ԿՐԿԻՆ ԼՍԵՑ ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԻ ԱՂՕԹՔԸ


by Tatul Hakobyan ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

 

http://www.reporter.am/index.cfm?objectid=5BDED160-C5A1-11DF-994C0003FF3452C2

http://aztag.blogspot.com/2010/09/blog-post_21.html

Sep 21, 2010

Ազդակ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեան՝ Երկիր Մետիայի պաստառէն

Սեպտ. 21 Հայաստանի Բ. անկախ Հանրապետութեան տարեդարձ։ Շնորհաւորութիւններ համայն հայութեան

ԱՂԹԱՄԱՐ, ԱՌԱՆՑ ԽԱՉԻ, ԲԱՅՑ` ՀԱՅԵՑԻ, ԼԱՑՈՎ ՈՒ ՅՈՒԶՈՒՄՈՎ

ՎԱՆԱՅ ԾՈՎԸ 95 ՏԱՐԻ ԱՆՑ ԿՐԿԻՆ ԼՍԵՑ ՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆՆԵՐԻ ԱՂՕԹՔԸ

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Սիվիլիթաս» հիմնադրամի փորձագէտ

Յատուկ «Ազդակ»ի համար - Վան

Մինչ հայ հոգեւորականները Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթեշեանին շրջապատած կիսաքանդ մատուռից շարժւում էին դէպի Սուրբ Խաչ, մի քանի հարիւր հայեր՝ գերազանցապէս Պոլսից ու սփիւռքից (հիմնականում Պոլսից այլ երկրներ տեղափոխուածներ), պտտւում էին եկեղեցու շուրջը, անվերջ ու անթարթ նայում ծովին, մոմեր վառում եկեղեցու հարեւանութեամբ դրուած մոմարաններում ու արտասւում: Սուրբ Խաչն արժանի էր աւելի շատ հայերի ներկայութեան, աւելի շատ հայ արտասուողների, աւելի շատ հայ աղօթողների, աւելի շատ իր շուրջը պտտուող հաւատացեալների: Վանայ մեր ծովը, ծովի վճիտ կապտականաչաւուն ալիքներն արժանի էին ու կարօտ աւելի շատ հայ աչքերի: Սեպտեմբերի 19-ի կէսօրին, սակայն, ընդամէնը մի քանի տասնեակ հայեր էին եկել Հայաստանից, մի քանի տասնեակը` սփիւռքից, այսպիսով անսալով Հայաստանի իշխանութիւնների ու Հայ առաքելական եկեղեցու նուիրապետական աթոռների (բացի Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան) յորդորին, այն է՝ հենց այդ օրը չլինել Աղթամարում ու չմասնակցել, նրանց խօսքերով՝ թուրքական շոուին:

Սիրիայում բնակուող, "Փիւնիկ" հիմնադրամի նախագահ Գաբրիել Չեմպերճեանը առաջին անգամ չէր Աղթամարում եւ Արեւմտեան Հայաստանում: Նա տիկնոջ հետ էր եկել եւ ճիշդ է համարում, որ Հայաստանից կազմակերպութիւններ կամ պետական մակարդակով չեն մասնակցում այս պատարագին, սակայն միւս կողմից՝ բնական է համարում, երբ անհատ հայեր աշխարհի տարբեր կողմերից, այնուամենայնիւ եկել են հայ ժողովրդի համար նուիրական այս վայրում այս պատարագին: «Սրանք մեր հողերն են, մենք պէտք է մեր ուզած ժամանակ գանք այստեղ, մեր ուխտը կատարենք, մեր մոմը վառենք», - ասաց Չեմպերճեանը, ով մէկն է այն հայերից, ով նուիրատւութիւն է կատարել Տիգրանակերտի` այսօրուայ Տիարպեքիրի հայկական եկեղեցու վերանորոգման ու բազմաթիւ հայկական ձեռնարկների համար:

Մոնաքոյում բնակուող Տիգրան Ճիյէրճեանը եւս առաջին անգամ չէ Արեւմտեան Հայաստանում: Նա իր ֆրանսուհի տիկնոջ հետ այս կողմերում պտտուել է դեռ 1990-ական թուականների կէսերից յետոյ: «Աղթամարի Սուրբ Խաչում պատարագ մատուցելը անկարելի էր պատկերացնել տարիներ առաջ: Այսօր սա իրականութիւն է: Գուցէ ամբողջական չէ, բայց կարեւոր քայլ է մեր ժառանգութիւնը յետ ստանալու հարցում», - ասաց 70-ամեայ Ճիյէրճեանը, ով նախօրէին ամբողջ մէկ օր նաւով կտրել էր Վանայ ծովը, այցելել մի շարք այլ հայկական եկեղեցիներ, որոնք հարիւրամեայ մենութիւնից յետոյ շարունակում են մասամբ կիսականգուն մնալ: «Էջմիածնից հոգեւորական ուղարկելուց հրաժարուելը պատրուակ էր, խնդիրը քաղաքական է»,- ասաց նա:

62-ամեայ Արսէն Եարմայեանը Պոլսի Սուրբ Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձու է: «Եկել եմ պատարագին, որն առաջին անգամն է 1915-ից ի վեր»,- ասաց նա: Եարմայեանի կարծիքով՝ Հայաստանի պոյքոթը ճիշդ է, բայց թուրքերին խաչ չդնելու համար մեղադրելն էլ ճիշդ չէ: «Ժամանակի ընթացքում երկուսն էլ կը շտկուեն, խաչը կը տեղադրուի, Հայաստանից հայերն էլ կը գան յաջորդ պատարագին», - ասաց նա:

Գրիգոր Կէօքճեանը ծնուել է Պոլսում, բնակւում է Պէյրութում, եկել էր ընտանիքի չորս անդամների հետ՝ յատուկ այս պատարագին, նրա խօսքերով՝ այս պատմական օրուան ներկայ լինելու: «Տասը պոյքոթ էլ լինէր, ես պիտի գայի այստեղ, ինձ համար անձնապէս տեսնելն այլ նշանակութիւն ունէր», - ասաց նա:

Աղթամարի Սուրբ Խաչը կառուցուել է Օսմանեան կայսրութեան հաստատումից աւելի քան 350 տարի առաջ եւ աւելի վաղ, քանի առաջին թուրքերը Չինաստանի կողմերից շարժուեցին դէպի Հայաստանի սիրտը, որն այսօր Անատոլիա է կոչւում կամ Արեւելեան Թուրքիա: Հայերի համար այն Արեւմտեան Հայաստան է: Վերջին անգամ Սուրբ Խաչում պատարագ էր մատուցուել 1915 թուականին՝ Օսմանեան կայսրութեան կործանման վերջին տարիներին կամ Հայոց ցեղասպանութեան նախօրէին: Աւելի քան 95 տարի անց մատուցուեց առաջին պատարագը եւ չնայած թուրքական կողմի նախնական հաւաստիացումներին, եկեղեցու վրայ խաչ չտեղադրուեց:

Խաչը, որը պարզւում է ոչ թէ 200 քկ էր, ինչպէս պնդում էին թուրքերը, այլ ընդամէնը 76, դրուել էր եկեղեցու հենց հարեւանութեամբ: Ես ներկայ եմ եղել նաեւ Սուրբ Խաչի բացմանը 2007-ին, եւ ի տարբերութիւն, այս անգամ թուրքական մեծ դրօշակ չէին փռել կղզու լանջին: Եթէ չլինէր կղզու «բերանին» բարձրացուած կիսալուսինը, որը տնկուել է տարիներ առաջ, ապա սեպտեմբերի 19-ին չկային Թուրքիան ու թուրքականը խորհրդանշող այլ խորհրդանիշներ: Քանի որ եկեղեցին մեծ չէ եւ կարող է շուրջ 150 մարդ տեղաւորել, դրսում դրուել էր մեծ պաստառ, որի վրայ ցուցադրւում էր պատարագը: Բայց այդ օրը միայն Աղթամարում գտնուելն էլ բաւարար էր` զգալու այն ուժականութիւնը, այն ձգողականութիւնը, որ տիրում էր ողջ կղզու վրայ:

Հայաստանից, բացի լրագրողների, ընդամէնը մի քանի տասնեակ մարդ էր ներկայ: Փոխարէնը, Վանի նահանգապետարանը ամէն ինչ արել էր, որպէսզի ապահովուի մարդկանց մեծ ներկայութիւն տեղացիներից: Պատարագի օրը մահմետական քիւրտերը եւ թուրքերը մի քանի անգամ գերազանցում էին քրիստոնեաներին: Նրանցից շատերը եկել էին հետաքրքրութիւնից դրդուած, մի մասը պարզապէս ընտանիքի հետ իր հանգիստն էր անցկացնում Վանայ ծովում, Աղթամարում ու ծովափում: Պիտի ազնուօրէն նաեւ խոստովանել, որ այդ օրը մահմետականները բարեացակամ էին տրամադրուած հայերի նկատմամբ եւ փորձում էին ամէն կերպ ինչ-որ բանով իրենց օգնութիւնն առաջարկել:

«Սիրելի՛ հայ բարեկամներ, բարի եկաք Վան», ասում էր քաղաքում փակցուած ցուցապաստառը: Սակայն որեւէ տեղ այդպէս էլ չէր գրուել կամ ես չհանդիպեցի, որ Աղթամարի Սուրբ Խաչը հայկական է, չկար «հայ, հայկական» անունը: Միակ բացառութիւնը Լոնտոնում բնակուող «Կոմիտաս» հիմնարկի տնօրէն, պատմաբան Արա Սարաֆեանի եւ թուրք հրատարակիչ Օսման Քէօքերի երկլեզուեան՝ թուրքերէն եւ անգլերէն գրքի ներկայացումն էր պատարագի նախօրէին: Գիրքը տպուել էր Թուրքիայում եւ կրում է «Աղթամար. հայ միջնադարեան ճարտարապետութեան գոհարը»: Ընդ որում, գրուած էր ճիշդ` «Աղթամար», այլ ոչ թուրքերի խեղաթիւրած` «Աքտամար» ձեւով:

Պոլսահայերը համոզուած են, որ առաջիկայում Սուրբ Խաչի վրայ խաչը դրուելու է: Յուսանք: Աղթամարը, Սուրբ Խաչը արժանի են աւելի շատ հայերի ներկայութեան, աւելի շատ հայ արտասուողների, աւելի շատ հայ աղօթողների, աւելի շատ Սուրբ Խաչի շուրջ պտտուողների: Վանայ մեր ծովը, ծովի կապտականաչաւուն ալիքներն արժանի են աւելի շատ հայ աչքերի:

Sep 17, 2010

ՆԱՄԱԿԱՆԻ -Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցի

ՆԱՄԱԿԱՆԻ

Պատուարժան խմբագրութիւն,
«Ազդակ» օրաթերթի
Պէյրութ

Յարգելի խմբագիր,

Մեծ գոհունակութեամբ կարդացի ձեր 6 սեպտեմբերի խմբագրականը, որուն մէջ յիշատակուած ամէն մէկ առնուած եւ առնուելիք քայլ (սփիւռք եւ Հայաստան) ցոյց կու տայ միահամուռ կեցուածք թուրք կառավարութեան դէմ, Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցիին մէջ կատարուելիք տարեկան մէկ օրուան պատարագին մասնակցութիւնը հայերու կողմէ պոյքոթի ենթարկելու մասին:

Անդիէն, հայ զանգուածին (Հայաստան եւ սփիւռք) Թուրքիա եւ մանաւանդ Անթալիա ճամբորդելու տեսակ մը մոլեգնութիւնը հասած կը թուի իր գագաթնակէտին:

Մինչեւ այսօր, հայկական գրեթէ բոլոր կազմակերպութիւնները, որոնք սրբապղծութիւն կը համարէին այսօրուան Թուրքիա այցելելը, այժմ, զինուած նորանոր լոզունգներով, հազարներով կը խուժեն Թուրքիա:

Մի՛ հաւատաք, Արեւմտեան Հայաստանը տեսնելու գլխաւոր պատճառաբանութիւնը պատրուակելով` ինքնամխիթարութիւնը կամ ինքնախաբէութիւնը:

Այսօր նիւթականն է խօսողը. աժան մեղրալուսին, աժան ծովափ, աժան կեցութիւն, աժան խմիչք, աժան ցոփութիւն եւ այլն: Եւ այս բոլորը` աչքէ հեռու:

Յարգելի՛ խմբագիր,

Աղթամարի մէկ օրուան պոյքոթը Թուրքիան կրնայ կրել իր ուսերուն վրայ` առանց կքելու, որովհետեւ ան (Թուրքիան) լաւատեղեակ է, թէ բերդը գրաւուած է ներսերէն, եւ այսօրուան պայմանները նկատի ունենալով, մանաւանդ` առանց վիզայի ճամբորդական դիւրութիւնները, մեր հայութիւնը բնաւ պիտի չդադրի Թուրքիա երթալէ եւ թրքերէն խօսելով հպարտանալէ, ապրանք տանելէ եւ ապրանք բերելէ:

Ազգովին գտնենք այս մոլեգնութեան դէմ պատուար կանգնելու հիմնական միջոցը:

Յարգանքներով`
Յակոբ Ադամեան

Լաթաքիա

Sep 6, 2010

ՄԱՐՏԱՎԱՐԱԿԱՆ ՍԽԱԼ ԿԱՄ ԹՐՔԱԿԱՆ ԻՆՔՆԱՀԱՐՈՒԱԾ - ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Աղթամարի Սուրբ Խաչի պատարագի արարողութեան նախաշեմին թուրքերը մարտավարական մեծ սխալ թոյլ տուին։ Պարզ է, թէ ինչի՛ մասին է խօսքը։ Պաշտօնական Անգարան յայտարարեց, որ խաչ պիտի չտեղադրուի Աղթամարի եկեղեցւոյ վրայ պատարագի օրը։

Երէկ առտու Էջմիածնի տեղեկատուական բաժանմունքը հաղորդագրութեամբ մը կը փոխանցէր, որ կ'առկախէ երկու հոգեւորականներուն մասնակցութիւնը Աղթամարի պատարագին։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը առանձին հաղորդագրութեամբ եւ ազգային-քաղաքական հիմնաւորումներով, թարգմանը հանդիսանալով ոչ միայն սփիւռքի, այլ նաեւ հայրենաբնակ ժողովուրդի մտածումներուն, իղձերուն, կը մերժէր մասնակցութիւնը՝ Աղթամարի քաղաքական հանդէսին։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առընթեր Էջմիածնի մերժումով Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին մէկ կեցուածքով կը ներկայանայ յաչս Թուրքիոյ եւ միջազգային ընտանիքին, մանաւանդ որ պաշտօնական Անգարայի կողմէ բեմականացուած այս ցուցադրութիւնը նախ եւ առաջ թիրախաւորած էր միջազգային ընտանիքն ու եւրոպական կառոյցները։

Յստակ է նաեւ պաշտօնական Երեւանի կեցուածքը, որուն հրապարակումը նախանշեց մեծամասնական կուսակցութեան մամլոյ բանբերը՝ կոչ ուղղելով չմասնակցելու Աղթամարի պատարագին։ Համահայկական այլ ուժեր, նախ եւ առաջ Դաշնակցութիւնը բազմիցս շեշտեց բեմադրութեան շարժառիթը, առաջադրած նպատակը, բացայայտեց թրքական խաղի կանոնները եւ կոչ ուղղեց հայութեան չընդառաջելու թրքական կողմին սարքած դաւադրութեան։

Կը թուի, որ հայկական դաշտին մէջ բանավէճ գոյութիւն չունի այլեւս այս ուղղութեամբ։ Թուրքիան ինքնաբացայայտուած է, մանաւանդ իր վերջին որոշումով, եւ դիւրացուցած իր թելադրած խաղի կանոններուն քողազերծումը հայկական կողմին համար։ Սպառած են նաեւ այս առիթով սահմանը ժամանակաւոր բանալ-չբանալու թրքական յայտարարութիւններուն արարները։

Հայկական կեցուածքի ընդհանրացումը կամ համազգայնացումը դրական նախանիշ է անշուշտ թրքական քարոզչական արարին դիմաց։ Հակակշիռ քայլն է, որ կը պակսի։ Այս առումով նկատառելի առաջարկ է մեր աշխատակից Թաթուլ Յակոբեանին կատարածը՝ հրապարակուած մեր թերթի էջերէն։ Նոյն օրը հայ-թրքական սահմանին վրայ թէ աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ կազմակերպել ցոյցեր, միջազգային ընտանիքին համար փոխանցելու համար թրքական ծխածածկոյթի աքթը, բողոքելու համար շրջափակման դէմ եւ համոզելու, որ եղածը պարզապէս աչքի փոշի ցանող մակերեսային հանդուրժողականութեան նմուշ է, որ խորքին մէջ կը հարուածէ հայութեան եկեղեցական-կրօնական աւանդութիւնները, որ դարաւոր սուրբ տաճարը կը շահարկէ քաղաքական նպատակներու համար՝ օր մը ետք զայն թանգարանի եւ նորաձեւութեան ցուցադրութիւններու օգտագործելու համար։

Հակակշիռ գործողութիւններու կազմակերպումը պարտադիր հանգամանք կը ստանայ այս ձեւով։ Մանաւանդ հիմա, երբ թէ՛ Էջմիածինը, թէ՛ Անթիլիասը կը մերժեն մասնակցիլ քաղաքական այս հանդէսին, երբ պետութիւնը պարզ կը դարձնէ, որ ներկայացուցիչ պիտի չուղարկէ Աղթամարի շոուին, իսկ սփիւռքէն հակառակը թելադրող որեւէ կոչ չէ հնչած։

Թուրքերը մարտավարական սխալ թոյլ տուին խաչին տեղադրումը արգիլելով։ Մարտավարական սխալէն անկախ եւ անկէ առաջ գրեթէ յստակացած էր արդէն հայկական կողմին կեցուածքը։ Կը մնայ, որ երթալ-չերթալու հարցը ընդմիշտ փակուած նկատելով՝ հայկական կողմը փաստէ իր նախաձեռնողականութիւնը։

Sep 1, 2010

ԳՆԱ՞Լ, ԹԷ՞ ՉԳՆԱԼ ՎԱՆ

ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՄԻՏՔԸ ՊԱՐԶՈՒՆԱԿ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ Է ԱՌԱՋԱՐԿՈՒՄ

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
«Սիվիլիթաս» հիմնադրամի փորձագէտ,

Յատուկ «Ազդակ»ի համար


Սեպտեմբերի 19-ին Վանայ Աղթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցում առաջին անգամ, 1915-ից յետոյ, տրուելու է սուրբ պատարագ: 2007-ի մարտին Սուրբ Խաչը վերանորոգուելուց յետոյ, պաշտօնապէս բացուեց որպէս թանգարան «Աքտամար» թրքացուած անունով, որտեղ եկեղեցական արարողութիւններն արգելւում են: Եկեղեցու վրայ թուրքական իշխանութիւնները արգելեցին խաչ տեղադրել` հակառակ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան խնդրանքներին: Թուրքական կողմը քարոզչական նպատակներով լաւագոյնս օգտագործեց այդ առիթը: Նոյնը, բնականաբար, անելու է այս անգամ` մէկանգամեայ պատարագի փաստն օգտագործելով իբրեւ թուրքական հանդուրժողականութեան դրսեւորում փոքրամասնութիւնների նկատմամբ, յարգանք պատմութեան եւ համաշխարհային ժառանգութեան հանդէպ:

Հայաստանի իշխանութիւնները, ինչպէս կարելի է ենթադրել նրանց խօսնակների ու լրատուամիջոցների պահուածքից, չեն խրախուսում հայերին ներկայ գտնուելու սուրբ պատարագին: Մեր երկրի առաջին դէմքերը դառնացած ու մինչեւ հոգու խորքը վիրաւորուած են թուրքերից` վարչապետ Էրտողանից, արտաքին գործերի նախարար Տաւութօղլուից եւ, մասամբ` մշտապէս պեխերի տակ ժպտացող նախագահ Կիւլից: Պատճառը պարզ է` թուրքերը երկու տարի «ֆութպոլ խաղալուց» յետոյ ոչ միայն վերջ չտուեցին Հայաստանի շրջափակմանը, չհաստատեցին դիւանագիտական կամ այլ կարգի յարաբերութիւններ Հայաստանի հետ, Լեռնային Ղարաբաղի հարցում շարունակեցին իրենց ազրպէյճանանպաստ կեցուածքը, այլ նաեւ սպառնացին, թէ Թուրքիայից կը վտարեն «հազարաւոր հայաստանցիների»: Ու հիմա իրենց թուրք գործընկերներից վիրաւորուած Հայաստանի իշխանութիւնները գործի են դրել իրենց «ծանր հրետանին»` իշխանամէտ գործիչները, քաղաքագէտները, պատմաբան-արեւելագէտները, լրագրողները, որոնք հայաստանցիներին խելք են սովորեցնում, թէ` գիտէք, պէտք է ընդհանրապէս հրաժարուել Վան գնալուց եւ պատարագին մասնակցելուց, քանի որ թուրքերը դա շահարկելու են:

Անկասկած թուրքերը շահարկելու են: Իսկ եթէ ոեւէ հայ, անգամ պոլսահայ, չգնայ Աղթամար, ինչը բացառւում է, թուրքերը դա չե՞ն շահարկելու: Ինչպէս 2007-ին, երբ որպէս թանգարան վերաբացւում էր Սուրբ Խաչը, այնպէս էլ այսօր Թուրքիան շատ լաւ հաշուարկ է կատարել եւ փորձելու է սեպտեմբերի 19-ի սուրբ պատարագը համաշխարհային հանրութեանը հնարաւորինս «թանկ վաճառել»: Եւ այդ հարցում մի քանի հարիւր հայերի ներկայութիւնը կամ բացակայութիւնը ոչինչ կամ գրեթէ ոչինչ չի փոխելու: Սակայն արդեօք Հայաստանը, որպէս պետութիւն, իսկ սփիւռքը, որպէս պահանջատէր ու իրական տէր մեր Սուրբ Խաչի, Մշոյ Սուրբ Կարապետի, Անիի կիսականգուն եկեղեցիների, մզկիթի վերածուած Կարսի Սուրբ Առաքելոց վանքի ու բազմաթիւ այլ կոթողների, չունե՞ն անելիք, բացի հաւատացեալ հայերին յորդորելուց ու խելք սովորեցնելուց: Խօսքը չի վերաբերում քարոզչական նպատակներով ու շատ պարզունակ այն յայտարարութիւններին, որ այսօր անում են հայ իշխանամէտ գործիչներն ու ոչ միայն նրանք: Նրանց մեծ մասն ասում է. «Չէ, չպիտի գնալ Վան, քանի որ թուրքերը մեր ներկայութիւնը շահարկելու են»: Կայ մէկ այլ, շատ աւելի փոքր խումբ, որն ասում է. «Իսկ ինչո՞ւ չգնալ Վան, չէ՞ որ Սուրբ Խաչը մերն է, չէ՞ որ մեր ներկայութեամբ կարող ենք աշխարհին ցոյց տալ, որ դա մեր եկեղեցին է, որ հայկական է, որ թուրքերը ոչ միայն հայութեանն արմատախիլ են արել իրենց հայրենիքից, այլ զաւթել մեր տներն ու եկեղեցիները»:

Ես, որպէս լրագրող, 2007-ի մարտին ներկայ եմ եղել Սուրբ Խաչի բացման արարողութեանը եւ հաւատացնում եմ, որ այդ միջոցառմանը ներկայ էր ընդամէնը մի քանի հարիւր մարդ, որից մի մասը հայեր էին Հայաստանից, սփիւռքից ու Պոլսից: Ես, որպէս լրագրող, սեպտեմբերի 19-ին եւս ներկայ եմ լինելու սուրբ պատարագին եւ կարող եմ վստահ լինել, որ այս անգամ էլ միջոցառմանը ներկայ է լինելու ընդամէնը մի քանի հարիւր մարդ: Ովքեր գոնէ մէկ անգամ եղել են Վանում, կարող են հաստատել, որ ուղղակի ֆիզիքապէս հնարաւոր չէ Սուրբ Խաչում կազմակերպել միջոցառում հազարաւոր մարդկանց ներկայութեամբ: Անշուշտ թուրքերը արդէն իսկ իրականութեանը չհամապատասխանող լուրեր են տարածում, թէ հազարաւոր հայեր են ներկայ լինելու, թէ` Վանի հիւրանոցներն արդէն զբաղեցուած են, որ քաղաքի բնակիչներն են իրենց տներում հիւրընկալելու հայերին ու միւս հիւրերին: Այս ամէնը, սակայն, քարոզչութիւն է, պարզունակ «թուրքապատում», որին լծուել են թուրքերը պետական մակարդակով, եւ որի դէմ պայքարելը, իմ կարծիքով, Հայաստանի ու սփիւռքի կողմից անիմաստ է ու անտեղի ջանքերի վատնում:

Հայաստանը եւ սփիւռքը սեպտեմբերի 19-ին, որպէսզի իրենց ձայնը հասնի համաշխարհային հանրութեանը, պէտք է այլ քայլեր կատարեն: Ընդ որում, այդ քայլերը պէտք է բխեն իրականութիւնից եւ չլինեն պարզունակ քարոզչական ու հակաթուրք ձեռնարկներ:
Առաջին. հայաստանցիները եւ սեպտեմբերի 19-ին Հայաստանում գտնուող սփիւռքահայերը կարող են բողոքի խաղաղ երկու տարբեր ցոյցեր կազմակերպել կողպուած թուրք-հայկական երկու սահմանադռների մօտ` Մարգարայում եւ Ախուրեանում: Քանի որ Թուրքիան 1993-ից ի վեր թշնամական աքթ է իրականացնում Հայաստանի նկատմամբ ու փորձում է շրջափակման միջոցով ծնկի բերել մեր երկիրը, Սուրբ Խաչի պատարագը լաւ առիթ կը լինի, որպէսզի միջազգային հանրութեանը եւս մէկ անգամ յիշեցնել, թէ իրականում ինչպիսին է Թուրքիայի վերաբերմունքը Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի նկատմամբ: Ցոյց տալ, որ իրական Թուրքիան սահման փակող եւ պարբերաբար սպառնացող Թուրքիան է եւ ոչ թէ Սուրբ Խաչում մէկ անգամ սուրբ պատարագ թոյլատրող Թուրքիան: Բնականաբար միջազգային առաջատար լրատուամիջոցները, անկախ նրանից հայերը կը մասնակցեն Սուրբ Խաչի պատարագին, թէ ոչ, այդ ձեռնարկը լայնօրէն լուսաբանելու են: Վստահաբար այդ նոյն լրատուամիջոցները միաժամանակ կը լուսաբանեն նաեւ Մարգարայի եւ Ախուրեանի խաղաղ ցոյցերը, եթէ հայերը նման բան իրաւամբ կարողանան կազմակերպել: Հայաստանի մայրաքաղաքից մինչեւ հայ-թուրքական սահմանադուռ` Մարգարայ, ընդամէնը 40 քմ է, իսկ մեծութեամբ երկրորդ քաղաքից` Գիւմրիից մինչեւ Ախուրեան, որտեղով անցնում է Հայաստանը Թուրքիային կապող եւ պարապուրդի մատնուած երկաթուղին, մօտ 10 քմ: Նախագահ Սարգսեանի ու Հայաստանի գործող իշխանութիւնների ձախողուած «ֆութպոլային դիւանագիտութիւնից» յետոյ միջազգային հասարակական կարծիքը փոխուել է ի վնաս Հայաստանի այն իմաստով, որ արդէն երկու տարի որեւէ խոշոր պետութիւն կամ միջազգային կազմակերպութիւն այլեւս Թուրքիային չի յիշեցնում Հայաստանը շրջափակման տակ պահելու անթոյլատրելիութեան մասին: Սեպտեմբերի 19-ը լաւ առիթ է դա յիշեցնելու:
Երկրորդ. սեպտեմբերի 19-ին աշխարհի հայաշատ մայրաքաղաքներում կարելի է կազմակերպել մոմերով բողոքի խաղաղ ցոյցեր Թուրքիայի դեսպանատների, հիւպատոսարանների եւ այլ կարգի պաշտօնական ներկայացուցչութիւնների առաջ: Համաշխարհային լրատուամիջոցները Սուրբ Խաչի պատարագի հետ միաժամանակ դրանք էլ կը լուսաբանեն: Մոմերով խաղաղ այդ ցոյցերի ընթացքում կարելի է նաեւ պաստառներով պատմել Արեւմտեան Հայաստանի հայկական այն վանքերի, եկեղեցիների ու միւս յուշարձանների մասին, որոնք վերածուել են մզկիթի, քանդուել են կամ պարզապէս անուշադրութեան մատնուել: Դա լաւ առիթ կը լինի նաեւ պահանջել, որպէսզի Սուրբ Խաչը, մզկիթի վերածուած Կարսի Առաքելոցը եւ միւս եկեղեցիները վերադարձուեն Պոլսոյ պատրիարքարանին եւ հայ նուիրապետական աթոռը որոշի, թէ ե՛րբ անցկացնի պատարագ կամ կրօնական այլ ձեռնարկ:

Այստեղ արժէ յիշեցնել 2008-ի սեպտեմբերի 6-ը, երբ նախագահ Կիւլը վեց ժամով այցելեց Երեւան: Այդ օրերին Հայաստանի իշխանութիւնները, լրատուամիջոցների մեծ մասը այն աստիճանի էին ոգեւորուած, որ, մի պատգամաւորի խօսքերով` «կարծես գտել էին իրենց կորցրած եղբօրը»: Բացառութիւն էր միայն Դաշնակցութեան կազմակերպած խաղաղ ցոյցը օդանաւակայանում, Երեւանի բոլոր այն փողոցներում, որտեղով անցնում էր Թուրքիայի նախագահի մեքենան: Համաշխարհային լրատուամիջոցներն այդ օրերին գերազանցապէս ցոյց էին տալիս սեպտեմբերեան արեւի տակ հրճուանքից պայթող Կիւլի ու Սարգսեանի դէմքերը, երկու նախագահների ձեռքով ողջոյնները «Հրազդան» մարզադաշտում հաւաքուած հայ ու թուրք ֆութպոլասէրներին, նրանց անսահման ուրախութիւնը` անկախ նրանից, թէ որ խումբն էր կոլ խփում (կոլ խփում էին միայն թուրքերը): Հայ-թուրքական բարձր մակարդակի այս աննախադէպ ողջագուրման ժամերին միակ սթափ ձայնը գալիս էր Երեւանի փողոցներում կանգնած մարդկանց ձեռքերին պահած պաստառներից` «Ես Վանից եմ», «Ես Կարսից եմ», «Ես Մուշից եմ», «Իմ տունը թողել եմ Վանայ ծովի ափին»...

Aug 30, 2010

ՀԱՏՈՒՑՈՒՄՆԵՐ ԵՒ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ - ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Իրանի իսլամական հանրապետութեան փոխնախագահին յայտարարութիւնը իրադրային նշանակութիւն ունի։ Պահ մը զանց առնենք թրքական հակազդեցութիւնները եւ փորձենք մեկնաբանել իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարին կատարած յայտարարութը։

Յայտարարութեան առիթը Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին Իրանի գրաւման 70-ամեակը նշող համագումարն է։ Իրանի փոխնախագահին բառերով՝ օսմանեան կառավարութիւնը շուրջ հարիւր տարի առաջ՝ 1915-ին որոշ քանակութեամբ հայերու դէմ ցեղասպանութիւն իրագործած է. թէեւ ներկայիս Օսմանեան կայսրութիւն գոյութիւն չունի, այսուհանդերձ Հայաստան տակաւին Թուրքիայէն կը պահանջէ ներում հայցել եւ հատուցում վճարել։ Ան նշած է նաեւ, որ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին Իրանին հասցուած վնասներուն վերաբերեալ պատմական փաստաթուղթերու համաձայն, այդ խնդիրը միջազգային հանրութեան մէջ իրաւական հետեւանքներ պէտք է ունենայ։

Այստեղ անմիջապէս կը ծագի այն հարցադրումը, թէ Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին Իրանին հասցուած վնասները քննարկող համագումարը թուականի յետդարձ կատարելով ինչո՞ւ կ'անդրադառնայ Հայոց ցեղասպանութեան, կը կատարէ ճանաչում եւ կ'ակնարկէ ներումի եւ հատուցման հարցերուն։

Յայտարարութեան երկրորդ բաժինը պարզ կը դարձնէ հայոց օրինակին մէջբերման շարժառիթը։ Յայտարարութեան ելակէտը, զարգացումն ու եզրակացութիւնը զուտ իրանեան դիտանկիւններէ կը մեկնին։ Յայտարարութեան երկրորդ բաժինը կը պարզաբանէ ամբողջ ըսուածին նպատակը։ Իրան վնասուց հատուցում կը պահանջէ Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին իրեն հասցուած վնասներուն համար, ինչպէս որ հայերը հատուցում կը պահանջեն Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ թրքական պետութենէն։ Այսօր գոյութիւն չունի դաշնակից ուժերու զինուորական ուխտը, ինչպէս որ գոյութիւն չունի Օսմանեան կայսրութիւնը. սակայն գոյութիւն ունին զինուորական դաշնակցութեան մաս կազմած պետութիւնները, ինչպէս որ գոյութիւն ունի թրքական պետութիւնը, եւ որոնք պատասխանատու են պատմութեան ընթացքին պատահած դէպքերուն։ Այդ պատասխանատուութիւնը, ըստ Իրանի փոխնախագահին, իրաւական բաժին ունի, որ վնասներուն հատուցումը կը ճշդէ։

Իրանի համագումարին կրնար հնչել միեւնոյն ժամանակաշրջանին պատահած այլ ցեղասպանութեան մը կամ ողջակիզման մը օրինակը, ինչ որ միջավայրին իւրայատկութիւններուն ըմբռնումով եւ հասկնալի պատճառներով չէ արձանագրուած։ Պէտք եղած է աւելի հեռաւոր ժամանակի օրինակին դիմել, վերահաստատել Հայոց ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ խօսիլ մանաւանդ հատուցումի անհրաժեշտութեան մասին։

Կայ անշուշտ հարցին երկրորդ երեսը։ Թրքական անհանգստութիւնը, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին հաշիւ պահանջելու յայտարարութիւնը, անոր իրանցի գործընկերոջ կատարած կիսահերքումը եւ թուրքերուն բաւարարուած չըլլալու հրապարակումը։ Դիպաշարը չէ աւարտած յայտնաբար։ Թուրքիան կը սպասէ Իրանի փոխնախագահէն գալիք հերքումին, որ կ'ուշանայ։

Ի հարկէ, անկախ Իրանի պետական շահերուն ծառայեցուող օրինակի նշումներէն, այստեղ գոյութիւն ունի քաղաքական յստակ շարժառիթ թրքական անհանգստութիւն յառաջացնելու։ Տաւոսով, Կազայով, ցուցական արարքներով միջինարեւելեան շրջանին մէջ Իրանի ազդեցութեան գօտիին մէջ ոտնձգութիւն կատարող թրքական թատրոններուն արարները հասած են իրենց լրումին։ Թուրքիա-Իսրայէլ տագնապը յայտարարողական մակարդակէն անդին չէ անցած փաստօրէն, եւ դիւանագիտական բնականոն յարաբերութիւնները թէ ռազմավարական յատուկ գործընկերութիւնները կը շարունակուին։ Ներում հայցելու պահանջներն ալ սպառած կը թուին ըլլալ եւ կեանքը իր քաղաքական, դիւանագիտական թէ զինուորական հարթութիւններով կը թուի բնական ընթանալ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ։

Հեռու օրինակ է թերեւս նշուելիքը, այսուհանդերձ ցուցանշային կարեւորութիւն կրնայ ստանալ, եթէ մտաբերենք, որ հակառակ հարահրոցին Թուրքիոյ վարչապետին Լիբանան գալու թուականը կը մնայ անորոշ, փոխարէնը աւելի կը սկսուի խօսուիլ Իրանի նախագահին Լիբանան այցելութեան մասին։ Դէպքերը փոխկապակցուած են , ըստ ամենայնի։

Վերադառնանք Իրանի փոխնախագահին յայտարարութեան՝ ընդգծելու համար, որ անիկա միջազգային ընտանիքին կը յուշէր Իրանի նկատմամբ հատուցումներու իրաւական թղթածրար նախապատրաստելու անհրաժեշտութիւնը, որուն համար իբրեւ օրինակ կը մէջբերուէր Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Անկախ Իրանին ծառայեցուող շահերու հիմնաւորումներէն, յայտարարութիւնը կ'օգտագործէր դէպի Թուրքիա որոշ պատգամներ փոխանցելու առիթը։

Aug 26, 2010

ԿԻՒԼ-ՊԱՔՈՒ, ՄԵՏՒԵՏԵՒ-ԵՐԵՒԱՆ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Ռուսիոյ նախագահին այցելութիւնը Հայաստան հասկնալիօրէն պիտի խլէր լրատուական լուսարձակներ եւ շարժառիթ հանդիսանար, որ մեկնարկէին մեկնաբանական յօդուածներ։ Այցելութիւնը սակայն առաջին հանգրուանէն փոխանցեց յստակ պատգամներ։

Այսպէս. պետական այցելութենէ մը ակնկալուած բարձրագոյն մակարդակի ընդունելութիւնները ներառած ժամանակացոյցը անպայման տեղ վերապահած պիտի ըլլար Ծիծեռնակաբերդ այցելութեան։ Սակայն, երբ մեր երկիր ժամանող նախագահը օդակայանէն ուղղակի կը մեկնի Ծիծեռնակաբերդ՝ ծաղկեպսակ զետեղելու համար Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին, այս արդէն վեր է ամէն տեսակի մեկնաբանութենէ եւ կը լուսաւորէ կատարուածին փոխանցած պատգամներուն ենթահողն ու ուղին։ Գիւմրիի մէջ վերականգնուած «Պատուոյ բլուր»ը եւս այդ ընդհանուր պատգամներուն կը ներառուի. ի վերջոյ կառոյցը նուիրուած է ռուս-թրքական պատերազմի ընթացքին նահատակուած ռուս զինուորներու յիշատակին։ Սակայն առաջին աքթը ուղղակի քաղաքական թիրախին հարուածելու ուժգնութիւն ունի։

Այնուհետեւ՝ ռազմակայանի օգտագործումը 49 տարիով երկարաձգելու համաձայնութիւնը, ռազմակայանը միասնաբար օգտագործելու նոր համաձայնագիրը եւ ռուս թիւ մէկ ղեկավարին կատարած յայտարարութիւնները Հայաստանի պաշտպանուածութիւնը հաւաքական յանձնառութեամբ վերցնելու տեսակէտէն, կը թուին միակողմանիօրէն հայանպաստ տեսք եւ էութիւն հաղորդել՝ պետական այցելութեամբ մարմնաւորուած հայ-ռուս յարաբերութիւններու նոր հարթութեան եւ տարողութեան։

Տեսքով՝ այո։ Խորքին մէջ սակայն, ռուսական քաղաքականութիւնը հասկնալիօրէն միակողմանի բնոյթ չի կրնար կրել։ Պարզ է, որ այս բոլորին նախորդած էր Ռուսիոյ կողմէ համաձայնութիւնը՝ Ազրպէյճանին վաճառելի-տրամադրելի Էս-300 հակաօդային համակարգին։ Տրամաբանութիւնը այս բոլորին այն է, որ պատերազմի վերսկսման պարագային ռուս զինուժը կþօգտագործուի միասնաբար հայկական ուժերուն հետ, մինչ Ազրպէյճան կը դիմէ Ռուսիոյ տրամադրած հակաօդային իր զինանոցին։ Շրջանային առումով ուժերու միջեւ հաւասարակշռութեան խաղ ղեկավարելու եւ կախեալութեան երեւոյթը ընդգծելու ցուցանիշները ցոյց կը տրուին այս ձեւով։

Պարզ է սակայն, որ ռազմակայանի ժամկէտի երկարաձգումն ու զինուժի միացեալ օգտագործումը անհանգստացուցած են հակաօդային համակարգով օժտուելու երեւոյթը շահարկող Ազրպէյճանը։ Անհանգստութիւն մը, որ եթէ պետական-պաշտօնական առումով Պաքուի կողմէ պաշտօնապէս չի բարձրաձայնուիր, այնուամենայնիւ Պաքուի թելադրանքով շրջանառութեան մէջ կը մտնէ քաղաքական տարբեր գործիչներու կամ զանգուածային լրատուամիջոցներու կողմէ։

Հայաստանեան կողմն աշխարհի, տրամագծօրէն հակոտնեայ գնահատականներ կը տրուին այս ուղղութեամբ։ Իշխանամէտ դաշտը քաղաքական յաջողութիւն կը նկատէ Երեւանի մէջ կատարուածը, մինչ ընդդիմադիր դաշտը ծայրայեղացուած շեշտադրումներով ձախողութեան եւ կախեալութեան նոր աստիճանաչափեր կ'ուզէ տեսնել այցելութեան եւ այցելութեան ընթացքին կնքուած համաձայնութիւններուն մէջ։

Նման գործընթացներու ծայրայեղ քաղաքականացումները, այն ալ իշխանութիւն-ընդդիմութիւն պարանաձգութեան ծառայող եւ զուտ ա՛յս հայեցակէտերէն դիտելով խնդիրները օգտակար չեն երբեք։ Բարդ իրավիճակ է անշուշտ, եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան հետ սերտօրէն առնչուած են իրադարձութիւնները։

Ռուսիոյ նախագահին այցելութիւնը, կատարած յայտարարութիւններն ու կնքած համաձայնագիրերը միանգամայն պէտք է ընկալել շրջանին մէջ ռուսական գործօնի ինքնապարտադրման պարունակին մէջ։ Երեւոյթը պէտք է ըմբռնել հայ-թուրք յարաբերութիւններու նոր սկիզբի (առանց ընդունած ըլլալու անոնց սառեցուած ըլլալը) հաւանականութեան բարձրացման եւ անշուշտ Թուրքիոյ նախագահին Պաքու կատարած այցելութեան շրջագիծին մէջ։

Aug 11, 2010

Սեւրի դաշնագիրի 90-ամեակին առիթով

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Սեւրի իրաւարար պայմանագիրի ստորագրութիւնը նշող կլոր տարեթիւը առիթ է լոյսին բերելու մեր հողային պահանջատիրութեան իրաւական երաշխիքը: Ցեղասպանութեան ճանաչումին առընթեր այսօր արդէն հայկական աշխարհի տարբեր միջավայրերէ կը հնչեն հայոց պահանջատիրութիւնը իրաւական հարթութեան վրայ նախապատրաստելու անհրաժեշտութիւնը: Բոլոր ճիգերը անպայման մասնագիտական պատրաստուածութեան մակարդակը չեն յուշեր: Այսուհանդերձ, կայ նկատառելի շարժում ճանաչումէն հատուցման պահանջի անցում կատարելու եւ ճանաչումը արդէն անցած փուլ համարելու:


Ի վերջոյ ճանաչումը ինքնանպատակ չէ: Անիկա միջազգային իրաւունքի նորմերու լիակատար յարգումով ուղի կը հարթէ հատուցումի օրինականացումին: Իսկ այս առումով Սեւրի մեկնակէտը իրաւական այն ելակէտն է, որուն վրայ յենուած պէտք է մեկնի հայոց պահանջատիրական երթը: Մնացեալ ենթապահանջատիրութիւնները` եկեղեցիներ, ազգապատկան կալուածներ, սեփական հողեր, նիւթական պահանջներ, ունեցուածքներ կամ ապահովագրութիւններու յետադարձ գանձումներ ի վերջոյ պէտք է ներառուին պահանջատիրութեան առաջին խնդիրին` հողային հարցին ընդհանուր հովանոցին ներքեւ:


Այլապէս, եթէ իրաւական որեւէ մեկնաբանութեամբ անոնք կրնան հատուցումի էջը փակելու թրքական ժխտողականութեան կամ միջազգային քաղաքականութեան անուղղակիօրէն նպաստել, պէտք է շրջանցուին եւ դատի հետապնդումին համար առաջնային տեղը զիջին հողային հարցին:


Սեւրի իրաւարար վճիռի անժամանցելիութիւնը ընդգծող փորձագիտական հրապարակումներ հայ թէ օտար մամուլի սիւնակներուն վրայ բաւական տեղ գրաւած են: Խնդիրը հասարակական ալիքի բարձրացումէն անդին հարցի պետականացումն է եւ պետական մակարդակի վրայ հարցի որդեգրումը: Այս մէկը չի նշանակեր ուղղակի պահանջ հայոց պետութենէն հողային հարցը բարձրաձայնելու: Քաղաքական ներկայ իրադրութիւններու լոյսին տակ եթէ նման բարձրաձայնում չ՛ակնկալուիր, ապա նաեւ ընդունելի չի կրնար համարուիլ Սեւրով երաշխաւորուած պատմական իրաւունքներու վերատիրացման համազգային նպատակի փրոթոգոլային չէզոքացում: Խօսքը Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւններուն մէջ ծուարած երկկողմ պայմանագրերով տարածքային ամբողջականութիւններու ճանաչումի աքթին առաջնորդող նախադրեալն է:


Ճիշդ է, որ այժմ նախագահական մակարդակով առկախուած է ընթացակարգը: Աւելի ճիշդը, ընթացակարգի վերջին հանգրուանը: Միաժամանակ ճիշդ է նաեւ, որ մեր երկրի արտաքին գործոց նախարարը երկու անգամ ստորագրած է Սեւրը չէզոքացնելու կոչուած Հայաստան-Թուրքիա արձանագրութիւնները եւ անկէ առաջ անոնց նախագծային տարբերակը:


Սեւրի վերականգնումը, ինչպէս Ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ հայոց պետականութեան հզօրացման հրամայականներուն առընթեր մեր համահայկական համախմբուածութիւնը ապահովող թեման կրնայ ըլլալ: Հայ պետականութեան ղեկավարին կողմէ տրուած այցելութիւնը Սեւրով նոյնացուող Միացեալ Նահանգներու օրուան նախագահ իրաւարար Ուիլսընի շիրիմին այդ անհրաժեշտութիւնը կը յուշէ: Այդ այցելութիւնը ներազգային պատգամներուն կողքին Թուրքիոյ եւ միջազգային ընտանիքին ուղղուած պատգամ է, թէ` Սեւրը իրաւաքաղաքական ժամանակակից յղացք է հայոց պետութեան համար: Իսկ այդ մէկը ուղենիշ է արդէն Սեւրի վերականգնման նպատակին շուրջ համահայկական համախմբուածութիւն ձեւաւորելու:

Jul 17, 2010

«ԱԶԴԱԿԻ ԿԱՄՈՒՐՋ» (Օտար լեզուով դպրոցներու մասին)

Ըստ ամենայնի գովելի է hեռահաղորդակցական կապի յառաջընթաց արհեստագիտութիւնը օգտագործելու «Ազդակ»ի յարատեւ ու բազմակողմանի ջանքը, որուն շրջագիծին մէջ մերթ ընդ մերթ «սքայփ»ով «կամուրջ» կը հաստատէ ան տարբեր երկիրներ բնակող հայ անհատներու միջեւ, որպէսզի գաղափարներու կենդանի շրջագայութիւն ապահովէ այժմէական հարցերու շուրջ եւ այդ գաղափարները ներկայացնէ համակարգիչի իր ընթերցողներուն:

Վերջերս «կամուրջ» հաստատելու փորձ մը ձախողեցաւ հաղորդակցական գիծերու խանգարման պատճառով: Այլապէս կարծիքներ պիտի փոխանակուէին Հայաստանի մէջ տաք վէճի առարկայ «Օտար լեզուով դպրոցներ»ու օրէնքի նախագիծին մասին:

Ծրագրուած, բայց տեղի չունեցած «Ազդակի կամուրջ»ի յաջորդող օրերուն, նախագիծը արդէն իսկ ընդունուեցաւ Ազգային ժողովէն, բայց եւ այնպէս անոր վերջնական մշակումը յետաձգուեցաւ աշնանամուտի նստաշրջանին: Այնպէս որ սպասելի է ընդդիմացող ձայներու նոր ալիք:

Հակառակ փնտռտուքիս` չկրցայ տրամադրութեանս տակ ունենալ այդ նախագիծը: Լրագրական տեղեկութիւններ եւ այդ ուղղութեամբ յայտնուած թեր ու դէմ կարծիքներու համոզիչ ըլլալու կամ համոզիչ չըլլալու հանգամանքը տուեալ ունենալով` անձնապէս կազմած եմ որոշ տեսակէտ եւ յանգած եզրակացութեան, որ ահաւասիկ.

Նախ, անհրաժեշտ է սահմանագիծ մը քաշել` համապետական-ազգային առումով ընդհանուր կրթութեան, եւ` դաստիարակութեան բովանդակութեան միջեւ, որքան ալ որ իրենց էութեամբ անոնք իրարու առնչակից նկատուին:

Դաստիարակութեան բովանդակութիւնը առհասարակ քաղաքական ընտրանք է, մինչ կրթութիւնը անկասկած որ շեշտուածօրէն համազգային խնդիր է, որուն համար մշակուած որեւէ օրէնսդրութիւն, իր հանրագումար եզրափակիչ գիծերուն մէջ, (պաթըմ լայն) պայման է որ արժանանայ համազգային ընդունելութեան: Քուէի ուժով կրթութեան վերաբերեալ օրէնսդրութիւն պարտադրել` անտեսելով հասարակութեան հակազդեցութիւնը կամ արհամարհելով ընդդիմացող տեսակէտը, պարզապէս անհեթեթութիւն է եւ վնասակար` ազգին եւ հայրենիքին համար:

Սերունդներու կազմաւորումին հետ կապուած ծանրակշիռ որեւէ խնդիր, ինչպիսին է կրթութիւնը, քաղաքական քաշքշուքի ու շահարկման միջոց դարձնելով հանրութեան դիւրագրգիռ զգայնութիւնը հրահրել թեր կամ դէմ կողմէն` պարզապէս մերժելի է ու դատապարտելի:

Սկզբունքային այս հաստատումէն ետք, որուն խորապէս հաւատացող եմ, վերադառնանք մեր շօշափած նիւթին, օտար լեզուով դպրոցներու խնդրայարոյց նախագիծին:

Շատ երկիրներու մէջ, յաճախ նաեւ հակառակ սահմանադրական արգելքի գոյութեան, տարրական` նախակրթարանի մակարդակէն սկսեալ օտար լեզուով դպրոցներ կան, որոնք կը գործեն երկկողմ համաձայնութեան հիմունքով` ժամանակաւորապէս հոն հաստատուած գործարար օտարականներու, դիւանագէտներու (եւ այլն) զաւակներուն համար: Այդ դպրոցներուն մէջ թոյլատրելի չէ տեղացիի-քաղաքացիի զաւակներու արձանագրութիւնը: Կը կարծեմ, որ Հայաստանն ալ ունի նմանատիպ դպրոցներ: Ուրեմն, վիճայարոյց հարցը կը վերաբերի մեր ազգի նորահաս սերունդին:

Օտար լեզուով դպրոցներ ունենալը (որոշ թիւով) օգտակա՞ր է, թէ՞ վնասակար: Ահա բուն հարցը:
Նախ տեսնենք, թէ որո՛նց կողմէ կը հակակշռուի-կը վերահսկուի երկրի կրթական համակարգը եւ ի՛նչ դիտաւորութենէ մղուած կ՛առաջադրուի նախագիծը:

Կառավարութեան մեծամասնութիւնը կազմող Հանրապետական կուսակցութեան անդամները, որոնք արդէն իսկ նախագիծի նախնական բովանդակութեան բարեփոխումը պահանջած էին կառավարութենէն, նախքան անոր Ազգային ժողովի օրակարգի դրուիլը, իրենց ներշնչումը կ՛առնեն Նժդեհի ազգային գաղափարախօսութենէն: Որով, կը յուսամ հաւատալ, որ անոնք ալ այդ գաղափարախօսութեան կրողներ են:

Այդ կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավարը` Գալուստ Սահակեան, վերջերս բառացի յայտարարեց, թէ իրենք ազգային դպրոցի,- կը կրկնեմ,- ազգային դպրոցի գաղափարախօսութենէն անդին պիտի չանցնին եւ թէ, դարձեալ իր բառերով `«նախ եւ առաջ ճիշդ հարթութեան մէջ պիտի դնենք լեզուամտածողութեան խնդիրը» (ակնարկութիւնը կը վերաբերէր օտար լեզուով դպրոցներու ծրագիրին):

Միեւնոյն յայտարարութենէն կը հասկցուէր, որ օտար լեզուով դպրոցը կը նախատեսուի 9-րդ դասարանէն վեր, երբ այլեւս ուսումը պարտադիր չէ: Կը նշանակէ, թէ ենթական ազատ է իր նախընտրութեան մէջ` ընդհատելու կամ ուզած վայրին մէջ շարունակելու դպրոցական կեանքը: Կը նշանակէ նաեւ, որ միջնակարգ ուսման շնորհիւ արդէն իսկ ազգային արմատներու վրայ հունաւորուած է ենթակային նկարագիրի եւ անհատականութեան կազմաւորումը:

Տակաւի՛ն. այդ յայտարարութեամբ հաւաստիք կը տրուէր, որ ա.- Օրէնքով ճշդուած պիտի ըլլայ այդ դպրոցներու շատ սահմանափակ թիւը` յստակացնելով անոնց տեղաբաշխումը աշխարհագրական մարզ-տարածքներու մէջ, եւ բ.- հայագիտականէն զիջում պիտի չկատարուի: Օտար լեզուի կողքին, պարզապէս օտար լեզուով պիտի դասաւանդուին նաեւ ուսողական-գիտական առարկաները:

Հետագայ օրերուն, նոյնպէս լրաքաղութենէն յայտնի դարձաւ, որ Ազգային ժողովին կողմէ հաւանութեան արժանացած նախագիծին մէջ նախատեսուած դասարանը 7-րդէն սկսեալն է եւ ոչ թէ խմբակցութեան ղեկավարին հաւաստիացուցած 9-րդէն վերը: Երկու տարիներու տարբերութիւնը շատ մեծ նշանակութիւն ունի թեր կամ դէմ ըլլալու ընտրանքին մէջ, քան ինչ որ ենթադրել կու տան աննշան կարծուած այդ «երկու» տարիները: Յուսանք, որ այս փոփոխութիւնը կը սրբագրուի վերջնական մշակումին, այլապէս արդարացում չ’ունենար խմբակցութեան ղեկավարը ի լուր մարդկանց իր մեծ սուտին համար… Համբերենք, տեսնենք:

Հանրապետականներու խմբակցութեան ղեկավարին ներկայացուցած դրուածքով եւ հաւաստիացումով, օտար լեզուով դպրոցը, 9-րդէն վեր,- եւ իբրեւ շարունակութիւնն ու լրացումը անոր` համապատասխան համալսարանը,- անկասկած պիտի ունենայ առաւելութիւններ եւ անշուշտ` անպատեհութիւններ: Արդէն ամէն դրական երեւոյթ իր սաղմին մէջ իսկ կը կրէ ժխտականին սերմը: Սա տարբերութեամբ, որ առաւելութիւններէն կարելի պիտի ըլլայ օգտուիլ, իսկ անպատեհութիւնները կարելի է հակակշռել, սահմանափակել:

Յենինք կիրարկուող փորձին վրայ` Լիբանանի մէջ: Օրինակ առնենք մեր Ճեմարանը, եւ միւսները, որոնք Գ. Սահակեանի պատկերացուցածին պէս ծրագիր կը գործադրեն եւ որոնցմէ շրջանաւարտները նուազ գիտակից ու նուազ յանձնառու չեն մեծաւ մասամբ: Հայաստանի մէջ չէ, որ այդ տիպի դպրոց մը պիտի վերածուի տեսակ մը անօրինակ մեքենայի, ուրկէ դուրս ելլողը դարձած պիտի ըլլայ ֆրանսացի, անգլիացի, ռուս…

Արդ, լիբանանեան իրականութեան մէջ, միջավայրի մրցակցութեան դիմանալու հասկնալի եւ արդարանալի պատճառով կուսակցապատկան Ճեմարանը, եւ միւսները, եթէ որոշ զիջումներ կատարած են իրենց հիմնադրութեան իսկ նպատակէն ու ազգային առաքելութենէն, ապա ուրեմն նոյնպէս հասկնալի է, որ որեւէ երկրի ղեկավարութիւն (այս պարագային Հայաստանի), միջազգային կարծր ու հետզհետէ աւելի կարծրացող մրցակցութեան դիմացող մարդիկ նախապատրաստելու կանխահոգութիւնն ունենայ:

Ի վերջոյ յանցանք չէ մայրենիքի պէս օտար լեզուներու տիրապետող պատրաստուած հայ անհատներ ունենալու քաղաքական ցանկութիւնը:

Եզրակացութիւն.- Ըստ իս, օտար լեզուով դպրոցներու առաւելութիւնները մեծապէս կը նուազեցնեն հաւանական անպատեհութիւնները,

1.- Եթէ անոնք միջնակարգէն վեր, 9-րդ դասարանի մակարդակէն սկսին, առանց զիջելու հայագիտականէն (լեզու, գրականութիւն, պատմութիւն): Մնացեալին` բնագիտութեան, տարրալուծութեան, ուսողութեան, ընդհանուր պատմութեան եւ այլ նիւթերու դասաւանդումը խնդիր չէ որ պիտի կատարուի օտար լեզուով:

2.- Եթէ անոնք չունենան «անձնական» դպրոցներու յատուկ ընդհանրական կարգավիճակ, այլ արտօնուին ու գործեն իւրայատուկ օրէնքի տրամադրութիւններու ենթակայ, սահմանափակ թիւով եւ աշխարհագրական որոշեալ տարածքներու մէջ տեղաբաշխումի պայմանով:

3.- Եթէ այդ դպրոցները (եւ օտարալեզու համալսարանները) ըլլան ոչ շահաբեր հաստատութիւններ, գիշերօթիկ բաժիններով, որպէսզի չունեւոր աշակերտներ եւս, Հայաստանէն թէ սփիւռքէն, կարելիութիւնը ունենան հոն ուսանելու…:

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Jul 2, 2010

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՄԵԿՆԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

ԱԿՆԱՐԿ

Օպամա-Մետվետեւ-Սարքոզի հանթսվիլեան յայտարարութեան հայկական պաշտօնական մեկնաբանութիւնները կարեւոր են բանակցային կողմի ընկալումին մասին յստակ պատկերացումի փորձ կատարողին համար։ Յենինք Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահին կատարած յայտարարութիւններուն վրայ։

Նախարար Նալբանդեան այսպէս կը բնութագրէր Հանթսվիլի յայտարարութիւնը. «Կարեւոր է, որ Քանատայում՝ «Մեծ ութնեակի» գագաթնաժողովի շրջանակներում արած յայտարարութեան մէջ վկայակոչելով Աքուիլայի 2009 թուականի յայտարարութեան կէտերը, մէկ անգամ եւս հաստատուել են այն դիրքորոշումները, որոնք Հայաստանն ընդունել է իբրեւ հակամարտութեան կարգաւորման սկզբունքներ։ Դրանք Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վերջնական իրաւական կարգավիճակի մասին սկզբունքներ են, ինչը նշանակում է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի ճանաչում, անարգել կապ Հայաստանի եւ Ղարաբաղի միջեւ, անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներ»։

Նախարար Նալբանդեան ուզած է տեսնել յայտարարութեան մէջ հայանպաստ սկզբունքներ։ Ի վերջոյ խնդրոյ առարկայ յայտարարութիւնը նաեւ խօսած է «բռնագրաւուած» տարածքներու վերադարձի մասին, իբրեւ առաջին սկզբունք, ինչպէս նաեւ միջանկեալ կարգավիճակի եւ Հայաստանը Ղարաբաղին կապող շատ անորոշ միջանցքի մը մասին։ Այս սկզբունքներուն նկատմամբ մեկնաբանութիւններու շրջանցումը կամ զանոնք խնամքով անուշադրութեան մատնելը որեւէ բան չի փոխեր յայտարարութեան ներառուած ականային կէտերու վտանգաւորութենէն։

Կը վերադառնանք պաշտօնական Երեւանի կատարած մեկնաբանութեան։ Այժմ մէջբերենք Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանի կատարած մեկնաբանութիւնը։ Նկատի ունենանք նաեւ, որ պաշտօնական Երեւանը բազմիցս յայտարարած է, որ ղարաբաղեան հարցի լուծում բացառուած է առանց Ղարաբաղի համաձայնութեան։

Աշոտ Ղուլեանի մեկնաբանութեամբ՝ «բանակցային գործընթացի շարունակականութիւնը պահպանելու եւ խնդիրը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու իմաստով Մինսքի խմբի համանախագահ երկրների առաջնորդների Հայաստանի ու Ազրպէյճանի ղեկավարներին արուած յորդորն դրական է: Կարծում եմ, որ յայտարարութեան մէջ տարածաշրջանային իրողութիւնները կարող էին աւելի առարկայօրէն արտացոլուել: Մասնաւորապէս, Ռուսաստանի, Միացեալ Նահանգների եւ Ֆրանսայի նախագահները հնարաւորութիւն ունէին անդրադառնալ ղարաբաղ-ազրպէյճանական զօրքերի շփման գծում վերջերս Ազրպէյճանի հրահրած սադրանքին ու շարունակուող ռազմատենչ հռետորաբանութեանը: Առհասարակ, փաստաթղթի բովանդակային ձեւակերպումների անորոշութիւնը, իսկ երբեմն էլ երկիմաստութիւնը, թւում է, նուազեցնում են գործնական քայլերի հաւանականութիւնը»։

Այստեղ նոյնիսկ դրական գնահատուած բաժինը պատասխան է Ազրպէյճանին։ Յայտարարութիւնը գերադասած է կարգաւորման խաղաղ ճանապարհը, որով մերժած՝ Ազրպէյճանի ռազմատենչութիւնը։ Արցախի Հանրապետութեան թիւ 2 դէմքը շարունակելով այս տրամաբանութիւնը քննադատած է յայտարարութեան բովանդակութիւնը, որ Ազրպէյճանի ռազմատենչութիւնն ու ռազմական գործողութիւնները դատապարտող բաժին չէ վերապահած։

Այս բաժինը ինքնին եթէ ներառուած ըլլար, խնդրոյ առարկայ կը դարձնէր յայտարարութեան ամէնէն խոցելի կէտը՝ «բռնագրաւուած» տարածքներու վերադարձի պահանջը։ Ազատագրուած տարածքներ են անոնք, որոնք այսօր հայկական ուժերու վերահսկողութեամբ կþապահովեն ոչ միայն Արցախի, այլ նաեւ Հայաստանի անվտանգութիւնը։ Իսկ Ազրպէյճանը բազմիցս եւ հերթաբար իր ռազմատենչ հռետորութեամբ, հրադադարի խախտումներով թէ զինեալ յարձակումներով կը սպառնայ հայկական երկու պետութիւններու անվտանգութեան։ Աշոտ Ղուլեանի քննադատական թիրախը ըստ էութեան անընդունելի կը դարձնէ հանթսվիլեան յայտարարութեան առաջին կէտը։ Տակաւի՛ն, յստակօրէն կþընդգծուի երեք նախագահներուն կողմէ առաջադրուած սկզբունքներուն իրականացման անհաւանականութիւնը։ Տարբեր խօսքով՝ մերժելիութիւնը։

Չմոռնանք։ Առանց Ստեփանակերտի Երեւանը չի կրնար համաձայնիլ բանակցելի սկզբունքներուն։ Ընդ որում, ա՛յս հարցով Երեւանը պէտք չէ նաեւ դրական գնահատէ այն ինչ որ քննադատելի կը նկատէ Ստեփանակերտը։

«Ա.»

Jun 25, 2010

ՇԱՏԻՆ ՎՆԱՍՆ ՈՒ ԽԱՉԱՁԵՒՈՒՄԻՆ ՀԵԳՆԱՆՔԸ

Լիբանանահայ հասարակական կեանքին մասնակիցները կ՛ապրին առատ ու խայտաբղէտ ձեռնարկներու յորձանուտի մը մէջ, ուր իրերամերժ կացութիւններու դէմ յանդիման կը դրուին ակամայ:

Առատ` քանակի եւ երբեմն ալ որակի առումով:

Խայտաբղէտ` լայն տեսականիի եւ կազմակերպչական տարբերութիւններու տեսակէտէ:

Իրերամերժ` շատին ուրախութեան եւ խաչաձեւումի հեգնանքին միջեւ:

Այս բոլորը ինքնին հարստութեան նշան են անտարակոյս: Սփիւռքեան զանազան հատուածներ զուրկ են այս բոլորէն եւ դժբախտաբար կը տառապին հանրային հաւաքական կեանքի հետզհետէ ամայացող կացութիւններէ:

Իսկ լիբանանահայը կը տառապի մէկ կողմէ «ձեռնարկախեղդ» ըլլալու, իսկ միւս կողմէ ալ` անկազմակերպ անհեթեթ կացութեան մը իբրեւ արդիւնք` անհարկի խաչաձեւումներու պատճառով նոյնքան սիրելի այլ ձեռնարկներէ ակամայ բացակայելու ցաւով:

Նախ` շատի վնասին մասին:

Ձեռնարկներն ու յատկապէս մշակութային ելոյթները մարդու հոգեմտաւոր ներաշխարհին մէջ միայն կատարման պահուն չէ, որ ամբողջութեամբ կը ներգործեն: Անոնց ամբողջական վայելքին եւ իւրացումին համար մարդիկ ժամանակի պէտք ունին: Մեր կազմակերպած ձեռնարկներուն հեւքոտ ընթացքին մէջ յաճախ մենք անհրաժեշտ ու արժանի ժամանակը չենք վերապահեր ներքին վերապրումի ճամբով անոնց ամբողջացումին, «մարսում»ին, հետք ձգելուն, նստուածք տալուն ու մանաւանդ` հաւասարակշիռ տպաւորութեան ու գնահատումին: Ձեռնարկի մը համապարփակ ընկալումը տակաւին չկայացած, շուտափոյթ այլ ձեռնարկ մը կու գայ խանգարելու անոր ներգործութիւնը, մինչ իր կարգին երկրորդը եւս շուտով կը դատապարտուի նոյն կացութեան եւ այսպէս շարունակ: Այս պատճառով ալ նախապատրաստական ստեղծագործական երկարատեւ ու եռանդուն աշխատանքէ, մարդուժի եւ նիւթաբարոյական սուղ միջոցներու ներդրումէ ետք, անոնք մասնակիօրէն միայն կը ծառայեն իրենց նպատակին: Ըստ առածին` «Ովկիանոսը կտրել-անցնելէ ետք` աւազանին մէջ կը խեղդուին»:

Այլ հարց է նաեւ այն, թէ այսքան շատ ձեռնարկներու ետեւէն վազելու մեր հեւքին մէջ որքանո՞վ կրնանք հետեւիլ ու նախանձախնդիր ըլլալ անոնց որակին: Դժբախտաբար չենք կրնար խօսիլ համաշխարհային բարձրագոյն չափանիշներու մասին, սակայն արդեօք մեր հանրային հանդիսութիւններէն մինչեւ մշակութային արտադրութիւնները մեր հնարաւորութիւններուն բարձրակէտին հասցուա՞ծ են երբեւէ: Կ՛արժէ՞ արդեօք քանակին ետեւէն վազելով անտեսել որակը: Թեւաւոր խօսք է «Քանակը որակ կը բերէ» արտայայտութիւնը: Անձնապէս այս մտածելակերպին համակիրներէն չեմ: Խոտան քանակը մոլախոտի պէս կրնայ խեղդել կամ խեղաթիւրել տակաւին բողբոջող որակը:

Ինչ կը վերաբերի խաչաձեւումներուն ստեղծած տաղտուկին, հակառակ անոր որ նոյն «Ազդակ»ի էջերէն իսկ քանի անգամ դիտումներ եղած են զանազան առիթներով, սակայն հարցին տրամաբանական ու շահեկան լուծում մը չէ գտնուած տակաւին: Դժուա՞ր է տեղ մը ունենալ «Գրաւուած օր»երու մնայուն ցանկ մը, որ որեւէ նոր նախաձեռնութեան պարագային կազմակերպողներ նախապէս առիթ ունենան տեղեակ ըլլալու տուեալ թուականին յարմարաւէտութեան եւ կարելիութեան մասին:

Եթէ հարստութիւն է մեր գաղութին մէջ գրեթէ ամէն օր մէկ կամ մէկէ աւելի ձեռնարկներ ունենալը, ապա անոնց խաչաձեւումն ու բազմակողմանի համակարգումի բացակայութիւնը ինքնին նոյն հարստութեան վատնումն է:

ԶԱՔԱՐ ՔԷՇԻՇԵԱՆ

Jun 17, 2010

Թուրքիա-Իսրայէլ - արաբական աշխարհ

ՄԵՐՁԵՑՈՒՄՆԵՐ` ՄՐՑԱԿՑԱՅԻՆ ՊԱՐՈՒՆԱԿԻ ՄԷՋ

Մամլոյ հրապարակումները կը խօսին արդէն վարչապետ Էրտողանի Լիբանան այցելութեան եւ իբրեւ փոխադարձ քայլ՝ Հըզպալլայի ղեկավար Հասան Նասրալլայի Անգարա տալիք այցելութեան մասին։ Ըստ լիբանանեան որոշ լրատուամիջոցներու կատարած կանխատեսումներուն, վարչապետ Էրտողան Լիբանանի մէջ պիտի դիմաւորուի ժողովրդային զօրակցական ընդունելութեամբ։

Նման լրատուութիւններու հետ կապուած նկատառելի նախադրեալներ տեղի կու տան հարցի քաղաքական վերլուծութիւնը տեղափոխելու Իրան-Թուրքիա մերձեցման փուլի հարթութիւն։ Այնուամենայնիւ այստեղ կայ խնդիր արաբական աշխարհին մէջ ղեկավարի դիրք գրաւելու եւ ազդեցութեան գօտի ընդարձակելու։ Ուրեմն հակառակ մերձեցումին կայ նաեւ մրցակցութեան խնդիր։ Միացեալ Նահանգներն ու ՕԹԱՆ-ը կամ առհասարակ արեւմտեան ուժերը հաշտ պիտի հետեւէին այն գործընթացին, որուն համաձայն Համասի կամ Կազայի վրայ բացի Իրանէն ազդեցութեան առումով այլընտրանքային ուժ կը ձեւաւորուի։ Իսկ եթէ այդ ուժը ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ տակաւին Իսրայէլի ու Միացեալ Նահանգներու ռազմավարական յատուկ գործընկեր Թուրքիան է, ապա իրողութիւնը կþընկալուի շատ աւելի հանգիստ։

Շրջանային տարողութեամբ գերուժերու յարաբերակցութեան, ազդեցութեան գօտիներու ընդարձակման, աւելի ճիշդը՝ մրցակցային դաշտի սահմաններուն մէջ եւս պէտք է դիտարկել խնդիրը։ Ի վերջոյ Իրանն ու իրեն յարող ուժերը եւս կը գիտակցին, որ Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի աշխուժ անդամ է եւ իրեն նորովի պատժող Միացեալ Նահանգներու եւ իրեն սպառնացող Իսրայէլի յատուկ ռազմավարական գործընկերը։ Գէթ տակաւին։

Հարցը այն է ուրեմն, որ ոչ միայն թրքական խաղ է արձանագրուածը Կազայի ծովեզերքը կամ ընդհանրապէս արաբական աշխարհին մէջ, այլ նաեւ առնչակից կողմերունը, որոնք թէեւ համակրանքի ալիքին ընդառաջ կը շարժին, այսուհանդերձ կը գիտակցին, որ թրքական ազդեցութեան գօտիի ընդարձակումը կþենթադրէ իրենց գօտիներու սեղմումը։

Ի վերջոյ առնչակից-զօրակցող կողմերուն համար անհրաժեշտ է Թուրքիա-Իսրայէլ յատուկ ռազմավարական գործընկերութեան բեկանումը եւ ոչ թէ այդ ուղղութեամբ միայն յայտարարութիւն կատարելը։ Ակնկալելի է այս ամբողջ ճգնաժամէն ետք ոչ թէ ներում պահանջել-ներում հայցելը, այլ դիւանագիտական կապերու ուղղակի խզումը։ Մինչդեռ բացայայտ է արդէն, որ ռազմավարական գործընկերներու արտաքին գործոց նախարարութիւններու ներկայացուցիչները խորհրդակցութիւններու մէջ են ստեղծուած ճգնաժամէն դուրս բերելու համար իրենց երկիրները։

Պետական եւ համապատասխան ծառայութիւններու մակարդակներուն վրայ արձանագրուող իրադրութիւններու, երեւութական թշնամանքներու հրահրման այս գործողութիւններու շարքը հասարակական իրողական մթնոլորտ ձեւաւորած են երկուստեք։ Իսրայէլի մէջ կեղծ չէ հակաթուրք տրամադրութիւններու բարձրացումը. նոյնպէս կեղծ չէ նաեւ Թուրքիոյ մէջ հակաիսրայէլական-հակաամերիկեան լարուած իրավիճակը։ Աւելորդ է ըսելը սակայն, որ պետականն ու հասարակականը յաճախ տրամագծօրէն տարբեր ուղղութիւններով կը զարգանան։ Պետական ծրագրաւորումներու իբրեւ արդիւնք։

Հայկական թեմաներու շուրջ նաեւ արձանագրուող բարձրաձայնումները տակաւին հասարակական հնչեղութիւն ունին եւ ոչ թէ պետական քաղաքականութեան գործառոյթներուն մաս կը կազմեն։ Տարբեր բան է իբրեւ սպառնալիք Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի հրամայականը շեշտելը, բոլորովին տարբեր՝ խորհրդարանի օրակարգին մէջ ներառելն ու քուէարկելը. փաստացի ճանաչումը։ Ճանաչում պահանջելը մաս կը կազմէ յայտարարողական գետնի վրայ արձանագրուող պարանաձգութեան։ Ճիշդ այս պատճառով ալ գերխանդավառուիլ պէտք չէ, որ հրէական լոպին Ուաշինկթընի պետական ժողովասրահներուն մէջ կացութիւն կը պարտադրէ ի նպաստ մեր հիմնահարցերուն։

Յարափոփոխելիութիւնն ու կտրուկ շրջադարձերը օրինաչափ են քաղաքական գործընթացներուն մէջ։ Մանաւանդ Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ պարագաներուն, որոնք տակաւին ռազմավարական յատուկ գործընկերներ են։

Jun 5, 2010

ԱՐԺԱՆԹԻՆԱՀԱՅ ԳՈՐԾՕՆԻՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄԸ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ
Կազայի նաւատորմերուն միջադէպը պահ մը երկրորդ գիծ յղեց Արժանթինի մայրաքաղաքին մէջ Քեմալ Աթաթուրքի կիսանդրիի զետեղման որոշումի բեկանման զգայացունց յաջողութիւնը, որուն պատճառով ալ Թուրքիոյ վարչապետը չեղեալ յայտարարեց դէպի Արժանթին իր ուղեւորութիւնը:

Առանց չափազանցական եզրերու հասնելու, որոշումին բեկանումը կարելի է համարել ուղղակի իրադրային եւ զայն նկատել Հայ դատի վերջին շրջանի յաջողագոյն աշխատանքը: Անգարա ընդդէմ արժանթինահայ գաղութ կամ Արժանթինին մէջ թրքական դեսպանատուն ընդդէմ Արժանթինի Հայ դատի յանձնախումբ մղուող պայքարին մէջ յաղթական դուրս կու գայ արժանթինահայ համայնքը, իրեն հետ նաեւ ամբողջ հայութիւնը` իբրեւ հայոց պետականութիւն եւ սփիւռքահայ հասարակութիւն:

Ո՛չ անձամբ վարչապետ Էրտողանին այցելութիւնը Արժանթին, ո՛չ տեղւոյն դեսպանատան մութին մէջ տարած աշխատանքը, ո՛չ թրքական փորձառու դիւանագիտութեան կիրարկած խաղերը, ո՛չ նախկին կոթողի մը վերաբացման սուտ պատրուակները, ո՛չ ալ Արժանթինի նախագահին մօտ պաշտօնական Անգարայի կատարած միջամտութիւնները կարելի դարձուցած են յետս կոչել տալ որոշումին բեկանումը Պուենոս Այրէսի տեղւոյն իշխանութիւններուն մօտ: Հատու հարուած ստացած է թրքական ժխտողական քաղաքականութիւնը արժանթինեան հողերուն վրայ:

Այս մէկը այն փաստն է, որ Հայ դատի յանձնախումբին նախաձեռնողականութիւնը նախ ամբողջ համայնքը այս հարցին շուրջ համախմբելու, միասնական կեցուածք ամրագրելու, մինչ այդ` հարցին թաքուն ծալքերը բացայայտելու, տեղին եւ ժամանակին բողոքելու, եւ մանաւանդ քաղաքական նրբանկատութիւններու նկատառումներով իբրեւ Արժանթինի քաղաքացիներ շարժելու հասած է արդիւնքի: Միաժամանակ ճիշդ պատգամը փոխանցելու, թէ ո՛վ եւ ինչպէ՛ս կը հարուածէ Արժանթին-Թուրքիա միջպետական յարաբերութիւնները:

Արձանագրուածը քաղաքական հասունութեան փաստ է, համախմբուելու եւ համախմբելու կարողականութեան փայլուն օրինակ եւ ազդեցիկ գործօնի վերածուելու կենդանի դրսեւորում: Դիպաշարի հոլովոյթի մանրամասնութիւններուն կը ծանօթանան մեր ընթերցողները Հայ դատի այսօրուան էջով:

Արժանթինահայ համայնքին եւ տեղւոյն Հայ դատի յանձնախումբին իրագործածը
ուսանելի է սփիւռքեան զանազան գաղութներուն համար. յատկապէս այնտեղ, ուր թրքական թափանցումներու պարարտ ենթահողեր կը ձեւաւորուին այս օրերուն, եւ ուր թրքական դիւանագիտութիւնը օրէ օր կը յաջողի թրքանպաստ մթնոլորտի ձեւաւորման համար նոր քայլեր առնել:

Արժանթինահայութեան տուած օրինակը կը համոզէ, որ կարելի է ոչ միայն ընդդիմանալ թրքական պետական քաղաքականութեան, այլեւ գործընթաց կասեցնել, ազդեցիկ եւ անշրջանցելի գործօնի վերածուիլ, բեկանել որոշումներ եւ յետս կոչել տալ պետական պաշտօնական ուղեւորութիւններ:

Այս իրականութեան հետ հաշուի պէտք է նստին բոլոր առնչակից կողմերը: Նախ եւ առաջ Թուրքիան անշուշտ, որ հատու հարուած ստացաւ եւ ձախողեցաւ ժխտողականութիւն արտածել դէպի Արժանթին: Հարուածը ծանր է Թուրքիոյ, որուն վարչապետը ջղագրգիռ յայտարարութիւններ կը կատարէ` սուր ճօճելով իբրեւ թէ նաեւ երրորդ երկիրներու վնաս հասցնող սփիւռքին դէմ:

Իրագործումը պատգամ ունի նաեւ սփիւռքեան գաղութներուն եւ հայոց պետականութեան, միասին` համակարգեալ աշխատելաոճով դէմ դնելու թրքական նախապայմաններուն, ժխտողականութեան: Միասին` ներգործօն դերակատարութիւն ունենալու:

May 28, 2010

ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ ՆՄԱՆՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ՀԱՅՈՑ ԲԱՆԱԿԻՆ ՆՄԱՆՈՂՈՒԹԵԱՄԲ

(ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ Ա. ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ
92-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան առումով բաւական դժուար ու բարդ կացութեան մէջ կը տօնակատարուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան տօնը։ Պատմաքաղաքական իրադրութիւններու վերաներկայացումն ու անոնց ուղղութեամբ ծաւալած վերլուծումները, անկախակերտ սերունդի փոխանցած պատգամներն ու անոնց առնչուած քաղաքական դասերը, բնականաբար, կը կապուին այսօրուան իրականութեան։ Ո՛չ միայն Հայաստանի ներկայ Հանրապետութեան, այլ նաեւ հայոց երկրորդ Հանրապետութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան։

Խօսքը հիմնականին մէջ կը վերաբերի Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարած ընդհանուր դաշտին, հայրենի դիւանագիտական համայն անձնակազմին, որ դժուարին առաքելութիւնը ստանձնած է՝ պայքարելու թուրքեւազրպէյճանական քաղաքական եւ քարոզչական հրետանիին դէմ։ Հայկական կողմին դէմ սանձազերծուած պատերազմը, որ ունի քաղաքական, դիւանագիտական, քարոզչական եւ տեղեկատուական բնութագիրներ, լայնածիր է, բազմամակարդակ եւ ամէնօրեայ՝ առանց դադարի։

Ընդունիլը, որ հայկական կողմը այժմու դրութեամբ համեմատաբար թոյլ դրսեւորումներ կþունենայ, նախաձեռնողականութեան պակասով կը յատկանշուի եւ յաճախ համարժէք պատասխան չի յաջողիր տալ թուրքեւազրպէյճանական հարուածներուն, սխալ պիտի չըլլար յառաջիկայ ռազմավարութեան ճշդումին եւ իրականացման աշխատանքներուն համար։

Նոյն գնահատականը, բարեբախտաբար, կարելի չէ տալ հայոց զինուժին մասին, որ արդէն քանի երրորդ անգամն ըլլալով մարտունակութեան, գերզգօնութեան եւ հատու հակահարուածի տպաւորիչ օրինակներով հանդէս կու գայ։ Հայ-ազրպէյճանական շփման զանազան գիծերու վրայ յաճախակիօրէն արձանագրուող հրադադարի խախտումները մերթ անաղմուկ շրջանցուելով, մերթ համարժէք պատասխաններով, մերթ ալ դիրքերու վերագրաւումով կը խօսի հայոց բանակի շրջանային տարողութեամբ գերմարտունակութեան եւ անգերազանցելիութեան մասին։ Զինուորական գործողութիւններով շահուածն ու պահպանուողը դիւանագիտական հարթութեան վրայ ամրագրուելու, բանաձեւուելու, որոշուելու կարիքը ունի։

Այստեղ չþակնարկուիր անշուշտ միայն իսլամական վեհաժողովներու տարազին տակ անցնող ամենահակայ բանաձեւերուն եւ նոյնիսկ առանց քուէարկութիւններու թուրքեւազրպէյճանական դիւանագիտութեան ձեռք ձգած փաստաթուղթերուն։ Նման պարագաներուն, սփիւռքեան կազմակերպութիւնները դեր ունին՝ տեղւոյն արաբական-իսլամական երկիրներու արտաքին հարցերու գերատեսչութիւններուն մօտ համապատասխան ենթահող պատրաստելու, առնուազն միեւնոյն երկիրներու պաշտօնական նախընթաց յայտարարութիւններուն չհակասող կեցուածքներ որդեգրելու։ Աւելի իրատես ակնկալութեամբ՝ ձեռնպահ քուէներ ապահովելու աշխատանքը։ Առարկայական մօտեցումը պիտի նկատէ, որ ակնկալուած այդ աշխատանքը չէ կատարուած նաեւ այս պարագաներուն։

Հայկական ագիլէսեան այս կրունկներուն վրայ կեդրոնացումը այս առիթով չի մեկնիր Եւրոխորհրդարանի թիւ 2216 որոշումէն։ Չմոռնանք, որ մարտի մէկեան օրերուն, թուրքեւազրպէյճանական միացեալ դիւանագիտական ջոկատները կը յաջողէին իրենց ի նպաստ բանաձեւ մաքսանենգել ՄԱԿ-ի ժողովին։

Յստակ է, որ հակառակորդ կողմի մեքենան թիրախաւորած է հայկական կողմը միջազգային ընտանիքին ճանչցնել որպէս «յարձակողապաշտ» «բռնագրաւող» եւ տակաւին «ջարդարար»։ Թուրքեւազրպէյճանական կողմին համար այս բանաձեւերը կը հետապնդեն հայկական ուժերը դուրս բերել ո՛չ միայն ազատագրուած տարածքներէն, այլ նաեւ՝ ամբողջ Արցախէն։ Միշտ նոյն կողմին համար նման որոշումի մը կը հետեւի հայ-թուրք յարաբերութիւններու ապասառեցումը եւ թրքական նախապայմաններու գործադրութեան ընթացակարգը։

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեամբ կերտուած հայրենիքի անվտանգութեան եւ գոյութեան կը սպառնայ թրքական ու ազրպէյճանական կողմերուն ձեռնարկած դիւանագիտական արշաւը։ Հայկական դիւանագիտութեան սպայակազմը պարտի ինքզինք գերազանցել յար եւ նման զինուորական մարզին։ Թուրքեւազրպէյճանական միացեալ հրետանին իրեն դէմ պէտք է գտնէ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն-Սփիւռք եռամիասնական ճակատը։ Այս՝ որպէսզի բարգաւաճին եւ հզօրանան Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան փաստական շարունակութիւնը հանդիսացող Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնները։

May 24, 2010

ԱՐՈՒԵ՞ՍՏ, ԹԷ՞ ԱՐՀԵՍՏ... ՄԵՐ ԸՆԹԵՐՑՈՂՆԵՐԸ ԿԸ ԳՐԵՆ

Բեմադրիչներ մեզմէ կը խնդրեն գնահատել իրենց աշխատանքը` փոխանակ քննադատելու...
Ընդհանրապէս կը սիրեմ լրջօրէն կշիռքի վրայ դնել որեւէ արուեստի գործի մը դրական եւ ժխտական կողմերը եւ արդարօրէն գնահատել այն, ինչ որ իրապէս գնահատելի է այս աշխատանքներուն մէջ, եւ` ներողամտօրէն յիշել թերութիւններն ու անդրադառնալ անոնց: Սակայն, երբ արուեստը կը դադրի արուեստ ըլլալէ եւ կը դառնայ պարզապէս ընթացիկ եւ հասարակ խօսակցութիւն մը, ուր կը կորսուին նոյնիսկ քանի մը դերասաններու իրապէս գնահատելի ձիրքերը, չեմ կրնար խուսափիլ քննադատելէ: Այս օրերուն, ընդհանրապէս, քիչեր ճիշդ ձեւով կ՛արժեւորեն արուեստի գործը եւ, դժբախտաբար, տարուէ տարի կը պակսին արուեստը գնահատողները: Հետեւաբար, յաճախ արուեստագէտները չեն յաջողիր սիրաշահիլ հանդիսատեսը եւ յատկապէս` երիտասարդութեան սիրտն ու հոգին:
Այս հարցը շրջանցելու համար արուեստագէտները ստիպուած չեն իրենց գործերը յարմարեցնելու հանդիսատեսին. անգամ մը որ ան սկսի իր գործին մէջ աւելցնել կարգ մը երեւոյթներ, որոնք պիտի մղեն ժողովուրդը գոնէ դիտելու այդ գործը, հո՛ս այլեւս արուեստը կը դադրի իր բնոյթէն, որովհետեւ այլեւս չի ցուցաբերեր արուեստագէտին ինքնուրոյն կամ ինքնատիպ աշխատանքը, ո՛չ ալ` անոր թաքուն ձիրքերը: Այլ կը դառնայ 21-րդ դարու այսօրուան նիւթապաշտ աշխարհին որեւէ մէկ աննշան իրին նման, որ ստեղծուած է միայն ժողովուրդը հրապուրելու նպատակով, սակայն չի ներկայացներ որեւէ խորք կամ օգտակարութիւն: Ոմանք կը կարծեն, որ 21-րդ դարու արուեստը, նորարարութեան անունով, իրաւունք ունի շեղելու դասական ժամանակի` 1700-ական թուականներու խիստ կանոններէն` ըլլա՛յ թատրոնի, թէ արուեստի այլ բնագաւառներու մէջ: Հետեւաբար, ներկայ արուեստագէտներէն շատեր որեւէ մէկ գործ (նոյնիսկ երբեմն գործեր, որոնք շատ հեռու են արուեստի ծիրէն եւ ոչինչ կը ներկայացնեն) կ՛անուանեն իբրեւ ,արթ մոտերնե: Այլ խօսքով, նորարարութեան պիտակին տակ կարծէք ամէն բան արտօնուած է...
Մեր բեմերուն վրայ նորութիւն բերելը շատ գնահատելի աշխատանք է, սակայն կախում ունի անոր բնոյթէն: Հետաքրքրական եւ ինքնատիպ աշխատանք է նաեւ ողբերգութիւն մը վերածել տրամի` ողբերգա-կատակերգութեան, ուր ծիծաղն ու յուզմունքը զիրար խառնուելով` կը ցնցեն հանդիսատեսը: Սակայն այս մէկը յաջող կրնանք համարել միայն այն պարագային, երբ ծիծաղը կը գոյանայ իրապէս սրամիտ կատակներէ եւ յուզմունքը` դիպուկ պատկերներէ: Իսկ երբ ծիծաղի առարկան կը մարմնաւորուի հասարակ լեզուի մը ու թեթեւսոլիկ շարժուձեւերու ընդմէջէն, ան այլեւս կը դադրի իմաստ ունենալէ եւ անոր հետ փուլ կու գան նաեւ թատերական լուրջ պատկերները եւ հոգեկան նուրբ վիճակները, եւ ընդհանուրը անկում կ՛արձանագրէ: Հպարտանալով` մեր բեմադրիչներն ու դերասանները կը պնդեն, թէ թատրոնը մեր առօրեայ կեանքի ներկայացումն է, հարազատ պատկերը: Եթէ այս սխալներն ու շեղումները մաս կը կազմեն ոմանց առօրեային, եւ բեմադրիչները, կը փորձեն ուղղելե այս յոռի երեւոյթները, ապա անոնք թող դիմեն սրամիտ քննադատութիւններու, ինչպէս օրին կատարած են մեր նշանաւոր երգիծաբանները` Յ. Պարոնեան, Ե. Օտեան, եւ կամ` ուրիշ այլ հետաքրքրական միջոցներու...
ԲԱԼԻԿ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

May 14, 2010

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ 6-ՐԴ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ



ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԸ` ՆՈՐ ՆՈՒԱՃՈՒՄՆԵՐՈՒ ՈՒ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ԴԷՄ ՅԱՆԴԻՄԱՆ ՀԱՍՏԱՏ ՔԱՅԼԵՐՈՎ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՆՈՐ ՔԱՌԱՄԵԱԿԻ ՄԸ

Համազգայինի ընտանիքի ներկայացուցիչները համախմբուած են Լիբանան՝ գումարելու համար Միութեան գերագոյն ժողովը, որ կոչուած է քննարկելու հայ մշակոյթին եւ կրթութեան կապուած օրախնդիրները։ Աշխարհատարած հսկայական ցանցի մասին է խօսքը, որ մշակոյթի տարբեր բնագաւառներու վերաբերեալ զանազան երկիրներու մէջ ինքզինք դրսեւորած է ամէնէն փայլուն ձեւերով՝ գրաւելով շրջաններու ո՛չ միայն հայ մշակութասէր հասարակութեան, այլ նաեւ՝ օտար ամենախստապահանջ հանրութեան ուշադրութիւնը։

Այն առաւելութիւնը, որ Համազգայինը իբրեւ մշակութային-կրթական միութիւն յաջողած է ամբարել կը կայանայ այն իրողութեան մէջ, որ մշակութային ոլորտի գաղութային ներուժը ամենայաջող եւ ամենաներդաշնակ զուգահեռներ նախագծելով յաջողած է փոխներգործօն գործընթացներու ազդեցութեան տակ զարգացնել կերպարուեստը, պարարուեստը, կրթութիւնը, դաստիարակութիւնը, երաժշտութիւնը։

Ի հարկէ զուտ մշակութաբանական խնդիրներուն մասին չի կրնար ըլլալ խօսքը։ Խնդիրները հիմնովին ազգային-քաղաքական բնոյթ ունին այս պարագային. եւ եթէ կը խօսինք մշակութային քաղաքականութեան մասին, արդէն խօսքը ինքնանպատակ մշակութային կրթական զարգացումներու մասին չէ կամ սոսկ արուեստաբանական հարցերու քննարկումին չի վերաբերիր։ Համազգայինի ծնունդը, կառուցակարգումը, դպրոցներու, մամուլի, հրատարակչատուներու հիմնադրութիւնը առաջնային նպատակ կը հետապնդեն եւ իբրեւ այդպիսին կը տեղադրուին ազգային-քաղաքականութեան ընդհանուր ուղղուածութեան մէջ։

Համազգայինը յաջողած է թէ՛ կրթական, եւ թէ՛ մշակութային բնագաւառներուն պարագային պահել ժամանակի եւ անոր ստեղծած պայմաններուն նկատմամբ համընթացութիւնն ու համաքայլ կշռոյթը։ Այս բանաձեւումը աւելի պարզ կը դառնայ, երբ իբրեւ հիմնաւորում նշմարուի այն պատանի-երիտասարդ ներուժը, որ ո՛չ միայն դպրոցական կարգով, այլ նաեւ՝ երաժշտութեան, պարարուեստի, կերպարուեստի ճամբով այսօր համախմբուած է Համազգայինի շուրջ։

Իսկ այս երեւոյթը կը տարածուի զանազան երկիրներու մէջ։ Ինչ որ հաստատել կու տայ, որ ժամանակավրէպութեան գործօնը չէ կրցած հարուածել Համազգայինը։ Շարունակականութիւնը, կառոյցներու եւ մարմիններու ինքնանորոգման մեքենականութիւնը աշխատած է հեզասահ, արդիւնաւէտ։ Թէեւ վիճակագրութիւններ կը պակսին մեզի, այսուհանդերձ, տեսանելի երեւոյթ է երիտասարդ խաւին համախմբուածութիւնը Համազգայինի զանազան միաւորներուն եւ հաստատութիւններուն շուրջ։

Այսօր բազմաթիւ են մշակութաբանական խնդիրները, մարտահրաւէրները։ Անոնցմէ են՝ սփիւռքի մէջ հայ դպրոցի իրավիճակը, հայախօսութեան պատկերը, արեւմտահայերէնի նահանջը, նոր Սփիւռքը նաեւ մշակութային հարթութեան վրայ համախմբելու, կազմակերպելու հրամայականը, թրքական մշակութային թափանցումներուն դէմ այլընտրանքային ուղիներ որոնելու անհրաժեշտութիւնը, գրական-մշակութային մամուլի պարզած պատկերը, Հայաստան-սփիւռք մշակութային կամուրջներու կառուցումը, կանոնակարգումը, համագործակցութեան նոր տարողութիւններու ապահովումը։

Ընդհանուր նոր հայեցակարգի մը մշակման խնդիրը ինքզինք զգալի կը դարձնէ հետզհետէ։ Հայրենի պետութիւնը իր գործառոյթներուն ներառած կը թուի ըլլալ սփիւռքի մշակութային խնդիրներն ու սփիւռքեան կառոյցներու հետ համագործակցութեան նոր դաշտի ձեւաւորման ծրագիրներու նախագիծերը։

Առարկայական բոլոր պատճառները կան, որ սփիւռքի կրթամշակութային հարցերու իրազեկման, խնդիրներու յաղթահարման նպատակով ուղիներու որոնման եւ համագործակցութեան ծաւալման համար հայրենի պետութեան համապատասխան մարմինները առաջնային կարգով նկատի ունենան Համազգայինի կազմակերպութիւնը՝ իր անցած ուղիով, ամբարած փորձառութեամբ, հաւաքագրած մարդուժով, արհեստավարժ գործելաձեւով, իրականացուցած ծրագիրներով, ղեկավարած հաստատութիւններով եւ մանաւանդ ներկայ երիտասարդ ու հեռանկար պարզող ներուժով։

May 6, 2010

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ - ՉԺԽՏԵ՛Լ ՍԵՓԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ


(ՄԱՅԻՍ 6-Ի ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԻԹՈՎ)

Լիբանանեան իշխանութիւնները անշքացնելով մայիս 6-ի խորհուրդը նպաստած են արդէն երկրին մէջ թրքական համակրանքի դաշտի ձեւաւորման թրքական պետութեան տարած քաղաքականութեան կայացման։ Հայկական քաղաքական կեդրոններէ տարիներէ ի վեր բարձրաձայնուող պահանջը՝ մայիս 6-ը վերադարձնելու իր ոգեկոչական պատուանդանին, կը մնայ ձայն բարբարոյ յանապատի։

Պահանջը ամենեւին չի բխիր հայկական-ազգային ներշնչումներէ։ Զուտ լիբանանեան է անիկա իբրեւ գլխագիր ՏՕՆի մը անշքացումը մերժող տեղւոյն քաղաքացի, համայնք, ժողովուրդ։ Ի վերջոյ ո՞ր երկրի քաղաքացիական հասարակութիւնը հանգիստ ու լուռ կրնայ դիտել իր պետութեան կողմէ իր երկրին եւ ժողովուրդին Նահատակաց տօնին անշքացումը, ըստ էութեան չեղեալ համարումը։

Քաղաքացիական գիտակցութեան պակասի խնդիր կայ այստեղ։ Ազգային մտածողութեան բացակայութիւն ըստ ամենայնի, որ իրերայաջորդ իշխանութիւններու կողմէ ժողովուրդի մը հաւաքական յիշողութեան ջնջումի գործողութիւնները կանխարգիլելու ո՛չ գիտակցութիւնը ունի եւ ո՛չ ալ անոր անհրաժեշտ մեքենականութիւնը ապահոված է։ Եւ երբ կը բացակային այս բոլորը, լիբանանցի քաղաքացին կրնայ մտածել, որ իր նահատակներու տօնին նման կրնայ պետական պաշտօնական օրացոյցէն օր մըն ալ ջնջուիլ Անկախութեան տօնը։

Երեւոյթը ցցուն կերպով կը խօսի քաղաքացիական հասարակարգի բացակայութեան մասին։ Տնտեսական բարգաւաճումները, քաղաքներու ենթակառոյցներու հիմնովին նորոգութիւնները, զբօսաշրջութեան առումով նոր նշաձողերու տիրապետումը ոչինչ կը նշանակեն, երբ պետութիւն մը ամբողջ անուշադրութեան կþուզէ մատնել իր ժողովուրդին նահատակները։

Առարկայական մօտեցումը այս հարցերու դիտարկումին պիտի յուշէ անկասկած, որ լիբանանցի նահատակները անուշադրութեան մատնելու պետական այս քաղաքականութիւնը նոր չէ։ Եւ չի կապուիր անմիջականօրէն թրքական գործօնի վերաշխուժացման գործողութիւններուն հետ։ Սակայն հիմա, երբ այդ բոլորին վրայ աւելցած են նաեւ թրքական եռուզեռները, բարեսիրական եւ խաղաղապահ ծխածածկոյթներու տակ թրքական ամէնէն վտանգաւոր թափանցումները, լիբանանեան պետութիւնն ու հասարակութիւնը պարտաւոր են հաշուի նստիլ Նահատակաց տօնի վերականգնման գաղափարին հետ։ Այլապէս նախ եւ առաջ ոչ թէ ջարդարար, այլ ջարդուող կողմն է հիմնական պատասխանատուն թրքական ժխտողականութեան հրաշալի ենթահող տրամադրելու յանցանքին համար։

Լիբանանեան կողմին ըրածը ի՛նքն իր նահատակներուն նկատմամբ ժխտողականութեան տարբերակ է։ Հաւաքական յիշողութեան չէզոքացումի պետական քայլ կամ ուղղակի սեփական պատմութեան որոշ ժամանակահատուածի ուրացում։ Հարցին ուրիշ բացատրութիւն տալը շեղում է էութենէն եւ ինքնարդարացման փորձերու փնտռտուքի ծառայեցուող քայլ։

Պահն է, որ լիբանանեան խորհրդարանը փութայ իր ներկայացուցած ժողովուրդի Նահատակաց տօնը վերականգնելու, ըստ արժանւոյն պետական մակարդակի վրայ ոգեկոչման միջոցառումներ ճշդել տալու եւ սերունդներու համար այս հարցով ստեղծուած բացը լրացնելու՝ արտակարգ շեշտադրումներով Նահատակաց տօնը վերյիշելու եւ վերյիշեցնելու։

Մայիս 6-ի վերականգնումը հայկական պահանջ չէ։ Համալիբանանեան է անիկա եւ լիբանանեան բոլոր կողմերը հասարակաց պարտականութիւնը ունին տապալելու ժխտողականութեան, ուրացման եւ սեփական պատմութեան ժամանակահատուածը շրջանցելու այս տրամաբանութիւնը։

Apr 22, 2010

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԻ ՀՐԱՄԱՆԱԳԻՐԸ


"Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ դիվանագիտական հարաբերություններ հաստատելու մասին" եւ "Հայաստանի եւ Թուրքիայի միջեւ հարաբերությունների զարգացման մասին" արձանագրությունների վավերացման ընթացակարգը կասեցնելու մասին

Հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետության Սահմանադրության 55-րդ հոդվածի 7-րդ կետը, ղեկավարվելով "Միջազգային պայմանագրերի մասին" Հայաստանի Հանրապետության օրենքի 39.1-րդ հոդվածի 1-ին մասով եւ հաշվի առնելով Հայաստանի Հանրապետության Ազգային ժողովում քաղաքական կոալիցիա կազմած կուսակցությունների քաղաքական խորհուրդների 2010 թվականի ապրիլի 22-ի համատեղ հայտարարությունը`

ո ր ո շ ու մ ե մ.

1. Կասեցնել 2009 թվականի հոկտեմբերի 10-ին Ցյուրիխում ստորագրված "Հայաստանի Հանրապետության եւ Թուրքիայի Հանրապետության միջեւ դիվանագիտական հարաբերություններ հաստատելու մասին" եւ "Հայաստանի Հանրապետության եւ Թուրքիայի Հանրապետության միջեւ հարաբերությունների զարգացման մասին" արձանագրությունների վավերացման ընթացակարգը:

2. Հայաստանի Հանրապետության արտաքին գործերի նախարարին` արձանագրությունների վավերացման ընթացակարգը կասեցնելու մասին ծանուցել Թուրքիայի Հանրապետությանը:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹՅԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ

Ս.ՍԱՐԳՍՅԱՆ

2010թ. ապրիլի 22
Երևան

Apr 20, 2010

ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ՃՇԴՈՒՄՆԵՐ - ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻ ՄԱՍԻՆ


«Արարատ» օրաթերթի 20 փետրուար 2010-ի 37-րդ թիւով հրապարակուած հպանցիկ թղթակցութեան մը առիթով տեղեկացանք Հալէպի ՀԲԸՄ-ի տեղական մասնաժողովին կազմակերպած խորհրդաժողով քննարկումին մասին, որուն աննախընթաց օրակարգը շնորհաւորելի է, անկասկած:

«Արարատ»ի մէջ լոյս տեսած թղթակցութեան մէջ կ՛ըսուի, թէ յիսնեակ մը ներկաներ ուշադիր լսեցին առաջին ելոյթի զեկուցումը, ուր ներկայացուեցաւ մեր մօտ 2009 թուականին լոյս տեսած հրատարակութիւնները: Թիւով անբաւարար գտաւ զեկուցաբերը յառաջացած հունձքը, բայց գնահատելի իր խօսքը չզլացաւ տրուածին համար:

Իսկ Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի փետրուար Դ.-2010 համարին մէջ նոյն ձեռնարկին մասին «Քննարկում հալէպահայ մշակութային կեանքի» խորագրով Զ. Թամերեան կը գրէ, թէ զեկուցաբերը նախ ներկայացուց ցանկը 2009-ին Հալէպի մէջ տպուած գիրքերուն, ափսոսալով, որ 40-50 հազար հայութեամբ ապրող համայնքի մը համար գոհացուցիչ պատկեր չի կազմեր տպուած գիրքերուն քանակը:

Դժբախտաբար, սակայն, ներկաներու վկայութեամբ ականջալուր եղանք մեր հրատարակչական միամեայ վաստակին հանդէպ այն անտեսումին, որ կատարուած է զեկոյցին մէջ, հպանցիկ կերպով յիշելով, թէ «Կիլիկիա» հրատարակչատունը կը վերահրատարակէ Թէոդիկի հատորները:

Նման առիթներով ներկայացուած զեկոյցներու մակերեսային բնոյթը աններելի է, ի՛նչ ալ ըլլան անոնց արդարացումի պատճառները:

Ամէն բանէ առաջ, զեկուցաբերին «անբաւարար» բնորոշումը վիրաւորական է գաղութիս համար, որովհետեւ բանախօսը անաչառօրէն չէ ներկայացուցած 2009 տարեշրջանին Հալէպի մէջ հրատարակուած բոլոր հատորները:

Որպէս «Կիլիկիա» հրատարակչատան տէր եւ տնօրէն` պարտք եւ պատիւ կը զգամ, երբ յայտարարեմ, թէ 2009 տարեշրջանին հրատարակած եմ աւելի քան 20 անուն հայերէն զանազան ծաւալի գիրքեր` անկախ մեր գրացուցակի սպառած շուրջ 10 հատորներէն, որոնք նոյն տարեշրջանին վերահրատարակուեցան հրատարակչատանս մէջ:

Շնորհակալ գործակցութեամբ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Զաւէն Եկաւեանին, 2009-ին շարունակեցինք լոյս ընծայել Թէոդիկի «Ամէնուն տարեցոյցը»ներու շարքէն երեք հատորներ, 1914, 1915 եւ 1916-1920 տարիներուն, որոնց մատենագիտական յոյժ գնահատելի աշխատանքը կատարեց Լեւոն Շառոյեանը` անձնանուններու, տեղանուններու, յիշատակեալ մամուլի անուններու, լուսանկարներու եւ բովանդակութեան ցանկերու յաւելուածով, իւրաքանչիւր թիւի` շուրջ 60 էջերու սահմաններով:

Անմահն Հ. Աճառեանի կոթողական քառահատոր «Հայերէն արմատական բառարան»ը քաղաքիս մէջ արժանացաւ երրորդ հրատարակութեան, որուն լուսապատճէնահանման եւ համակարգչային տպագրական արդի արհեստագիտութեան ընձեռած միջոցներուն շահարկումով` ձեռնարկեցինք շուրջ 700 վրիպակներու սրբագրութեան, 1982-ին Երեւանի պետական համալսարանի հրատարակչատան լոյս ընծայած ուղղիչ պրակի օգտագործումով: Այս գործին յառաջաբանը գրեց Պարոյր Աղպաշեան:

Համաստեղի երկհատոր «Սպիտակ ձիաւորը» վէպը, որ երկար տարիներէ ի վեր անմատչելի էր միջինարեւելեան երկիրներու մէջ, նկատի առնելով, որ ան հրատարակուած էր Լոս Անճելըսի «Հորիզոն» տպարանին մէջ, 1952-ին, լոյս տեսաւ մեր հրատարակչատան կողմէ, միացեալ 1264 էջերէ բաղկացած, կաշեկազմ հատոր մը, 2009-ի վերջին օրերուն, Պետրոս Հաճեանի յառաջաբանով:

Հրատարակչատանս առաքելութեան հիմնական առանցքը հանդիսացող մանկական հրատարակութիւններու ցանկը 2009 տարեշրջանին հարստացաւ 11 անուն նոր գիրքերով: Անոնք են` նախադպրոցական տարիքի խաւաքարտէ 6 գիրքեր ֆրանսերէն եւ հայերէն, 3 գունազարդման եւ գիտելիքներու տետրեր` հայերէն-անգլերէն եւ կպչուն նկարներով, ինչպէս նաեւ «Բառանկար» անուանումով երկու տարբերակ հատորներ (հայերէն, անգլերէն - Words & Pictures եւ հայերէն-ֆրանսերէն Mots et Images) պատկերաւոր հիմնական 400 բառեր սորվեցնող եւ վերջաբանին` նոյն բառերու այբբենական ցանկերով:

1992-էն ի վեր լոյս տեսնող «Կիլիկիա մատենաշար»ի 21-րդ հատորը հանդիսացաւ հալէպահայ ողբացեալ գրագէտ Արմէն Անոյշի «Արեան ճանապարհով» յուշագրական գիրքին երրորդ հրատարակութիւնը, համակարգչային արդի տողաշարումով:

20-րդ դարու հայոց պատմութեան դէպքերը եւ դէմքերը ներկայացնող Պետրոս Հաճեանի «100 տարի 100 պատմութիւն» հատորը, որ լոյս տեսած էր Պուէնոս Այրէս, 2000 թուականին, 2009-ին հրատարակուեցաւ Հալէպի մէջ անգլերէնով, ամերիկահայ յայտնի թարգմանիչ Արիս Սեւակի վերածումով:

Զուարթ Քէշիշեանի «Քեսապ - խոհագիրներ իմ մանկութենէս» ազգագրական ճաշատեսակներու անգլերէնով ճաշագիրքը լոյս տեսաւ նաեւ հայերէնով, Մարալ Տիքպիքեանի թարգմանութեամբ:

Այս բոլորը կը հաշուէ աւելի քան քսան հատոր:

ՀԵԸ-ի կազմակերպած «Հայ գիրք»ի տարեկան ցուցահանդէսին, որ տեղի ունեցաւ 6 դեկտեմբեր 2009- ին, ներկայացուած էին վերոյիշեալ հատորները, մեր շուրջ 200 հատոր հաշուող ընդհանուր հրատարակութիւններու շարքին:

Փափաքելի էր, որ հրատարակչական օրակարգով նման խորհրդաժողովի մը որպէս ունկնդիր ներկայ գտնուելու առիթը ունենայինք:

Այսպիսով, զեկուցաբերը իր ներկայացուցած զեկոյցին մէջ նկատի չէ ունեցած հալէպահայ գաղութին բոլոր ժամանակներու միակ հայկական արտօնագրեալ հրատարակչատան` «Կիլիկիա»ի գործունէութիւնը: Եթէ այս անտեսումը հետեւանք է անփոյթ եւ հապճեպ պատրաստութեան, ինքնին ամօթալի է, իսկ եթէ դիտաւորեալ է, այդ մէկն ալ զեկուցաբերի մը համար աններելի յանցանք է:

Ի պատասխան մեր այս ճշդումներուն, որպէս «արդարացուցիչ դէպ յանցանաց», մեր կողմէ մատնանշուած յանցանքը կրնայ բացատրուիլ որպէս թէ զեկուցաբերը ներկայացուցած է Հալէպի մէջ ստեղծագործուած հրատարակութիւնները միայն: Պահ մը եթէ ընդունինք այս տեսակէտը, միթէ Թէոդիկի տարեցոյցերուն վրայ կատարուած բանասիրական աշխատանքները կամ թարգմանական հրատարակութիւնները ստեղծագործութիւններ չե՞ն: Նմանապէս, մեր բոլոր մանկական գիրքերը հաստատութեանս անձնակազմին հաւաքական ճիգին արդիւնքն է, ուր համեստօրէն չենք յիշեր աշխատասիրողներուն անունները:

Հալէպահայ պարբերական մամուլին մասին զեկուցաբերը յայտնած է նաեւ հետեւեալը (մէջբերումը` Զ. Թամերեանի թղթակցութենէն). «Ապա թուեց հրատարակուած թերթերն ու պարբերաթերթերը` անդրադառնալով, որ սուրիահայ գրողներու հրատարակած «Երթ» տարեգիրքէն բացի, բոլորն ալ ունին տեղեկատուական բնոյթ»:

Նոյնինքն թղթակից Զ. Թամերեան իւրացուցած ըլլալ կը թուի զեկուցաբերին տեսակէտը` պահ մը մոռնալով, թէ ինք մաս կը կազմէ ՀԲԸՄ-ի պաշտօնաթերթ «Հայեացք»ի խմբագրութեան, ուր որոշ համեմատութեամբ ստեղծագործական էջեր կան:

Տակաւին ընդվզեցուցիչ անտեսում մը կայ Հալէպի հայկական ճեմարաններու խոստմնալից աշակերտներուն նկատմամբ, նկատի առնելով Լ. Նաճարեան-Գ. Կիւլպէնկեան Կեդրոնական Ճեմարանի «Բարձունք» եւ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի «Ծիլեր»ը, որոնք զուտ ստեղծագործական բնոյթի մամուլ են եւ մեր մատղաշ սերունդի գրական փորձերու առաջին օրրանները, ինչպէս նաեւ` Ազգ. Ք. Ե. Ճեմարանի Շրջ. միութեան «Շաւիղ» պարբերականը:

Մեր մաղթանքն է, որ յառաջիկայ տարի կրկնուի այս օգտակար խորհրդաժողովը եւ կազմակերպող միութեան ուշադրութեան արժանանան վերոնշեալ թերացումները:

«ԿԻԼԻԿԻԱ» հրատարակչատան 
տէր եւ տնօրէն ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ 

Հալէպ, 1.3.2010